Բանաստեղծութիւններ

Արամ Քէթէնճեան
Ես այն ծովն եմ…

Ես այն ծովն եմ աշխարհի,
Որուն մէջ կան անդունդներ,
Անթիւ տարրեր այլազան.
Քարանձաւներ կան անհաս,
Աւազ ու քար եւ ժայռեր,
Մարգարիտներ ու ալմաս,
Բայց ջուրին մէջ ծովուն այս,
Աստուծոյ կամքով բարի՝
Կայ փալասան բուրաւէտ,
Որ երբ շնչես խորութեամբ՝
Իսկոյն պիտի դարմանաս:

Ջրհեղեղէն առաջ

Գիրք Ծննդոց 6, 7

… Տէրն ըսաւ Նոյին– Ի՛նչ ընես որդի,
Երբ Իմ ստեղծած գեղուն երկիրը
Ապականած է, նաեւ պղծուած,
Անարատ ջուրը մամուռով ծածկուած,
Երփնազարդ դաշտերն անապատ դարձած,
Ծաղիկներուն տեղ փուշ, տատասկ բուսած,
Բարութեան փոխան գէշը տարածուած,
Արդարութեան տեղ՝ անիրաւութիւն,
Առաքինութեան՝ ախտ ու մոլութիւն,
Ողջախոհութեան՝ անառակութիւն.
Այժմ ամէն տեղ չարն է բոյն դրած…
Ուրեմն՝ պիտի բոլորը պատժեմ,
Աշխարհիս վրայ ջրհեղեղ բերեմ,
Ստեղծածներս ջնջեմ, կորսնցնեմ
Մարդ ու անասուն, սողուն ու թռչուն,
Սակայն քեզի հետ ո՛ւխտ պիտ՛ հաստատեմ
Ու ջրհեղեղէն քեզ պիտի փրկեմ…

«Երկիր ու երկինք», 2017

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *