Վրէժ-Արմէն
Վ-Ա. — Սիրելի Մովսէս,
Մեր սոյն զրոյցին առիթ տուաւ վերջերս Մոնթրէալ այցելութեանդ ընթացքին քու կողմէդ ինծի նուիրուած պարբերաթերթը՝ SunStorm — Fine Art Magazine, որուն 50-ամեակին առթիւ հրատարակուած այդ բացառիկ թիւին մէջ գրաւած էիր 24 էջ, երեք հայ արուեստագէտներու մասին յօդուածովդ ու քեզի հետ պարբերաթերթին կողմէ կատարուած հարցազրոյցով։ Դուն երկարամեայ աշխատակիցն ես գեղարուեստի նուիրուած այդ կարեւոր հրատարակութեան, եւ այդ հարցազրոյցն ալ տեղի ունեցած է «Նոյեան տապան» (Noah’s Ark) արուեստարանիդ 30-ամեակին առթիւ։ Դուն զայն կը կոչես Արուեստի տաճար։
Հայկական իրականութեան մէջ անծանօթ մը չես, դասախօսութիւններդ ու ցուցահանդէսներդ վայելած ենք քիչ մը ամենուրեք, սակայն մեր հասարակութիւնը այնքան ալ ծանօթ չէ արուեստաբան-իմաստասէրի մտաշխարհիդ, որմէ ներս է, որ կ՚ուզէի մղել մեր ընթերցողները այս մեր հեռուէ-հեռու զրոյցին միջոցաւ։
Արդ կը խնդրեմ, որ ամենէն առաջ ըսես, թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերուած է ու քաջալերուած արուեստի նկատմամբ ունեցած սէրդ ու հետաքրքրութիւնդ։
Մ.Ծ. — Ինչ մեղքս պահեմ, երբ (1971-ին) Հայաստան մեկնեցայ ուսանելու, արուեստաբանութեան մասին գաղափար իսկ չունէի…: Զիս դէպի արուեստաբանութիւն առաջնորդողը իմ ամենահամակրելի ու յարգարժան դասախօսներէն, ԽՍՀՄ Գիտութիւնների ակադեմիկոս փրոֆ. Էդուարդ Ջրբաշեանը եղաւ: Թէ ինչո՞ւ, հարկաւոր է նախ պատմեմ թէ ի՞նչպէս բարեկամացանք… ու ինք ինչո՞ւ սկսաւ հովանաւորել զիս:
Ուսումնական առաջին տարեշրջանի Գրականութեան տեսութեան քննութիւններն էին: Նշուած երեք հարցումներուն պատասխանելէ ետք, Ջրբաշեանը Ստուգման գրքոյկս վերցուց ու ըսաւ.
— Տղայ ջան, թէեւ դու չորսի պատասխանեցիր, սակայն ես քեզ հինգ եմ նշանակում:
Անմիջապէս ձեռքս դրի Ստուգման գրքոյկի վրայ ու հարց տուի.
— Բայց ինչո՞ւ ընկ. Ջրբաշեան, չէ՞ք կարծում որ դա վիրաւորական է… ինձ համար:
— Վիրաւորակա՞ն, ի՞նչ ես ասում, չեմ հասկանում…
— Այո՛, չեմ ուզում, որովհետեւ դուք զատողութիւն էք դնում Սփիւռքի ու հայրենի ուսանողների միջեւ…
Վ-Ա. — Արեւելահայերէ՞ն կը խօսէիր իր հետ։
Մ.Ծ. — Այո, այդպէս վարժուեր էինք։ Ջրբաշեան ըսաւ. — մենք քաջալերում ենք սփիւռքահայ ուսանողներին, որպէսզի լաւ հայագէտներ լինէք…, ես պարզապէս գնահատում եմ քո աշխատանքը, որովհետեւ Սփիւռքի դպրոցներում լաւ չեն ուսուցանում հայերէնն ու հայ գրականութիւնը… Այդպէս էք ասում դուք՝ սփիւռքահայ ուսանողներդ…
— Խօսքը բոլորի մասին չէ… Թէեւ ես հայերէնը իբրեւ երկրորդ լեզու եմ սովորել իմ գիւղում, սակայն մեր հայերէնի ուսուցիչները եղել են հայոց լեզուի ու գրականութեան լաւ գիտակներ…
— Մի րոպէ, գիւղո՞ւմ ես ասում, դու Պէյրութից չե՞ս…
— Ոչ, ես Այնճարից եմ:
— Հիմա հասկանում եմ, դու մուսալեռցի ես, Այնճարի մասին գիտեմ, դուք խնձորի լաւ այգիներ ունէք… բոլոր պարագաներում սակայն ես կ՚ուզենայի հինգ նշանակել քեզ…
— Քանի որ չորսի եմ պատասխանել, ուրեմն ես արժանի չեմ հինգի… ընկ. Ջրբաշեան… խնդրում եմ, շատ եմ խնդրում չորս նշանակէք… ինձ:
Ջրբաշեանը, քիչ մը վարանելէ եւ երկար նայելէ ետք աչքերուս… նշանակեց չորս:
Այս դէպքէն շաբաթներ անց ան զիս իր տունը հրաւիրեց եւ սեղանի վրայ բաժակը բարձրացուց ու ըսաւ.
— Իմ ծնողներս Վանից են եկել: Ես էլ եմ դաշնակցական ընտանիքից: Երբ ամբիոնում պատմեցի «չորս եւ հինգ» գնահատանքների պատմութիւնը, բոլորը զարմացել էին եւ ասում էին որ որեւէ մէկի հետ նման բան չի պատահել… սակայն Իշխանեանը ասեց որ «միայն դաշնակցական կրթութիւն ստացած մէկը կարող է նման բան անի: Ես ճանաչում եմ Մովսէսին… իր պարագային դա զարմանալի չի…»:
Այս հանդիպումէն ետք մեր փոխյարաբերութիւնները այնքան ջերմացան, որ ես սկսայ իրեն արեւմտահայ որոշ գրողներու (Շանթ, Օշական, Ինտրա, Օտեան) գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ «Բագին», մատակարարել… :
Իսկ տարիներ ետք, երբ իմ թեկնածուականի աւարտաճառի թեման (Համաստեղ) մերժուեցաւ, ան գրականութեան տեսութեան ամբիոն (որուն վարիչն էր) հրաւիրեց զիս ու ըսաւ.
— Ակադեմիայում որոշում է կայացուել որ Սփիւռքի համար արուեստաբաններ պատրաստենք: Սփիւռքում մասնագէտ արուեստաբաններ գրեթէ չունենք, եղածները կամ ժուռնալիստներ են եւ կամ ալ «ձախող արուեստագէտներ» (բնորոշումը իրն է): Տրուած ըլլալով որ դու հետաքրքրւում ես նաեւ արուեստով, լաւ կը լինի որ դու գրականութեան փոխարէն թեկնածուականդ պաշտպանես կերպարուեստի գծով:
Եւ որովհետեւ զիս քաջալերեցին նաեւ իմ լաւ ընկերներէս՝ Գեղագիտութեան դասախօս Հենրիկ Էդոյեանը, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանն ու մանաւա՛նդ ընկերս (հետագային՝ արուեստաբանութեան դոկտոր փրոֆեսոր) Լեւոն Չուգասզեանը, այդպէս ալ եղաւ: Երկու տարի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկէն ներս լրացուցիչ դասնըթացքներու հետեւելէ ետք, ընդունուեցայ արուեստաբանութեան բաժինը իբրեւ «ասպիրանտ» (թեկնածու): Ունեցայ երկու ղեկավարներ, գեղագիտութեան գծով՝ Էդուարդ Ջրբաշեանը, իսկ արուեստի պատմութեան գծով՝ Վահան Յարութիւնեանը:
Երբ աւարտաճառս՝ «Ամերիկահայ կերպարուեստը» արդէն իսկ պատրաստ էր (1981-ին), զիս արտաքսեցին Խորհրդային Միութենէն, իբրեւ ազգայնական «ակտիւիստ», իբրեւ անբաղձալի տարր (persona non grata): Հետագային՝ Կորպաչեւի ժամանակ, թէեւ ներում շնորհուեցաւ ինծի, ես չվստահեցայ եւ Վազգէն Մանուկեանի եւ մանաւանդ Լութուիկ Խաչատրեանի խորհուրդներով չվերադարձայ հայրենիք:
Վ-Ա. — Ե՞րբ վերստին Հայաստան գացիր։
Մ.Ծ. — Հայաստան մեկնեցայ միայն 1995-ի աշնան ու ներկայացայ ՀՀԳԱԱ-ի Արուեստի ինստիտուտի տնօրէն՝ փրոֆ. Լեւոն Հախվերդեանին, զոր արդէն իսկ կը ճանչնայի նաեւ իբրեւ ընկերոջս՝ Ռուբէնին հայրը: Ան թէեւ ջերմութեամբ ընդունեց, սակայն ուզեց գիտնալ թէ ինչո՞ւ Գեղարուեստաթատերական ինստիտուտ չեմ դիմած… : Բացատրեցի, թէ հակառակ անոր որ Խորհրդային տարիներուն թեկնածուականի քննութիւններս (մինիմումներս) յաջողութեամբ յանձնած էի, արտաքսեցին զիս, ըլլայ Երեւանի պետական համալսարանէն, ըլլայ Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկէն: Երբ վերադարձայ եւ ստուգումներ կատարեցի, պարզուեցաւ, որ երկու հիմնարկներէն ներս եւս, ոչ մէկ յիշատակութիւն գոյութիւն ունի իմ մասին: Ըսուեցաւ թէ «ամեն ինչ» տեղափոխուած է «Փակ ֆոնտ», ուրկէ դուրս բերելը այդ օրերուն հնարաւոր չեղաւ:
Այնուամենայնիւ, Հախվերդեանը զիս ծանօթացուց օրուան փոխ տնօրէնին՝ Արայիկ Աղասեանին եւ յատուկ որոշում կայացուեցաւ՝ ընդունիլ զիս իրրեւ դոկտորայի (Ph.D) թեկնածու, պայմանաւ որ մասնագիտական քննութիւններս (Արուեստի պատմութիւն, Փիլիսոփայութիւն, Օտար լեզու եւ Համակարգիչ, որ նոր աւելցուած էր ծրագրին վրայ) նորէն յանձնէի: Ապա ինձմէ պահանջուեցաւ նաեւ աւարտաճառէս երեք օրինակ ներկայացնեմ տնօրէնութեան: Սակայն բերելէ առաջ, երբ աչքէ անցուցի աւարտաճառս, անկեղծօրէն ես ինձմէ ամչցայ: Զայն գրելէն տասնհինգ տարիներ անցած էին արդէն, ու մինչ այդ իմ արուեստի չափանիշներն ու հայեացքները բոլորովին փոխուած էին: Երբ Աղասեանին ներկայացուցի մտահոգութիւններս, ան ոչ միայն քաջալերեց զիս որ նորը գրեմ, այլ սկսաւ թելադրանքներ տալ ու բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պիտի խորանամ հարցերու մէջ եւ ընդհանրութիւններ որոնեմ առնչակից արուեստագէտներու, եւ առհասարակ միջազգային արուեստի շարժումներու հետ: Ի դէպ, պէտք է խոստովանիմ որ երբ Հախվերդեանը ծանօթացուց մեզ, Արայիկը թէեւ բարեկամաբար եւ յարգանքով ընդունեց զիս (մանաւանդ որ տարիքով բաւականին փոքր էր ինձմէ), սակայն ան ամենայն բծախնդրութեամբ ու խստութեամբ վարուեցաւ հետս ու գործի մղեց զիս: Հասկցայ որ արուեստաբանութիւնը դէմքերու եւ դէպքերու շարադրանք չէ, այլ գիտահետազօտական ու վերլուծական խոր աշխատանք կ՚ենթադրէ…: Եւ հինգ տարուան վրայ երկարող իմ յաւելեալ որոնումներէն եւ ուսումնասիրութիններէն ետք միայն, թոյլ տրուեցաւ որ պաշտպանութեան ներկայացնեմ աւարտաճառս:
Վ-Ա. — Ուրկէ՞ կամ ինչո՞ւ Ծիրանի դարձած ես, թէեւ կարելի է գուշակել, թէ այդ գեղեցիկ գոյնը անկասկած գեղանկարչութենէն քեզ ներշնչուած ըլլալու է։
Մ.Ծ. — Իրականութեան մէջ Ծիրանի անունը թէեւ գեղանկարչութենէն չեմ ներշնչուած, սակայն անուղղակիօրէն ան կապուած է գոյնի հետ: Բացատրեմ. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, երբ արդէն Ազդակ օրաթերթը տասը էջի վերածուած էր, մէջտեղի երկու էջերը յատկացուած էին գրականութեան եւ մշակոյթին: Գրական էջը կը պատրաստէր եւ կը խմբագրէր եղբայրս՝ Պետիկը, իսկ մշակութային էջը վստահուած էր ինծի: Օր մը Պետիկը ըսաւ.
— Չե՞ս կարծեր որ երկու Հերկելեաններ քով քովի քիչ մը շատ է… Պետիկ Հերկելեան եւ Մովսէս Հերկելեան… Հերկելեան եւ Հերկելեան… Շատ չէ՞…Եկուր քու անունը փոխենք եւ յարմար անուն մը գտնենք քեզի..
Այն ատեն ինք տակաւին Պետրոս Հերեան անունը չէր որդեգրած… ես առարկեցի.
— Սկզբունքով ես դէմ չեմ, սակայն չե՞ս կարծեր որ մեր Նահապետը պիտի մերժէ որովհետեւ ինք հպարտութեամբ ամեն շաբաթ Հերկելեան անունը կը կարդայ «Ազդակ»-ին մէջ եւ երբեմն ալ կը հանդիպի անոր «Բագին»-ի էջերուն մէջ:
Հոս պէտք է բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ Նահապետին կարծիքը կարեւոր էր: Երէց հօրեղբայրս՝ Խաչերը, Հերկելեան տոհմի նահապետն էր, առանց իր կարծիքին եւ կամ օրհնութեան գերդաստանային առումով կարեւոր որոշումներ չէին առնուեր: Նոյնիսկ երբ Հերկելեան մը որոշէր ամուսնանալ, պէտք է որ իր ընտրած աղջիկը կամ տղամարդը տանէր իր մօտ ու իր օրհնութիւնը հայցեր:
Պետիկը վարկեան մը մտածեց ու ըսաւ.
— Շատ լաւ, այդ հարցը ինծի ձգէ, քանի որ ինք կը հաւատայ որ մուսալեռցիներու տոհմապետերը իշխաններ եղած են, հարկաւոր է արքայական անուն մը գտնել քեզի…
Գացինք քովը, դուրսը՝ Մուսալեռան Խտըրպէկի յիշատակին իր ցանած սօսի ծառին շուաքին նստած, գլանիկ կը փաթաթէր…: Նստանք փոքր աթոռակներու վրայ եւ սկսանք զրոյցի։
Պետիկը իր առողջութեան եւ խնձորի պարտէզներուն մասին քանի մը կողմնակի հարցեր տալէ ետք ըսաւ.
— Իբրեւ մեր տոհմի վաւերական նահապետը՝ եկած ենք կարծիքդ առնելու:
— Ի՞նչ է, ո՞վ պիտի ամուսնանայ…
— Ամուսնութեան հարց չէ, այլ շատ կարեւոր խնդիր մըն է մեր անունին հետ կապուած..
— Ըսէ նայիմ:
— «Ազդակ»-ին մէջ երկու Հերկելեան քով քովի շատ է, կը մտածենք որ Մովսէս Հերկելեանի փոխարէն Մովսէս Ծիրանի գրենք, ի՞նչ կ՚ըսես:
— «Մշմո՞ւշ», աւելի լաւ չէ որ պտուղի փոխարէն բանջարեղէնի անուն մը դնէիք այսինքն՝ վարունգ կամ լոլիկ…
— Հօրեղբա՛յր, խօսքը ծիրան պտուղի մասին չէ այլ ծիրանի գոյնի…:
— Ի՞նչ գոյն է ատիկա:
— Հին ատեն միայն կայսրերը, թագաւորներն ու բարձր դասու իշխանները իրաւունք ունէին ծիրանի, այսինքն կարմիր գոյնի պատմուճան հագնելու…
— Է՞, յետո՞յ:
— Քանի որ դուն կ՚ըսես թէ մուսալեռցիները իշխանական տոհմեր ունեցած են, սասունցիներու եւ զէյթունցիներու նման, «Ծիրանի»-ն կը պատշաճի մեզի։
— Բայց հազար տեսակ կարմիր կայ։
Պետիկը օգնութեան հայեացքով ինծի դիմեց ու ես միջամտեցի.
— Այո՛, ծիրանին բազմաթիւ երանգներ ունի, կը սկսի նարնջագոյնէն ու կը հասնի մինչեւ ծաւին ու նոյնիսկ մանուշակագոյնը, սակայն իսկական ծիրանի գոյնը արնագոյնն է, նռան գոյնը, որ հին ատեն կը ստանային Հայաստանի մէջ որդան կարմիրէն իսկ Փիւնիկէի մէջ՝ «Միւրեքս» ոստրէէն: Այս ներկատեսակը հին աշխարհի մէջ չափազանց հազուագիւտ էր եւ սուղ: Նռնենին մեր հայկական կենաց ծառն է, նռան գինին կեանքի աւիշը, իսկ նռան գոյնը կեանքի եւ յաւիտենականութեան աստուածային գոյնը կը համարուի… նոյնիսկ մեր կաթողիկոսները մինչեւ հիմա մանուշակագոյն՝ ծիրանի կը հագնին…
Որովհետեւ ինք հաւատացեալ էր եւ իր չորս տղաներէն մէկը՝ Պօղոսը (այժմ՝ Վարուժան արքեպիսկոպոս) «նուիրած» էր վանքին, ես դիտմամբ յիշեցի նաեւ՝ կաթողիկոսական ծիրանին:
Այս բացատրութիւններէն ետք, մեր նահապետը լրջացաւ: Գլանիկի քնթուկը մարեց մոխրամանին մէջ (ինք սովորութիւն ունէր սիկարեթին կէսը միայն ծխելու) ու ըսաւ.
— Ճիշտ է, ես գիտեմ որ մուսալեռցիք նահապետներու փոխարէն հին ատեն իշխաններ ունեցած են, մեր պապերը այդպէս կ՚ըսէին մեզի: Այո, Ծիրանին կը վայելէ մեզի… համաձայն եմ։
Վ-Ա. — Քանի որ գոյներու մասին կը խօսինք, ըսէ՛ անոնք ի՞նչ կարեւորութիւն ունին նկարչութեան մէջ։ Ինչպէ՞ս կը հաղորդեն արուեստագէտի մը ներաշխարհը:
Մ.Ծ. — Թէեւ գոյնը մեծ եւ կարեւոր դեր կը կատարէ արուեստագէտի մը ստեղծագործական կեանքէն ներս, սակայն գեղանկարչութեան (ինչպէս առհասարակ կերպարուեստի) հիմքը ԳԻԾ-ն է: Տարածական եւ ծաւալային տպաւորութիւն ստանալու համար գիծն է գլխաւոր միջոցը: Իսկ գոյնը իր վառ արտայատչականութեամբ նոյնիսկ խաբուսիկ կրնայ ըլլալ երբեմն: Գունանկարի մը բնօրինակ (իսկական կամ կեղծ) ըլլալը եւ կամ անոր գեղեցկութիւնն ու ներազդեցիկ գեղարուեստական ուժը ստուգելու համար, արուեստաբաններ յաճախ գունանկարը կը վերածեն անգոյն՝ սեւ-սպիտակի եւ ապա կ՚եզրակացնեն: Մարտիրոս Սարեանը սկսնակ գեղանկարիչի մը տաղանդը ստուգելու համար նախ կ՚ուզէր տեսնել անոր գծանկարը: Այդպէս կ՚ընէ երբ առաջին անգամ կ՚այցելէ Մինասին…: Սկսեալ Փիքասոյէն ու Մաթիսէն մինչեւ Արշիլ Կորքի ու Փօլ Կիրակոսեան, նախ գիծի վարպետներ եղած են անոնք եւ ապա միայն հմտացած են գունանկարչութեան մէջ: Լէոնարտօ Տա Վինչին գուցէ միակն էր որ կրցաւ տարածական եւ ծաւալային տպաւորութիւն ստեղծել առանց գիծի եւ գոյնի գործածութեան: Ան օգտագործելով միայն «ծուխի» նրբերանգները, կատարելագործեց (ըստ ոմանց ինք ստեղծեց) «sfumato»-ի արհեստագիտութիւնը, որու միջոցով պատկերեց Ճոկոնդայի բազմիմաստ եւ խորախորհուրդ ժպիտը ու կրցաւ հասնիլ արտայայտչական բացառիկ բիւրեղութեան՝ անգերազանցելի մնալով արուեստի պատմութեան մէջ:
Այնուամենայնիւ սակայն «sfumato»-ն առանց նսեմացնելու գիծի եւ գոյնի դերն ու նշանակութիւնը գեղանկարչութեան մէջ, մնաց իւրայատուկ երեւոյթ: Ի վերջոյ ԳՈՅՆը իր բազմազանութեամբ, երանգներով ու նոյնիսկ նրբերանգներով, բազմիմաստ է, բազմաբովանդակ ու բազմախորհուրդ՝ մարդու ստեղծած մշակութային բոլոր շերտերու մէջ…:
Վ-Ա. — Գոյնի առումը, հասկացութիւնը, չի՞կրնար տարբեր ըլլալ տարբեր հաւաքականութիւններու, նոյնիսկ անհատներու համար։
Մ.Ծ. — Ցեղային, ազգային, տարածաշրջանային, հոգեւոր, կամ նոյնիսկ բարոյական ըմբռնումներու առումներով, գոյնի նախասիրութիւններն ու իմաստաւորումները փոփոխական են, երբեմն նոյնիսկ հակասական կրնան ըլլալ: Օրինակ. քրիստոնէութեան եւ կամ առհասարակ արեւմտեան աշխարհի սուգի խորհրդանշանը սեւն է, իսկ Հնկաստանի համար ճիշտ հակառակը՝ սպիտակը: Քրիստոնեաներու համար ճերմակը սրբութեան, անմեղութեան, իրաւութեան, յաղթանակի եւ կամ երկնաւոր փառքի խորհրդանշան է, որ միաժամանակ կը խորհրդանշէ Յիսուսի լուսեղինականութիւնը, այսինքն Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը, այնպէս ինչպէս Սիդհարդա Կուաթամայի պայծառակերպութիւնը, որմէ ետք ան վերածուեցաւ Պուտտայի…: Իսկ հակառակ անոր որ հինտուիստներու համար սպիտակը կը խորհրդանշէ հոգեւոր մաքրութիւն, ճշմարտութիւն եւ ներքին հոգեւոր խաղաղութիւն, հնդիկ սգաւոր կիները (ըլլան անոնք պուտտայական, հինտուական, ճէյն թէ այլ կրօնքի պատկանող) մինչեւ հիմա, երբ սգաւոր են, ճերմակ կը հագնին, որովհետեւ սպիտակ հագած կինը հրաժարած պէտք է ըլլայ երկրային եւ առհասարակ նիւթական աշխարհի բարիքներէն եւ հաճոյքներէն ու մտած ըլլայ հոգեւոր աւանդական ոլորտներու մէջ… ան ինքնամաքրման ճամբով ձեւով մը ապաշխարած պէտք է ըլլայ:
Վ-Ա. — Իսկ անհատ նկարիչներո՞ւ համար։
Մ.Ծ. — Գունակարիչներու պարագային, թէեւ յաճախ գոյնը կը դրսեւորուի ենթագիտակցաբար՝ տարերայնօրէն, սակայն կան գեղանկարիչներ, որոնց համար իւրաքանչիւր գոյն իր իմաստն ու նշանակութիւնը ունի: Օրինակ. Կանդինսքիի պարագային իր նախասիրած գոյնը կապոյտն էր, որ, իբրեւ ամենաոգեղէն գոյն, կրնար հոգեկան հաւասարակշռութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւել ակնդիրին, անոր ներշնչել յաւերժութեան զգացողութիւն եւ առաջնորդել դէպի յաւիտենական կեանք: Կարմիրը կեանքի կենսունակութեան, ուժականութեան, ինքնավստահութեան եւ կամ կիրքի խորհրդանշան էր, իսկ դեղինը յարձակողականութեան (aggressivness) խորհրդանշան է, որ կրնայ մարդը տանիլ հոգեկան խանգարումի եւ կամ նոյնիսկ խելագարութեան եւ այլն: Ան նոյնիսկ ճարտարագիտական ձեւոյթները կը համեմատէր գոյներու հետ: Ինչպէս կարմիրը կլորի եւ կամ դեղինը եռանկիւնի հետ: Հակառակ անոր որ ան ծագումով հրեայ էր, սակայն ստացած էր ուղղափառ քրիտոնէական կրթութիւն եւ ապրած ու սնուած՝ ռուսական կենցաղով ու մշակոյթով, որոնք մէկ կողմէ կը պայմանաւորէին իր համոզումները եւ միւս կողմէ կ՚իմաստաւորէին իր երփներանգ ներաշխարհը:
Եւ այսպէս, իւրաքանչիւր իրաւ գունանկարիչ կ՚ունենայ իր անձնական գունապնակն ու իր ներաշխարհին ու խառնուածքին համապատասխան կ՚իմաստաւորէ զայն…, թէեւ բնաւ պայման չէ, որ ան մեկնաբանէ կամ կարենայ բացատրել իր յղացքներու մէջ օգտագործած գոյներն ու կերպերը: Բոլոր պարագաներուն սակայն գոյնը կայ ու կը մնայ իբրեւ կենսական արտայատչամիջոց արուեստի մէջ, որովհետեւ գոյնը ոչ միայն աչքը շոյող արտաքին գեղեցկութիւն է, այլ նաեւ՝ հոգեմտաւոր ներքին ոգեղէն գոյ, որ արուեստի ճամբով կրնայ լիացնել ու հարստացնել մարդու ներաշխարհը ու ազնուացնել զինք: Բնութիւնը եթէ զրկուած ըլլար գոյներէ, պատկերացուցէք, թէ ինչքան աղքատ ու թերի պիտի ըլլար մեր տպաւորութիւնը բնութենէն եւ առհասարակ կեանքէն: Նոյնն է գեղանկարչութեան պարագային:
Այնուամենայնիւ սակայն կան գծանկարիչներ, որոնք այնքան հմուտ են ու տաղանդաւոր գիծի կիրառման ու արտայատչականութեան մէջ, որ անոնց ստեղծագործութիւնները դիտելու պարագային չես գգար գոյնի պակասը: Մեր պարագային կարելի է յիշել Էտկար Շահինը, Տիգրան Փոլատը, Վռամշապուհ Շաքարեանը, Մելքոն Քէպապճեանը, Յակոբ Կոճոյեանը, Արշակ Ֆէթվաճեանը, Գառզուն…: Հայ երգիծանկարիչներէն շատեր եւս գիծի վարպետներ էին, ինչպէս Սարուխան, Տիրան Աճէմեան, Քիրազ, Մասիս, Չիք Տամատեան…: Քանդակագործներէն՝ Մուրատով, Երուանդ Քոչար, Արթօ Չաքմաքչեան, Մկրտիչ Մազմանեան եւ շատ շատեր: Արդար ըլլալու համար հարկաւոր է յիշել նաեւ ժամանակակիցներէն ոմանք, ինչպէս. Դաւիթ Դաւթեան, Ամալիա Վարդանեան, Տիգրան Մատուլեան, եւ ուրիշներ: Այս բոլորով հանդերձ սակայն այսիկա չի նշանակեր թէ գունանկարիչները կը հրաժարէին գիծէն: ընդհակառակը՝ ունեցած ենք այնպիսի փառահեղ գունակարիչներ, որոնց ստեղծագործական կեանքին մէջ թէեւ վառ ու պածառ գոյները եղած են առաջնահերթութիւն, բայց անոնք ոչ միայն միաժամանակ գիծի բացառիկ վարպետներ էին, այլեւ գիծը յաճախ կը ծառայէր իբրեւ ստեղծագործական հիմք իրենց երփներանգ յղացքներուն համար, ինչպէս. Արշիլ Կորքի, Փօլ Կիրակոսեան, Ժանսէմ, Կալենց, Պերճ Չաքճեան, Եուրօզ, Ժան Գազանճեան, Հրայր, Էդիկ Բերդեան, Գէորգ Եղիազարեան եւ ուրիշներ:
Երբ գոյնի մասին կը խօսինք չենք կրնար լուսանցքի վրայ ձգել ԼՈՅՍԸ, որովհետեւ ի վերջոյ Գոյնը լոյսի արտացոլումն է բնութեան տարրերու եւ կամ որեւէ առարկայի վրայ: Ամբողջ աշխարհը Այվազովսկին եւ Ուիլյըմ Թրնըրը կ՚ընդունին եւ կը ճանչնան իբրեւ ծովանկարիչ: Սխալ է այս որակումը: Ճիշտ չէ, որովհետեւ երկուքն ալ լոյսի երգիչ են ծովանկարիչ ըլլալէ առաջ: Անոնք՝ տարերայնօրէն նկատելով լոյսի նրբերանգային արտացոլումները ջուրի վրայ, կը դրսեւորէին լոյսի երփներանգ գեղեցկութիւնն ու հմայքը…: Լոյսը իր հարուստ երանգապնակով ու պայծառութեամբ կենսական դեր եւ նշանակութիւն ունի կեանքին մէջ ու կեանքին համար: Չէ՞ք կարծեր, որ բնաւ պատահական երեւոյթ չէ, որ բոլոր մեծագոյն կրօնքներուն հիմքը լոյսի պաշտամունքն է… նոյնիսկ քրիստոնէութեան, մահմետականութեան եւ մովսիսականութեան պարագային: Միաժամանակ սակայն գոյնը նոյնքան կարեւոր միջոց մըն է արուեստագէտին համար՝ իր ներաշխարհը, աշխարհայեացքը մէկ խօսքով մարդկային էութիւնը բացայայտելու եւ արտացոլելու ի խնդիր: Այո՛, գոյնի դերը մեծ է եւ կենսական կերպարուեստագէտի մը ստեղծագործական կեանքին մէջ…:
Վ-Ա. — Պարբերաթերթի հարցազրոյցիդ մէջ կը խօսիս անհեթեթ գերիրապաշտութեան մասին (absurd surrealism)։ Խնդրեմ բացատրէ այս յղացքը, որուն բանաձեւումը քո՛ւկդ է։
Մ.Ծ. — Անհեթեթ գերիրապաշտութեան ծնունդն ու բանաձեւումը բաւականին երկար պատմութիւն ունին, բայց փորձեմ հնարաւորին չափ հակիրճ կերպով ներկայացնել այն. 1996-ին երբ գործընկերներուս (Հ. Իգիտեան, Մ. Սահակեան եւ Ռ. Աւագեան) հետ, Noa\s Ark ցուցասրահի բացումը կատարեցինք Պէյրութի մէջ, այդ առիթով հրատարակեցինք նաեւ պատկերագիրք մը «Post Soviet Painting» խորագրին տակ, հինգ քաղաքներու՝ Պէյրութի, Երեւանի, Մոսկուայի, Փարիզի եւ Մատրիտի համար: Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք «յետխորհրդային նկարչութիւն» եզրը ընդունուած էր թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ արտախորհրդային երկիրներէ ներս: Սակայն երբ նշմարեցին որ Մոսկուայի, Քիեւի, Երեւանի եւ այլ խորհրդային քաղաքներու մէջ կային գերիրապաշտ արուեստագէտներ, որոնց արուեստը կը տարբերէր գերիրապաշտական բոլոր տեսակներէն, զայն համարեցին «Fantastic realism» («մտացածին իրապաշտութիւն»), որ ընդունուեցաւ նոյնիսկ արտախոհրդային երկիրներու մէջ:
Խորհrդային միութեան փլուզման ընթացքին Մոսկուայի, Քիեւի եւ Երեւանի մէջ ստեղծագործող մեր ցուցադրած գեղանկարիչները (ԱԼ. Խուտիաքով, Ռուբէն Աբովեան, Եուրի Ցուեդայեւ, Վահրամ Դաւթեան, Անտրէ Քոսթին եւ Սամուէլ Գարեգինեան), բոլորն ալ գերիրապաշտներ էին, որոնց արուեստը ունէր ընդհանրութիւն մը, որ էապէս թէ իրարու կ՚առնչէր եւ թէ կը տարբերէր զիրենք դասականացած գերիրապաշտներէն: Սակայն այդ մէկը անոնց արտառոց եւ երեւակայածին ըլլալը չէր: Ոչ գերիրապաշտ արուեստագէտներէն շատ շատեր եւս տարօրինակ եւ երեւակայածին բնոյթ ունէին եւ կրնային մտնել «մտացածին իրապաշտութեան» մէջ: Իրականութեան մէջ «մտացածին իրապաշտութիւնը» ոչ միայն կապ չունէր, այլ նոյնիսկ ինչ որ տեղ կը հակադրուէր գերիրապաշտութեան: Անցնող դարու կէսերուն Վիեննայի մէջ ձեւաւորուած մտացածին իրապաշտութիւնը խոհրդանշաններով արտայատուած եւ կատարողական բարձր մակարդակով իրագործուած այնպիսի արուեստ մըն է, որ կը բացայայտէ իրականութեան քողարկուած գոյավիճակը… գիտակցաբար: Իսկ գերիրապաշտութիւնը տարերայնօրէն կը դրսեւորէ անգիտակցի մէջ անթեղուած եւ ոգեղինացած իրականութիւնը, իբրեւ արտացոլումը կեանքի ճշմարտացիութեան…:
Հետեւաբար հարկաւոր էր յատուկ կերպով ուսումնասիրել գերիրապաշտ դպրոցը իր տարատեսակներով եւ ամենայն մանրամասնութեամբ: Պարզուեցաւ որ յետխորհերդային գերիրապաշտներու յատկանշիչ հիմնական գործօնը անոնց շեշտուած անհեթեթութիւնն (absurdity) է: Ոչ յետխորհրդային նկարչութիւնը, եւ ոչ ալ մտացածին իրապաշտութիւնը կրնային ճշգրտօրէն եւ ամբողջականօրէն բնութագրել անհեթեթութեամբ յագեցած գերիրապաշտ արուեստի այս շարժումը: Իսկ անհեթեթ գերիրապաշտութիւնը շատ լաւ պատշաճ եւ յարիր կը գտնէի յետխորհրդային երկիրներու մէջ ի յայտ եկած գերիրապաշտ արուեստին համար: Սկզբնական շրջանին քիչ մը վերապահութեամբ մօտեցայ հարցին եւ կը վարանէի անհեթեթ գերիրապաշտութիւնը իբրեւ արուեստի նոր ուղղութիւն յայտարարել, որովհետեւ գիտէի թէ դժուարութիւններու եւ անելներու պիտի հանդիպիմ: Յամենայն դէպս, երբ արուեստաբան Հենրիկ Իգիտեանի միջոցով առիթ ունեցայ լայնօրէն ծանօթանալու յետխորհրդային հայրենի կերպարուեստին, աւելի եւս համոզուեցայ, որովհետեւ շատ շատերու (Գէորգ Եղիազարեանի, Մկրտիչ Մազմանեանի, Թենի Վարդանեանի, Կամօ Նիկարեանիի, Սարգիս Համալպաշեանի, Մայիսի, Տիգրան Ձիթողցեանի, Մարինէ Տիլանեանի, Գարրիէլ Մանուկեանի եւ ուրիշներու), ստեղծագործութիւնները եւս ուղղակիօրէն թաթաւուն էին անհեթեթի արտայայտչականութեամբ: Անդրադարձայ, որ անհեթեթութիւնն էր որ կը միացնէր զիրենք իրարու… հակառակ ոճային եւ արտայայտչաձեւի ուրոյն եւ յստակ տարբերութիւններուն:
Վ-Ա. — Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրցար եզրակացութեան մը յանգիլ։
Մ.Ծ. — Այս բոլորէն ետք, նախ քան «անհեթեթ գերիրապաշտութիւն» հասկացութեան բանաձեւումը, հարկաւոր էր բացատրել եւ ապացուցել թէ ինչո՛ւ Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակաշրջանին անհեթեթը շեշտուած ձեւով կը դրսեւորուէր գերիրապաշտութեան մէջ:
Այս հարցին պատասխանելու համար պէտք է դիմել մօտիկ անցեալի պատմութեան: Համայնավար գաղափարախօսութիւնն ու անկէ ծնունդ առած խորհրդային կացութաձեւը շինծու էր, կաղապարուած եւ անյարիր մարդ էակի էաբանական խառնուածքին, հետեւաբար անտրամաբանական ու կեղծ կը թուէր ըլլալ: Իսկ անոր քայքայումը առաւել եւս անտրամաբանական էր ու այնքան արտառոց, որ իր հերթին ինքնաբերաբար կը ստեղծէր, անիմաստութեան ձեւաչափով պարուրուած, անհեթեթ կացութիւն մը իրենց կեանքէն ներս: Դեռեւս խոհրդային տարիներուն ընդյատակեայ «ապօրէն» պայմաններու տակ, Մոսկուայի մէջ, կային անհեթեթութեամբ յատկանշուող գերիրապաշտներ, որոնք ոչ միայն կը մերժուէին իշխանութիւններու կողմէ, այլեւ անուղղակիօրէն կը հալածուէին, սակայն կը քաջալերուէին արեւմտեան դեսպանատուներու կողմէ ու կը ցուցադրուէին Կրուզինսկայա Մալայա փողոցի թիւ 28 շէնքի ընդյատակեայ ակումբէն ներս, ուր երկու անգամ այցելելու բախտը ունեցած եմ եւ կրցած եմ երկու արուեստագէտներէ (Իսաչեւ եւ Միխայիլ Ալեքսանտրով) քանի մը ստեղծագործութիւններ ձեռք բերել: Իսկ երբ «փերեսթրոքայի» ժամանակաշրջանին այս նոյն այլախոհ արուեստագէտները ազատօրէն ստեղծագործելու հնարաւորութիւն ունեցան, անհեթեթի զգացողութիւնը աւելի եւս շեշտուեցաւ անոնց գործերուն մէջ: Եւ բնական է, որ երբ իրաւ արուեստագէտը կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ անտրամաբանական, երբեմն նաեւ երեւութապէս անիմաստ թուող պայմաններու տակ, բնազդաբար, գուցէ տարերայնօրէն իր գործերուն մէջ ի յայտ գայ անհեթեթի զգացողութիւնը…: Իսկ երբ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ փլուզուիլ, յանձնառու արուեստագէտը առիթ ունեցաւ աւելի եւս բացայայտել անթեղուած ճշմարտութիւնը, եւ ահազանգ հնչեցուցին…:
Վ-Ա. — Արուեստներու որակաւորումները բնականաբար կեանքէն կու գան եւ չեն սահմանափակուիր այս կամ մարզով։ Նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, ճարտարապետութիւն, գրականութիւն, թատրոն թէ երաժշտութիւն, կրնա՞ն նոյն այդ ձգտումներն ու յատկանիշերը բացայայտել։
Մ.Ծ. — Ի հարկէ, մեր օրերուն անհեթեթի զգացողութիւնը համատարած բնոյթ ունի ու կը դրսեւորուի բոլոր արուեստներուն մէջ, աշխարհի ողջ տարածքին, յատկապէս գերիրապաշտ ձեւաչափով: Մի զարմանաք, եթէ ըսեմ թէ նոյնիսկ կիրառական արուեստի նմուշներու պարագային եւս անհեթեթը ի յայտ կու գայ ժողովրդական տարբեր արտայայտչաձեւերով: Թէեւ բնական աղէտները եւս իրենց դերը կը կատարեն, սակայն հիմնական դրդապատճառը անտրամաբական, չպատճառաբանուած ու չարդարացուած պատերազմներն են, որոնց ետին կայ ու կը մնայ շահամոլական եւ բարոյազուրկ դիւանագիտական ու քաղաքական գործօնը, որ ինքնաբերաբար կը հակադրուի մարդը անասունէն զատորոշող, մարդը ազնուացնող ու առհասարակ զայն մարդկայնացնող այն էութենական ոգեղէն արժէքին, որ ոչ միայն անհասանելի կը թուի ըլլալ, այլ անոր հպիլն անգամ կրնայ խախտել կեանքի ներդաշնակութիւնն ու հեզասահ ընթացքը: Երբ մարդը հարկադրաբար կ՚ապրի ու կը գործէ պատերազմի եւ կամ ալ պատերազմի նախապատրաստական աշխատանքներու, անկայուն ու անորոշ կեանքի լպրծուն ոլորտներու մէջ, ըլլա՛յ տնտեսական, ըլլա՛յ ընկերային թէ կենցաղային գործօնները խաղաղութիւն բերելու զինք երջանկացնելու փոխարէն, տառապանք ու հոգեմտաւոր տուայտանք կը պատճառեն: Ան կ՚ապաւինի իր էութենական անհպելի ու անկողոպտելի ոգեղէն այն արժէքին, որ մէկ կողմէ հեռու կը պահէ զինք անասնական յոռի բնազդներէն ու բարքերէն եւ միւս կողմէ մարդկային ինքնասիրութեան եւ կամ արժանապատւութեան գրաւականը կը հանդիսանայ…: Փաստօրէն գերիրապաշտութիւնը արուեստի մէջ բացայայտուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, իսկ անհեթեթը դրսեւորուեցաւ գրականութեան մէջ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք: Երկուքն ալ պատերազմի հետեւանքներ են: Սակայն շատեր կը կարծեն թէ գերիրապաշտութիւնը կազմաւորուեցաւ շնորհիւ յոյլ մը կերպարուեստագէտներու (Անտրէ Պրեթոն, Թրիստան Ցարա, Ափոլիներ, Սալվատոր Տալի, Մարսէլ Տիւշան…), իսկ անհեթեթի զգացողութիւնը, ծնունդ առաւ շնորհիւ յոյլ մը թատերագիրներու (Ալ. Քամիւ, Ս. Պեքէթ, Ֆր. Քաֆքա, Լ. Փիրանտէլլօ, Է. Եունեսքօ եւ ուրիշներ): Իրականութեան մէջ անոնք պարզապէս բացայայտեցին եւ ոչ թէ ստեղծեցին Գերիրապաշտութիւնն ու Անհեթեթը, որովհետեւ մարդու ստեղծած մշակութային բոլոր շերտերուն մէջ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին անոնք, որոնց տարողութիւնն ու ուժգնութիւնը կը չափուին համաձայն տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին տիրող պատերազմներու բնոյթին եւ անոնց վայրագութեան աստիճանին: Իսկ երբ վայրագութիւնը գիտակցական է ու նախօրօք ծրագրուած, առանց կենսական դրդապատճառի, անոր աստիճանը կ՚անցնի անասնական բնազդային սահմանները, մարդու գործը կը դրուի անհեթեթութեան ծիրի վրայ…:
Վ-Ա. — Ինչպէ՞ս:
Մ.Ծ. — Կենդանին կը սպանէ երբ սոված է, մարդը կը սպանէ նոյնիսկ երբ կուշտ է ու ապահով…: Կենդանին ոչ միայն իր նմանը չի սպաներ եւ չ՚ուտեր, այլ սպանելէ առաջ չի չարչարեր իր զոհը: Իսկ մարդը ոչ միայն կը չարչարէ այլ հաճոյք կը զգայ իր զոհը տանջելէն: Հոս է որ կեանքը կը վերածուի անհեթեթ, անտրամաբանական ու նոյնիսկ անիմաստ գոյավիճակի…:
Վ-Ա. — Ուրեմն ինչպէ՞ս կը տեսնես աշխարհի ներկայ ընթացքը եւ այդ անհեթեթութեան առնչութիւնը։ Կարելի է՞ նաեւ գերիրապաշտ անհեթեթութիւն ըսել…
Մ.Ծ. — Նկատի առնելով որ Անհեթեթութիւնն ու Գերիրապաշտութիւնը իրարու ընդելուզուած են հակադրամիասնական (dialectic) այնպիսի կապով մը, որ կարելի չէ անջատել մէկը միւսէն: Ինչու չէ, կարելի է նաեւ գերիրապաշտ անհեթեթութիւն ըսել, սակայն նկատի ունենալով շօշափելի իրականութեան ետին գտնուող, կեանքի անտրամաբանական ընթացքն ու գլխագիր Մարդու ենթագիտակիցէն ներս անթեղուած զգայական աշխարհը, իր ուրոյն ճշմարտացիութեամբ, «անհեթեթ գերիրապաշտութիւնը» աւելի ամբողջական եւ ճիշտ կը թուի ըլլալ, իբրեւ ընդհանրական ձեւակերպում: Ի վերջոյ, այո՝ պատմաշակութային բոլոր շերտերու ընթացքին իրագործուած գերիրապաշտական բոլոր տեսակներու մէջ անհեթեթը կայ, սակայն ոչ նոյն ուժգնութեամբ եւ տարողութեամբ: Օրինակի համար. պրոնզէդարեան արուեստներու մէջ համեմատաբար շատ աւելի նուազ ի յայտ կու գայ անհեթեթի զգացողութիւնը, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին պատերազմներն ու վայրագութիւնները համեմատաբար նուազ եղած են: Երբ քաղաքները կը կազմաւորուին կը ստեղծուին քաղաք-պետութիւններ, որոնցմէ ետք՝ թագաւորութիւններ ու կայսրութիւններ, ընչաքաղցութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը՝ իրենց ծայրայեղ, անխիղճ եւ ապաբարոյ դրսեւորումներով, լուսանցքի վրայ կը մղեն մարդկային ոգեղէն արժէքներն ու նոյնիսկ կրօնքը եւ կը վերածեն զանոնք միջոցի, ինքնաբերաբար կեանքը կը վերածուի անհեթեթ ու անտրաբանական կացութաձեւի: Հին ժամանակներուն կապը չափազանց թոյլ էր եւ մարդիկ լուր չունէին թէ ինչ կը կատարուէր իրականութեան մէջ: Յաճախ պարտուած թագաւորները պատերազմի վերադարձին իրենք զիրենք յաղթական ցոյց կու տային ժողովուրդին: Այդպէս կը գրէին իրենց պատմութիւնը ժայռերու վրայ: Իսկ այսօր կացութիւնը բոլովին տարբեր է:
Սակայն մեզի համար առաւել զարմանալին այն է, որ ինչքան որ մարդ զարգանայ ու մարդկային գաղափարախօսութիւններն ու վարդապետութիւնները բիւրեղանան, ու դառնան աւելի մարդասիրական, նոյն համեմատութեամբ վայրագ բռնաճնշումները կ՚աճին ու կը բազմապատկուին… : Ճիշտ այդպէս եղաւ Խոհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին եւ ճիշտ այդպէս կը բանի նաեւ մերօրեայ քաղաքական կեանքի անիւը, ու ողջ աշխարհը կը տառապի ու կը տագնապի անտրամաբանական ու յաճախ նաեւ՝ անիմաստ պատերազմներէ, որոնք ուղղակիօրէն կախեալ են շահամոլական տնտեսական գործօններէն եւ եսասիրական բռնութիւններէն…: Եւ պարզ է, որ այս բոլորին դիմաց իրաւ ստեղծագործողը, (որեւէ տեսակի արուեստագէտ) չի կրնար անտարբեր մնալ եւ թէկուզ ենթագիտակցաբար, տարերայնօրէն անհեթեթի զգացողութիւնը կը դրսեւորուի անոր յղացքներուն մէջ… յատկապէս այն պարագային, երբ արուեստագէտը անկեղծ է եւ յանձնառու ինք իր եւ առհասարակ մարդկութեան ու մարդկայինի հանդէպ: Այսպէս, այո՛, մարդու մարդկայնացումէն ի վեր գոյութիւն ունէր անհեթեթը, սակայն երբեք այսքան սուր եւ բացայայտ կերպով չէր դրսեւորուած արուեստի մէջ ինչքան մեր օրերուն, մասնաւորապէս ամենազարգացած ու կրթուած հասարակութիւններու մէջ: Եթէ նկատի ունենանք ոգեղէն արժէքներու վրայ հիմնուած կրօնական գործօնը, պիտի տեսնենք, թէ հաւատացեալները գիտէին, հիմա ալ գիտեն, թէ իրենք կ՚ապրին ու կը գործեն այնպիսի լպրծուն աշխարհի մը մէջ, ուր անարդարութիւններու հետեւանքով մարդը ոչ միայն կը տառապի, այլ նաեւ անոր ապագան անորոշ է ու կեանքը վտանգուած…: Այդ պատճառով ալ հին եգիպտացիները յոյսը դրած էին Օզիրիսի յարութեան վրայ, Սերապիսը (Serapis) պտղոմեան ժամանակաշրջանին կը պաշտուէր իբրեւ տիեզերական փրկիչ: Իսկ հռոմէացիներու համար իրենց փրկիչը Միթրան (Mithra) էր, որուն կը սպասէին: Մինչեւ հիմա հրեաները կը սպասեն Եհովային (Մեսիային), քրիստոնեաները կը սպասեն Յիսուսի վերադարձին, որպէսզի գայ եւ փրկէ զիրենք, մահմետականները Մեհտիին կը սպասեն, իսկ մենք՝ Փոքր Մհերին:
Համաձայն հինտուիզմի ուսմունքին, հնդիկ հաւատացեալները կը սպասեն Վիշնուի տասերորդ ամենավերջին եւ գլխաւոր վերայայտնութեան՝ երբ ան, սպիտակ եւ սուրբ երիվարի վրայ նստած, պիտի ժամանէ երկիր եւ պիտի փրկէ միայն մաքուր եւ ճշմարիտ հաւատացեալները:
Անոնցմէ շատ առաջ սակայն, դեռեւս շումերա-աքքադական դիցաբանութեան մէջ, չկար Գերագոյն փրկիչի մը հասկացութիւնը, անոնք յոյսը դրած էին իրենց կողքին ապրող ու շնչող աստուածներուն վրայ: Ինգաներն ու Մայաները եւս չէին սպասեր որեւէ փրկիչի, որովհետեւ անոնք համակերպած էին իրենց ճակատագրին, նոյնիսկ աւելի կործանման կը սպասէին քան՝ փրկութեան:
Վ-Ա. — Ի՞նչ ցոյց տու տան այս բոլորը։
Մ.Ծ. — Այս բոլորը նախ ցոյց կու տան, որ մարդը կ՚ապրի եւ կը գործէ անորոշ ժամանակի, անկայուն միջավայրի եւ կեանքի անհեթեթ ընթացքի մը մէջ ու ենթակայ է իր կամքէն անկախ գործող գերագոյն ուժերու քմայքին: Ան գիտէր, որ մարդկութիւնը կը տագնապի ու տառապի, սակայն չէր գիտեր, որ իր դժբախտութեան հիմնական պատճառը զինք առաջնորդող հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներու, անասնական բնազդներուն յագուրդ տուող աստուածային իրաւունքն ու անոնց ձեռնարկած անպատասխանատու, մարդկայնօրէն անտրամաբանական ու անիմաստ պատերազմներն են…: Այնուամենայնիւ սակայն, անոնցմէ շատեր յոյս ունէին փրկուելու եւ խոր հաւատքով կը սպասէին իրենց փրկիչին: Իսկ Ծայրագոյն Արեւելքի ժողովուրդները՝ դաօիստները, հինդուներն ու պուտիստները, ոեւէ մէկուն չեն սպասեր: Իրենց նպատակը ներդաշնակուիլ է բնութեան եւ հոգեւոր գերագոյն ուժերուն հետ: Անոնք համոզուած են, որ մարդը կրնայ փրկուիլ երկրի վրայ իր ապրած կեանքի ընթացքին ինքնասրբագրման, ինքնամաքրման եւ ինքնակատարելագործման միջոցներով կամ ճանապարհով…: Պուտիստները միջոցները կը թելադրեն, իսկ դաօիստները՝ ճանապարհը կը մատնանշեն..:
Հակառակ մարդասիրական օրէնքներուն ու աստուածային անբեկանելի կամքին, կրօնքներն ու հոգեւոր վարդապետութիւնները չկրցան մարդուն անասնական բնազդները սանձել եւ մարդը մարդկայնացնել: Հանդէս եկան այնպիսի բռնակալներ, որոնց կատարած անմարդկային արարքները չափ ու սահման չճանչցան: Անհեթեթը յառաջացաւ արուեստի մէջ եւ երթալով իր զարգացումը ապրեցաւ, տարերայնօրէն առանց գիտակցականի միջնորդութեան: Նիւթեղէն եւ ոգեղէն արժէքներու պայքարը եւս կու գայ այն վաղնջական ժամանակներէն, երբ մարդու դատողութիւնը սկսաւ բանիլ, եւ կասկածի ենթարկեց տիրող եւ ընդունուած «ճշմարտութիւնները»…: Զարմանալիօրէն գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին, Քրիստոսէ հինգ դար առաջ Արեւելքի եւ հեռաւոր Արեւմուտքի մէջ, ի յայտ եկան բանիմաց փիլիսոփաներ, որոնք սկսան հարց տալ թէ ԻՆՉՈՒ եւ ԻՆՉՊԷՍ տեղի կ՚ունենան բնութեան ուժերու տեղաշարժերն ու յատկապէս, մարդ արարածի կամքով ու նոյն մարդը դժբախտացնող դէպքերն ու անոնց դրդապատճառները…: Գրաւոր աղբիւրներէ մեզի հասած տեղեկութիւններէն գիտենք, որ Յունաստանի մէջ Սոկրատէսը, Չինաստանի մէջ Լաօ Ցուն եւ Հնդկաստանի մէջ Սիթհարտան՝ Պուտտան եւ իր հետեւորդները, մարդասիրական իրենց հարցադրումներով դարձան վտանգաւոր հոգեւոր առաջնորդներ՝ տիրող իշխանութիւններու համար, ու հալածուեցան…: Հետագային նոյն այդ վարդապետութիւններուն հետեւող ղեկավարները խօսքով ընդունեցին, սակայն հակառակը իրագործեցին: Օրինակի համար Չինաստանի առաջին եւ ամենահզօր կայսրը՝ Չին Շի Հուանկ, հրաժարելէ ետք իր իսկ որդեգրած Գոնֆուցիոսի մարդասիրական սկզբունքներէն, ստեղծեց Legalism-ը եւ օրինականութեան անուան տակ գործեց անմարդկային մեծագոյն արարքները, «նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը» ընդհանուր պիտակի տակ: Մեծն Աղեքսանդրը, (հակառակ որ իր ուսուցիչը Արիստոտելն էր) նոյնը ըրաւ: Նոյնիսկ կին բռնակալներ հանդէս եկան պատմութեան մէջ եւ նոյնը ըրին: Ինչպէս. չինացիներուն Վու Զէիթիանը, հին եգիպտացիներուն՝ Կղէոպատրան եւ կամ ռուսերուն՝ Կատարինէն…:
Մարդկային հազարամեայ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Չարը կարելի չէ զսպել Բարութեամբ, այլ վայրագութիւնը կարելի է վերացնել միայն ու միայն աւելի զօրաւոր վայրագությամբ… դժբախտաբար (թէեւ Ի. Կանտին հակառակը կրցաւ ընել…)։ Ասիկա իրականութեան մեծագոյն անհեթեթութիւնը կը թուի ըլլալ: Դեռեւս Քրիստոսէ քսանմէկ դար առաջ շումերական բեւեռագիր արձանագրութիւններէն կ՚իմանանք, թէ Ուռ-Նամմու արքան կը յայտարարէր, թէ «Պիտի ոչնչացնեմ Ատելութիւնը, Վայրագութիւնն ու Արդարութեան ճիչերը»: Խօսքը «Արդարութեան ճիչերն» իսկ բռնութեանբ ոչնչացնելու մասին է եւ ոչ թէ բարութեամբ: Իսկ Քրիստոսէ 1754 տարիներ առաջ, Բաբելոնի տիրակալը աքքադացի Համմուրապին, ժայռի վրայ ամրագրած է ամենադաժան ու ամենավայրագ, սակայն պատմականօրէն ընդունուած ու գործնապէս ամենատաարծուած օրէնքը «Աչքի դեմ աչք, ոսկորի դեմ ոսկոր», որ ոչ միայն մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնայ, այլ աւելի դաժանօրէն կ՚իրագործուի… մեր աչքին առաջ… գերզարգացած, կրթուած եւ մարդասիրական գաղափարներով տոգորուած մեր ժամանակաշրջանին իսկ…: Բայց բուն ամենակծու ու ամենալեղի հեգնանքը այն է, որ մարդասպան ու ոճրագործ բռնակալները կը յիշուին իբրեւ հերոսներ ու կը մեծարուին: Պատկերացուցէք որ Մաօ Ցետոնկը, որ սպանած է եօթանասունը ութը միլիոն մարդ, այսօր կը յիշուի ու կը մեծարուի նոյն այդ չինացիներուն կողմէ իբրեւ գերագոյն հերոս… չըսելու համար կենդանի աստուած…: Անշուշտ Մաօ Ցետոնկը միակը չէ պատմութեան մէջ եւ ոչ ալ վերջինը մնաց: Ահաւասիկ հոս է անհեթեթ կեանքի աներկբայ ու դաժան իրականութեան իմաստաւորումն ու գնահատումը, որ կ՚արտայատուի գերիրապաշտ ոլորտներու մէջ…:
Վ-Ա. — Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ քաղաքակիրթ աշխարհը։
Մ.Ծ. — Այս բոլորէն ետք, թէեւ Ոգեղէնի եւ Նիւթեղէնի միջեւ պայքարը շատ աւելի թէժացաւ եւ կատաղօրէն կը շարունակուի մեր օրերուն, սակայն մարդու անփառունակ կացութիւնը ոչ միայն չբարելաւուեցաւ, այլ աւելի խորացաւ ու բարդացաւ…: Այս բոլորէն յոգնած եւ կրօնքներէն պարտասած, մարդկութեան համեմատաբար զարգացած տարրը Եւրոպայի տարածքին սկսաւ ձեւաւորել խիստ մարդասիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած գաղափարախօսութիւններ: Ազատութենէն, Հաւասարութենէն եւ Եղբայրութենէն մինչեւ Ընկերվարութիւնն ու Համայնավարութիւնը: Փաստօրէն այս վերջինը, որ պսակը հանդիսացաւ այս բոլորին, դարձաւ տառապեալ ու ճնշուած մարդկութեան յոյսը, եւ Լենինը ընդունուեցաւ իբրեւ նոր դարաշրջանի նոր փրկիչը: Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք փորձը ցոյց տուաւ, որ ասոնք եւս խիստ մարդասիրական սկզբունքներու անունով շատ աւելի սանձարձակօրէն եւ անխղճօրէն կը գործեն եւ աւելի դաժանութեամբ կը վարուին ժողովուրդին հետ քան նախորդները: Եւ բնաւ պատահական չէր որ անհեթեթի զգացողութունը շեշտուած կերպով դրսեւորուեցաւ արուեստին մէջ, խորհրդային փլուզման ընթացքին: Եւ որովհետեւ բոլոր վարդապետութիւններն ու բոլոր գաղափարախօսութիւնները ձախողած կը թուին ըլլալ, այսօր կիրթ ու յանձնառու արուստագէտները, յատկապէս արեւմտեան զարգացած երկիրներու մէջ, Սամուէլ Պէքեթի նման նստած «Կոտոյին»՝ անորոշին կը սպասեն… անիմաստօրէն… ո՛չ իբրեւ փրկիչի մը, այլ իբրեւ կսկծալի հեգնանք, պարզապէս ահազանգելու եւ արհեստականօրէն եւ խնամքով ծածկուած անհերքելի ճշմարտութիւնը քողազերծելու համար…:
Այսօր ժամանակակից արուեստագէտը իմանալով հանդերձ որ խօսքի ճշմարտացիութիւնն ու գործելակերպի անկեղծութիւնը իրենց ԳԻՆԸ ունին, ան անհեթեթ գերիրապաշտ արուեստով ուղղակի թէ անուղղակիօրէն ահազանգ կը հնչեցնէ… ընդդէմ Մեծն ճշմարտութեան, որ պճնուած կը թուի ըլլալ սուտի, կեղծիքի եւ խաբեբայութեան շպարով: Օրինակի համար Արհեստական բանականութիւնը (AI) իր գերկատարելագործուած հնարամտութիւններով ու հնարաւորութիւններով կը խոստանայ մէկ կողմէ բարելաւել եւ հանգստաւէտ կեանք պարգեւել մարդուն եւ միւս կողմէ աշխարհին խաղաղութիւն ապահովել: Իսկ արդիւնքը՞… արդիւնքը յայտնի է բոլորին…։ AI-ը ամենէն առաջ եւ ամենէն շատ կը ծառայէ եւ բացայայտօրէն կը շարունակէ ծառայել պատերազմներու եւ նիւթապաշտութենէ մղուած մթլորտը ապականող ճարտարարուեստին՝ նախ ստեղծելով գոյատեւելու աննպաստ պայմաններ եւ ապա պայմանաւորելով անկայուն կեանքի մը անդոհանքը…: Փաստօրէն այն դրամագլուխն ու մարդ արդարածի ստեղծագործ միտքը որ կը տրամադրուին ի նպաստ զէնքի եւ պատերազմի, յումպէտս կը վատնուի եւ պատճառ կը հանդիսանայ որ մարդ արարածը ենթարկուի տնտեսական եւ բարոյական բռնաճնշումներու, ապրի անորոշութեան եւ վախի մէջ ու անիմաստօրէն թէ ֆիզիքապէս չարչարանքներու ենթարկուի ու թէ հոգեպէս տառապի..: Փաստօրէն այն վարակիչ բողոքներն ու «վայրագութիւնները», որ մեր օրերուն տեղի կ՚ունենան Եւրոպայի տարածքին, հաւանական է որ տարածուին նաեւ ողջ աշխարհի մէջ… աշխարհ մը որ յղի է անորոշ ու վտանգաւոր հետեւանքներով… եւ մասամբ նորին: Եթէ իսկապէս մարդ արարածը ատակ է մարդասիրական, թէկուզ համամարդկային մասշտապով գործեր իրականացնելու, թող դադրեցնեն զէնքի արտադրութիւնը, թող պատռէն բոլոր անձնագրերն ու անցագրերը, թող բանան բոլոր ճանապարհները եւ թոյլ տան որ իւրաքանչիւր մարդ, իրաքանչիւր ցեղ, իւրաքանչիւր կրօնք, իւրաքանչիւր ազգ ու ժողովուրդ ստեղծագործէ, աղօթէ եւ ապրի իր ցանկացած վայրը, իր ուզածին պէս եւ իր ուզած կերպով…: Այս է անհեթեթ գերիրապաշտ արուեստի ուղղութեան ցանկութիւնն ու հիմնական նպատակը…:
Վ-Ա. — Իսկ մեր ներկայ հայ կեանքին հետ առնչութի՞ւնը։
Մ.Ծ. — Եթէ նկատի ունենանք որ մենք կ՚ապրինք ու կը շնչենք Երկրի վրայ իբրեւ մէկ մասնիկը մարդկութեան, այս հարցին ինչ որ չափով անուղղակիօրէն պատասխանած կ՚ըլլանք, սակայն փորձեմ մասնաւորել եւ աւելի յստակացնել հարցը: Վերը յիշեցի թէ մենք, ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին, ունինք բազմաթիւ կերպարուետագէտներ, որոնց արուեստը թաթաւուն է անհեթեթ գերիրապաշտական զգացողութեամբ, եւ տուի նաեւ օրինակներ: Շատերու նման մենք եւս ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին կ՚ապրինք միջազգայնօրէն որդեգրուած եւ գործադրուող քաղաքական այնպիսի ոլորապտոյտի մը մէջ, ուր կը յաւակնիմ ըսելու թէ այո՛, մարդասիրական առումով մեր տագնապալից խնդիրներուն եւ անբարենպաստ մեր ազգային կացութեան դրդապատճառները անտրամաբանական են ու երբեմն նոյնիսկ անիմաստ: Համաշխարհայնացման նիւթապաշտական գլանը իր աւերը կը գործէ նաեւ մեր, յատկապէս նոր սերունդին մէջ: Հայրենիքի առաջնորդները, մեկնելով անձնական եւ հատուածական նիւթապաշտական մոլուցքներէ, կամայ-ակամայ կը նսեմացնեն ազգային ոգեղէն արժէքները եւ ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կը պաշտպանեն նիւթական շահերը ի հաշիւ ազգայինի: Այո, կ՚ապրինք ոլորապտոյտ մը մէջ, ուր Խօսքն ու Գործը ոչ միայն զիրար կը հակասեն այլ ուղղակիօրէն զիրար կը ժխտեն: Եւ մեր գործի եւ առհասարակ գործելակերպի մէկ չնչին մասը միայն մեզմէ կախեալ է: Ոչ միայն մենք, այլեւ բոլոր փոքր եւ թոյլ ժողովուրդները ատակ չեն ինքնուրոյն որոշում կայացնելու եւ պաշտպանելու իրենց պետական եւ ազգային շահերը: Սկսեալ Լիբանանէն ու Սուրիայէն, մինչեւ Հայաստանն ու Ուկրաինան, ենթակայ են օտար մեծապետական, ինչ որ տեղ նաեւ՝ երբեմն «խորհրդաւոր» ուժերու քմահաճոյքին: Մեր աշխարհագրական դիրքն ու ազգային կազմաւորման բնոյթը պատճառ եղած են որ մենք պատմութեան ընթացքին տատանինք Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի, Աջի եւ Ձախի, եւ կամ յատկապէս նիւթի եւ ոգեղէնի միջեւ ու պարբերաբար ենթարկուինք մեր անմիջական թշնամիներու կամակորութիւններուն: Փաստօրէն այսօր համայն մարդկութիւնը կը դեգերի անդունդի եզրին: Մենք՝ առաւել եւս…: Իսկ յոյսը՞. այո՛, ՅՈՅՍը ոգեղէն արժէքներու բացայայտումը, կիրառումն ու տարածումն է… ՆԻՒԹի տիրապետութենէն ձերբազատումը եւ ՈԳԵՂԷՆԻ յաղթանակի աւետումը…:
Պայքարը կը շարունակուի եւ հակառակ անոր, որ պատմութեան ընթացքին առաւելաբար ՉԱՐը յաղթած ու տիրապետած է, այսօր սակայն ԲԱՐԻին յաղթելու հնարաւորոգւթիւնները շատ աւելի մեծ են քան երբեք: Եւ եթէ Մարդը (Ինչպէս նաեւ Հայը) կարողանայ հրաժարիլ իր անասնական ու նիւթապաշտական բնազդներէն ու կարողանայ ներել իր ազգակիցներու, ազգականներու, դրացիներու նոյնիսկ ընտանիքի անդամներու «յաջողութիւնները», այդ պարագային վստահաբար կ՚երաշխաւորուի ԲԱՐԻին յաղթանակը:Թէեւ տիրող շօշափելի իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ ոչ միայն Հնդկաստանը, այլեւ ողջ երկրագունդը «խաւարի եւ քաոսի» սեմին է… ու զգայուն, իրաւ եւ յանձնառու արուեստագէտներուն դրսեւորած անհեթեթութիւնը բնաւ ալ անհեթեթ չէ, այլ աւելի իրական է քան ինքը՝ մակերեսի վրայ երեւցող իրականութիւնը, ինչպէս կը հաստատէ անհեթեթ թատրոնի ռահվիրաներէն Լուիճի Փիրանտելլոն… : Ան կ՚ըսէ. «կեանքը լի է տարօրինակ անհեթեթութիւններով, եւ զարմանալիօրէն պէտք չունին անգամ հաւանական երեւելու, քանի որ իրա՛ւ են»։
Այո, Փիրանտելլոն եւ ընկերները կը հաւատային….
Վ-Ա. — Ուրեմն, շարունակենք մենք ալ այդ հաւատքով ապրիլ ու պայքարիլ։ Շնորհակալ եմ, սիրելի ընկեր։
Մ.Ծ. — Վրէ՛ժ ջան, ե՛ս եմ շնորհակալ որ խորիմաստ հարցերդ առիթ ստեղծեցին ծաւալելու եւ քիչ մը աւելի խորանալու արծարծուած նիւթերուն մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
