Ճակատագի՞ր

Յարութիւն Պէրպէրեան

Ես ապրեցայ երկու անողորմ պատերազմներու
դառն տարիներուն
եւ անոնց միջեւ միջեւ:
Առաջինի պարագային՝ փոքր ըլլալով
գիտակից չէի անոր աղէտին,
սակայն երկրորդը ջիղերուս մէջ էր եւ առօրեայիս,
իր տարողութեամբ՝ բանականութեան
ողջ սահմանները աւերող, ջնջող:

Հայրս՝ մտահոգ,
բռնատիրութեան գացող երկրէ մը
այլ երկիր մը փոխադած էր կազմաւորուող ընտանիքը,
ուր շրջան մը արեւոտ էր, խոստմնալի,
սակայն զուարթ իր ծածկոցին տակ
արդէն կը պահէր
հակասական հսկայ հովեր,
շատ սուր փուշեր,
շոճիներու արմատներուն մէջ չմարած կրակներ …

Ես ապրած եմ կրկնակ գաղթեր,
հազիւ տակաւ ընտելացած շրջապատիս՝
մտերմացած ալիքներու
եւ լեռներու բիլ բացութեան,
ճեղքած ծովեր եւ ովկիանոս
անձս նետած եմ մէկ այլ աշխարհ,
համակեցութեան կապեր փնտռելով
մէկ այլ ու նոր ընկերութեան, մշակոյթի կլիմաներուն:

Հոնկէ, ատեն մը խանդավառ,
հետեւելէ ետք
ինչ որ նախահայրերուս
երկրին մէջ հնչած
անկախութեան փողերուն,
եւ հոն մեկնելով յաճախ՝ ճանչնալու
երկիրը ուրկէ հարազատներս
ինչ-ինչ պատճառով կամ պարտադրաբար
դարեր առաջ հեռացած էին,
հասած Կիլիկիա,
անդրադարձած եմ,
թէ ինչպէս ուժեր գերհզօր, յաճախ՝ անտեսանելի,
մեզ ղեկավարող փտախտաւոր
անձերու հետ ապիկար ու կարճամիտ,
մեզ մղած են ու կը մղեն
խորունկ գետին մէջ մոռացութեան,
որ յիշողութեան անդաստաներէն
հետզհետէ հեռանան
կենդանի վայրեր, որոնց հարազատ
բնակիչները՝ ջարդուած են, տարագրուած …

Անոնք լաւ գիտեն,
թէ անգամ մը ժողովուրդ մը
հեռանայ իր բնաշխարհէն,
մէկ այլ տեղ իյնայ,
վերադարձը դժուար կ՚ըլլայ,
սերունդէ սերունդ կապը կը թուլնայ …

Այսպէս տակաւ
երազներն ու ձգտումները
անձնական ու հաւաքական
կը սուզուին
տեղ մը խորունկ ու խոցելի,
հոն կ՚արիւնին,
հոն կը մնան:

17 օգոստոս 2025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *