Արմենակ Եղիայեան
Նուազ խօսուն չեն հայերէնի գրաւոր փուլի հայթայթած օրինակները:
—«Եղիցի հաստատութիւն ի մէջ ջրոցդ եւ եղիցի մեկնել ի մէջ ջուրցդ» (Ծն., 1/6):
Օգտագործուած են ջուր գոյականի յոգնակիի երկու տարբեր սեռականները:
—«Եւ ահա իցեն յետինք, որ եղիցին առաջինք, եւ իցեն առաջինք, որ լինիցին յետինք» (Ղուկաս, 13/30):
Օգտագործուած է եղանել եւ լինել (ըլլալ) նոյնանիշ բայերու ապառնին:
—«Եթէ գտի՛ շնորհս առաջի ձեր, խօսեցարո՛ւք ընդ փարաւոնի և ասացէ՛ք» (Ծն. 50/4):
Խօսիլ եւ ըսել…
—«Հռութ գնաց զկնի նորա… դարձի՛ր և դու զհետ նիրի՛ն քոյ» (Հռութ, 1/14-15)։
Տարբեր են բայերը՝ գնաց…դարձի՛ր, բայց կիրարկուած են նոյն նշանակութեամբ, իսկ զկնի եւ զհետ արդէն նոյնանիշ են՝ “ետեւէն”:
—«Դու ո՞ ես…Դու ո՞վ ես» (Յովհաննու, 1/20,23):
Օգտագործուած են ո՞վ հարցականի երկու տարբերակները՝ ո՞ եւ ո՞վ:
Այս երկուքին մէջ ընտիրը առաջինն է՝ ո՞. սակայն թարգմանիչը նախընտրած է նուազ ընտիր ո՞վ-ը՝ պարզապէս խուսափելու համար կրկնաբանութենէ:
—«Եւ մտին որդիքն Իսրայէլի ի մէջ ծովուն ընդ ցամաք. եւ եղեւ ջուրն պարիսպ ընդ աջմէ նոցա եւ ընդ ահեկէ իւրեանց» (Ելք, 15/22):
Օգտագործուած են նոքա եւ իւրեանք “անոնք, իրենք” հոմանիշ դերանուններու սեռականները՝ նոցա “անոնց” աջին եւ իւրեանց “իրենց” ձախին:
—«Տո՛ւր ինձ բաժին, որ անկանի յընչիցդ, — եւ նա բաժանեաց նոցա զկեանս (Ղուկաս, 15/12):
Կիրարկած է հայցականը ինչք եւ կեանք հոմանիշներուն, որոնք հարստութիւն, ստացուածք, ունեցուածք կը նշանակեն:
—«Աճեցայք եւ բազմացարոյք» (Ծնունդք, 1/28):
Աճեցայք-ը աճիլ բայի բուն հրամայական է, իսկ բազմացարոյք-ը՝ բազմանալ բայի յորդորական հրամայականը: Թարգմանիչը այսպէս վարուած է՝ խուսափելու համար միատեսակ ապառնիի նոյնանման վերջաւորութենէն:
—«Յիշեցէ՛ք զՍենեքերիմ… յո՛ւշ լիցի ձեզ պատերազմն Հռոմայեցւոց ընդ Գաղատացիս» (Բ. Մաբաբայեցիս, 8/19-20):
Յիշեցէ՛ք եւ յուշ լիցի. կարելի է միայն հիանալ թարգմանիչին այսքան բարձր ճաշակին. ուղղակի առինքնող է ան:
—Որ յոլովեաց ՚ի գիտութիւն յաւելցէ ՚ի ցաւս» (Ժողովող, 1/18)։
Յոլովել եւ յաւելել հոմանիշ են. կը նշանակեն աւելցնել, շատցնել, բազմացնել:
Աշխարհաբար Աստուածաշունչը թարգմանած է.
«Իր գիտութիւնը աւելցնողը՝ իր վիշտը կ’աւելցնէ»:
Այլ խօսքով՝ գործած է երկու կրկնութիւն՝ աւելցնող/կ’աւելցնէ եւ իր/իր:
Մինչ գրաբարի մէջ կրկնութեան հետքն իսկ չկայ:
* * *
Հետաքրքիր էի, թէ եւրոպական լեզուներ, ինչպէս նաեւ արաբերէնը ի՞նչ լուծում տուած են մեր այս գրաբար նախադասութեան. ստորեւ արդիւնքը.
—Յունարէն՝καὶ ὁ προστιθεὶς γνῶσιν προσθήσει ἄλγημα
—Լատիներէն՝ qui addit scientiam addat et laborem
—Անգլերէն՝ he that increaseth knowledge increaseth sorrow
—Ֆրանսերէն՝ celui qui augmente sa science augmente sa douleur
—Իտալերէն՝ chi accresce il sapere, aumenta il dolore
—Սպաներէն՝ y quien añade ciencia, añade dolor
—Ռուսերէն՝ и кто умножает познания, умножает скорбь
—Գերմաներէն՝ und wer viel lernt, der muß viel leiden
եւ այլն։
Ուրեմն իտալերէնէն բացի՝ միւս բոլոր լեզուները կրկնած են նոյն բայը: Քանի արդի իտալերէնը ձեւաւորուիլ սկսած է ԺԳ-ԺԴ դարերուն, ապա ուրեմն հայերէնը ոչ մէկէն որեւէ ազդեցութիւն կրած չէր կրնար ըլլալ: Սա բոլորովին ուրոյն ազգային ոճ է: Շատ կը փափաքէի գիտնալ, թէ ի՛նչ լուծում տուած է ասորերէնը, որուն վրայէն ալ մեր թարգմանիչները կատարեցին իրենց առաջին թարգմանութիւնը: Սակայն բոլորովին անհաղորդ եմ ասորերէնին:
* * *
Հակառակ այն մեծ բծախնդրութեան, որ մեր մատենագիրները ի գործ դրած են՝ խուսափելու համար կրկնութիւններէ, ինչպէս տեսանք աւելի վեր, այսուհանդերձ միշտ կարելի չէ եղած պայքարիլ անոնց դէմ:
Ստորեւ տեսնենք այդպիսիներէն քանի մը օրինակներ:
Ասոնք ընդհանրսպէս կրկնաբանութեան այն տեսակն են, որ միաժամանակ աւելորդաբանութիւն է:
— Ի պտղոյն ծառոյն՝ մի՛ ուտիցէք ի նմանէ (Ծնունդք, 3/3): Բառացի՝ «Ծառին պտուղէն մի՛ ուտէք անկէ»:
Պարզ է, որ աւելորդ է անկէ բացառականը, որ կը նշէ «պտուղ» գոյականը: Ան այստեղ կը կատարէ մասնական ուղիղ խնդիրի պաշտօնը, որ առկայ է բացառական հոլով դրուած պտուղէն գոյականով:
Հետեւաբար՝ անկէ բոլորովին աւելորդ կրկնութիւն մըն է: Ուրեմն՝ «Ծառին պտուղէն մի՛ ուտէք»:
— Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր (Սաղմոս, 102/15):
Այստեղ իւր սեռական դերանունը կը կրկնէ «մարդոյ» սեռականը, որ յատկացուցիչն է «աւուրք» գոյականին:
Բառացի՝ «Մարդու իր օրերը խոտի նման են»: Ուրեմն՝ «Մարդու օրերը խոտի նման են»:
—Քանզի ամենայն մարդ որում ետ նմա Աստուած մեծութիւն… (Ժող., 5/18):
Կրկնուողը որում տրական հոլով յարաբերական դերանունին կից նմա տրական հոլով անձնական դերանունն է:
Բառացի՝ «Քանզի ամեն մարդ, որուն Աստուած մեծութիւն տուաւ անոր»: Ուրեմն՝ «Քանզի ամեն մարդ, որուն մեծութիւն տուաւ Աստուած…»:
—Եւ էր այր մի, յորում այս պիղծ գոյր ի նմա (Մարկոս, 1/23):
Աւելորդաբար կրկնուած է յորում ներգոյական հոլով յարաբերական դերանունին կից «ի նմա» ներգոյական հոլով անձնական դերանունը՝ նոյն պաշտօնին համար: Հետեւաբար՝ «Եւ կար մարդ մը, որ իր մէջ պիղծ սատանայ ունէր»:
Ծանօթ. — Աստուածաշունչը այս-ը թարգմանած է «ոգի»:
— Զի տեղին, յորում կաս դու ի դմա՝ երկիր սուրբ է (Ելք, 3/5):
Այստեղ նո՛յն յորում ներգոյականին կից աւելորդաբար կրկնուած է «ի դմա» ցուցական դերանունին ներգոյականը: «Այն տեղը, ուր դուն կը գտնուիս, սուրբ հող է»:
— Եւ ոչ առ թանձրալեզուս, զորոց ոչ լսիցես զբանս նոցա… (Եզեկիէլ, 3/6): Եւ ոչ խրթնալեզու (ազգերու), որոնց խօսքը չես հասկնար…
— Աստուած, որոյ ճշմարիտ են գործք նորա (Երկրորդումն օրինաց, 32/4): Աստուած, որուն գործերը կատարեալ են:
— Ո ոք իցէ ի ձեզ յամենայն ժողովրդեան Տեառն, ընդ որում է Աստուած նորա ի նմա (Եզր, 1/3): Ով որ ձեզմէ Տիրոջ ժողովուրդէն է, Աստուած իր հետ ըլլայ:
— Եւ յարեան իշխանք… զորոց զարթոյց Տէր Աստուած զոգիս նոցա (անդ, 5): Եւ վեր կեցան այն իշխանները…որոնց հոգին արթնցուց Աստուած:
— Եւ կանեփուկն թուփ ինչ է, որոյ սերմն նորա դեղ է (Եզնիկ): Եւ կանեփուկը թուփ մըն է, որուն սերմը դեղ է:
— Ամենայնի որ լսիցէ զնոսա՝ հնչեսցին երկոքին ականջօք իւր (Եղիշէ, Է): Պիտի հնչեն երկու ականջներուն անոր, որ պիտի լսէ զանոնք:
— Որոյ պատուական մարմին նորա եդեալ կայ ի յերկիրն (Յովհ. Ծառեցի): Որու պատուական մարմինը դրուած է հողին մէջ:
Բերուած օրինակներուն մէջ ընդհանրապէս ունինք հոլովեալ գոյական մը կամ յարաբերական դերանուն մը, որ անդին կը կրկնուի նոյն հոլովը կրող որեւէ այլ դերանունով մը:
Լեզուաբան Վարագ Առաքելեան, Ե. դարու մատենագիրներուն նուիրուած աշխատութեան մը մէջ1, ակնարկելով այս տիպի կրկնաբանութեանց, կը յայտնէ այն միտքը, թէ այս ոճը ժառանգուած է եբրայերէնէ: Արդ, տրուած ըլլալով, որ մեր մատենագիրները եբրայերէնի հետ չեն առնչուած, իսկ «Աստուածաշունչ»-ը թարգմանուած է ասորական եւ յունական բնագրերու հիմամբ, պէ՞տք է ենթադրել, թէ այդ երկու թարգմանութիւնները իրենց կարգին ժառանգած էին քննութեան առարկայ կրկնաբանութիւնը: Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխանը կրնան ունենալ միայն ասորագէտներն ու յունագէտները:
Ասոնց նմանակութեամբ կը գտնենք նաեւ այնպիսիները, որոնց յարաբերական դերանունը չէ հոլովուած. օրինակ՝
—Ես Մսրայ թագաւորն էի, որ չկայր ինձ նման» («Ֆրիկ):
Անհոլով մնացած է «որ» յարաբերականը, աւելորդ է ինձ տրականը:
Պէտք է ունենայինք՝ «Ես Մսրայ թագաւորն էի, որու նման չկար»:
Հաւանաբար այսպիսիներու համաբանութեամբ աշխարհաբարի մէջ ալ յառաջացած են սապիսիները.
«Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսը քիչեր»
«Կը կարդային զայն արդէն, ու պակսեցան անոնք ալ…» (ՎԹ):
Ուր զայն դերանուն ուղիղ խնդիրը կը կրկնէ լեզուն գոյական ուղիղ խնդիրը:
—Ուղեւորը տեսաւ տղուն, որ այժմ իր անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր («Նայիրի», 1-1-1956, էջ 8բ):
Ուղեւորը տեսաւ տղան, որուն անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր:
Ուղեւորը տեսաւ, որ տղուն անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր:
* * *
Մինչեւ այստեղ Ոճաբանութեան ծիրէն ներս տեսանք՝
— Աւելորդաբանութիւններ
— Կրկնաբանութիւններ
— Բառային կրկնութիւններ
— Հնչիւնական կրկնութիւններ
— Կրկնութիւնները եւ հայ մատենագիրները
Ասոնք կարելի է կոչել «ախտագին կրկնութիւններ», այսինքն՝ այնպիսիները, որոնք կ’որակազրկեն, կ’արժեզրկեն, կը նսեմացնեն մեր խօսքը:
Ստորեւ պիտի տեսնենք կրկնութեան այն տեսակը՝ «Գեղարուեստական կրկնութիւն»-ը, որ կամաւոր ու գիտակցաբար փնտռուած է խօսողին կամ գրողին կողմէ եւ ուրոյն բարեհնչութիւն, վայելչութիւն ու գրաւչութիւն կը շնորհէ խօսքին:
Գեղարուեստական կրկնութիւն
Կը կոչուի նաեւ կրկնաբերութիւն:
Կրկնաբանութեան այս տեսակը ոչ միայն չէ մերժուած ոճաբանութեան մէջ, այլ, ընդ հակառակն, հմտութեամբ ու ճարտարութեամբ կիրարկուելու պարագային` մեծապէս գնահատուած է ընկալողին կողմէ: Գեղարուեստական կրկնութիւնը կը ծառայէ աւելի ազդու, համոզիչ, յուզական ու տպաւորիչ դարձնելու խօսքը, այս պատճառով ալ ան կը մտնէ վերամբարձ խօսքի բոլոր տեսակներուն մէջ:
Գեղարուեստական կրկնութեան ամենէն աւելի տարածուած ու ծանօթ տեսակը յանգերգն է, որ ոտանաւորի մը իւրաքանչիւր տունի աւարտին կրկնուող մէկ տողն է, երբեմն երկու տող, մերթ բոլորովին անփոփոխ, մերթ թեթեւօրէն փոխուած. ասոր տիպարն է Մ. Պեշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդւոյն»-ին մէջ կիրարկուածը.
Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զեյթուն:
Յիշեալ բանաստեղծութեան բոլոր եօթը տուներուն կը հետեւի այս յանգերգը, որուն երկրորդ տողը բառացի կը կրկնուի, իսկ առաջին տողը մասնակի փոփոխութիւններով: Այս կրկնութեամբ՝ բանաստեղծը հայ մայրերուն եւ ընթեր-ցողներուն կը միտի փոխանցել զոհուած պատանիին յետմահու պատգամը, որ է՝ հայրենիքի ազատութեան համար յանձն առնուած նահատակութիւնը պէտք չէ սուգի առիթ տայ, այլ միայն ուրախութեան:
Ծաւալուն յանգերգի եզակի օրինակ մը կը հանդիսանայ Ղ. Աղայեանի «Յիղողութիւն»-ը, որուն հինգ տուներուն երեքին վերջին երեք տողերը բառացի կը կրկնուին.
Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,
ամեն մէկ շիւղ կպցնելիս
Առաջուան բոյնն էր յիշում:
Ուրեմն շեղագրուած եռատողը կրկնուած է երեք անգամ, որով յանգերգը կը կազմէ ամբողջ քերթուածի քսան տողերուն իննը: Աղայեան այնքան ճարտարութեամբ շարադրած է իր քերթուածը, որ այս կրկնութիւնները ոչ մէկ տաղտուկ կը պատճառեն ընթերցողին եւ ունկնդիրին, այլ ընդհակառակն՝ խորապէս հրապուրիչ մեղեդիի մը քաղցրութեամբ կը շոյեն անոնց ներաշխարհը:
Նման յանգերգերով օժտուած են մեր շարականներէն շատերը, եւ նպատակը միշտ նոյնն է՝ յատուկ գաղափարի մը կամ պատգամի մը տպաւորումը հաւատացեալներուն հոգիին մէջ:
Կրկնութիւնը յաճախ տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր կամ բազմաթիւ տողերու վերջը՝ շարահիւսական ամբողջ հատուածի մը ծաւալով. «նոյնավերջ» կոչուած տողերն են ասոնք. օրինակ՝
«Ամեն վայրկեան սիրով տրտում ասում եմ ես մնաս բարով,
«Բորբ արեւին իմ բոց սրտում ասում եմ ես մնաս բարով…» (ՎՏ):
Բանաստեղծութեան տասնչորս տողերու տասն կը կրեն այս նոյնավերջութիւնը: Մօտալուտ մահուան դաժան իրականութիւնը զգացող երիտասարդ Տէրեանը մէկ առ մէկ կը յիշէ այն բոլորը՝ բորբ արեւը, ընկերները, բայց նաեւ ոսոխները, մով երկինքն ու կանաչ ծովը, ոսկեշղթայ յուշերն ու փուշերը, բացուելիք ծաղիկներն ու մանուկները եւ այլն, որոնք կապած են զինք այս աշխարհին եւ որոնցմէ պիտի զրկուի վերջնականապէս: Կրկնութեան միջոցով ալ կը շեշտուի այդ բոլորին հանդէպ իր սիրոյ խորութիւնը, ինչպէս նաեւ իր զրկանքին ու կորուստին մեծութիւնը: Չենք կրնար, միւս կողմէ, անտեսել այս կրկնութեանց յառաջացուցած երաժշտականութիւնը, որ կը յածի քերթուածին բոլոր տողերուն վերեւ:
Կրկնութիւնը կրնայ տեղի ունենալ «նոյնասկիզբ» տողերով եւս, ինչպէս կը գտնենք «Գողթան երգեր»-ու մէկ նմուշին մէջ.
Երկնէր երկին,
Երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի…
Այս տողերը շարադրողը պէտք է զգացած ըլլայ այն խոր երաժշտականութիւնը, որ կրկնութիւնը կը բերէր իր խօսքին եւ թէ որքան տափակ պիտի ըլլար ան՝ առանց կրկնութեան. փորձենք՝ «Երկնէին երկիր, երկինք եւ ծովն ծիրանի»: Միւս կողմէ՝ նոյնպէս կրկնութեան շնորհիւ ան յաջողած է շեշտել արարչագործութեան կամ երկունքի դժուարութիւնը, տեւականութիւնն ու ընդհանրականութիւնը:
Այլ տեղ նոյնասկզբութիւնը, որ նաեւ յարակրկնութիւն (anaphore) կամ նաեւ նախաբերութիւն կը կոչուի, կը ծառայէ աւելի շեշտելու միտքը.
Մէկն՝ ի պապանց պարոնորդի,
Մէկն ի հարանց մուրող լինի,
Մէկին՝ հազար ձի ու ջորի,
Մէկին՝ ո՛չ ուլ, ո՛չ մի մաքի (Ֆրիկ):
Նաեւ՝
Անէծքդ, հա՛յր, գոհար քարերս դարձուց խեցի,
Անէծքդ, հա՛յր, փոխեց կնդրուկս անարգ գուղցի,
Անէծքդ, հա՛յր, փոխեց ոսկիս մութ պղնձի,
Բայց քանի որ շամփուշ կուռք մը պէտք է ինծի,
Ես պղինձով ալ պատրանքներս ձուլեցի (Եղիշէ Դուրեան):
«Յարակրկնութիւնը, — կը գրէ Վալերի Միրզոյեան, — հնարաւորութիւն է տալիս խօսողին աստիճանաբար մեծացնելու խօսքի յուզական լարուածքը, ուժականութիւնն ու թափը, կուտակելու փաստարկները, աւելի ու աւելի գրաւելու ունկնդիրներին, վարակելու որոշակի տրամադրութեամբ» («Ճարտասանութիւն», էջ 293):
Յարակրկնութեան ու վերջակրկնութեան ազդու խճանկար մըն է Շիրազի հետեւեալ հատուածը, ուր կրկնուող այլազան տարրերը իրարու կը միահիւսուին իրենց ներքին հակադրութեամբ՝ կերտելով բառային իսկական համանուագ մը.
Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ,
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ,
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ:
Յետագրութիւն
Մեր մատենագիրներու յատկապէս Հին Կտակարանի մէջ կատարած կրկնութիւններուն մասին լուսաբանութիւն մը ստանալու համար դիմեցի Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ, ներհուն հայագէտ Մայքլ Ստոնին, որ իր կեանքի 87 տարիները նուիրած է ու կը շարունակէ նուիրել Հայոց հին մատենագրութեան սերտողութեան:
Ստացայ հետեւեալ պատասխանը, որ կու տամ թարգմանաբար.
Dear Sir,
I checked Ezekiel 3:6, etc.
The Armenian is calquing the Greek, which in turn translates the Hebrew idiom.
— Հայերէնը պատճենուած է յունարէնին վրայ, որ իր կարգին կը թարգմանէ եբրայական ոճը:
In Hebrew the relative is specified (given number and case) by a separate pronoun, called a resumptive pronoun, usually at the end of the clause.
—Եբրայերէնի մէջ յարաբերական դերանունը իր թիւով ու հոլովով աւելորդաբար կրկնուած է այլ դերանունով մը՝ սովորաբար նախադասութեան աւարտին:
In general, of course, you should always check queries in the Armenian against the Greek.
— Հայերէնի պարագային դուք պարտիք [այդ կրկնաբանութեանց համար] հետամուտ ըլլալ յունարէնին:
Լաւագոյն մաղթանքներով՝
Մայքլ Սթոուն
Ուրեմն իր այս երկտողով՝ Ստոն կը հաստատէ, որ քննարկուող աւելորդաբանութեանց աղբիւրը եբրայերէնն է, ճիշդ ինչպէս օրին յայտնած էր հայրենի լեզուաբան Վարագ Առաքելեանը: Այս ոճը եբրայերէն Աստուածաշունչի, յատկապէս Հին Կտակարանի, թարգմանութեանց ճամբով անցած է թարգմանող դասական լեզուներուն, ինչպէս, օրինակ, յունարէնին ու ասորերէնին եւ ասոնցմէ՝ գրաբար հայերէնին, ուր այդ աւելորդաբանութիւնները իբրեւ անձեռնմխելի սրբութիւն ընկալուած, ընդունուած, ընդօրինակուած ու պահպանուած են:
Բնագրային այս հաւատարմոթիւնը չէ գործած արդի լեզուներուն մէջ, որոնց կարգին՝ հայերէն աշխարհաբարը:
(Շարունակելի)