ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Փոլ Էլիւար

Թարգմանեց՝ Վրէժ-Արմէն

Տետրերուս վրայ դպրոցի
Գրի սեղանիս ծառերուն
Աւազին վրայ եւ ձիւնին
Ես անունդ կը գրեմ

էջերուս վրայ կարդացուած
Թէ սպիտակ միմիայն
Թղթազերծ քար թէ աճիւն
Ես անունդ կը գրեմ

Նկարներուն ոսկեզօծ
Թէ զէնքին վրայ մարտիկին
Թագերուն վրայ արքայից
Ես անունդ կը գրեմ

Շամբերուն անապատին
Բոյն ըլլայ թէ որոճ
Յուշերուս իմ մանկական
Ես անունդ կը գրեմ

Վայելքներուն գիշերուան
Սպիտակ հացին օրուան
Նշանդրէքի օրերուն
Ես անունդ կը գրեմ

Լազուարթ բոլոր լաթերուս
Արեւի բորբոսած լճակին
Թէ լուսնի խայտող լիճին
Ես անունդ կը գրեմ

Դաշտերուն հորիզոնին
Թռչուններու թեւերուն
Ստուերներու ջաղացքին
Ես անունդ կը գրեմ

Ամեն այգի շիկնանքին
Ծովերուն վրայ նաւերուն
Լեռան վրայ խելացնոր
Ես անունդ կը գրեմ

Փրփուրին վրայ ամպերուն
Եւ ամպրոպի քրտինքին
Անձրեւին վրայ ծանր անգոյն
Ես անունդ կը գրեմ

Բաներուն վրայ փայլփլուն
Զանգերուն վրայ գոյներուն
Եւ ճշմարտութեան չոր
Ես անունդ կը գրեմ

Կածաններուն վրայ արթուն
Եւ ուղիներուն արձակ
Բացատներուն վրայ յորդուն
Ես անունդ կը գրեմ

Լապտերին որ կը վառի
Լապտերին որ կը մարի
Տուներուս վրայ միացած
Ես անունդ կը գրեմ

Պտուղին վրայ երկատուած
Հայելիին սենեակիս
Դատարկ պատեան մահիճիս
Ես անունդ կը գրեմ

Անօթի քնքուշ շանս
Զարդարուած ականջներուն
Եւ իր անճարակ թաթին
Ես անունդ կը գրեմ

Ոստնակին վրայ դռանս
Իրերուս վրայ հարազատ
Օրհնեալ հուրին հոսքին վրայ
Ես անունդ կը գրեմ

Տրուած ամեն ամբիոնի
Ընկերներուս ճակատին
Երկարող ամեն ձեռքի
Ես անունդ կը գրեմ

Ապակիին անգումանց
Շրթունքներուն ուշադիր
Լռութեան վեր վերերը
Ես անունդ կը գրեմ

Ապաստաններուս փլած
Փարոսներուս աւերուած
Եւ ձանձրոյթիս պատերուն
Ես անունդ կը գրեմ

Անտենչ բացակայութեան
Եւ մերկ այս միայնութեան
Մահուան քայլերուն ալ վրայ
Ես անունդ կը գրեմ

Ետ եկած առողջութեան
Անհետացած վտանգին
Եւ անյիշատակ յոյսին
Ես անունդ կը գրեմ

Եւ բառի մը զօրութեամբ
Կեանքս ես ետ կը սկսիմ
Ծնած եմ քեզ ճանչնալու
Եւ քեզ կոչելու

Ազատութիւն։

Paul Eluard, Poésie et vérité, 1942
(recueil clandestin)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *