Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
ՄՈՆԹՐԷԱԼ — 26 սեպտեմբե-րին, Համազգայինի Գանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացք»-ի դասախօսն էր Նիւ Եորքէն յատուկ այս առթիւ հրաւիրուած դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ ներկայացուց Կոստան Զարեանի ուղեգրական գործերը:
Դոկտորը նախ յայտնեց, թէ Զարեանի կենսագրութեան ներկայացմամբ պիտի անդրադառնայ գրողին ուղեգրութիւններուն, ապա յիշեց, թէ անոր հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը արթնցած է, երբ Մարկ Նշանեան իր դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ Կոստան Զարեանի կեանքը բնորոշած է որպէս «առասպել»:
Դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Զարեանի արեւելահայերէնով գրելուն, հակառակ անոր որ կեանքին մեծ մասը անցուցած է սփիւռքի մէջ, սփիւռք հասկացութեան Զարեանի ընկալումին մասին, գրողին կեանքի «առասպել»-ներուն եւ վերիվայրումներուն, յաճախակի ճամբորդութիւններուն եւ տեղափոխումներուն: Դասախօսութեան առանցքը կազմող Զարեանի ուղեգրութիւններուն մասին, դասախօսը յայտնեց, թէ Զարեանի համար ուղեգրութիւնները ճամբորդական սովորական նկարագրութիւններ չեն, այլ գեղարուեստական, հրապարակախօսական, գրական, քաղաքական եւ այլ հարցերու շուրջ իր մտորումները զարգացնելու առիթ: Ըստ Մատթէոսեանի նոյնիսկ ամենափոքր եւ աննշան երեւոյթը կամ քաղաքի մը նկարագրութիւնը Զարեանին առիթ կու տայ խորասուզուելու փիլիսոփայական ու գաղափարական խորհրդածութիւններու մէջ եւ իր մտքերը տանելու բոլորովին անսպասելի ուղղութիւններով:
Մատթէոսեան նշեց, որ Զարեանի ուղեգրական գործերուն մէջ, յատկապէս «Երկիրներ եւ աստուածներ» գրքին նախաբանին մէջ, արդէն 20-րդ դարու առաջին կէսին, յստակօրէն բանաձեւուած եւ արձանագրուած է համաշխարհայնացման երեւոյթը։ Զարեան կը գրէր, թէ «աշխարհը յանկարծ լայնցած է, մեծցած է եւ անոր հետ՝ բովանդակ մարդկային կեանքը», եւ թէ կեանքը ստացած է «համաշխարհային մղում»։
Դոկտորը նշեց, թէ Զարեանի ուղեգրութիւնները աշխարհագրական վայրերու պարզ նկարագրութիւններ չեն, այլ խոր իմացական եւ փիլիսոփայական փորձագրութիւններ, որոնք աշխարհը կը կապեն հայկական ու համամարդկային հարցերուն։
Այս առթիւ «Հորիզոն Մետիա»-ի աշխատակիցը հարցազրոյց մը ունեցաւ դոկտորին հետ, որուն ընթացքին հարցուեցաւ դասախօսին, թէ Կոստան Զարեան կարելի՞ է որպէս արեւելահայ գրող բնութագրել, դոկտ. Մատթէոսեան ըսաւ. «Չենք կրնար Զարեանը տեղաւորել այդ չորս գաղափարներէն որեւէ մէկուն մէջ եւ ըսել, թէ արեւմտահայ, արեւելահայ, սփիւռքահայ կամ խորհրդահայ գրող է, ուրեմն պարզապէս՝ հայ գրող է։ Լեզուի հարցը զինք չի բնորոշեր, որովհետեւ ի վերջոյ արեւելահայ գրող ըլլալու որոշ զգայնութիւն մը պէտք է եղած ըլլար, որ իր պարագային չկայ։ Այսինքն, արեւելահայերէն գրելով հանդերձ, չենք կրնար Զարեանը համեմատել Տէրեանի, Թումանեանի, Իսահակեանի եւ իր ժամանակակիցներուն հետ: Աննշան են արեւմտահայերէնով իր արտադրութիւնները։ Խորքին մէջ Զարեան արտասահմանի մէջ ապրած է եւ ոչ թէ սփիւռքի։ Ինք մերժած է սփիւռքը որպէս երեւոյթ։ Հետեւաբար սփիւռքահայ գրականութեան մաս նկատելը, չեմ կարծեր որ ճիշդ ըլլայ, որովհետեւ իր գրականութիւնը սփիւռքի հետ առնչութիւն չունի։
Եւ անշուշտ նոյնն է պարագան խորհրդահայ նկատուելուն. միայն ութ տարի ապրած է Հայաստան, իր արտադրութիւնն ալ այդ ժամանակահատուածին, հիմնականօրէն բանաստեղծութիւններ, կապ չունէին խորհրդահայ գրականութեան հետ։ Հետեւաբար, երեւոյթ մըն է, որ վեր է դասակարգումէն՝ հայ գրող։
Այդքան»:
Հարցումին, թէ Զարեան իրապաշտ գրող կրնա՞նք համարել։ Դոկտորը յայտնեց, թէ իր գրականութիւնը բնաւ իրապաշտ չէ։ Այսինքն, իր գրած սակաւաթիւ պատմուածքներն ալ իրապաշտութեան հետ կապ չունին, ապա աւելցուց, թէ խորհրդապաշտութեան տարր մը կայ, ապագայապաշտութեան հետ կապուած, բայց եղած է ինքնուրոյն, շատ յատուկ գրող մը, որուն ազդեցութեան ծիրը դպրոցի մը մէջ չի տեղաւորուիր:
Հարցին, թէ Զարեան անտիպ գործեր ունի՞ տակաւին, դոկտորը յայտնեց, թէ անտիպներու մեծագոյն մասը հրատարակուած է, եւ թէ 2019-ին իր ժառանգորդները իրենց ժառանգ ընկած արխիւը նուիրած են Մատենադարանին, որ վերջերս աւարտած է այդ արխիւին դասաւորումը։ Ան ըսաւ, թէ զինք անձնապէս կը հետաքրքրէ նամակներու հրատարակութիւնը, որ արդէն տարիներէ ի վեր կ՚ընէ եւ պիտի շարունակէ ընել։
Անդրադառնալով Զարեանի սփիւռքի ընկալումին, դոկտորը բացատրեց, թէ իրը աւանդական այն հասկացողութիւնն էր, որ սփիւռքը ժամանակաւոր երեւոյթ մը կը նկատէր, որ կոչուած էր երկար կեանք չունենալու, եւ քանի որ մշակոյթը իրեն համար կապուած էր երկրին եւ հողին հետ, ուրեմն հնարաւոր չէր երկրէն դուրս տեւական մշակոյթ ունենալ: Հետեւաբար սփիւռքը դատապարտուած էր փոշիացման եւ մեռնելու։ Այդ գաղափարը գրողը բացատրած է, այսպէս. «Ես երբեք գաղթական չեմ եղած, այլ՝ տարագիր». ատոր մասին, մանաւանդ 50-ական թուականներու վերջերուն, քանի մը փորձագրութիւններ ունի, յայտնեց Մատթէոսեան, ուր այդ գաղափարները կը զարգացնէ, եւ աւելցուց, թէ Զարեան տարագիր ըլլալով միշտ բաց ձգած է դուռը ետ դառնալու այնտեղէն, ուրկէ որ ելած էր, համարելով որ ինքը տարագրուած է Հայաստանէն, հոգ չէ թէ Հայաստանի մէջ երկու տարի ապրած էր ընդամենը, եւ հոն ալ չէր ծնած, բայց իրեն համար Հայաստանը այն վայրն էր, ուր որ հայութիւնը պիտի գտնէր մշակոյթը զարգացնելու եւ որպէս հայ ապրելու վայրը։
Իսկ թէ ինք կը կիսէ՞ Զարեանի այս հասկացողութիւնը, դոկտորը յայտնեց, թէ սփիւռքի տեւողութեան մասին կարելի չէ դատումներ ընել, բայց ճիշդ է նաեւ, որ սփիւռքը մշակոյթի ստեղծագործական թափ մը ունեցած է, որ կրնայ այսօր փոխուած ըլլալ կամ մասամբ մարած, բայց չի նշանակեր, որ եթէ պէտք եղած միջոցները ապահովուին, այդ թափը կարելի չէ ետ գտնել։ Հարցը այն է, որ սփիւռքը ինքը պէտք է վստահ ըլլայ, որ կ՚ուզէ՞ այդ թափը ունենալ եւ այդ մշակութային ստեղծագործութեան մեջ մխրճուիլ։
Հայ Դատի Զարեանի տարած աշխատանքներուն մասին անդրադառնալով, Մատթէոսեան ըսաւ, թէ 1915-էն ետք, երբ Պոլիսէն փախուստ տալով հաստատուած է Իտալիա, հոն որոշ քարոզչական աշխատանք տարած է իտալական մամուլին եւ շրջանակներուն մէջ։ Նոյնիսկ 1917-ին Ֆլորանսի մէջ մեծ հանրահաւաք մը կազմակերպած է, Ֆլորանսի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ, որուն ընթացքին ինքը Հայաստանի անկախութիւնը պահանջած է։ Ասիկա այն ժամանակահատուածին, երբ անկախութեան մասին մէկը չէր խօսեր եւ չէր մտածեր իսկ, նաեւ՝ Փետրուարեան եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւններուն միջոցին։
Երկրորդ շրջանը Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ 1945-1947-ին, երբ Նիւ Եորք կը գտնուէր եւ նորակազմ Հայ Դատի յանձնախումբին գործավարն էր։ Այդ շրջանի իր աշխատանքին մասին որոշ տեղեկութիւններ կան, բայց, ոչ մանրամասնութիւններ։
Հարցումին, թէ մի քանի բառով եթէ պիտի բնութագրէր Կոստան Զարեան մարդը կամ գրողը, ի՞նչ կ՚ըսէր, դոկտորը պատասխանեց. «Հաւանաբար պիտի ըսէի, որ բացառիկ երեւոյթ մըն է հայ գրականութեան մէջ, առնուազն իր մտաւորական լայն մտահորիզոնով եւ երեւոյթներու հանդէպ իր ինքնուրոյն մօտեցումներով։ Նաեւ որ իր գործերէն մէկ քանին մնայուն արժէքներ պէտք է սեպել հայ գրականութեան անդաստանին մէջ»: Դոկտորը յայատնեց նաեւ, թէ 1950-ական թուականներէն ետք, երբ Զարեան իր ըսելիքը մեծ մասով ըսած էր արդէն եւ քիչ բան կը մնար ըսելիք, հակառակ անոր հետաքրքրական գործեր արտադրած է, որոնք մեծ մասամբ յետմահու լոյս տեսած են։ «Ըստ իս, ամեն պարագայի Զարեան չի դադրիր 20-րդ դարու մեր գրականութեան առաջին գծի գրողներէն մէկը ըլլալէ», եզրակացուց Մատթէոսեան։
Ծանօթ. խմբագրութեան — Դոկտ. Մատթէոսեան իր շահեկան դասախօսութեան սղագրութիւնը սիրով վերամշակեց եւ վերածեց յօդուածի, որ այս թիւով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողին։
