Բժ. Օհան Թապաքեան
Երեւակայութիւնը մտքի այն կարողութիւնն է, որուն շնորհիւ գրողը կրնայ տեսարան մը կամ շուրջը պատահած դէպք մը կենդանի գոյներով ներկայացնել հանրութեան: Քաղաքակրթութիւնը շատ բան կը պարտի անոնց, որոնք օժտուած այս բացառիկ կարողութեամբ՝ թռիչք տուած են իրենց զեղումներուն ու հնարած սովորական մահկանացուին զարմանք պատճառող հրաշալիքներ. ինչպէս կան բնածին ունակութիւններով օժտուած անձեր, գոյութիւն ունին նաեւ վառ երեւակայութեամբ օժտուած ուրիշներ: Անոնք կրնան մեզ առաջնորդել դէպի դժոխք կամ քաւարան, ինչպէս Տանթէն, եւ կամ իջնել ովկիանոսներու խորերը, ինչպէս Ժիւլ Վերնը:
Բանաստեղծը, որ վերին ոլորտներուն բնակիչն է, հակառակ որ ան կ՚ապրի այս աշխարհին մէջ, պարտաւոր է տեսնել ամէն բան ու ամէն երեւոյթ սովորական մահկանացուէին տարբեր ձեւով՝ պատկերներով: Նմոյշներ անոնց գոհարներէն. «Արեւը ոսկեգոյն զարդ հորիզոնին վրայ կը քալէ», «Տարեց անձի մը համար կեանքը տոպրակ մըն է մաշած՝ լաւ ու գէշ յիշատակներու լխկած կտորներով մինչեւ բերանը լցուած», «Երկինքը մետաքսեայ ժպիտ մըն է համատարած, կարծես բնաւ մառախուղ չէ ունեցած» եւ այլն: Բարձր երեւակայութեան տէր անձերու կը պարտինք Իլիականը, Ոդիսականը, Կապոյտ թռչունը եւ Աստուածային կատակերգութիւնը: Հզօր երեւակայութեան տէր եղած է վերածնունդի նկարիչներէն Միքէլանճելոն: Այնշթայն, որուն մտային կարողութեան չափանիշը (IQ) 160-170-ի միջեւ գնահատուած է մասնագէտներու կողմէ, բաղդատմամբ հասարակ ժողովուրդին, որ 85-115-ի միջեւ է, միշտ շեշտած է երեւակայութեան առաւելութիւնը, նոյնիսկ գիտական ասպարէզներուն մէջ: Իրեն համար երեւակայութիւնը աւելի կարեւոր է քան գիտութիւնը, որովհետեւ գիտութիւնը որոշ չափով սահմանափակ է, մինչ երեւակայութիւնը սահման չունի…:
Գրականութեան մէջ երեւակայութիւնը բացառիկ շնորհ մըն է, ու թատերական կալուածը շատ բան կը պարտի անոր: Երեւակայութեամբ օժտուած անձեր կան ժողովրդական խաւերու մէջ եւս. Մենք կ՚անգիտանանք հեղինակները բազմաթիւ առակներու եւ առածներու: Ժողովուրդներու կամ հաւաքականութիւններու մօտ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած ու հասունցած երգերն ու պարերը — ֆոլքլորը — երեւակայութեան արդիւնք են:
Մեքենական ամբողջ աշխարհ մը արդիւնք է մարդկային ստեղծագործ երեւակայութեան: Գալով հայ գրականութեան, վառ երեւակայութեան տէր կը գտնենք Րաֆֆին, որ տուաւ հայկական յեղափոխութեան ուղին խորացնող հերոսական տիպարներ. վառ երեւակայութեամբ օժտուած գրողներ եղած են Շաւարշ Նարդունին իր «Մեղեդիներ» գործին մէջ, նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանը իր «Գրիգոր Նարեկացի» եւ «Սմբատ Բ.» գործերուն մէջ:
Հին յիշատակ մը, անցեալին վերաբերող դէպք մը կամ պատահար մը պատմելու ատեն մարդ կը դիմէ յիշողութեան. այս փորձը ինքնին երեւակայութիւնը սրող ճիգ մըն է. Եզովբոսէն սկսած մինչեւ Լա Ֆոնթէն, բոլոր մեծ ու փոքր առակախօսները շատ բան կը պարտին իրենց երեւակայութեան: Պատմութեան, հոգեբանութեան վերաբերող յուշեր, շրջապտոյտներ իրականութեան նպաստող տրուելիք նիւթեր են, որոնք պահանջ չունին երեւակայութեան:
Բանաստեղծութեան մէջ միտքը կ՚արտայայտուի պատկերներով, իսկ գիտական գործերու մէջ արտայայտութեան միջոցը վերացական գաղափարներն են, որոնք կ՚ընդհանրացնեն երեւոյթներու ընդհանուր յատկութիւնները: Գեղարուեստը կը դիմէ զգայարանքներուն եւ երեւակայութեան, մինչ գիտութիւնը ուղղակի մտածողութեան, տրամաբանութեան:
Որքան վառ է բանաստեղծին երեւակայութիւնը եւ զօրաւոր զգայնութիւնը, այնքան իր կերտած պատկերները կ՚ըլլան ինքնատիպ եւ տպաւորիչ: Բնութիւնը ամենէն աւելի պատկերներ կը հայթայթէ արուեստագէտին, ու բանաստեղծը բնութենէն քաղած պատկերները յարաբերութեան մէջ կը դնէ մարդկային ապրումներուն եւ զգացումներուն հետ. բանաստեղծին տաղանդին մեծութենէն եւ զգացումներուն խորութենէն կախում ունին պատկերաւոր արտայայտութեանց ուժն ու գեղեցկութիւնը:
Եզրակացնելու համար կարելի է անվարան հաստատել, որ վառ երեւակայութիւնը անհրաժեշտ շնորհ է բոլոր արուեստներու մարզէն ներս, ու իր ազդեցութիւնը սահմանափակ՝ գիտութիւններու կալուածէն ներս:
Վերջացնելու համար տեղին է նշել, որ անցեալին Լիբանանի մէջ ունեցած ենք վառ երեւակայութեան տէր երկու բարձր գնահատուած հայ գծագրիչներ՝ Տիրան Աճէմեան եւ Մասիս Արարատեան, որոնք փնտռուած արուեստագէտներ եղած են հայ թէ օտար օրաթերթերու ու շաբաթաթերթերու խմբագրական մարմիններու կողմէ, դիմանկարներով ու ծաղրանկարներով զարդարելով մամուլին առաջին էջերը:
Մասիս, որուն հետ մտերմանալու բախտը ունեցած եմ անցեալին, անծանօթ անձ մը մէկ անգամ տեսնելով, բացառիկ ձիրքը ունէր անոր դիմանկարը հարազատ կերպով գծելու, առանց ենթակային ներկայութեան…:
