ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան, ՎԻԼԼԱ ԱՐԱՐԱՏԻ ՆԱՀԱՊԵՏԸ. ԼԵՒՈՆ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ, Սփիւռքահայ ճարտարապետներ մատենաշար, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան կոմիտէ, Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան թանգարան-ինստիտուտ, տպ. «Անտենոր», Երեւան, 2022, 320 էջ
Վաստակաշատ ճարտարապետ, անխոնջ հետազօտող, փրոֆեսոր, գեղանկարիչ, բանաստեղծ, դոկտոր Աշոտ Գրիգորեանի այս մեծադիր, գունաւոր, ճոխ պատկերազարդութեամբ, ներկայանալի տպագրութեամբ երկլեզու՝ հայերէն (աբեղեանական ուղղագրութեամբ) ու ռուսերէն այս հատորն ալ կ՚աւելնայ վաստակաշատ հեղինակին մեզի ընծայած այնքան կարեւոր բազմաթիւ ստեղծագործութիւններուն վրայ։
Լեւոն Կիւրեղեան ծնած էր 1871-ին Կ. Պոլիս, մահացած՝ 1950-ին Ազոլօ, Իտալիա, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Իգնատիոս Կիւրեղեանի եղբօրորդին էր։
Գիրքը կ՚անդրադառնայ անոր կեանքին, ճարտարապետական նախագիծերուն եւ իրականացումներուն՝ Պուլկարիա, Թուրքիա եւ Իտալիա (ուր հաստատուած է 1907-ին), իր ուսումնասիրութիւններուն՝ հայ ճարտարապետութեան նուիրուած, իր ջրաներկ աշխատանքներուն, իր հրապարակախօսութեան եւ հրատարակած գիրքերուն։ Հեղինակը պարտական կը զգայ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու Լեւոնի թոռ՝ նոյնպէս ճարտարապետ Արմէն Կիւրեղանին, որ տրամադրած է մեծհօր արխիւն ու անհրաժեշտ նիւթերը։
«Նախաբան»-ին մէջ Գրիգորեան իրաւամբ դիտել կու տայ, թէ անտեղեակութեան հետեւանքով, մենք չենք ճանչցած Լեւոն Կիւրեղեան պատկառելի անձնաւորութիւնը. «Մի կողմից 20-րդ դարասկիզբի հայոց մեծ ողբերգութեամբ պայմանաւորուած աշխարհասփիւռ դարձած հայ ժողովրդի դաժան ճակատագիրը, որը կտրեց հայոց ծաղկուն ծառն իր արմատներից՝ զրկելով նրան ոչ միայն իր հայրենիքից, այլեւ իր մշակոյթից եւ պատմութիւնից։ Ողբերգութիւն, որ Լեւոն Կիւրեղեանի նման արուեստագէտի նրբին հոգեկերտուածքով մարդու համար անանձնական ու անպարփակելի էր, միւս կողմից այդ անտեղեակութիւնը պայմանաւորուած էր քաղաքակիրթ աշխարհից առանձնացնող Խորհրդային Միութեան երկաթեայ վարագոյրով։ Կատարուածն անշուշտ համամարդկային ողբերգութիւն էր, սակայն աշխարհի շատ երկրների եւ պետութիւնների կողմից ժամանակին այդպէս էլ չճանաչուած ու չդատապարտուած, ինչը Կիւրեղեանի համար դարձաւ կեանքի խնդիր, նպատակ՝ իր արուեստով ու աշխատանքով դառնալ ճանաչելի, յայտնի, որպէս ստեղծագործ ու կենսունակ մի ամբողջ ժողովրդից պոկուած անգին բեկոր ու մասունք»։
Հատորը ամբողջացած է իտալերէն ու անգլերէն ամփոփումներով, նկարներու եւ աղբիւրներու ցանկերով։
* * *
Hilda Kalfayan-Panossian, LES “JUSTES” FACE AU GENOCIDE DES ARMÉNIENS, Kirk Publishing, Maison-Alfort (France), 2024, pp 420.
Տեղեկութիւններով ճոխ հատոր մը, որ կը բաղկանայ 13 գլուխներէ, որոնց խորագրերուն նշումը արդէն լաւ գաղափար մը կու տայ բովանդակութեան մասին։
Ա. Գլուխ – Հայկական հարցի կարճ պատմականը
Բ. Գլուխ – Դատարաններու վճիռները (խօսքը կը վերաբերի 1919-ին՝ օսմանեան, 1921-ին՝ գերմանական եւ 1984-ին՝ Ժողովուրդներու մնայուն դատարանի դատավճիռներուն)
Գ. Գլուխ – Փրկիչներ ու քարոզիչներ տեղւոյն վրայ (որոնք մեծ դեր ունեցած են որբահաւաքի գործին մէջ)
Դ. Գլուխ – Օսմանեան կայսրութեան արաբ, քիւրտ, թուրք, եզիտի «ազնիւ» (“Justes”) փրկիչները՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին
Ե. Գլուխ – Ականատես վկաներ
Զ. Գլուխ – Դատապարտողներ ու քաղաքական ամբաստանողներ – Այլազան վկայութիւններ
Է. Գլուխ – Ցեղասպանութիւն՝ որբերու մահմետականացմամբ ու թրքացմամբ
Ը. Գլուխ – Թուրք բժիշկներու փորձարկութիւնները իրենց հայ պաշտօնակիցներուն վրայ
Թ. Գլուխ – Երկու բացառիկ վերապրողներու պատումները
Ժ. Գլուխ – Թուրք պետութեան ժխտմամոլութիւնը / Էրտոկանի անբարոյականութիւնը՝ կեղծ ցաւակցութիւնները / Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շրջանցումը
ԺԱ. Գլուխ – Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ հարիւրամեակէն ետք
ԺԲ. Գլուխ – Թուրք «ազնիւ» մտաւորականներ այսօր եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը
ԺԳ. Գլուխ – Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներ եւ հաստատութիւններ
Վերջաւորութեան աւելցուած են նաեւ մատենագիտական աղբիւրներ, յօդուածներու աղբիւրներ եւ յատուկ անուններու ցուցակը։
Պատմաբան Vincent Duclert, որ ստորագրած է գրքին նախաբանը հետեւեալ խորագրով՝ «Մուսատաղի քառասուն օրերէն իննիսուն տարի ետք՝ “Ազնիւներ”-ու գիրքը», դիտել կու տայ, որ հեղինակի հետազօտութեան տարողութիւնը, որուն արդիւնք է այս գիրքը, «հիացում կը պարտադրէ»։ Ան կը պատկանի սերունդին այն գրողներու, որոնք «կը մերժեն տրամաբանութիւնը անպետութիւն ժողովուրդներու ճմշումին՝ յանձնուած ամբողջական մահուան»։ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան «իր երկով կը մարմնաւորէ ամբողջ ինքնիշխանութիւնը լեզուին ու գիրքին, անոնց անպարտելիութիւնը, երբոր անոնք կայացած են իր ունեցած քաջութեամբ ու հմտութեամբ»։
Ահա ուրեմն գիրք մը, որ կ՚արժէ ամեն տան մէջ ունենալ, մանաւանդ բաժնել մեր ոչ-հայ բարեկամներուն եւ պետական ու մշակութային անձնաւորութիւններուն։
Դիմել հետեւեալ կայքէջին՝ www.kirk-publishing.com