Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է

ՎԱՀԷ ԹՂԼԵԱՆ

Երբ փոքր տարիքի դպրոցականներ էինք, քննութեան հարցումներէն մէկը այն էր, թէ ո՞ւր ծնած է Յովհաննէս Թումանեան։ Մենք՝ աշակերտներս քմծիծաղով սորված էինք այդ գիւղի տարօրինակ ու արտասովոր անունը ու երբէ՛ք չէինք կրնար մոռնալ.
— Դսեղ։
Տարիներու ընթացքին յաճախ լսելով Մեծն Թումանեանի մասին, մէջս աւելի հետաքրքրութիւն յառաջացած էր այդ հեռաւոր գիւղին հանդէպ ու անպայման կ՚ուզէի երթալ ու տեսնել Թումանեանի ծննդավայրը։ Չէ՞ որ այդտեղ կեանք առած են Անուշը, Գիգորը, Մարոն, հեքիաթներ, բանաստեղծութիւններ եւ շատ ու շատ այլ պատմուածքներ։
Բախտս ժպտաց ու անցեալ մայիսին, կազմակերպութեամբ «Համահայկական Գրողներու Միութեան», փոքր խումբով հասանք Դսեղ. — դրախտի պատառիկ մը։
Բնութեան տեսարանները դիտելով չէի յագենար. այնքա՜ն հարազատ ու մտերմիկ, ինչպէս եւ տեղացիները, — որոնց հետ կարծես դպրոցական օրերէս մտերմացած՝ կը զրուցէինք, — բարի, անկեղծ, ու միայն կը փորձէին մեզ օգտակար ըլլալ՝ ու եղա՛ն։
Այստեղ ժպիտը ի սրտէ է։
Դսեղի բնութիւնը իր լեռներով ու մարգագետիններով՝ չեմ կրնար բնութագրել. այստեղ չես կրնար չափել գեղեցկութեան հորիզոնը , նոյնիսկ լուսանկարներով կարելի չէ տեսնել։ Լոռուայ գեղեցկութիւնը միայն սեփական աչքերով պէտք է տեսնել։ Այստեղ գրելու ներշնչման աղբիւր կայ, ի զուր չէ որ Թումանեանը իր լաւագոյն երկերը ստեղծագործած է Դսեղի մէջ։
Բնականաբար այստեղ իրար կը խառնուին յուզմունքն ու ուրախութիւնը, երբ կը տեսնես Թումանեանի տունը, որ թանգարանի վերածուած է իր վերնատունով, ուր Աղայեանի ու նման գրողներու, մտաւորականներու հետ օրեր անցուցած է։ Այստեղ կարասին ու տան զարդերը նոյնութեամբ մնացած են, սիրուն լամբով, նկարներով, բաճկոնը, ձեռնափայտը…

«Ծնած է Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, 1869-1923»
Ամեն վայրկեան մտքիս մէջ այս տողերը կը հնչէին։
Դուրսը՝ բակի կեդրոնը՝ թաղուած է բանաստեղծին սիրտը, իսկ մարմինը թաղուած է Թիֆլիս։
Այստեղ կը զգաս պատմութեան հետ միաձուլումդ։
Երեկոյեան՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ մէջ ուսանողներու հետ մեր գրական ձեռնարկը, աւարտած էր։
Պրն. Աբգար Ափինեանը հրաշալի կերպով վարեց այդ հանդիպումը, մասնակիցները մեծապէս ոգեւորուած էին հիւրերու այցելութենէն՝ առաջարկեցին որ այսպիսի հանդիպումները յաճախ տեղի ունենան։
Ապա դուրս ելանք գիւղամէջ, հասանք վիթխարի ձորի մը եզերքը, դիմացը հրաշալի լեռներու բնապատկերով։ Երեկոյ էր ու յանկարծ դիմացի լեռներէն գայլեր սկսան ոռնալ. Հէքեաթ չէր, պէտք է աճապարէինք վերադառնալ հիւրանոց, որ մօտաւորապէս 5-6 քմ հեռու կը գտնուէր։ Տիկին Գոհարը մեզ աւելի խուճապի մատնեց, ըսելով թէ «գայլերի վոհմակը… կարող են 2 րոպէում լինեն մեզ մօտ…»։.
Արդէն ետեւ նայելու ժամանակ չունէինք ու կ՚աճապարէինք հասնիլ գիւղամէջի փոքրիկ հրապարակը՝ թաքսի գտնելու յոյսով։ Ի դէպ՝ փախուստի ժամանակ հանդիպեցանք տնական շնիկի մը, որ փոխանակ գայլերու կողմը հաջելու սկսաւ մեր վրայ հաջել։ Այ քեզ բան, — կ՚երեւի մենք աւելի օտար էինք՝ քան գայլերը…
Հրապարակը կը գտնուէր Թումանեանի տուն-թանգարանին կից։ Մեր հեւիհեւ փախուստի ժամանակ մեզ դիմաւորեց՝ խանութպան տիկին Մարոն, ու երբ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք գայլերու մասին, ան ամենայն պաղարիւնութեամբ յարեց թէ. «հա՛ էլի, է՛դ գայլերը գիշերը գալիս են գեղամէջ, բայց վախենալու բան չկայ. սրանք շնագայլեր են…»։ Բայց միեւնոյնն է, ան մեզ չկրցաւ հանդարտեցնել։
Մօտեցանք հրապարակին ու այստեղ եւս մեզ դիմաւորողներ կային. Թումանեանի եղբօր ծոռը ու կինը։ Ծանօթացանք։ Ու երբ իմացան որ փոխադրամիջոց չունինք, կինը ամուսնուն դարձաւ ու «Էս ժամին ի՞նչ տաքսի, մեքենադ մօտեցրու՝ մենք միասին կը գնանք»։
Մեքենան 1960-ական թուականներէն «ժիգուլի» էր, 2 դուռով ու առանց ետեւի նստարանին։ «Հեսա՝ հիմի կը սարքեմ», ըսաւ ամուսինը։ Ու, կողքի ախոռը մտնելով բերաւ նստարանը ու մեծ դժուարութեամբ տեղաւորեց ինքնաշարժին մէջ։
Ինչպէ՞ս մերժէինք։
Ախոռաբոյր փոքր մեքենային մէջ՝ 5 հոգիով կերպով մը տեղաւորուեցանք, ու «կաղապարուած» հասանք հիւրանոց. վերջերս կառուցուած հոյակապ «Կաղնի» հիւրանոցը, գիւղի մուտքին, աչք շլացնող կանաչ մարգագետնի մը եզերքը,հրաշալի տեսարանով։ Մօտակայ ձորին մէջէն կը հոսի պատմական Դեբետ գետը։ Այս հսկայական կանաչ դաշտի մէջէն խոհարարը սունկ կը հաւաքէ ու մեր առաւօտեան ձուածեղը այդ սունկերով կը պատրաստեն։
Ունեցանք շատ համեստ՝ բայց նմանը չունեցող բնական նախաճաշ, լոռուայ հռչակաւոր պանիրով, մեղրով, ձուածեղով, կանաչիով ու ի հարկէ, պտուղի բնական հիւթով։
Կը տեսնենք որ մեր խումբէն տիկին Գոհարը որ մեծ հաճոյքով սունկ կը հաւաքէ. մենք ալ կը միանանք իրեն։ Առաւօտեան ցօղը իջած դաշտերու վրայ, անուշ թարմութիւն կը շնչես։ Շուտով կը հասնինք ձորի բերան։
Ներքեւ իջնել բացառուած է, ձորը շատ խորունկ է։ Դեբետը վերէն կը դիտենք ինչքան հնարաւոր է ու կը գոհանանք լուսանկարուելով։ Յետոյ կը քալենք դէպի գիւղը եզերող տուները, ագարակները. ընտանի անասուններ՝ շուն, ձի, կով, հաւ ու հաւերուն պաշտպան… աքլոր։
Դարձեալ նկարներ. Սուսաննան ձիու կողքին կանգնած՝ անսպառ կը նկարուի։ Աթարի ու ախոռի բոյրը համատարած է. այստեղ բոլոր զգայարանքներովդ գիւղի մէջ ես։
Հիւրանոց պիտի վերադառնայինք, երբ պապիկ մը մեզ նկատեց ու կանչեց։ Հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն էր։ Ցուպը ձեռքին մօտեցաւ ու սկսաւ գանգատիլ ներկայ կառավարութենէն , յետոյ աւելցուց,
Ես չեմ կարող գնամ Երեւան ու մասնակցեմ ցոյցերին։ Ես թոշակառու մարդ եմ (ամսական 32 հազար դրամ կամ՝ $70), բայց ուզում եմ այդ մարդկանց, ովքեր արեւի տակ հաւաքների են գնում, իմ թոշակից 2 արկղ խմելու ջուր նուիրեմ։ Որ հանդիպէք Արծուիկ Մինասեանին՝ ասէք որ Վաչօ պապին է ուղարկել… Ես նրանց ցաւը տանեմ…
Համակ ուշադրութեամբ լսեցի պապիկի կեանքի պատմութիւնը, խօսելու կարողութիւնս կորսնցուցած էի։ Բառերը կոկորդիս մէջ սեղմուած քարացան ու մեծ ճիգով յուզմունքս զսպեցի։ Սուսաննան խոստացաւ որ «Հայրենիքի Ձայն» թերթին մէջ պիտի գրէ այս մասին։
Ի հարկէ մենք չէինք կրնար Վաչօ պապիէն դրամ վերցնել, սակայն՝ յաջորդ օրն իսկ՝ մեր Երեւան վերադարձին՝ ջուրի արկղերը յանձնեցինք հասցէատիրոջ։ Վաչօ պապիին մասին անդրադարձան ֆրանսական հրապարակէն, ինչպէս նաեւ «Հայրենիքի Ձայն»ամսաթերթին մէջ։

Թորոնթօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *