ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
«Կինը ստեղծուեցաւ այր մարդու կողէն։ Ո՛չ ոտքէն, որպէսզի նուաստացուի։ Ո՛չ գլուխէն, որ գերազանցէ։ Այլ կողէն, որպէսզի անոր քով ըլլայ։ Թեւին տակէն, որպէսզի պաշտպանուի։ եւ սիրտին կողմէն, որպէսզի սիրուած ըլլայ»։ (Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացի)
Ե. դարու Եկեղեցւոյ ականաւոր հայրերէն Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացիին կը վերագրուի այս բացառիկ գնահատականը, որ ան տուած է կնոջ մասին։ Ան կ՚առընչուի աստուածաշնչական արարչագործութեան պատմութեան հետ, որ իր ազդեցութեան գերազանց կնիքը ձգած է մարդու գոյութեան՝ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործութեան վերաբերեալ պատկերացումներուն վրայ։ Քրիստոնէութիւնը եղաւ այն կրօնը, որ Աստուածամօր սուրբ կերպարով ազնուացուց կնոջ վիճակը ու բարձրացուց անոր դիրքը ընկերային կեանքին մէջ։ Բարոյական այս ընկալումը իր բնական զարգացումը ունեցաւ Եկեղեցիին մէջ եւ առիթ տուաւ բարերար ներշնչումներու նաեւ հայ իգական սեռին։ Արդարեւ, հայոց պատմութեան մէջ հայ կինը չզլացաւ իր հաւատքին կուսական ծաղիկները նուիրաբերելու Հայ Եկեղեցիին, անոր սրբութեան վառարանին մէջ լեցնելով անուշաբոյր խունկը իր հոգիին, սրտին ու մտքին։
Հայ Եկեղեցւոյ շարականին քաղցրախօս քնարը հնչած է նաեւ հայ ժողովուրդի իգական սեռին պատկանող հոգեշունչ ներկայացուցիչներէն, որոնցմէ են անտարակոյս Սահակադուխտ Սիւնեցին եւ Խոսրովիդուխտ Գողթնացին(1)։ Թէպէտ մեր մատենագրութիւնը իրենց մասին չի վկայեր, թէ երբեւէ ունեցա՞ծ են իրենք եկեղեցական որեւէ տուչութիւն, ինչպէս օրինակ՝ սարկաւագութեան աստիճան կամ այլ կոչումներ, այնուամենայնիւ իրենց կեանքն ու վաստակը, գոնէ Սահակադուխտ Սիւնեցիի պարագային, անհաւանական չի դարձներ ենթադրելու, թէ ան հաւանաբար ընդունած է եկեղեցական համապատասխան կարգավիճակ մը, այլ խօսքով՝ պաշտօն մը, որուն շնորհած հեղինակութիւնն ու դիրքը, ցաւօք, անյայտ կը մնայ մեզի։ Ասով հանդերձ, բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ հակիրճ անդրադառնալու իրենց սրտին ու հոգիին բուրումնաւէտ ծաղիկները հայ մատենագրութեան անդաստանին ձօնած հայոց իգական սեռի այս ներկայացուցիչներուն՝ միանձնուհի Սահակադուխտ Սիւնեցիին եւ իշխանուհի Խոսրովիդուխտ Գողթնացիին, պարզապէս իրենց ցայտուն օրինակով վկայելու համար, թէ մեր Եկեղեցւոյ զարգացման վաղ շրջանին ինչպիսի՛ կարեւոր դերակատարութիւն մը ունեցած են կանայք՝ յօրինելով երաժշտութիւն, շարական, մեղեդի ու տաղ։
Սահակադուտ Սիւնեցի եղած է Է.-Ը. դարերու բազմավաստակ մատենագիր Ստեփանոս Սիւնեցիին քոյրը եւ յիշատակուած է անոր վարքագրութեան մէջ հետեւեալ տողերով.
«Սուրբ Ստեփանոս ունէր Սահակադուխտ անունով քոյր մը` կուսական վարքով, որ հրաժարած էր աշխարհի բոլոր զուարճութիւններէն: Երթալով Դուին քաղաքը` բնակեցաւ Գառնիի խոր ձորին մէջ` Ազատ գետին մօտ […] Այնտեղ հաւնելով բնակեցաւ սուրբ կոյսը` սուրբ Սահակ հայրապետի բնակատեղիին մէջ, այնտեղ ալ վախճանեցաւ: Ան զարդարուած էր բոլոր առաքինութիւններով եւ իմաստութեամբ. կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ հասցնելով չափահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր: Իսկ ինքը, վարագոյրի ետեւ նստելով, կ՚ուսուցանէր աշակերտներուն: Ան ստեղծեց բազում տաղեր, մեղեդիներ, ծննդեան եւ փոխման կցուրդներ, որոնցմէ մէկը “Սրբուհի Մարիամ”-ն է»(2)։
Հիմնուելով Մխիթար Այրիվանեցիի հաղորդած սոյն տեղեկութեան վրայ, Ստեփանոս Օրբէլեան նոյնպէս Սահակադուխտին մասին կը վկայէ՝ ըսելով.
«Ան շատ հմուտ էր երաժշտական արուեստին մէջ, որ վարագոյրի ետեւ նստելով` կ՚ուսուցանէր շատերուն: Եւ ստեղծեց քաղցրեղանակ կցուրդներ եւ մեղեդիներ, որոնցմէ մէկը “Սրբուհի Մարիամ”-ն է, որ իր անունով է յօրինուած»(3)։
Սահակադուխտ հեղինակած է նաեւ Աստուածածնի վերափոխման ձօնուած կցուրդ մը՝ սա տողերով՝ «Այսօր բազմութիւնք առաքելոց եւ կուսանաց ժողովեալ ի միասին», որ կազմուած է հինգ տունէ(4)։ Բաց աստի, իր գրչին կը պատկանի նոյնպէս Մեծի Պահոց Խաղաղական ժամերգութեան «Սրբուհի Մարիամ սափոր ոսկի» Դկ. ստեղի շարականը, որուն միայն առաջին եւ եօթներորդ տուները պահպանուած են Հայց. Եկեղեցւոյ ժամագիրքին մէջ(5)։
Անթաքոյց հիացմունքի է արժանի Սահակադուխտ միանձնուհին, որուն լուսապսակ անձը եւ ամենայն յիշատակութեան արժանի գործը, հակառակ պատմական տեղեկութիւններու ժլատութեան, հայ կուսաններու, բիւրաւոր վկայուհիներու եւ գթութեան քոյրերու առինքնող հրապոյր մը կ՚առթէ մեր հոգիին մէջ։ Յոյժ հետաքրքրական պէտք է նկատել, որ Ը. դարուն կանայք կարելիութիւնը ունեցած են յօժարակամ միանձնուհի դառնալու եւ ճգնելու Այրիվանքին կամ անոր մերձաւորութեան մէջ, ուր միաժամանակ 140-ի հասնող քարանձաւ-խուցերէ ներս միայնակեաց այր ճգնաւորներ կ՚ապրէին(6)։
Քրիստոնէական հաւատքի արգասիքներէն մին հանդիսացող ճգնազգեաց կեանքը ցայսօր կարելի է տեսնել նաեւ քոյր եկեղեցիներու աւանդութեան մէջ, ինչպիսին, զորօրինակ, Յունաստանի Աթոս վանական թերակղզին է, ուր, վանքերէ ու վանական միաբանութիւններէ բացի, լեռներու բարձունքին կամ ձորերու քարանձաւներու մէջ ճգնաւորական կեանքով հարիւրաւոր ճգնաւորներ կ՚ապրին։ Բայց կանանց մուտքն ու ներկայութիւնը այդտեղ բացարձակապէս արգիլուած է՝ կազմելով բացառաբար այր վանականներէ կայացած կրօնական հանրապետութիւն մը։ Մինչդեռ, այս առնչութեամբ, սեռերու հարցին մէջ անուրանալի լայնախոհութիւն մը դիտարկելի է Հայց. Առաք. Եկեղեցիէն ներս, քանի որ, ահաւասիկ, յանձին Սահակադուխտի կը վկայուի, թէ ան խստամբեր կեանք մը վարած է Այրիվանքի շուշան ստուերին տակ՝ այր վանականներու եւ ճգնաւորներու «հարեւանութեան» կամ «մերձաւորութեան» մէջ։
Արդարեւ, այս համաթեքթսին մէջ առաւել յիշարժան փաստ մըն է Սահակադուխտ միանձնուհիին ունեցած ուսուցանելու իրաւունքը, թէկուզ նստելով վարագոյրին ետեւ, ինչպէս գրաբար բնագիրը կ՚ըսէ՝ «ի ներքս վարագոյրին», երբ «…կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ զանոնք հասցնելով չափահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր»(7)։ Այսինքն՝ կ՚ուսուցանէր եւ քահանայական ձեռնադրութեան կոչումին կը հասցնէր շատ մը կղերիկոսներ։ «Կարգէր ի քահանայութիւն» վկայութիւնը Ը. դարու այս միանձնուհիին մասին մեծագոյն առանձնաշնորհում մըն է, երբ նկատի ունենանք, որ այդ ժամանակ քոյր եկեղեցիներու նուիրապետական դրուածքին մէջ կանանց դերն ու ներկայութիւնը արդէն հետզհետէ անտեսուելու սկսած էր։ Սոյնը, անշուշտ, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ բացառիկ երեւոյթ մըն է, որ բոլորովին ոսկեճամուկ որակ մը կու տայ վաղ միջնադարու մեր հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին։
Նոյնքան յիշատակելի է նաեւ միանձնուհիին «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորութիւնը, որ ենթադրել կու տայ, թէ Սահակադուխտ, բառին բուն իմաստով, գեղեցիկ եւ գրաւիչ անձնաւորութիւն մը եղած է, եւ քանի որ ինքզինք նուիրած է խստամբեր կեանքին, հրաժարած է այն բոլոր զգայնութիւններէն, որոնք շարժառիթ կրնային հանդիսանալ հաճոյքի, մէկ խօսքով՝ ամեն ինչէ, որ հաճելի կրնայ ըլլալ մարմնին։ Ան գերազանց ճիգ մը գործադրած է իր գեղով չգայթակղելու համար իրեն «առ ոտս» ուսանելու եկող պատանիները, քանի որ ճգնողական կեանքին առանցքը կազմած է կամայ թէ ակամայ չմեղանչելու նպատակով մարմնաւորէն հրաժարումը եւ փոխարէնը հոգեւորին հետ միացումը՝ Քրիստոսով փրկուելու համար։ Քրիստոնէական ընկալումով՝ մեղքը արդէն իրագործուած փաստը չէ միայն, այլ նախապէս անհատ մարդու մտքին մէջ մտածումը եւ անոր զգայարաններուն մէջ մեղանչելու գործողութեան մղող հրապոյրը։ Սահակադուխտ, անտարակոյս, «ի ներքս վարագոյրին» յաջողած է օտար աչքերէ պահել իր հմայիչ գեղեցկութիւնը, սակայն դիւթիչ ձա՞յնը…։ Անկարելի է երաժշտութիւն դասաւանդել առանց երգելու։ Արդեօք Աստուածամօր ձօնած իր «Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի» շարականին երգեցողութեան ընդմէջէն տակաւին լսելի չէ՞ այն հրեշտակային, «քաղցրեղանակ» ու հոգեթով ձայնը, որ սրբութեան մը բիւրեղ ապրումը կ՚առթէ մեր կրօնազգած սրտին մէջ, մեղսաքաւիչ արցունքի շիթեր քամելով մեր տամկացած աչքերէն։
Սխալ պիտի ըլլայ կարծել, որ «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորութիւնը կապուած ըլլայ իր կին ըլլալուն պատճառով որեւէ արգելքի հետ, քանի որ ինք այնուամենայնիւ կը դասաւանդէր։ Այս կը նշանակէ, — թէկուզ սոյնը ըլլայ համարձակ յայտարարութիւն մը, — որ Ը. դարուն իգական սեռէ ներկայացուցիչ մը ինքզինքին կը վերապահէր ուսուցանելու, այլ խօսքով՝ «վարդապետելու» իշխանութիւն, տակաւին Գրիգոր Տաթեւացիէն եօթը հարիւրամեակ առաջ։ Արդարեւ, Տաթեւացիով հաստատուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան եւ սրբազան աւանդութեանց մասին վարդապետելու հեղինակաւոր իշխանութիւնը՝ վարդապետական համապատասխան կարգի եւ գաւազանի տուչութեամբ։
Ը. դարուն, երբ Հայաստան արդէն ամբողջապէս կը գտնուէր արաբական տիրապետութեան տակ, հայոց երկնակամարին վրայ Սահակադուխտին հետ կը փայլի լուսաշող աստղ մը եւս, որ իր շողակաթ ցոլքերը կը ծաթէ հայոց հոգեւոր բանաստեղծութեան ու երգարուեստին մէջ։ Ան Գողթնի իշխան Վահան Գողթնացիին քոյրն է՝ Խոսրովիդուխտ իշխանուհին, որ իր եղբօր վասն Քրիստոսի սիրոյն նահատակութեան առթիւ կը յօրինէ «Զարմանալի է ինձ քան զերգս երաժշտականաց» տողերով սկսող ներբողը(8)։ Ի տարբերութիւն Սահակադուխտի հոգեզմայլ ստեղծագործութիւններուն, Հայ Եկեղեցին կը կանոնականացնէ վերոգրեալ ներբողը՝ զայն իբրեւ շարական ներմուծելով իր շարակնոցին մէջ, որ ցայսօր կ՚երգուի Վահան Գողթնացիին ձօնուած յիշատակի օրուան կանոնին մէջ՝ կազմելով միակ երգասացութիւնը(9)։ Արդարեւ, արաբական տիրապետութեան եւ մահմետական կրօնի հակակշռին տակ հեծող Հայ եկեղեցին նախընտրութիւն մը պիտի տար այս ներբողին, որուն բովանդակութիւնը բարեբանութիւն մըն է մահմետական կրօնին դէմ՝ Քրիստոսի հաւատքին ճշմարտութեան համար վկայող եւ արեան նահատակութիւն ընդունող հայազգի սուրբին մասին։
Փաստօրէն, հայազգի այս շարականագիրները՝ միանձնուհի Սահակադուխտ Սիւնեցին եւ իշխանուհի Խոսրովիդուխտ Գողթնացին, համաքրիստոնէական առումով, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանան առաջին կին շարականագիրները, որոնք շուրջ մէկ դարով կը կանխեն յոյն շարականագիր Կասիա Կոստանդնուպոլսեցին (810-855), որ Բիւզանդական Եկեղեցւոյ մէջ համբաւաւոր դարձաւ՝ յօրինելով 50-ի հասնող շարականներէ ու հոգեւոր ստեղծագործութիւններէ բացի, նաեւ 261 աշխարհիկ գրուածքներ՝ էպիգրամներու բնոյթով(10):
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1) Այս մասին տե՛ս Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, Երուսաղէմ, 1931, էջ 17-23։ Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, Փարիզ, 1859, էջ 182։ Հ. Ղ. Ալիշան, Սիսական. Տեղագրութիւն Սիւնեաց աշխարհի, Վենետիկ, 1893, էջ 127-128։ Յակոբեան Գ. Ա., 8-րդ դարի մեր կին շարականագիրները, «Էջմիածին», ԼԴ (Գ), 1977, էջ 20-25։ Արեւշատեան Ա., Ստեփանոս Սիւնեցու վարքը որպէս վաղքրիստոնէական Հայաստանի երաժշտական արուեստի արժէքաւոր պատմական աղբիւր, «Բանբեր Մատենադարանի», 30, 2020, էջ 355-358։ Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, Արմենուհի Դրոստ-Աբգարեանին նուիրուած Տօնագիր (Ֆեստշրիֆտ), Internationale Werkstücke-Deutsch Armenische Studien, Հալլէի համալսարանական հրատարակչութիւն (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է): М. Э. С. Ширинян, Саакадухт Сюнеци, Православная Энциклопедия, Москва, 2020, т. LХ, С. 739: Արեւշատեան Ա., Խոսրովիդուխտ, Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, 2002, էջ 436։ Նաւոյեան Մ., Սահակադուխտ, նոյն տեղում, էջ 878-879։ Քէօսէեան Յ., Սահակադուխտ Սիւնեցի, Մատենագիրք Հայոց, Զ. հատոր, Ը. դար, Անթիլիաս – Լիբանան, 2007, էջ 601-605։
2) Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17?18։
3) Հմմտ. Ստեփանոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, անդ, էջ 182։
4) Տե՛ս Արեւշատեան Ա., նշ. աշխ., էջ 355?356։
5) Անդ, էջ 356։
6) Շիրինեան Է., նշ. աշխ.:
7) Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17-18։
8) Տե՛ս Արեւշատյան Ա., նշ. աշխ., էջ 357-358։ Շիրինեան Է., նշ. աշխ.:
9) Տե՛ս Շարական սրբոյն Վահանայ Գողթնացւոյն, Մատենագիրք Հայոց, Ը. հատոր, Շարական, Անթիլիաս, Լիբանան, 2007, էջ 358։ Արեւշատեան Ա., նշ. աշխ., էջ 357։
10) Տե՛ս Շիրինեան Է., նշ. աշխ.: Արեւշատյան Ա., նշ. աշխ., էջ 356-357: Ökumenische Heiligenlexikon, Kassia die Hymnographin« https://www.heiligenlexikon.de/BiographienK/Kassia_Hymnographin.html.