ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — Բ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այս ընդհանուր խորագրին տակ կը սերտենք այնպիսի երեւոյթներ, որոնք թիւրիմացաբար մտած են արեւմտահայերէնի մէջ եւ այս կամ այն չափով արգելք կը հանդիսանան անոր ուսուցման, միօրինակութեան եւ հեզասահ ընթացքին: Ինչու չէ նաեւ կ՚աղաւաղեն անոր դիմագիծը՝ անհաճոյ կացութեան մատնելով ընթերոցողն ալ:
Նախապէս տեսանք Ոեւէ-Որեւէ զոյգը, ապա՝ Սպաննել-ը:
Այսու պիտի տեսնենք Զոր-Զորս բառերը:

Զոր-զորս
Ասոնք մեր որ յարաբերական դերանունի գրաբար հայցականն են:
Առաջինը՝ եզակի, երկրորդը՝ յոգնակի:
Գրաբարի մէջ հայցական ունէր գոյականը եւս. օրինակ՝ գիրք-զգիրս, քաղաք-զքաղաք եւ այլն:
Աշխարհաբարը հայցական հոլով չունի. հոն ուր մեր նախնիները կ՚ըսէին. «Գինի ուրախ առնէ զմարդ», — մենք՝ աշխարհաբարեաններս կ՚ըսենք. «Գինին կ՚ուրախացնէ մարդը»:
Սակայն աւանդաբար, քիչ մըն ալ ուսուցողական մտահոգութեամբ ձեւականօրէն կը պահենք այս հոլովին անունը, նոյն բառը կոչելով ուղղական-հայցական. օրինակ՝ գիրք, մատիտ, մարդ, կին՝ ասոնք աշխարհաբարի մէջ կը կոչուին «ուղղական-հայցական», մինչդեռ պարզապէս ուղղական են: Հայցական հոլով հասկացութիւնը կը պահենք նաեւ այն պատճառով, որ մեր ներկայ լեզուն գրաբարէն փոխ առած է քանի մը հայցական դերանուններ, քանի մը հատն ալ ինք ձեւաւորած է գրաբարի հետեւողութեամբ. այդ դերանուններն են՝ զիս, քեզ, զինք, զայն, մեզ, ձեզ, զիրենք, զանոնք, զո՞վ: Այս ինը բառերէն դուրս, — որոնք բաւականաչափ ճիշդ կիրարկութիւն ունին, — ոչ մէկ հայցական մնացած է:
Բայց ահա արդի հայերէնի մէջ արուեստականօրէն մուտք գործած են ու կը քաշքշուին զոր եւ զորս հայցականները եւս՝ պատճառելով անհամար փորձանքներ, որոնց պիտի անդրադառնամ ստորեւ:


Աշխարհաբար գրուած առաջին քերականութեան գիրքին մէջ, 1731-ին, որուն հեղինակը Մխիթար Սեբաստացին է, որ դերանունի հոլովումին մէջ զոր եւ զորս դրուած չեն. ի՞նչ կը նշանակէ այս, — այս կը նշանակէ պարզապէս, որ Սեբաստացիի օրով մեր ժողովուրդի բերնէն այլեւս կորսուած էին այս երկուքը: Սեբաստացիէն ետք՝ 1828-ին լոյս տեսած աշխարհաբար ուրիշ գիրքի մը մէջ, որ Նոր կտակարանի թարգմանութիւնն է, — հեղինակը՝ Յովհաննէս վ. Զոհրապեան, — ոչ մէկ անգամ գործածուած են այս երկու հայցականները. փոխարէնը կը գտնենք միայն որ՝ իբրեւ հաւասարապէս ուղղական ու հայցական. այսպէս վարուած է թարգմանիչը, որովհետեւ իր ժամանակակիցները չէին կիրարկեր զոր եւ զորս հայցականները:
Արեւմտահայերէն առաջին լրագիրի՝ «Մասիս»-ի, գոնէ առաջին տարուան (1852) թիւերը ունին միայն որ՝ զոր-ի եւ զորս-ի փոխարէն:
Պոլիս տպուած առաջին քերականութեան մէջ, որ Նահապետ Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն»-ն է (1853), նմանապէս չենք գտներ զոր եւ զորս, այլ միայն՝ որ եւ որոնք՝ ուղղականի ու հայցականի փոխարէն (էջ 19): Աստուաշածունչի՝ նոյն տարին հրատարակուած աշխարհաբար առաջին ամբողջական տարբերակը չի ճանչնար զոր եւ զորս հայցականները:
Իսկ 1862-ին Արսէն վ. Այտընեան կը հրատարակէր աշխարհաբարի մանրամասն մէկ քերականութիւնը, որ իր կարգին ունի միայն որ եւ որոնք՝ իբրեւ ուղղական ու հայցական:
Այս բոլորը բան մը կը նշանակե՞ն, թէ՞ ոչ:


Աւելի ուշ կը յառաջանայ գրողներու եւ քերականներու սերունդ մը, որ կը ձգտի աշխահաբարը ըստ կարելւոյն մօտեցնել գրաբարին. այս շարժումին ախոյեանները մասնաւորաբար մխիթարեաններն էին, ինչպէս նաեւ անոնց սաները, որոնց հեռաւոր երազը եղած է աշխարհաբաը այնպէս մը ուղղել, որ օր մը ան նոյնանայ գրաբարին հետ. այսինքն՝ վերակենդանանայ գրաբարը ու դառնայ համաժողովրդական հաղորդակցական լեզու: Եւ այս ծիրէն ներս է, որ զարկ տրուեցաւ, անշուշտ գրաբարեան շատ ուրիշ տարրերու կողքին, նաեւ զոր եւ զորս հայցականներուն: Անոնց տեղ տրուեցաւ մինչեւ անգամ Զապէլ Ասատուրի եւ Յովհաննէս Գազանճեանի քերականութեան գիրքերուն մէջ եւ այդպէս ալ ուսուցուեցաւ դպրոցներուն մէջ: Ասոնց կիրարկութիւնը ձեւով մը ճաշակի ու կրթութեան խորհրդանիշ դարձաւ «ինտելիգենտ» խաւին համար, եւ այս՝ մինչեւ Եղեռնը:
Սփիւռքի մէջ հասակ առնող սերունդին համար զոր եւ զորս անգոյ, չըսելու համար՝ խորթ, տարրեր էին, այն աստիճան որ Լեւոն Շանթ իր քերականութեան գիրքերէն ընդմիշտ վերցուց ասոնք, վերցուց նաեւ ամեն բառ որ հայցական կը յիշեցնէր, այսինքն՝ զիս, քեզ, զինք, զայն, մեզ, ձեզ, զիրենք, զանոնք, զով: Ասոնք, գոնէ Ճեմարանի շրջագիծէն ներս՝ Շանթի օրով, արգիլուած բառեր էին, այն պարզ պատճառով, որ ժողովուրդը չի ճանչնար ու չի գործածեր զանոնք:
Սակայն սփիւռքը միայն Շանթով չէր չափուեր. այնտեղ թափանցած էին պոլսահայ դասագիրքերը, որոնց հիմամբ ուսուցուեցաւ այս դերանունը, մանաւանդ որ մեր ուսուցիչներուն մէջ բաւական կարեւոր թիւ մը կը կազմէին մխիթարեան սաներ, ինչպէս նաեւ մեր միւս վանքերէն կիսաւարտ ժառանգաւորներ, որոնց համար խորթ չէին զոր եւ զորս հայցականները, որոնք մինչեւ մեր օրերն ալ կարգ մը դասագիրքերու մէջ անհեթեթօրէն կը գոյատեւեն, քանի լեզուական ոչ մէկ յստակ ծրագիր ունի սփիւռքը:
Մեր դպրոցականները երկար ու սուղ ժամեր կը տրամադրեն սորվելու համար այս բոլորը, — որքան որ կրնան, — սակայն հազիւ դասարանէն դուրս ելած՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ կը հրաժարին անոնցմէ այն պարզ պատճառով, որ ասոնք այլեւս մաս չեն կազմեր արդի հայուն լեզուամտածողութեան:
Մեր թերթերն ու գրողները մեծ մասամբ կը կիրարկեն զանոնք՝ միշտ փորձելով զանազանուիլ ռամիկէն, իսկ թէ ի՛նչ յաջողութեամբ, ստորեւ կը տեսնենք:


Մենք ընդհանրապէս հարց չունինք անոնց հետ, որոնք ճիշդ կը գործածեն զոր եւ զորս հայցականները, սակայն հարցը ինքզինք կը պարտադրէ, քանի զանոնք ճիշդ գործածողներ կամ միանուագ ճիշդ գործածողներ գրեթէ չեն մնացած. սակայն յամառօրէն անոր կառչողներ՝ որքան ուզէք:
Ստորեւ կը մէջբերենք սխալ կիրարկութեան բաւական խօսուն ցանկ մը.
— Բայց կան բարձունքներ, զորս պէտք է նուաճուին («Ազդակ», 29 յունիս 2018, էջ 8բ):
— Լաթվիա [զանոնք] կը նկատէ շօշափելի փաստ մը, զոր չի կրնար անտեսուիլ:
— Ասոնք լուրջ հարցադրումներ են, զորս պէտք է մտահոգէ բոլոր կազմակերպութիւնները… (Պարոյր Աղպաշեան, «Պայքար»):
— Այս ճանաչումները արդիւնք են այն յամառ աշխատանքին, զորս հայ քաղաքական շրջանակները կը տանին («Պայքար», թիւ 117, էջ 1):
— Փաշինեան քննադատութեան ենթարկեց փոփոխութիւնները, զորս կնքուած են «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով (Սասունեան, «Ասպարէզ», 4 ապրիլ 2019):
— Հաւաքուած էին տօնելու հոգեպարար այս տօնը, զոր հաւատացեալները կը պատրաստէ Աւագ շաբթուան (Անթիլիաս,«Լրատուական», 14-4-49):
— Իւրաքանչիւրը ունի իր անհատական սննդականոնը, զորս կ՚որոշուի բժիշկին կողմէ:
— Կը պատրաստէ հեղուկ մը, զորս կը գործածուի փայտեր փայլեցնելու նպատակով:
— Ստացած են կարգ մը բողոքներ, զոր անպայմանօրէն պիտի հետապնդուին:
— Անոնք չեն կրնար արտայայտել իրենց նեղութիւնն ու ջղայնութիւնը, զորս ժամանակի ընթացքին կուտակուելով ենթակաները կ՚առաջնորդեն հիւանդութիւններու:
— Ոչ ոք գիտէ կեանքի այն բոլոր տեսակները, զորս կրնան գոյութիւն ունենալ տիեզերքի մէջ:
— Անոնց առջեւ կը գտնուի որբուհի մը, զոր տարիներ անցուցած էր որբանոցէն ներս:
— Կ՚ընդունին շարունակել յարաբերութիւն մը, զոր հանգստութիւն, երջանկութիւն եւ ապահովութիւն չի խոստանար:
— Առաջին բանը, զոր աչքին զարկաւ… (Զ. Պիպեռեան, «Մրջիւններու վերջալոյսը»):
— Այն պայմաններուն մէջ, զորս կը տիրէր հայրենադարձէն առաջ («Մասիս, 2009, էջ 12ա):
— … առաջարկ մը, զոր մերժուեցաւ մօրս հիւանդութեան պատճառաւ ( «Կամար», թիւ 19, էջ 63):
— Վկայուած եմ նախնական կրթութեամբ, զոր ստորագրուեցաւ եւ կնքուեցաւ (անդ):
— Որքա՞ն կը ճանչնանք այն պայմանները, զորս Միկոյեանը մղեցին զայն ստորագրելու (Սագօ Արեան):
— Ամբողջ շահը, զոր կ՚ապահովուի այս գործէն, հաւատարմօրէն պիտի տրամադրուի աւետարանչական նպատակներու (Ե. Քասունի, «Քնն. տեսութիւն…», էջ 524):
— Բացատրութիւն մը կը գտնենք Լիոն պապին մօտ, զոր կը մէջբերուի Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ («Հասկ», թիւ 8-9, 2014, էջ 726)1:


Կա՞յ իրապէս մէկը, որ համարձակի պնդել, թէ ինք անթերի կը տիրապետէ զոր եւ զորս հայցականներուն, — թող վերի սխալագրական ձաբռտուքները պատասխանեն մեր փոխարէն: Իսկ երբ ա՛յս է մեր պատկերը, — եւ հայցականազգացողութի՜ւնը, — ալ ի՞նչ պէտք կայ կառչելու արժէքի մը, որ վաղուց պատմութեան անցած է եւ բռնազբօսաբար կը փորձենք կենդանացնել՝ ծիծաղելի դառնալու ի գին:
Աշխարհաբարը ոչինչ կը կորսնցնէ իր վայելչութենէն, եթէ՝
ա) Այս ծառը, զոր տնկեցի եւ այս ծառերը զորս տնկեցի ըսելու փոխարէն՝ ըսե՛նք.
բ) Այս ծառը, որ տնկեցի եւ այս ծառերը, որ տնկեցի:
Այսինքն՝ կիրարկենք մէկ ու միասնական «որ» դերանունը՝
— թէ՛ իբրեւ եզակի հայցական,
— թէ՛ իբրեւ յոգնակի հայցական:
Ծանօթ. — Ուղղականի պարագային կարելի է ըսել, որ մասնաւոր թերացումներ չկան. ուրեմն այստեղ կարելի է յարգել թիւի կարգը. այսինքն՝
— Այս ծառը, որ ծաղկեցաւ…
— Այս ծառերը, որոնք ծաղկեցան…
Այլ խօսքով՝ «որոնք»-ը վերապահել մի՛այն յոգնակի ուղղականին, որ ենթակայի հոլովն է, ու մանաւանդ, մանաւանդ չըսել՝ «Այս ծառերը, զորոնք տնկեցի», — այսինքն՝ որոնք-ը հայցականացնելով՝ դարձնել զորոնք, որ շատ յաճախուած է Աստուածաշունչի արդի տգէտ հրատարակիչներու եւ շատ ուրիշներու կողմէ. լեզուական ասկէ աւելի կոպիտ բռնազբօսութիւն չի կրնար ըլլալ. խնայենք հայերէնին:
Մեր առաջարկին մէջ ոչ մէկ կամայականութիւն կայ. «որ» դերանունին հայցական բնաւորութիւնը հաստատուած է մեր լաւագոյն տեսաբաններուն կողմէ, ինչպէս տեսանք յօդուածիս սկիզբը:
Իսկ անոր միաժամանակ եզակի ու յոգնակի թիւի վերագրումը շատ սովորական է, քանի թէ՛ գրաբարը, թէ՛ աշխարհաբարը որ եւ զոր դերանունները շատ յաճախ կիրարկած են իբրեւ թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի:
Ֆրանսերէնը չի վարանիր que դերանունը գործածելու թէ՛ եզակի, թէ՛ յոգնակի:
Թրքերէնը չի վարանիր քի դերանունը գործածելու թէ՛ իբրեւ եզակի, թէ՛ իբրեւ յոգնակի, թէ՛ իբրեւ ուղղական, թէ՛ իբրեւ հայցական:
Արաբերէնի մէջ եւս նոյն դերանունը հաւասարապէս եզակի է, յոգնակի է, ուղղական է եւ հայցական է:
Եւ յետոյ, մեր ընտրութիւնը չէ այս առաջարկը, այլ ան կը բխի հայերէնի բարեշրջութեան օրէնքէն, եւ ճիշդ այդ օրէնքին դէմ գործելու հետեւանք են բերուած սխալները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *