Ռուբէն
Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս հատուածը, որ կը վերաբերի 20-րդ դարասկզբի ուշագրաւ իրադարձութիւններէն՝ ռուս կայսրութեան կողմէ Հայց. եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման փորձին։
Սերգէյի [Արամ Մանուկեան — խմբ.] ընկերները, որ Շուշիէն եկած էին, մէկ մէկ կը սպանուէին, կամ կը մեկնէին Երկիր։ Ան ինքն էր ճամբու դնողը եւ այդ կը ճնշէր զինքը, որովհետեւ ինքը մնացած էր եւ անոնց չէր հետեւած:
Կարսի Կ. Կոմիտէն անոր կ՚ըսէր.
«Կարսն ալ Երկիր է։ Երկիր կ՚ըսեն ու կ՚երթան. թող գնան, թող բոլորը գնան։ Բայց դու այստեղի գործիչն ես։ Գործ չէ՞ միթէ մարդիկ ընտրելը, պատրաստելը եւ Երկիր ճամբելը։ Կոի՞ւ կ՚ուզես։Կռիւ չէ՞ միթէ դէմ կենալ ռուսներուն, որոնք կ՚ուզեն որ մենք մեր կրօնը փոխենք եւ ծուռ խաչին հետեւինք: Ահա մեր եկեղեցիները, վանքերը փակած են, անոնց կալուածները խլած են եւ մեզ ալ խեղդել կ՚ուզեն այդ սոխերը (ռուսները)»:
Սերգէյը, իր տարերքի մէջ ինկած, գործի վրայ էր։ Կարծես Բիւզանդիոնի եւ Անիի, Լուսաւորչականի եւ Օրթոտոքսի կռիւը վերսկսած էր: Կաթոլիկ, բողոքական եւ լուսաւորչական այլեւս չկար, բոլոր հայերը մէկ անձ էին դարձած։ Դեղագործ Քեօսէեանը, որ կարծեմ կաթոլիկ մըն էր, Կարսի բերդին վրայ ծածանող ռուս դրօշակը գիշերուայ մութին վար առած էր եւ սեւ սուգի դրօշակ մը տեղն էր բարձրացուցած։ Կոլլօ մէկ շուն էր սպանուած, գլխուն ռուս քահանայի մը կամիլաւկան (ռուս քահանայի գլխարկ) էր անցկացուած եւ կամուրջի վրայ ցուցադրուած։ Օրը ցերեկով դանակները կը խրուէին յայտնագործուած լրտեսներու կողերը, որոնք կտրուած հասկերու պէս սուսիկ փուսիկ գետին կը գլորուէին: Երբ կը լսէիր ատրճանակի թխկոց, գիտէիր որ ռուս ոստիկան մը իր հոգին կ՚աւանդէր։
Արշալոյսին, երբ անցնէիր մեծ փողոցով եւ ռուս նահանգապետի դրանը դատարկ դագաղ մը տեսնէիր եւ դագաղի վրայ սեւ շրջանակով նամակ մը մեխուած, գիտէիր որ մէջը գրուած էր կարմիր մելանով. «Ամեն ինչ առիք եւ մեզ խաբեցիք: Ձեզմէ խարուողներու վերջին մխիթարութիւնը՝ աղօթելու իրաւունքն ալ խլելը ձեզ մեծ պատիւ չէ: Եթէ առաջքը չառնուի, թող այս դագաղը ձեզ նուէր լինի՝ առանց կատակի»:
Ազգային ներքին կեանքին մէջ կը տիրապետէր նման բուռն մտայնութիւն մը, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով. —
«Ո՞ւր է մեր Կաթողիկոսը, որ մեր Հայրիկն ենք դարձուցեր:
Ո՞ւր են մեր եպիսկոպոսները, վարդապետները, տէրտէրները, որոնց ձեռքը կը համբուրենք։ Կռիւ է, պայքար է, թո՛ղ գործի ելնեն: Եթէ իրենք իրենց կալանաւոր կը զգան, թո’ղ ասկէ առաջ եղածին նման՝ Աթոռը փոխադրեն ուր որ կ՚ուզեն, միայն թէ՝ թող երթան առանց զիջումի: Եթէ կը սպասեն որ մենք մեռնինք եւ ագռաւներու պէս իրենք մեր թաղումին գան, կը սխալին։ Առանց իրենց թաղումին՝ հայութեան մեռնել չկայ: Եթէ կը սպասեն հարսնիքի ճաշը բանալուն, որ գլուխը անցնին, կը սխալին, այդ ժամանակ ալ իրենց պէտքը չկայ»:
Պայքարը կ՚ընդարձակուի, կը հասնի Գիւմրի, ուր «Պադուալի Վաղոն» եւ Թոթով Աւետիքը (Իսահակեանը) Կարսի օրինակով կրակը կը փչեն եւ բոց կը դարձնեն, եւ ծուխը կը հասնի Թիֆլիս քաղաքը։ Մեծանուն, դիրք ունեցող մարդիկ կու գան ըսելու.
— Ծօ, գժուե՞լ էք, ռուսի դրօշակը բերդէն վար կ՚առնէք, սուգի դրօշակ կը կախէք, սատկած շան գլխուն ռուսի վեղար կը հագցնէք, պետութեան հաւատարիմները մէկ մէկ կը սպանէք։ Բա որ հրաման լինի այդ բերդերի զօրքին մեզ մեծով պզտիկով սրէն անցկացրել, ձեր վիճակը ի՞նչ կը լինի։
Կարսն ու Գիւմրին կը պատասխանէին.
— Ալ բաւ է խաղան մեր հոգուն հետ։ Մենք կոյրեր չենք եւ ամեն օր կը տեսնենք որ երկու կորպուս զօրք, 1000–է աւելի թնդանօթ, ուղղուած են մեր վրայ։ Մեր վերջը գիտենք, որ անպատիւ պիտի ապրինք: Եթէ դուք հայ էք, գնացէք Թիֆլիս ու Պետերբուրգ եւ այդ ամենը տեղն ու տեղը այնտեղ հասկացուցէք: Այստեղ խօսելիք չունիք։
Յայտնի է որ ողջ հայութիւնը ասկէ վերջ ոտքի կանգնեցաւ, Էջմիածինն ալ յետնապահ դարձաւ եւ, վերջ ի վերջոյ, զիջումը եղաւ Ռուսիոյ կողմէ ու եկեղեցական իրաւունքները վերականգնուեցան, որոշ սահմանափակումներով։
Կէս յաղթութեան, հարսնիքի օրեր էին: Կարսի Ալեքսանդրապոլի Կեդր. Կոմիտէները եւ անոնց գործիչները՝ Սերգէյը, Նիկոլը (Աղբալեան), Վաղոն, Աւոն (Իսահակեան), Յակոբը (Չիլինգարեան) , եւ մանաւանդ այն կաթոլիկ հայը որուն անունն իսկ յանցաւորաբար կը շփոթեմ (Քեօսէյեա՞ն), կը բացակայէին ուրախութեան սեղաններէն։ Մինչդեռ անոնք էին որ ծռութիւնը սկսեցին եւ հայութիւնը մէկտեղ բերին. անոնք էին, որ ռուսական թնդանօթներն ու զօրքերը արհամարհեցին եւ այդ օրուայ հարսանեկան օրերը բերին:
Հարիսայի գլուխը նստած էր Խրիմեան Հայրիկը։ Ըստ աստիճանի, կուսակրօնները կարգով էին եւ ամեն նահանգէ ու գաւառէ հրաւիրեալ հիւրերը կեցած էին՝ դգալները պատրաստ: Շատերը անոնցմէ քանի մը օր առաջ միայն, հրապարակէն քաշուած, կ՚ըսէին.
— Աս ի՞նչ փորձանք էր մեր գլխին բերին այս գիժերը։
Այդպիսիք այժմս երջանիկ կը ժպտէին եւ ամենէն շատախօսները դարձած էին.
— Այսպէս արեցի, այնպէս արեցի. թէ գուբէռնաթորի (նահանգապետի) երեսին չգոռայի, Աստուած վկայ, գործ գլոխ չպիտի գար…
Այդ նոյն ոճով կը խօսէին Էջմիածնի եպիսկոպոսները։
— Մեր միաբանութեան, ժողովրդի միակամութիւնը, բարեխնամ կառավարութեան իմաստութիւնը…
Իսկ Սուքիաս եպիսկոպոսը, ճերմակ մօրուքը կուրծքին, բերանը ջուր առած, պիշ պիշ կը լսէր եւ լուռ կը նայէր։ Հայոց Հայրիկն էր խօսողը. ան սովորական սնափառ մարդ չէր, գիտէր՝ ինչ կ՚ըսէր.
— Էյ, ըշտը մեր ազգ տարօրինակ եւ հաւատարիմ ազգ է։ Սուքիաս արքեպիսկոպոս կը լռէ, բայց ան նեղութեան մէջ ընկաւ, այդ տարիքին յոգնեցաւ։ Ձիեր կառքէն քանդած էր մեր զարմանալի ժողովուրդ եւ ինք լծուած Երեւանէն մինչ այստեղ ոտքով եկան հազար հազարով։ Էհ, աս ալ կ՚ըլլի, ես ալ այդպէս գնացի մինչեւ Ալեքսանդրապոլ։ Գոհանամք Աստուծոյ, շատ մարդ չսպանուեց: Անոնք մեզի հետ չեն, ոչ ալ անոնք, որ բացակայ են: Ինչ ալ որ լինին, անոնք իմ հարազատ զաւակներն են: Մի հոգոց ըսենք :
Բացականերէն ոմանք սպանուած էին։ Հոգոցը լսեցին եւ հանգիստ քնեցան: Ոմանք ճամբորդութեան մէջ էին շքախմբով, շողշողուն կոզակի սրերը անոնց պահապան։ Սիբիրի անկիւններուն մէջ փտեցան: Անոնց մէջն էր եւ այն կաթոլիկը։ Իսկ մեծ մասը ոսկիներ ծախսեց, կեղծ անցագիր ճարեց եւ նոր աշխարհ եկածի նման իր կեանքը շարունակեց։
Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, Ա. հատոր, Հորիզոն տպարան, Լոս Անճելըս, Գալիֆ., 1952, էջ 146-150։