Նորա Պարութճեան
ես շուն եմ
ինչպէ՞ս մոռնամ, երբ շուն եմ
բնազդային անասնական վայրի
յիշողութիւն մը շնական
զիս կը կապէ շրջապատիս անցեալիս
կեանք եւ մարդիկ կը կրթեն զիս
յարմարելու արդիական ձեւերու
ինչպէս հաջեմ պոչս շարժեմ լեզուս պահեմ
պարեմ երգեմ շորորամ
հազարպատիկ կապկումներով դիւրահաճ
զբօսահեշտ երերամ
նոր վարժանքներ նոր միջավայր
նորատեսակ շնութիւն մը անկապանք
կը խոստանան նուիրումիս յանդիման
մինչդեռ ես
շուն մըն եմ ինձմէ տարբեր այլ շուներու կենակից
շնատեսակ մ’հազուագիւտ
հաջան ծառայ
հաւատարիմ իմ նախաշուն հայրիկիս
երախտիքի մուրացկան
ու լալկան
կը կաղկանձեմ
քանի խօսիլ չեմ սորված
ու մարդու պէս լալ չեմ գիտեր
կը վնկվնկամ երբ տէրերս երկարօրէն զիս սիրելէ ձանձրացած
յիշեն յանկարծ
թէ պէտք է զիս շան տեղ դնեն
փայտը ձեռքին
հասկցնեն թէ գիծը շնութեան անցեր եմ նորէն
ու ծեծ կ’ուտեմ
լակոտներս նվնվան թեւիս տակը ժողվրտած
ներողութիւն կը հայցեմ անոնց պարապ ուղեղէն
որ տարիներ իրենց գլխուն
շան քարոզներ կարդացի
ինչպէ՞ս մոռնամ, երբ շուն եմ
երբ շան կեանքս նոյնիսկ եթէ ես մերժեմ
ճաշս տուողի ձեռքէն
գաւազանի հոտ կ’առնեմ
ու կը հաջեմ կը հաջեմ
երախտիքի՞ թէ՞ բողոքի … դուք
ինչպէս ուզէք՝ հասկցէք,
ես՝ գալիք ծեծս կը յիշեմ։
Փարիզ
Սեպտեմբեր 2025