«ԱՄԱՆՈ՞Ր» ԵՍ, ԹԷ՝ «ՆՈՐ ՏԱՐԻ», ԱՅՍՊԷՍ ԿԱՄ՝ ԷՆՊԷՍ, ԴՈՒ ՆՈ՛ՅՆՆ ԵՍ, ԷԼԻ՛…

(Մեր հրաշք լեզուի երկու ճիւղերու համատեղութեամբ)

ՀՐԱՆԴ Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Պիտի գաս». կ՚ասեն,
թէ՛ մատղաշ տղերք, թէ՛ խոր ծերունիք,
օրօրոցի մէջ երեխէքն անգամ…

Պիտի գաս, գիտե՛նք,
առանց անձնագրի կամ արտօնութեան։

Ի՞նչ կայ շալակիդ։
Օրերիդ խորքը ի՞նչ ես ամբարել,
— միայն դո՛ւ գիտես։

Թէ ամբարել ես զարդեր պէս-պիսակ,
կամ իմաստազուրկ գոյն-գոյն նուէրներ։
Թէ հինին նման պիտի բարբաջես
եւ սուտ յանգերով դու մեզ օրօրես,
Ապա՝
Ո՛Չ, ՄԻ՛ ԳԱՐ։

Արդէն յոգներ ենք
սին երազներու ճահիճներուն մէջ
փրկութեան լաստեր միշտ որոնելով…

Եթէ պիտի գաս,
եկուր դուն այնպէ՛ս՝
որ ժպիտ գծուի բոլորի դէմքին,
եւ արցունքն կորչի՛։
Սպասումն դառնայ խրախճանք կեանքի։

Երջանկութիւնը թեւերն տարածած
մտնէ ամեն տուն առանց հարցումի։

Որ՝ մեր արեւը, ո՛չ, չխաւարի՛։
Որ՝ «բարի լոյս»ը, պարզ խօսք չլինի։
«Բարի իրիկուն»ն նո՛ր բարեւ բերի։
Որ՝ մեր օրերը ուս-ուսի տուած
յանկերգը երգեն չխօսուած բառի։
Որ՝ մանուկն իր մօր «օրօր»ի կողքին
իր հօր քնքշանքը իր խաղին տանի։
Մայրը ծունր չգայ որդու շիրիմին։

Որ՝ մա՛րդը, մա՛րդը էլ զէնք չկրի՛
եւ խաղաղութեան ճերմակ աղաւնին
ազա՜տ, համարձա՜կ երկնքում ճախրի։

Տունը ուռճանայ, երգերո՛վ լեցուի։
Ո՛չ ոք սուգ պահի։

Արդարութիւնը հոգու զարդ դառնայ։
Խաղաղութիւնը երկնքի նման
համայնատարած աշխարհը ծածկի…

Այն ատե՛ն միայն,
մենք հաւաքաբար՝
կը շեփորե՛նք քեզ
եւ դափնիներով գո՛վքդ կ՚օրհներգենք
եւ եկեղեցւոյ զանգերով մեր հին
կը փառաբանենք խորհուրդդ խորին։
Չարը խափանե՛նք
Բարին ողջունե՛նք։

Անարդարդութիւնը հրկիզենք, նետենք,
անոր փոխարէն,
համայնատարած սիրոյ աղբիւրներ
աշխարհին բաժնենք։

Այն ատեն, այո՛,
հազար երանգով քե՜զ կ՚ոգեկոչենք
եւ միահամուռ՝ «գալուստդ բարի» աշխարհին կ՚երգենք,
ի՛նչ որ էլ կոչուես՝
«Ամանոր», «Նոր օր», կամ էլ «Նոր Տարի»…

Բայց…

Մի՛ գար։ Մի՛ գար,
Եթէ գունդին այս`
— բազմիցս խաբուած
պարտասած
լլկուած —
խաւար պիտ՚ տիրի…

Ո՛Չ, ՄԻ՛ ԳԱՐ։

ՄԻ՛ ԳԱՐ։

Նիւ Եորք, 11 դեկտեմբեր 2022

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *