Բանաստեղծութիւններ

Արամ Քէթէնճեան
Ադամէն ասդին

Ադամէն ասդին բիւրաւոր տարիք,
Անհաշիւ մարդիկ եկան ու անցան.
Թէպէտեւ աշխարհն ու պատմութիւնը,
Կեանքն ու բարքերը անդարձ փոխուեցան,
Վայրենի ցեղերն եղան քաղքենի,
Աղեղն ու նետը դարձան ռազմանաւ,
Անշուք խրճիթը դարձաւ երկնաքեր
Ու մարդկութիւնը լուսին բարձրացաւ՝
Բայց աւա՜ղ չարն ու մոլութիւնները,
Անփոփոխ ու բորբ, անմար մնացին
Ու յար ապրեցան Ադամէն ասդին:

«Երկիր ու երկինք», 2017

 

Գարնան սեմին

Ես տենչախառն ուրախութեամբ
Գարնան սեմին պարտէզ մտայ
Եւ անաղմուկ ու յամրաքայլ՝
Բոսոր վարդին ես մօտեցայ.
Մատներովս իմ դողդոջուն՝
Թերթիկներուն ես հպեցայ:
Բոսոր վարդին մերձենալով,
Ես զայն քաղել չկամեցայ,
Այլ կենսայորդ իր բուրմունքով՝
Շունչիս եռանդ տալ ցանկացայ:

Անանձրեւ ամպեր

Երկինքն այդ պահուն խաժ էր ու պայծառ,
Իսկ բնութիւնը կենսուրախ, ժպտուն.
Ցոլքերն արեւի կը սահէին վար,
Իսկ ծառ ու ծաղիկ եղեամով օծուն:

Այծեր, եղնիկներ, գառնուկներ հազար
Կը ցատկռտէին անփոյթ, եռանդուն,
Կամ դունչերն հակած մարգերուն դալար՝
Կը համբուրէին խոտերը բեկուն…

Լուրթ վրանին տակ գետը կը շողար.
Ջուրը մեղմահոս, դդչիւնը խօսուն.
Թռչուններ գոյն-գոյն, անթիւ անհամար
Կը գեղգեղէին գոհ ու զուարթուն:

Բա՛յց ահա եկան, սեւ ամպերու ստուար
Եկան, ծածկեցին երկինքը սիրուն.
Իսկոյն փոթորիկ, հողմ կործանարար
Որ աւերեցին շքեղ բնութիւն:

Ատոք ցորեններ, ծաղիկներ շուար
Եւ խոտեր կանաչ, բեկուեցան իսկոյն.
Կենդանիք բոլոր, մշակներն անճար՝
Թաքստոց գտան, սարսափով լեցուն…

Իսկ ամպերը մութ, ամպերն անարդար,
Թրնդիւնով զուր, խորքն իրենց աւիւն,
Խուլ որոտներով, կերպարանքով չար՝
Եկա՜ն ու անցան, անանձրեւ, փքուն…

«Կարօտ ու բերկրանք» , 2017

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *