Նորա ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Խմբագրութեան կողմէ. — Ընթացիկ նոյեմբեր 29-ին կը լրանայ թատերագիր, վիպագիր, բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի մահուան 75-ամեակը, որուն նուիրուած է այս աշխատասիրութիւնը։
Լեւոն Շանթի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» խորագրով աշխատութիւնը իբրեւ յօդուածաշարք լոյս տեսած է Պոսթոնի Հայրենիք ամսագրին 1922-ի դեկտեմբերի եւ 1923-ի յունուարի եւ փետրուարի թիւերուն մէջ։ Հետագային «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» փոխուած խորագրին տակ, վերանայուած եւ կարգ մը փոփոխութիւններով հրատարակուած է գիրքի տարբերակով քանի մը անգամ.
— Հեղինակին ամբողջական երկերու Ե. հատորին մէջ 1948-ին, Լիբանան,
— Իբրեւ առանձին հատոր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան մատենաշարով 1979-ին, Լիբանան,
— Մ. Լալայեանի եւ Վ. Թաշճեանի խմբագրութեամբ 1999-ին, Երեւան,
— «Հայրենիք» մատենաշարով 2008-ին, Երեւան1։
Վերլուծական աշխատութիւն մըն է, ուր Շանթի նպատակն է ապացուցել վերափոխուած խորագրին մէջ ըսուածը, այն՝ թէ մարդկային ընկերութեան հիմքը ազգութիւններն են։ Յատկանշական է այն, որ նախատիպ յօդուածին հարցական խորագիրը («Ի՞նչ է ազգութիւնը»), վերահրատարակութեան մէջ վերածուած է հաստատական եզրակացութեան («Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան»)։
Գիտնալով, որ Լեւոն Շանթ մահկանացուն կնքած է իր ամբողջական երկերու Ե. հատորին լոյս ընծայումէն երեք տարի ետք, 1951-ին՝ Պէյրութ, կ’ենթադրենք, որ իր միջամտութեամբ եղած են այս վերամկրտութիւնը եւ սրբագրութիւնները։ Կը տեսնենք որ 1922-ի յօդուածէն քսանվեց տարի անց իր տուած խորագիրը չի հարցադրեր այլեւս ազգութեան ինչ ըլլալը, այլ կը հաստատէ անոր որակը. մարդկային ընկերութեան համար անհրաժեշտութիւն մը։
Այս վերանուանումը տարօրինակ կամ անհասկնալի չի թուիր մեզի, պարզապէս քանի որ իր քննարկումին մէջ Լեւոն Շանթ թէեւ կուտայ ազգ – ազգութիւն – ժողովուրդ – ցեղ հասկացութիւններու մասին իր տեսակէտը, բայց չի զարգացներ զանոնք խորապէս։ Իր կեդրոնացումը այդ կէտին վրայ չէ։ Հետեւաբար, վերնագրի փոփոխութիւնը սրբագրութեան միտում ունի կարծես։ Ինչպէս ըսուեցաւ, բովանդակութիւնն ալ վերանայուած ու փոփոխութիւններու ենթարկուած է. առաջին բաժինին տրուած է «Ներածական» վերնագիրը, տարբեր հատուածներու սկիզբը աւելցած են վերնագրեր, ջնջուած է բաժին մը, ու կարգ մը միտքեր կրած են իմաստային փոփոխութիւն։ 1979-ի հրատարակութիւնը օտար բառերու հայերէնը տուած է կա՛մ աստղանիշով, կամ ալ ուղղակիօրէն գործածած է հայերէն բառը, օրգանիզմի համար՝ մարմին կամ յօրինուածք, օրկանի համար՝ գործարան, պրոպագանդի համար՝ քարոզչութիւն, եւ այլն։ 1923 յունուարի թիւին մէջ 4-րդ բաժնին «Ընկերային օրգանիզմը» վերնագրուած հատուածին առաջին մասը, ուր Շանթ յստակօրէն կու տայ Ժողովուրդ եւ ազգ եզրերուն իր մեկնաբանութիւնը, գիրքի տարբերակին մէջ ջնջուած է2 ու հատուածը վերնագրուած է «Ընկերային գործարանաւոր մարմինը»։ Ըստ երեւոյթին, աշխատութիւնը յօդուածաշարքի խորագիրով տրուած հարցումին պատասխանը որոնելու, գտնելու կամ տալու միտուած չէ եղած, այլ հիմնական նպատակը եղած է քննարկելու ազգային միութեան գաղափարը եւ ապացուցելու, որ մարդկութիւնը հիմնուած է ազգերու բազմազանութեան վրայ։
Լեւոն Շանթէն տաս տարի առաջ, 1912-ին, Պոլսոյ մէջ Գարեգին Խաժակ արդէն հրատարակած էր «Ի՞նչ է ազգութիւնը» խորագիրով աշխատութիւն մը, իբրեւ գիտական հետազօտութիւն, ինչպէս ինք կ’ըսէ, ուր սահմանա՛ծ էր խնդրոյ առարկայ եզրերը.
— Ազգը առարկայական նիւթական երեւոյթ է,
— Ազգութիւնը՝ աբստրակսիոն է, աննիւթ էութիւն, մարդկային մէկ խումբը միւս խումբէն բաժնող որակներու ընդհանուր գումար3,
— Ցեղը ազգի կազմութեան նախորդող մարդկային հաւաքականութիւնն է,
— Ժողովուրդը պետութեան մէջ ապրող հաւաքականութեան ֆիզիքական խառնուրդն է4։
Բայց եւ այնպէս, հակառակ այս յստակ զատորոշման, Գարեգին Խաժակ կը յայտնէ որ խօսակցական լեզուի մէջ ազգ եւ ազգութիւն հասկացողութիւնները (ինք այս բառը կը գործածէ) իրարու կը խառնենք եւ ինք ալ իր աշխատութեան մէջ մէկը միւսին փոխարէն պիտի գործածէ։ Այդպէս ալ ըրած է։ Հետագային նոյնպէս վարուած է Լեւոն Շանթ։ Պէտք է ըսել, որ այսօր շփոթեցուցիչ կը թուի այս պարագան, բայց եւ այնպէս, բացառութիւն չեն անոնք։ Ազգ, ազգութիւն, ցեղ, ժողովուրդ եզրերը յաճախ շփոթութեամբ հանդէս եկած են ուսումնասիրողներուն քով, ինչպէս կը գանգատի, ի միջի այլոց, Ժագ տը Մորկան 1917-ին, իր «Essai sur les nationalités» գիրքին սկիզբը, եւ ինչպէս կը ներկայացնէ վիճակը Յովհաննէս Քաջազնունի իր «Ազգ եւ հայրենիք» յօդուածաշարքին սկիզբը5։
Շանթի յօդուածը կը սկսի այն հաստատումով, թէ «ազգային զգացումն ու ազգութեան գաղափարի գնահատումը շատ պղտորուած ու խանգարուած է մեր մտաւոր դասակարգին մէջ վերջին երեսուն-քառասուն տարիներու ընթացքին… սոցիալիզմի տիրապետութեան տարիներուն…», ու կը հասկնանք նաեւ՝ սոցիազիզմի պատճառով, հակառակ անոր որ սկզբունքով, ըստ հեղինակին, «սոցիալիզմը կեցած է ազգային հողի վրայ… ուղղակի կերպով ազգութեան դէմ ոչինչ չունի»6։ Սակայն կապիտալիզմի դէմ բոլոր երկիրներու աշխատաւորները իրարու կապելու պայքարը թշնամի երեւոյթի կը վերածեն ազգային գոյութիւնը, ազգային ինքնութիւնը, ազգային բաժանումները7։
Հարց կը ծագի. արդեօ՞ք իր նշած վերջին երեսուն-քառասուն տարիներէն առաջ (իմա՝ 1880-90-ականներէն) ազգային գաղափարախօսութիւնը յստակացած նիւթ էր մեր մտաւորականութեան համար։ Պիտի պատասխանենք քիչ մը անդին։
Յիշենք. այս աշխատութեան թուականը 20-րդ դարու սկիզբն է, 1922։ Արդէն անցած ենք 19-րդ դարու գաղափարական եռեւեփումներէն, գործադրուած է համահայկական մեծ Աղէտը եւ ապրուած է պետական կորուստի փորձառութիւն մը։
Երբ քննարկումը սկսելու համար հարց կու տայ, թէ ժողովուրդ մը ինչո՞վ կը զատուի ուրիշ ժողովուրդներէ, խօսքը ազգի մասին է հարկաւ։ Արդէն, ինչպէս նշեցինք, ամբողջ աշխատութեան մէջ ազգ եւ ժողովուրդ եզրերուն չտարբերակուած գործածութիւնը կը նսեմացնէ միտքի յստակութիւնը։ Հոս հրապարակ նետուած հարցին քննարկումը սկսելու համար, զատորոշիչ տարրերը մատնանշելէ առաջ, մա՛նաւանդ մատնանշել կարողանալու համար, հարկաւոր կը համարէ հաւաքականութիւն մը իրարու միացնող հաւանական տարրերը թուել.
ա. արեան կապ,
բ. աշխարհագրական վայր՝ բնական տուեալներ, հայրենիք,
գ. ֆիզիքական եւ հոգեկան կազմ,
դ. պատմութիւն.
Ու կ’եզրակացնէ, որ ասոնցմէ որեւէ մէկը առանձինն «չի կրնար առանձնացնել ժողովուրդ մը միւս ժողովուրդներէն եւ ո՛չ ալ ընդգրկել ամբողջ ժողովուրդ մը ինքն իր մէջ»։ Անոնք ժողովուրդի մը յատուկ կերպարանք տուող գործօններ են8։ Ըստ իրեն, այս 4 կէտերէն կը բխին նաեւ այլ յատկանիշներ՝ լեզու, կրօն, պետութիւն, արուեստ, զորս կը համարէ ժողովուրդի մշակածն ու ստեղծածը։
Յաջորդող գլուխը, որ գիրքի տարբերակին մէջ վերնագրուած է «Քաղաքակրթական երեւոյթներու բերած տարբերութիւնները», կը սկսի պարզապէս կրկնելով ժողովուրդի մը միասնութեան եւ ուրիշներէ զանազանուող տարրերու մասին նախորդ գլուխին սկիզբը տուած հարցումը։ Կը վերլուծէ լեզու, կրօն, պետութիւն, արուեստ տարրերը, որոնք ժողովուրդի մը ինքնուրոյն ոճի դրսեւորումներ են, կը հետեւցնէ որ անոնք ժողովուրդին անդամները իրարու կապող չափազանց կարեւոր գործօններ են, բայց եւ այնպէս անոնցմէ ո՛չ մէկը, առանձին վերցուած, կը հանդիսանայ ժողովուրդ մը իրարու զօդող կապը9։
Ինչպէս մարդու մը պարագային, այնպէս ալ ժողովուրդի մը համար իր բնական եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն գումարն է, որ կը կազմէ իր «անհատականութիւն»ը եւ անոնց գումարով է, որ ան կը զատորոշուի ուրիշ «անհատականութիւն»ներէ։
Ու ահա այստեղ է որ Լեւոն Շանթ կու տայ ազգ եւ ազգութիւն եզրերու իր սահմանումը. «Ժողովուրդներու համար, անհատական բառի փոխարէն կը գործածենք սովորաբար ազգային բառը, եւ ժողովուրդներու անհատականութիւնը կ’անուանենք ազգութիւն»10։ Այսպիսով, կը յանգի իր տուած հարցումի պատասխանին. ժողովուրդները զանազանողը անոնց ազգութիւնն է, ժողովուրդի մը անդամները իրարու կապողը՝ անոր ազգային գիծերը։ Ժողովուրդի մը բնական եւ ստեղծագործական բոլոր յատկութիւնները կ’ըլլան միահիւսուած, կ’ազդեն իրարու վրայ, եւ իւրաքանչիւրը միւսին ազդեցութեամբ կը զարգանայ։ Մշակութապէս որքան զարգացած է ժողովուրդ մը, այնքան իւրայատուկ է իր անհատականութիւնը, որմով կրնայ զատորոշուիլ այլ ժողովուրդներէ։ Հետեւաբար, ժողովուրդի մը անհատականութիւնը, այսինքն՝ ազգութիւնը, ազգային գիծերու ամբողջութիւնը, կ’արտայայտուի իր սեփական քաղաքակրթութեան միջոցով։ Համայնական Եսի զգացումը զարգանալով կը վերածուի ազգային գիտակցութեան11։
Ժողովուրդ մը իր սեփական առանձնայատկութիւններով է, որ արժէք կը ներկայացնէ մարդկութեան համար12։
Մարդկութեան համար, քաղաքակրթութիւններու արժէքը անոնց ընդգծուած ազգային գիծերն են, այսինքն ազգութիւններու (ինք կը գործածէ «ժողովուրդ» բառը) մշակութային իւրայատկութիւնը։ Ազգ մը իր իւրայատկութիւններո՛վ է, որ իր լուման կը ձգէ մարդկութեան յառաջդիմութեան մէջ։ Եւ ինչպէս որ մարմնի բոլոր անդամները կը ծառայեն միեւնոյն մարմնին, այնպէս ալ ազգերը կը ծառայեն մարդկութեան։ Հետեւաբար «Մարդկութեան ծառայելու միա՛կ ճամբան ազգութեան մը ծառայելն է»13։ Հայրենիքը ազգութեան գոյութիւնն ու զարգացումը երաշխաւորող կարեւոր տարր մըն է. իսկ պետականութիւնը զանոնք կառավարող ու պահպանող մեքենան է, որուն կորուստով ժողովուրդի մը անհատականութիւնը այսինքն՝ սեփական քաղաքակրթութիւնը հիւծուելու սպառնալիքին կ’ենթարկուի։
Շանթի փաստարկումները զինք կը հասցնեն հոն, ուր կարենայ հաստատել, որ բնութեան ստեղծած բարձրագոյն մարմինը քաղաքակրթութիւնն է, մէկ խօսքով՝ նոյն ինքն ազգութիւնը. «Ազգը քաղաքակրթութիւնը արտադրող օրգանիզմ է (գիրքին մէջ՝ մարմին)»14։ Հետեւաբար ազգերու գոյութիւնը մաս կը կազմէ մարդկային բնութեան։ Մէկ խօսքով՝ ազգը բնական երեւոյթ է։
Նոյնութեան, նմանութեան, ընդհանրութեան ձգտումը, «պահպանողական սկզբունք» կը կոչէ Շանթ, քանի կեանքի հին ժամանակներու երեւոյթներ են ատոնք։ Մինչ փոփոխութիւնը, նորոգութիւնը, տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները կեանքի զարգացման յառաջացուցած երեւոյթները ըլլալով «յառաջադիմական սկզբունքներ» են իրեն համար15։ Կը հաւատայ, որ մարդկային քաղաքակրթութիւններու զարգացումը պիտի հասնի հոն, ուր ամէն ազգ պիտի ունենայ իր պետութիւնը։
Վերը ըսինք, որ կարգ մը միտքեր կրած են իմաստային փոփոխութիւն։ Հոս նշուած այս կէտը անցած է սրբագրութեան բովէն. յօդուածին ՙմէկ ազգ մէկ պետութիւն՚16 միտքը գիրքին մէջ վերանայուելով վերածուած է ՙամէն ազգ՝ իր պետութիւնը՚17 գաղափարին։ Անշուշտ պարզ վերամշակում չէ կատարուածը եւ կ’ենթադրենք, որ դէպքերու եւ երեւոյթներու թաւալքին հետ հեղինակի մօտեցումներու զարգացումն է պատճառը այս ճշդումին։ Շանթի ժամանակակից Յովհաննէս Քաջազնունի ալ ազգային պետութեան անհրաժեշտութիւնը կը դաւանի18։
Դառնանք յօդուածին սկիզբը տրուած մեր հարցումին, թէ արդեօ՞ք 19-րդ դարու հայ մտաւորականութիւնը իր ժամանակին մէջ եւ անոր պահանջներուն հարկ տալով յստակացուցած էր ազգային գաղափարախօսութեան նիւթը։ Պատասխանն է՝ անկասկած։ Կը շեշտենք. նիւթը։ Նիւթը կար եւ յստակ էր։ Մտաւորականութիւնը, երբեմն նոյնիսկ կրքոտ ձեւով, կը խորհրդածէր ատոր մասին։ Կը գտնուէին եւրոպական մտածողութեան ուղղակի ազդեցութեան տակ, անոնց միտքերուն հայկական պայմաններու յարմար (եւ յաջող) պատշաճեցումն էր իրենց կատարածը։ Պէտք է ըսել, որ դարու վերջաւորութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը քննարկումներու յստակ պատկեր մը կը ներկայացնէր արդէն։ Լեւոն Շանթ, իրմէ առաջ Գարեգին Խաժակ, իրեն ժամանակակից Յովհաննէս Քաջազնունի, որոնք ուղղակիօրէն հարցադրեցին ազգին ինչ ըլլալը, ժառանգորդներն են այդ ժամանակաշրջանի լուսամիտ մտաւորականներու վերլուծումներուն։ Եւ տեղ մը՝ շարունակողները։ Հաւաքականութիւն մը իրարու զօդող տարրերու վերը յիշատակուած թւումը (արեան կապ, հայրենիք, անցեալի փորձառութիւն կամ պատմութիւն, հոգեկան արժէքներ, եւն) օրինակ մըն է այլոց շարքին։
19-րդ դարուն, Արեւմուտքի աշխարհիկ գաղափարախօսութենէն ազդուած մեր խանդավառ մտաւորականութեան առաջին եւ հիմնական առաքելութիւններէն մէկը եղաւ ազգ ու կրօնք իրարմէ անջատելը։ Ասիկա հարթ ու անարգել մարտահրաւէր մը չէր։ Կրօնքին մենաշնորհը ինքնութենէն վերացնելը բարդ էր մանաւանդ այն պատճառով, որ թէ՛ Օսմանեան եւ թէ՛ Ռուսական կայսրութիւններու միջեւ բաժնուած հայութիւնը կը համարուէր կրօնական փոքրամասնութիւն, պետութիւններու աչքին կրօնական համայնքներ էին։ Այս պատճառով նաեւ այդ կայսրութիւններու մէջ ապրող հայութիւնը ինքզինք կ’ընդունէր իբրեւ այդպիսին։ 1922-ին Շանթ (ինչպէս նաեւ վերիվարոյ իր ժամանակակիցներն ու յաջորդները) չունի այլեւս այս հոգը. իրմէ առաջ Նալբանդեան, Ոսկան, Արծրունի, Պէշիկթաշլեան, Արփիարեան, Ստ. Նազարեանց ու Րաֆֆի մղեցին այս բուռն մարտը ու լուսաւորեցին այն հաւաքականութիւնը, որ այլեւս իրաւունք պիտի ունենար կոչուելու ազգ։ Կրօնական եւ դաւանաբանական խտրութիւնները զանցած ու յաղթահարած աշխարհիկ մարմին՝ ազգ, ուր այլ յատկանիշներու կարգին կրօնական տարրը կը գրաւէ յատուկ տեղ, կարեւոր, բայց ոչ գերակշիռ։ Ազգային գիտակցութեան կոչերուն արձագանգելը «Ամբոխները ազգի վերածել»ու մղում մըն էր, ինչպէս կը բացատրէ Թէօլէօլեան «Դար մը գրականութիւն»ին մէջ19։
Լեւոն Շանթ ազգութիւնը բացատրած է իբրեւ ազգի անհատականութիւն։ Իրմէ 65 տարի առաջ,1858-ին, Միքայէլ Նալբանդեան գործածած է անձնաւորութիւն բառը, որ իմաստային տարբերութիւն մը չի ներկայացներ անհատականութիւն բառէն. «Ազգը պիտոյ է ունենայ ազգութիւն, այդ ազգի անձնաւորութիւնն է, ինչպէս մարդը չէ կարող լինել առանց անձնաւորութեան, նոյնպէս ազգը չէ կարող լինել առանց ազգութեան»20։ Ազգ ըսելով ան կը հասկնայ հասարակ ժողովուրդը եւ ոչ թէ «մեծատունք»ը՝ իշխող դասակարգը։ 1862-ին Ստեփաննոս Նազարեանց անհատականութիւն բառը գործածած է Հիւսիսափայլի մէջ. «Ազգայնութիւնը է մի ազգի անհատականութիւն»21։ Շանթի անհատականութիւնը փոխառութիւն մը ըլլալու է այս օրերէն։
Նոյնպէս, համայն մարդկութեան մէջ ազգի տեղը ամրապնդող գաղափարը մեր մէջ կու գայ 19-րդ դարու միտքերէն։ «…Ամենայն ազգութիւնների միաւորութիւնից բաղկանում է ընդհանուր մարդկութեան կազմուածքը» կը գրէ Նալբանդեան 1858-ին22։ Նմանատիպ միտք կ’արտայայտէ Գրիգոր Արծրունի Մշակին մէջ 1872-ին. «Ամէն մի ազգութիւն ամբողջ մարդկութեան մէջ մի անհրաժեշտ անդամ է»23։ Տարիներ ետք նոյն միտքը Շանթի գրիչին տակ կ’իյնայ. «Ազգերն են, որ եղած են եւ են բնական հիմքը մարդկային խմբումներու եւ միութեան. ազգերն են, որ կամաց-կամաց կը դառնան հիմնական միաւորները համամարդկային կապակցութեան ու դաշնակցութեան»24։ Շանթի ժամանակակից Յովհաննէս Քաջազնունին ալ համակարծիք է, համոզուած՝ թէ այս կամ այն ազգութեան կորուստով կ’աղքատանայ մարդկութիւնը25։ Նազարեանց աւելի հեռու գացած է ատենին. հաստատօրէն կը հաւատայ, որ հայ ազգը ասիական աշխարհի մէջ եւրոպական լուսաւորութիւնը տարածելու առաքելութիւնը ունի. «Հայք լինելով գլխաւոր քրիստոնեայ ժողովուրդը ասիական հողի վերայ, ունի առաւելապէս այն գեղեցիկ կոչումը, որ է …ընդունել իւր մէջ եւրոպական ազգերի լուսաւորութեան արգասիքը …եւ տարածել ասիական մարդկութեան մէջ եւ այդպէս լինել Ասիայի համար մի լուսատու ճրագ, մի փարոսեան աշտարակ ասիական թանձր խաւարի մէջ»26։ Ի միջի այլոց, վիպագիր Րաֆֆին ալ իր «Կայծեր» վէպին մէջ նոյն կարծիքը կը յայտնէ։ Լեւոն Շանթ, 20-րդ դարասկիզբի փորձառութիւններով ծանրացած, կը բաւարարուի ըսելով, որ մարդկութեան ծառայելու միակ ճամբան ազգութեան ծառայելն է27։
Բայց եւ այնպէս, մինչ 19-րդ դարու կէսին ըմբոստ Միքայէլ Նալբանդեան մը (եւ ոչ միակը) կ’ողբայ իր ազգի տգիտութեան վրայ, «Բայց … մեր ազգի համար … ձայն բարբառոյ յանապատի — մեր ասածները. ի՞նչ է ազգը, ի՞նչ է ազգութիւնը, ո՛վ կամի լսել ու հասկնալ …»28, 20-րդ դարու Բ. տասնամեակին Լեւոն Շանթ կը գրէ անտարբերութիւնը գրեթէ թօթափած եւ գիտակցական որոշ մակարդակի հասած ազգին համար։ Իրը՝ ձայն բարբառոյ յանապատի չէ։
Հայաշխարհի մէջ 19-րդ դարը շեշտեց նաեւ լեզուին անհրաժեշտութիւնը ազգային գիտակցութեան աճման օգտին։ Լեզու, դպրոց, ընտանիք. հայ ազգային գաղափարախօսութեան հողին մէջ խնամքով ցանուած առաջին հունտերէն եղան։ Մեծ է այս եռեակի արժանիքներուն ատաղձը, որ շարունակուեցաւ խնամուիլ եւ ժառանգուիլ նաեւ 20-րդ դարուն, արդեօք համարձակի՞նք ըսել՝ մինչեւ օրս։ Յամենայնդէպս, Լեւոն Շանթ եւս կը շեշտէ զանոնք իբրեւ ազգութեան կարեւոր յատկանիշներ։ Ընտանիքին կու տայ ժողովուրդի զարգացող քաղաքակրթութեան մէջ ամենէն հիմնական դերը. «Ընտանիքն է գլխաւոր յենարանը ամէն ազգութեան, հի՛մքը, միջնաբե՛րդը, ուր կ’ապաստանի ժողովուրդի մը անհատականութիւնը երբ թշնամիները կը խլեն ու կը գրաւեն դուրսի ամրոցները, պարիսպները»29։
Լեզուն կը նկատէ արտայայտիչը ժողովուրդի մը (պիտի հասկնանք՝ ազգ) բոլոր արտայայտութիւններուն՝ կրթական, հաղորդակցական, կենցաղային, կրօնական, կառավարական, պետական, գիտական, գեղարուեստական։ «Լեզուն կը բխի ժողովուրդի մը հոգեբանութեան բուն խորքերէն եւ արդէն ինքնին անոր հոգիին հարազատ մէկ կտորն է»30, քիչ մը անդին, «Ժողովուրդի մը հոգին թափանցելու ամենէն կարճ ճամբան անոր գրականութեան ու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մօտիկէն ծանօթանալն է»31։ Ըստ Գարեգին Խաժակի՝ նոյնպէս. «Ազգային նմանութեան ազդակներէն ամենաէականը եւ տիրողը լեզուն է, … լեզուի ոգին, ոճը, դարձուածքները, գրականութիւնը»32։ Կը հասկնանք, որ ազգի մը անհատականութիւնը ըմբռնելու լաւագոյն եւ ամենադիպուկ եղանակը անոր լեզուական ստեղծագործութեան մտերմութեան մէջ մտնելն է։
Այո, կարեւորագոյն եղանակներէն մէկը, բայց ո՛չ միակը։ Ինչպէս այլ յատկութիւններ, լեզուն՝ այսինքն իր միջոցով ստեղծուած գեղարուեստը, կ’ընդգծէ Շանթ, մինակը չի կրեր ազգ մը ուրիշ ազգէ զանազանելու յատկանիշը33։ Անհրաժեշտ տարր մըն է այլոց կողքին։
Նախորդները լեզուի հարցը աւելի սուր կերպով դրած են, ազգային արժէքներու բեմին վրայ անոր յատկացուցած են ամենափայլուն եւ առաջնակարգ դերը։ Շեշտենք՝ ո՛չ իբրեւ նպատակ, այլ ազգային գաղափարներու տարածման միջոց եւ որ, ըստ իրենց շեշտադրումին, տեղի պիտի ունենար ազգային լեզուով բանող դպրոցներու մէջ, ուր պիտի ջամբուէր ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը։ Նազարեանց կը գտնէ, որ «լեզուն է գլխաւոր ցուցականութիւնը ազգային կրթութեան»34։ «Հայոց ազգի տունը պիտոյ է եւ կարող է միայն շինուիլ նորա լեզուի շինութեամբը»35։ Նալբանդեանի համար «Լուսաւորութիւնը պէտք է կատարուի մայրենի լեզուով»36։ Նոյն տարիներուն, 1856-ին, Յարութիւն Սվաճեան կը գրէ, որ Մեղուին «գրականագիտական մասը պիտի ճանչցնէ ազգի մը եւ անհատի մը առաջին եւ ամենահարկաւոր պէտն եղած լեզու մը ունենալու կարօտութիւնը եւ մեր ազգին այս պէտքը մինչեւ հիմա անխնամ մնալը»37։ Գրիգոր Արծրունիի համար ամբողջ մարդկութեան վնասե՛լ կը նշանակէ սեփական լեզուէն զրկուիլը38։ Օրմանեան պատրիարք, 1879-ին, հայութեան ազգութիւն ըլլալու պայմանը կը գտնէ յառաջդիմութեան մէջ ա՛յն լեզուով, որմով «հայութիւնը հաւասարութիւն եւ միաւորութիւն ստանայ» եւ որ ծառայէ իրարու հետ հաղորդակցութեանց եւ յարաբերութեանց39։ Հաղորդակցութեան մէջ լեզուի դերին մասին յետագային անդրադարձաւ նաեւ Յովհաննէս Քաջազնունի. «Հաղորդակցուելու այն բոլոր միջոցներից, որ մատչելի են մարդուն, ամենից զօրեղը, ամենից կատարեալը ու ամենից արտայայտիչը լեզուն է»40։
Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք» յօդուածաշարքը, որուն ակնարկած ենք արդէն, սկսած է լոյս տեսնել 1923-ին, նոյն Հայրենիք ամսագրին մէջ Շանթի յօդուածէն տարի մը անց։ Այնտեղ, ան լայնօրէն քննարկեց ազգի բնոյթը։ Շեշտեց նախապէս շեշտուածը, թէ ազգը կը բնորոշուի զինք կազմող տարրերու գումարով, թէ պէտք է գնահատման առնել բոլոր տարրերը միասին իբրեւ բարդ ամբողջութիւն41, թէ որքա՛ն շեշտուած են ազգային տարրերը, այնքան բնորոշ է ազգային դէմքը42։ Սակայն լեզուի կարեւորութիւնը առանձնացնելով լայն տեղ տուած է անոր յատուկ դերին, ընդգծելով, որ լեզո՛ւն է ազգային հաւաքականութիւնը կազմող տարրերու մէջ ամենէն բնորոշն ու վճռականը, թէ ազգ երեւոյթը ամենէն լրիւ բացատրող տարրը լեզուն է43, թէ «Լեզուին մահը ազգին մահն է, ինչպէս եւ ազգի մահը լեզուին մահն է»44, ի վերջոյ եզրակացնելու, որ Լեզուն հաւաքական ստեղծագործութիւն է եւ ստեղծագործող հաւաքականութիւնը ազգն է45։
19-րդ դարուն պետութիւն-պետականութիւն երեւոյթը հայկական երկինքին վրայ լուսատու կամ յուսատու աստղ չէր տակաւին։ Տակաւին ազգ ըլլալու, ազգ դառնալու, ազգ մը եղած ըլլալու փաստարկումներուն վրայ էր վիճարկումը, որ կը հրահրուէր հայրենիքի եւ նախահայրերու հողին սէրը ջամբուելով Ալիշանէն, Աբովեանէն սկսեալ։ Ջանք կը թափուէր ազգային դիմագիծ կերտելու համար մշակութային տուեալները յայտնաբերելու, քանի որ քաղաքական տուեալը բացակայ էր, ինչպէս ճշդօրէն կը ներկայացնէ Նազարեանց, թէ քաղաքական անօթը (իմա՝ գործիք) «արդարեւ մի անչափելի մեծակշիռ անօթ՝ իւր եւ օտարի մեղքովը ոչնչացել է եւ չկայ այժմուս»46։
20-րդ դարասկիզբին փոխուած են տուեալները։ Պետականութիւնը իրականացած, — թէեւ չտեւականացած — փորձառութիւն է այլեւս հայուն համար։ Խորհրդածութիւններու տարբեր ուժականութիւն մը կայ այլեւս ատոր ետին ու հաւատք մը՝ վերատիրանալու կարելիութեան։ Պետականութեան գաղափարը կարեւորութենէն վերածուած է անհրաժեշտութեան, ինչպէս կը դնէ Յովհաննէս Քաջազնունի. «Պետական կեանքը ազգային կեանքի գոյութեան (կամ առնուազը՝ նրա ապահովութեան) անհրաժեշտ պայմաններից մէկն է»47։
Լեւոն Շանթ, իր կարգին, կը տեսնէ թէ «Ամէն ազգ իր պետութիւնը» ա՛յն սկզբունքն է, որուն հասեր է մարդկային գիտակցութիւնը48։ Ու հայը կրնա՛յ այլեւս մտածել զայն։ Ո՛չ միայն մտածել, այլեւ վստահիլ ազգային արժէքները պահպանելու, պաշտպանելու եւ զարգացնելու պետականութեան անհրաժեշտ կարողականութեան։
Շանթ կը հաւատայ միջազգային մարմնի մը գաղափարին, ազգերու կապակցութեան եւ գործակցութեան, բայց համամիտ չէ մարդկութիւնը մէկ դարձնելու ծրագիրին, ուր որ այսօր կը տանի մեզ համաշխարհայնացումը. «Չոր ու դաժան երազ է մէկ ազգութիւն մը, մէկ պետութիւն մը, մէկ լեզու մը եւ վերջապէս մէկ ժողովուրդ մը ստեղծելու երազը»49։
Աւարտելու համար, թող ներուի աւելցնել, որ այսօր, Լեւոն Շանթի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» յօդուածաշարքէն 100 տարի ետք, աւելի քան անհրաժեշտութիւն է մեզի համար յստակացնել ու համայնացնել ժողովուրդ եւ ազգ եզրերու տարբերակումը, նորոգել հայրենիքի սահմանումը, եւ մա՛նաւանդ վերարժեւորել այն ազգային տարրերը, որոնք պիտի կարողանան համախմբել եւ միացնել տարբեր երկիրներ ապրող, տարբեր պետութիւններու հպատակ հայ ազգի զաւակները։
Նորա ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
21 հոկտեմբեր 2026
Փարիզ
1 Ձեռքիս տակ ունիմ Հայրենիքի յօդուածաշարքը եւ 1979-ի հրատարակութիւնը։
2 Հայրենիք, 1923 յունուար, էջ 22։
3 Գարեգին Խաժակ, «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Մատենաշար ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, թիւ 2, էջ 68։
4 Նոյն, էջ 80։
5 Հայրենիք, 1923 մայիս, էջ 84։
6 Հայրենիք, դեկտ. 1922, էջ 13-14։
7 Նոյն, էջ 13։
8 Նոյն, էջ 18։
9 Նոյն, էջ 22։
10 Հայրենիք, յունուար 1923, էջ 16։
11 Նոյն, էջ 18։
12 Նոյն, էջ 18-19։
13 Հայրենիք, փետրուար 1923, էջ 74։
14 Նոյն, էջ 25։
15 Նոյն, էջ 64։
16 Նոյն, էջ 69։
17 Լեւոն Շանթ, «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան», մատենաշար ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, 1979, Լիբանան, էջ 94։
18 Յովհաննէս Քաջազնունի, «Ազգ եւ հայրենիք», մատենաշար ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, թիւ 4, Պէյրութ, 1979, էջ 304։
19 Հատ. Ա. 1850-1920, Պոսթըն, 1977, Բ. հրատ. Էջ 87։
20 Միքայէլ Նալբանդեան, «Նկատողութիւնք», Հիւսիսափայլ 1858 թիւ 10, էջ 303։
21 Ստ. Նազարեանց, «Քաղաքային ընկերութեան արմատական նիւթերը- ցեղ եւ ազգ, հասարակութիւն եւ թագաւորութիւն», Հիւսիսափայլ 1862, թիւ 4, էջ 180։
22 Միքայէլ Նալբանդեան, «Նկատողութիւնք», Հիւսիսափայլ, 1858 թիւ 10, էջ 304։
23 Գրիգոր Արծրունի, «Լեզու եւ կեանք», Մշակ, 1872, թիւ 11։
24 Հայրենիք, փետրուար 1923, էջ 77։
25 Հայրենիք, յունուար 1924, էջ 108։
26 Ստ. Նազարեանց, «Մտածող հայերի յոյսերը եւ արդարացի ակնկալութիւնքը ներկայումս», Հիւսիսափայլ, 1859, թիւ 7, էջ 567։
27 Հայրենիք, փետրուար 1923, էջ 74։
28 Միքայէլ Նալբանդեան, «Նկատողութիւնք», Հիւսիսափայլ, 1858, թիւ 10, էջ 304։
29 Հայրենիք, փետրուար 1923, էջ 71։
30 Հայրենիք, դեկտեմբեր 1922, էջ 21։
31 Նոյն, էջ 22։
32 Գարեգին Խաժակ, «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Մատենաշար ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, թիւ 2, Էջ 68։
33 Հայրենիք, 1922 թիւ 2, էջ 22։
34 Ստ. Նազարեանց, «Քաղաքային ընկերութեան արմատական նիւթերը — ցեղ եւ ազգ, հասարակութիւն եւ
թագաւորութիւն», Հիւսիսափայլ, 1862 թիւ 4, էջ 175։
35 Ստ. Նազարեանց, «Հայկական լեզուի խորհուրդը», Հիւսիսափայլ, 1858, թիւ 1, էջ 6։
36 Միքայէլ Նալբանդեան, «Նկատողութիւնք», Հիւսիսափայլ,1858 թիւ 10, էջ 310։
37 Յարութիւն Սվաճեան, Մեղու, 1856, Ա. թիւի Յառաջաբան, էջ 6։
38 Գրիգոր Արծրունի, «Լեզու եւ կեանք», Մշակ, 1872, թիւ 11։
39 Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, «Հայ ազգութիւն», «Ազգային բանախօսութիւններ», Ս. էջմիածին, 1918, էջ 174- 207)։
40 Յովհաննէս Քաջազնունի, Հայրենիք, յուլիս 1923, էջ 69։
41 Յովհաննէս Քաջազնունի, Հայրենիք, յունիս 1923, էջ 58։
42 Յ.Ք. Հայրենիք, սեպտ. 1923, էջ 82։
43 Յ.Ք. Հայրենիք, յուլիս 1923, էջ 69։
44 Նոյն, էջ 71։
45 Յ.Ք. Հայրենիք, յունուար 1924, էջ 103։
46 Ստ. Նազարեանց, «Վարդապետարան կրօնի», Յառաջաբան, 1853, Մոսկուա, էջ 7։
47 Յ.Ք. Հայրենիք, յունիս 1923, էջ 60։
48 Տես նօթ 17։
49 Հայրենիք ,փետրուար 1923, էջ 80։
