ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ես գրել կը սիրեմ։
Պարզ նախադասութիւն մը, իր ենթակայով (կամ տէր բայիով)՝ «ես», իր բայով՝ «կը սիրեմ» եւ լրացուցիչով (կամ սեռի խնդիրով)՝ «գրել»։ Նախադասութիւն մը, որ դիւրաւ հասկնալի է ու որեւէ յետին իմաստ կամ թաքուն տեղեկութիւն չի բովանդակեր։
Ես գրել կը սիրեմ։
Ես ի՞նչ կը սիրեմ՝ «գրե՛լ»։ Ո՞վ է գրել սիրողը՝ «ե՛ս»։ Գրելու նկատմամբ ես ի՞նչ դիրքաւորում ունիմ՝ «կը սիրե՛մ»։ Ուրիշ որեւէ ենթադրութիւն կարելի չէ ընել։
Տեսնենք հիմա ինչպէ՞ս կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ այս նախադասութիւնը առանց փոխելու բառերուն տեղը եւ առանց ուրիշ բառեր աւելցնելու։
Ե՛ս գրել կը սիրեմ։
«Ես»-ին վրայ դրուած այդ շեշտը կրնայ մտածել տալ, թէ ուրիշներ ալ կան մեր մտապատկերին մէջ, որոնց մէջ ե՛ս եմ, որ գրել կը սիրեմ, մինչ միւսները կրնան գրել չսիրել, կամ այլ բաներ սիրել՝ կարդալ, խօսիլ եւ այլն։ Երեք բառերուն (խօսքի մասերուն) դերերը չփոխուեցան, տրուած տեղեկութիւնը միշտ նոյնն է, սակայն երանգ մը փոխուեցաւ։
Կրնա՞ն ուրիշ երանգներ ստացուիլ միշտ առանց փոխելու բառերուն տեղը։
Ես գրե՛լ կը սիրեմ։
Շեշտը տեղափոխելով իմաստի փոփոխութիւն մը յառաջացաւ։ Կրնանք ենթադրել, թէ նախընտրութիւն մը կը յայտնուի. այլ ընտրանքներ կան, որոնց մէջ նախընտրութիւնս գրելն է, ո՛չ գծելը կամ նուագելը. կամ խօսիլը եւ այլն։ Օրինակ, եթէ խօսք պիտի առնեմ, կը նախընտրեմ խօսքս գրած ըլլալ։ Ի հարկէ ենթադրութիւններ են ասոնք, որոնք այդ մէկ վերդիր շեղ գծիկին հոն զետեղուած ըլլալուն շնորհիւ կրնանք ընել։
Սակայն երանգ մը եւս կայ, որ կրնայ յառաջանալ։
Ես գրել կը սիրե՛մ։
Այս անգամ շեշտը դնելով բայի՛ն վրայ, ուրիշ իմաստներու դուռ կը բացուի. մի՛ փորձէք զիս համոզել, որ գրեմ ըսելիքս, ես արդէն կը սիրե՛մ գրել, սիրով կը գրեմ։ Կամ՝ ես ոչ թէ կը խուսափիմ գրելէ, կամ կ՚ատեմ գրելը, այլ կը սիրե՛մ գրել։ Կամ՝ սիրով նոթի կ՚առնեմ ձեր խօսածները (օրինակ՝ ատենագրութեան մը մէջ, կամ ձեր առաջարկը բանաձեւելու համար, քանի որ կը սիրե՛մ գրել)։
Հիմա տեսնենք կրնա՞նք բառերուն տեղը փոխել, ու փոխելով՝ իմաստի փոփոխութիւն կրնա՞յ յառաջանալ։
Գրել ես կը սիրեմ։
Նոյնպէս պարզ նախադասութիւն մըն է, որ սակայն նոյն բանը չ՚ըսեր, ինչ որ «ես գրել կը սիրեմ»-ը կ՚ըսէ։ Առանց շեշտի յաւելումին, շեշտուեցաւ «գրել» բառը։ Բայց երանգը նոյնը չէ, կրնայ չըլլալ, ինչ որ «ես գրե՛լ կը սիրեմ»-ը ենթադրել կու տայ։ Այստեղ ես կը հաստատեմ գրել սիրելս, առանց սակայն զայն հակադրելու այլ ընտրանքներու հետ։ Կրնամ խօսիլ ալ սիրել, հեծանիւ նստիլ ալ։
Տեղափոխութիւն մը եւս ընենք։
Ես կը սիրեմ գրել։ Իմաստային առումով այնքան հեռու չէ «ես գրել կը սիրեմ»-էն, սակայն շատ նուրբ տարբերութիւն մը չի՞ զգացուիր (փակագիծի մէջ նկատել տամ, որ սովորաբար չ՚զգացուիր գրելուս փոխարէն, կը ստիպուիմ արմատական «ի»-ն վերականգնել, որպէսզի պարոյկը դնեմ)։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ տարբերութիւնը։ Կարծէք սիրե՛լս է, որ կը շեշտուի, բայց առանց շեշտի, աւելի քան ի՛նչ սիրելս։ Կը մօտենայ «ես գրել կը սիրե՛մ»-ին, սակայն ինչպէս տեսանք ան այլ ենթադրութիւններու ալ կրնայ տանիլ։
Անշուշտ եթէ ուզենք բառ մը աւելցնել, վերոյիշեալ օրինակներուն մէջ, ինչպէս «շատ» մակբայը՝ որպէս բային կամ լրացուցիչին լրացուցիչ, որակ մը, տարողութիւն մը տալով անոր, սաստկացնելով զանոնք. անշուշտ դրուած տեղն ալ շատ բան կը փոխէ իմաստին մէջ։
«Ես շատ գրել կը սիրեմ», ուր «շատ գրել»-ը, այսինքն գրելու յաճախականութիւնը կը դառնայ սիրածս, կամ «Ես գրել շատ կը սիրեմ», ուր սիրոյ աստիճանը կը բարձրանայ։
Այսպէս, այլ բառեր կրնան գալ աւելնալ նշուած այդ պարզ նախադասութեան վրայ՝ իմաստային նրբութիւններ կամ բոլորովին նոր իմաստներ աւելցնելով մեր ըսածին վրայ։
Ինչո՞ւ կը նշեմ այս բոլորը։ Պարզապէս անոր համար, որ շարադասութեան ու կէտադրութեան լաւ ծանօթ ըլլալը շատ կարեւոր է, որպէսզի ընթերցողին հասնի ճի՛շտ ըսել ուզածդ։
Եւ ի հարկէ կայ ոճի հարցը, քանի որ տարբեր տեղադրումներով ու տարբեր շեշտադրումներով, նոյնիսկ տարբեր բառերով կրնանք մեր ըսելիքը ըսել ու մնալ հասկնալի։ Եւ այդ է, որ մէկ գրողը պիտի տարբերէ միւսէն։
Հասկցա՞ք հիմա, ինչո՛ւ կը սիրեմ գրել…
