Վ-Ա.
Մովսէս Հերկելեան ծնած է 1949-ին Այնճար, ուր ալ ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը: Մասնագիտական ուսումը շարունակած է Հայաստան, ուր Երեւանի պետական համալսարանէն 1976-ին տիրացած է գրականագիտական մագիստրոսի վկայականին եւ Թատերական ու արուեստի բարձրագոյն հիմնարկէն 1978-ին՝ արուեստաբանութեան մագիստրոսի վկայականին։ Հայաստանի Ազգ. գիտութիւններու կաճառին կողմէ 2000-ին արժանացած է Արուեստաբանութեան դոկտոր (Ph.D.) կոչումին:
Իր բեղուն գործունէութիւնը սկսած է Լիբանանէն, իբր կրթական մշակ (արուեստի ուսուցիչ) եւ գրող ու խմբագիր։
Հայ մշակոյթի դասախօս եղած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքէն ներս՝ իր հիմնադրութենէն ի վեր մինչեւ 2024:
Ան հեղինակն է 18 հատորներու եւ խմբագիրը երեք պատկերագիրքերու, 1985-էն 2026, ընդհանրապէս նուիրուած հայ արուեստագէտներու՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ու արաբերէն։
Մովսէս Ծիրանի Հերկելեան իբրեւ արուեստաբան աշխատակցած է միջազգային ու ազգային-կուսակցական (սփիւռքեան թէ հայրենի) բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերականներու, ներառեալ «Հորիզոն»-ի, իսկ իր յօդուածներէն շատեր թարգմանուած են տարբեր լեզուներու (անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն, արաբերէն եւ այլն), ոմանք մաս կազմած են արուեստի նուիրուած բացառիկներու։
1982-մինչեւ օրս կը վարէ «Ազդակ» օրաթերթի մշակութային էջի պատասխանատուի պաշտօնը, իսկ 2019-էն սկսեալ մաս կը կազմէ Հայաստանի «ԷԿՈ»(նոմիկա) կրթամշակութային, տնտեսական եւ վերլուծական պարբերականի խմբագրութեան։ Ան կ’աշխատակցի եւ խմբագրական խորհուրդի անդամ է «Արուեստագիտական հանդէսի»-ն, որ 2019-էն ի վեր կը հրատարակուի ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի բարձրագոյն հիմնարկին կողմէ:
Դոկտ. Հերկելեան 1998-էն 2022 եղած է արուեստի խորհրդականը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան: Իր հիմնած Նոյեան տապան պատկերասրահին (Noah’s Ark Art Gallery) ճամբով, իր կողակիցին՝ Էլոյին եւ ուստրին՝ Հերակին հետ, հայ կերպարուեստը ներկայացուցած է աւելի քան երեսուն կերպարուեստի միջազգային փառատօներու, արուեստի կեդրոն հանդիսացող տարբեր քաղաքներու մէջ:
