ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

հողին ու երկինքին ձայները միանալու երկունքին մէջ կը վառին
գոյութիւնն իրենց այսպիսով հարցադրումի մէջ կ՚իյնայ
ո՞վ է հարցում տուողը
պատասխանն ուրկէ՞ պիտի գայ
այս անունը կը տրուի ոչնչութեան սադրանքին
որ կուլ կու տայ յաւերժօրէն անկոտրում ախորժակով
հէքեաթները յամառօրէն անսպառ

մեղեդին կը խորտակուի իր ուժէն
երբ հասնումի պահը կը հեռանայ համրօրէն
սպասում ըսինք ու անցանք
նկատելու ուշացանք
որ երկու շերտ է ամեն հոգ ամեն մաշում ամեն ձիրք
ամեն տեսիլք
զոր պատմելու իշխանութիւն չ՚ունենար
մութէն զայն յափշտակողը քաջարի
զայն պիտ՚ կրէ իր պարտուած սուգին մէջ
լռութեան խոնարհելով
պիտի խաղայ միմիայն
հարսանիքի վերածելով սգերթը
ուժի սիրոյն ապրելու
կարծես ապրիլն ըլլար նպատակ մը միայնակ

օրին մէկը օրերէն
գերհզօր բացուածքներէն պիտի տեղայ
ծանրութիւնը թնճուկին
ու աքսորէ ինչ չսիրեց հարցադարան սրբազան
ուր այլեւս ոչ մէկ հարցում կը դիմանայ աղէտին

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *