Յարութիւն Արմէնեանն ալ միացաւ անմահներու փաղանգին

Ցաւով իմացանք որ 15 յուլիսին իր մահկանացուն կնքած է համբաւաւոր համաճարակաբան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) պատուոյ նախագահ, ազգային գործիչ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն գրական»-ի վաղեմի աշխատակից պրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան։
Ան ծնած է Պէյրութ, 1942-ին։ Աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան դոկտորի աստիճանին տիրանալէ ետք ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճոն Հոփքինզ համալսարանին մէջ` ստանալով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի մագիստրոսի եւ դոկտորականի աստիճաններ:
Դասախօսած եւ պատասխանատու բարձր պաշտօններ վարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Պալթիմորի Ճոն Հոփքինզ համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին եւ այլ բարձրաստիճան կրթական-առողջապահական կառոյցներու մէջ:
Պրոֆ. Արմէնեան հեղինակած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ, նաեւ համահեղինակ է գիրքերու, որոնք հիմնականօրէն նուիրուած են համաճարակաբանութեան, հանրային առողջապահութեան, կանխարգելիչ եւ գործնական բժշկութեան հարցերուն: Տարբեր երկիրներու մէջ ծաւալած է նաեւ մարդասիրական աշխատանքներ` միջազգային կառոյցներու ճամբով:
Ազգային-մշակութային բնագաւառին մէջ Յարութիւն Արմէնեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի բազմամեայ անդամ, «Գարակէօզեան» հիմնարկի հոգաբարձու խորհուրդի անդամ, Լիբանանի հայ բժիշկներու միութեան գործադիր մարմնի անդամ եւ այլն:
Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի», «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Մայրիներու արժանեաց» շքանշաններուն:
Ակադեմական իր կրթութեան եւ գործունէութեան կողքին Յարութիւն Արմէնեան սիրողական արուեստագէտ է, որեւէ պահու եւ որեւէ տեղ շրջապատէն կամ ներաշխարհէն իրեն փոխանցուած ներշնչումը կը յանձնէ թուղթին` նորանոր եւ տարբեր բնոյթի ստեղծագործութիւններու «շունչ փչելով», ինչպէս ըսած է ան` աւելցնելով, որ ո՛ւր ալ երթայ, իր ջրաներկի տուփը կը հանդիսանայ իր անբաժան ընկերը, որովհետեւ որեւէ վայրկեան ան ներքին մղում կ՚ունենայ գծելու եւ պահը կամ բնապատկերը անմահացնելու իր պաստառներուն ճամբով:
Մեր ցաւակցութիւնները իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Հորիզոն գրական

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *