«Հորիզոն գրական»ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
«Հորիզոն գրական»ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Այս բոլորի պատճառը տատիս տատն է եղել, այլապէս Նիւ Եորքում ծնուած որդիս ի՞նչ գործ պիտի ունենար Ղարաբաղի հետ։
Յետոյ այս խնդրում կարեւոր դեր են ունեցել նաեւ Մեղրիի գիշերները, երբ տատիս տատը Փոքր Թաղի իր քարակերտ տանը քաշուած բաներ է պատմել իր զաւակներին Արցախի ու Սիւնիքի մասին, Դաւիթ-Բեկի, Մխիթար Սպարապետի, Թորոսի, Բայանդուրի, էլ ի՞նչ գիտեմ, Տէր Աւետիքի, Փարսադանի, Պապի, Աւթանդիլի եւ, իհարկէ, իր ամուսնու՝ Վայրենի Յակոբի մասին, ո՞վ գիտէ, ինչպիսի սխրագործութիւններ Continue reading “ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏՂԱՍ ԱՍՏՂԵՐՆ ԷՐ ՈՒԶՈՒՄ, ԻՍԿ ՀԻՄԱ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԸ (*)”
(Մեր հրաշք լեզուի երկու ճիւղերու համատեղութեամբ)
«Պիտի գաս». կ՚ասեն,
թէ՛ մատղաշ տղերք, թէ՛ խոր ծերունիք,
օրօրոցի մէջ երեխէքն անգամ…
Պիտի գաս, գիտե՛նք, Continue reading “«ԱՄԱՆՈ՞Ր» ԵՍ, ԹԷ՝ «ՆՈՐ ՏԱՐԻ», ԱՅՍՊԷՍ ԿԱՄ՝ ԷՆՊԷՍ, ԴՈՒ ՆՈ՛ՅՆՆ ԵՍ, ԷԼԻ՛…”
Դուք ինձ հետ ոչ մի անգամ Ակն չեկաք, Ժամու աղբիւրից ջուր չխմեցիք: Սրբուհի մեծ մայրս մինչեւ մահը պնդում էր, թէ Նոր Տարուայ գիշերը, ով առաջինն է Ժամու աղբիւրից կուժը լցնում, աղբիւրը ջրի հետ ոսկի է տեղում:
Նա այնքան հաւատացած է եղել նախախնամական աւանդութեանը, որ ամեն Նոր Տարուայ գիշեր, սուրբ Նարեկայ եկեղեցու զանգերը Continue reading “ԱԿՆԱՅ ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ”
հողին ու երկինքին ձայները միանալու երկունքին մէջ կը վառին
գոյութիւնն իրենց այսպիսով հարցադրումի մէջ կ՚իյնայ
ո՞վ է հարցում տուողը
պատասխանն ուրկէ՞ պիտի գայ
այս անունը կը տրուի ոչնչութեան սադրանքին
որ կուլ կու տայ յաւերժօրէն անկոտրում ախորժակով Continue reading “ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ”
Երբ փոքր տարիքի դպրոցականներ էինք, քննութեան հարցումներէն մէկը այն էր, թէ ո՞ւր ծնած է Յովհաննէս Թումանեան։ Մենք՝ աշակերտներս քմծիծաղով սորված էինք այդ գիւղի տարօրինակ ու արտասովոր անունը ու երբէ՛ք չէինք կրնար մոռնալ.
— Դսեղ։
Տարիներու ընթացքին յաճախ լսելով Մեծն Թումանեանի մասին, մէջս Continue reading “Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է”
Ամայի դաշտում քամին էր սուրում,
Ռունգերով հսկայ անդորրն աւերում,
Անսահմանութեան տրոփիւնը տաք`
Լցնում ցաւահար վայրենի հեւքով։
Նա մահուան տխուր մի երգ էր սուլում…
Թաւալւում էր թաց խոտերի վրայ,
Թափում էր ցօղը կակաչի սրտից,
Արցունքներ յորդում թերթերին պոկուող,
Բուրմունքներ առած` ահեղ մռնչում, Continue reading “ՔԱՄՈՒ ՈՂԲԸ եւ այլ բանաստեղծութիւններ”
Ամեն օր
Նա իր սէրը նկարում է լուսամուտին
Եւ անձրեւը`
Մերկ աչքերի, մաքրում է սրտիկները.
Արդէն բոլոր եղանակներն էլ անձրեւոտ են։
Նա ամենուր նկարում է ձեռքեր,
Բայց ձեռքերը գիրկ չեն դառնում, Continue reading “ՀԱՄԲՈՅՐ եւ այլ բանաստեղծութիւններ”
«Կինը ստեղծուեցաւ այր մարդու կողէն։ Ո՛չ ոտքէն, որպէսզի նուաստացուի։ Ո՛չ գլուխէն, որ գերազանցէ։ Այլ կողէն, որպէսզի անոր քով ըլլայ։ Թեւին տակէն, որպէսզի պաշտպանուի։ եւ սիրտին կողմէն, որպէսզի սիրուած ըլլայ»։ (Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացի)
Ե. դարու Եկեղեցւոյ ականաւոր հայրերէն Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացիին կը վերագրուի այս բացառիկ գնահատականը, որ ան տուած է կնոջ մասին։ Ան կ՚առընչուի աստուածաշնչական արարչագործութեան պատմութեան հետ, որ իր ազդեցութեան գերազանց կնիքը ձգած է մարդու գոյութեան՝ Ադամի ու Եւայի Continue reading “Հայ առաջին կին շարականագիրները”
Մեր նախորդ յօդուածին մէջ ակնարկեցինք եգիպտերէն սորվողին առջեւ ծառացող դժուարութիւններուն, յատկապէս եգիպտական մեհենագիր բառերուն մէջ մտնող այն տարրերուն, որոնք պարտադիր մաս կը կազմեն անոր, միւս կողմէ՝ արտասանական ոչ մէկ արժէք ունին: Առ այս յիշել khepri-ն՝ որուն վեց մեհենագրերէն չորսը չեն արտասանուիր: Continue reading “Եգիպտականք (Ե)”