Ճգնաժամ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկիր, ցաւդ
պղտորած է ներաշխարհս,
թոյլ չի տար որ կեդրոնանամ կամ մտածեմ
ձգտումներուս կամ հարցերուս
մասին բազում:
Կը կասկածիմ քաղաքական
ամեն քայլի մասին առկայ,
ամեն կնքուած, բայց անորոշ հռչակագրի…
Կը սողսկի պատուհանէն
գիշերը մութ՝ պարուրելու
զիս մեղմօրէն:
Կը կորսուի կարծես անդարձ
ամեն պայծառ նշոյլ յոյսի,
եւ անձկութեամբ կը տուայտիմ:
Կարծես վերը,
տարածութեան մէջ անհունի
Ծիր Կաթինը կը քայքայուի,
Սեւ խոռոչ մը կը ներքաշէ
փայլուն աստղեր, մոլորակները կենդանի.
երազներս կը վերածուին մղձաւանջի:

Երկիր անտէր,
քու ստացած
հարուածներուդ դէմ կարեվէր՝
տխրութիւն մը համատարած
կը սողսկի ջիղերուս, եւ
կը տագնապիմ,
որ ցաւէս զատ, տառապանքէս,
այս չարաղէտ ճգնաժամին՝
ոչինչ ունիմ մատուցելու,
միայն բառեր կու տամ քեզի,
մինչ շարժումը, հաւաքական
պայքարն անդուլ,
թերեւս քեզ կրնան փրկել
այս հողմերէն ամենակուլ,
կորուստներէն անդառնալի:

Մեծ Աղէտէն, ցեղասպանի
մահասարսուռ քայլէն առաջ,
սեւ ու կարմիր վարագոյրը դեռ չփակուած,
Սիամանթօն, պատռած տաղերը անձնական
արհաւիրքդ կ’երգէր անդուլ:
Վարուժանը ուժը կ՚երգէր,
գեղեցկութիւնը հեթանոս,
կը հաւատար
վարդահեղեղ արշալոյսիդ,
իսկ ես ահա՝
համեստ վկան ժամանակիդ,
քեզ հարուածող
արնահեղեղ օրերէն ետք
(մայրամուտէ՞ն)
նոր աղէտը կ՚աղաղակեմ
թմբիրի մէջ ընկողմանած,
արուեստագէտ Յակոբեանի
մէկ պաստառէն դուրս սպրդած,
տարազ հագին, սակայն արդէն
առանց դէմքի կամ մարմինի խլեակներուն,
որոնց քուէն, ծափերը սին
կը վտանգեն հողը անգին:

Անոնք այնքան արագօրէն
կ՚ուզեն մոռնալ
թշնամիին հարուածները անագորոյն,
մինչ անցեալը՝ կոտտացող վէրք
դեռ չէ փակուած ու կ՚արիւնի,

եւ խօսքերս կը վերածուին
ձայն բարբառոյ յանապատի:

24 օգոստոս 2025

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *