ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ (Դ.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԷՇԸ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԸ ԲԵՐԵՆ

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Բողոքական շարժումը Քեսապի շրջանին մէջ մեծ յաջողութեան կը հասնի: Քէօրքիւնէ գիւղին մէջ եւս կը կազմուի Աւետարանական համայնք: Կամաց-կամաց կ՚անշքանայ գերեզմանատան մէջ գործող Ս. Ստեփանոս մատուռը: Ըստ հայատառ թրքերէն արձանագրութեան մը՝ նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքը տեղի կ՚ունենայ 8 յունուար 1898-ին, կ՚աւարտի 21 յուլիս 1899-ին: Հետաքրքրական է նշել. որ Մայր համայնքին հաւատարիմ մնացած ժողովուրդին համար եկեղեցւոյ բեմն ու խորանը կը տեղադրուին արեւելեան կողմը, ինչպէս Առաքելական եկեղեցւոյ պարագային կ՚ըլլայ: Նմանատիպ կառոյց կ՚ունենայ նաեւ Գարատուրանի Աւետարանական եկեղեցին եւս, 1908, ուր գիւղի Տէր Պետրոս քահանան հինգ տարի պատարագ կը մատուցէ:
Ուրեմն՝ քէօրքիւնացիք ու նոյն գիւղապետութեան կապուած Չագալճըգի եւ Տուզաղաճի մարդիկ եկեղեցին կը կառուցեն ու տանիքը ծածկելու համար 40 հոգիով կ՚երթան Նաճուօր/Նաճար ըսուած լեռը, էշը՝ կեդրոնական գերանը բերելու համար: Լեռան անունը արաբերէն է, ատաղձագործ կը նշանակէ: Այդտեղի անտառներէն կը բերէին շինութեանց համար անհրաժեշտ ատաղձը: Գերանին վրայ, լայնքին, տասը փայտ կը կապեն ու ամեն կողմէն տասական հոգի կը շալկեն գերանը, միւս քսանն ալ հերթափոխի համար կ՚ընկերանան անոնց։
Խումբին կ՚ընկերանայ նաեւ Շամօ անունով հովիւ մը, «պուզտուտիկ-մուզտուտիկ չորցուկ մարդուկ մը», որուն առիթ չեն տար գերանը ուսին առնելու: Սա ալ ի՛նչ ընէ, հովիւ է, գօտիէն կը քաշէ կավալը՝ հովուական սրինգը, ու նուագելով առջեւէն կ՚երթայ: Նուագը խանդավառութիւն կը ստեղծէ։ Մարդիկ կ՚ընկերանան երգով: Մէկը կը շալկէ Շամոն ու կը նստեցնէ գերանին վրայ: Շամոն այդպէս, քալող գերանին վրայ նստած, կավալը կը փչէ, եւ գերանը կը հասնի գիւղ ու կը դրուի իր տեղը:
Զրոյցը բարբառով պատմած է Յակոբ Հաքիմօ Գերպապեանը, Քէօրքիւնէէն:

ԷՇ ՄԸ ՉՈՒՆԵՑՈՂԸ…

Երէկ, դպրոցակից ընկերս՝ Յակոբ Գերպապեանը, Քէօրքիւնէ գիւղէն, հետաքրքրական բան մը դիտել տուաւ ինծի՝ ըսելով որ յաճախ առածները սխալ կը հասկնանք: Կ՚ըսենք «Իէշ մը չունցուօղը փիսու մը թըղ ունընու» (Էշ մը չունեցողը թող փեսայ մը ունենայ)։ Ի՞նչ հասկցաք։ Պարզ է, չէ՞, իշուն ծանր շալակը փեսային վիճակուած է։ Սա առերեւոյթ նաեւ ընկալելի է գիւղական միջավայրին մէջ, որ հարազատներ փոխօգնութեան կը դիմեն կարգ մը աշխատանքերու ընթացքին՝ բերքահաւաք, վարուցան։ Փեսան չհասնի մարդուն՝ ո՞վ պիտի հասնի, ո՞վ օգնութեան պիտի հասնի։ Սա այսպէս է, որքան ալ փեսան իշուն հետ համեմատելը անպարկեշտ ու տգեղ կը թուի։
Բայց իսկութեան մէջ առածը ոչ մէկ կապ ունի իշուն՝ աւանակին հետ։
Որովհետեւ էշը աւանակը չէ, այլ Քեսապի մէջ տարածուաած տեսակ մը տան կեդրոնական գերանը, որուն վրայ հանգչած կ՚ըլլան կողմերէն եկող գերանները։ Էշը հանգչած կրնայ ըլլալ սիւնի մը խոյակին՝ բարձիկին վրայ։ Այդ տուներուն կ՚ըսէին աշշաքլամա։ Քանի մը հատը կանգուն վիճակի մէջ կարելի է տեսնել հոս ու հոն։
Ուրեմն՝ էշը առաստաղը իր վրայ պահող գերանն է, առաստաղը կանգուն պահող գերանն է։ Տունը տուն չէ առանց առաստաղի։ Էշը փտի իյնայ՝ ամբողջ տանիքը վար կու գայ։
Առածին մէջ տան գլխաւոր գերանին նմանցնելով՝ փեսային դերը կը մեծնայ, իբրեւ հովանաւոր, տիրութիւն ընող, իբրեւ պաշտպան։ Ասիկա պէտք է ըլլար նախկիններու մտայնութիւնը։

ԴԵՌ ԱԼ Կ՚ԸՍԵՆ. «ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐԸ ԳԵՏԻՆ ՉԻ ՄՆԱՐ»
(ՔՈՒՇՈՒ ՔՈՒՕՐԸ ԳԻՏԷՆ ՉԸՄԸՆՈՒՕՐ)

Մեր տունը յարդով ու այծի մազով խառնուած հողէ շաղախով քարէ երկյարկանի շէնք էր, ինչպէս գիւղի շատ մը տուները։
Տասնամեակներու ընթացքին հովին ու անձրեւին հետեւանքով կամաց-կամաց շաղախը կը մաշէր ու տան երկշարք քարով հիւսուած պատը կը վտանգուէր։ Հայրս քիչ-քիչ աւելի գումար կ՚ուղակէր մօրս՝ նոր տան մը համար։ Այդ տունը, այո, երկշարք քարով, բայց պեթոնէ շաղախով ու երկաթ-պեթոնէ տանիքով պիտի ըլլար։
Ինչ լաւ, այլեւս տան պատը փլելու, տանիքէն ջուր կաթելու վտանգ պիտի չմնար, տանիքը լողելու կարիք պիտի չըլլար։
Բայց այսպիսի տան համար աւազ պէտք էր։ Շոֆէր Գառնիկը Լաթաքիոյ կողմերէն փոշիի նմանող աւազ մը բերած էր իր բեռնատարով ու պարպած ճամբան։ Գիւղի ճամբան հողէ վտանգաւոր ճամբայ էր տակաւին։ Գիւղի վարպետները կ՚ըսէին, թէ ատ աւազ չէ, փոշի է, տանիքին համար միայն ծովու աւազ պէտք է։ Ծովու աւազ։ Ես ու մայրս առտու կանուխ, լուսաբացէն առաջ, կը հասնէինք ծովափ ու իշու կորթոյնքին երկու կողմի քուրձերուն մէջ երկուքական թիթեղ աւազ գողնալով կը վերադառնայինք տուն։ Գողնալ կ՚ըսեմ, որովհետեւ արգիլուած էր, բլուրին վրայ գտնուող ոստիկանատունը դեռ քնացած կ՚ըլլար։
Տան քարը ապահովելու համար մայրս օրավարձով քար հաւաքող մը գտեր էր՝ Ամմօ Պետիրը, որպէսզի գետնասահքի ենթարկուած Գազազեան նախկին թաղին առջեւ, գետահունի լանջին, պեղումներ կատարէ ու հոն թաղուած տան ընտիր քարերը հաւաքէ։ Ջորեպան Սիմոնն ալ քարերը կը բերէր ու զգուշութեամբ կը շարէր մեր բակը։ Գտնուած քարերը բաւականին ընտիր էին, կոփուած, ճակատ ունեցող։ ԱմմօԳրգորն ալ իր Ժոզէֆ տղուն հետ եկաւ տունը կառուցելու։
Օր մը մայրս ինծի հետ գնաց խանտակ, տեսնելու համար, թէ որքա՛ն քար պատրաստեր է Պետիր ամմոն։ Քանի մը կոյտ կար։ Արահետէ մը անցնելու պահուն նկատեցինք, որ թուփի մը տակ կիսաչոր ցախերու տակ բան մը պահուած է։ Բացինք։ Մայրս անակնկալի եկաւ։ Երկու շատ գեղեցիկ անկիւնաքարեր դրուած էին քովէ քով։ Անոնք փայտի փոխան կրնային դռան կամ պատուհանի եւ պահարանի բարաւորի դեր կատարել, այդքան երկար ու ձեւաւոր էին։
— Պետիր աղբար, — ըսաւ մայրս, — ես քեզի օրավարձ տամ քար հաւաքելու համար, դուն քարերը պահես, ըլլալի՞ք բան է։
Պետիր չպատասխանեց, առաւ մուրճն ու բրիչը եւ հեռացաւ։
Գիտէինք, որ Պետիր ամմոն ալ նոր տուն ունենալու հոգ ունէր, ձմռան հեղեղը ամեն տարի քիչ-քիչ կլափելով հողը՝ հասած էր անոր տան դռան առջեւ։
Այդ երկու քարերը տարիներ ու տարիներ հոն էին. հեղե՞ղը տարաւ, թէ ինչ՝ չեմ գիտեր, բայց ո՛չ Պետիրը այդ քարերը վերցուց, ո՛չ ալ մայրս ջորեպան Սիմոնին թելադրեց, որ զանոնք տուն բերէ։
Դեռ ալ կ՚ըսեն. «Անկիւնաքարը գետին չի մնար»։

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԵՐԳԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

Սա հնձանն է, ուր խաղողը կը կոխկռտուի, հիւթը կը քամուի, մեծ պղինձին մէջ կը զտուի, ապա արցունքի պէս մաքուր հիւթը կը լեցուի կրակի մեծ լաղին մէջ, կ՚եռայ կ՚եռայ, եւ տասէն մէկը ռուպ կը դառնայ՝ տոշաբ։ Սա ամբողջ կառոյցը մասարա կը կոչուի՝ ճմլարանը, զտող պղինձին տեղը եւ մեծ լաղին կրակը։
Տարիներ առաջ իմ ձեռքով կառուցեր եմ այդ ամենը. քննադատներս շատ եղան, սա քարը այսպէս պէտք է դրուէր, գուռը աւելի խորունկ պէտք է ըլլար, այսուհանդերձ այստեղ դուռ-դրացի եւ բարեկամ մարդիկ մասարա կը սարքեն, նորեփ ռուպը կը փրփրացնեն եւ «փըրփօր փըրփօր» կանչելով հեռու-մօտիկ անցորդները փրփուր ուտելու կը հրաւիրեն։ Աւանդութիւնը կը շարունակուի։
Այս տարի մասարային մասնակից էին խաղողը ճմլող Նշանը ու կրակին հսկող Աբոն։ Նշանը ծանօթ է նաեւ Աշուղ անունով, որովհետեւ երգը կը սիրէ, երգել կը սիրէ։ Նշանը խաղող կը կոխկռտէ ու, ի զարմանս ինձ, երկտող խաղիկներ կը հիւսէ մասարայի մասին՝ «հալա եար, հալա եար նիննէօ եէր» կրկներգը կատարելով։
Երգը մասարային նուիրուած աշխատանքային երգ մը կը դառնայ փաստօրէն։
Ես կը հրճուիմ, որովհետեւ կը տեսնեմ, որ բարբառով խաղ ու շար ստեղծելու ժողովրդական արուեստը չէ հանգած Քեսապի մէջ։
Ծառէն կը քաղին ըզնօռը, Ծառէն կը քաղեն նուռը,
Պըր ուտինք ըզփըրփէօրը։ Պիտի ուտենք փրփուրը։
Կամնիցա զարտէս գարան, Կամնեցի արտիս գարին,
Հայ քըփըրթու մասարան։ Սաստիկ կ՚եռայ մասարան։
Փիճէն հէնին ըզթումը, Փիճիէն կը հանեն թումը՝ կեղեւը,
Ըսկը հէմու իկիք հումը։ Ահա հիմա եկաւ համը։
Չութչէն կը շալկի զուրուօգը, Մշակը կը շալկէ ուրագը,
Իպրահիմ վառի ըզ կըրուօքը։ Աբրահամը կը վառէ կրակը։
Ծառիէն քաղին ըզսէնծը, Ծառէն կը քաղեն սինձը,
Չըլիվուօծ ի պուղէնծը։ Դեռ չէ լեցուած պղինձը։
Հիմից, չիկիք քուօյն մարը, Ուշացաւ, չեկաւ քու մայրը,
Պուղէնծը հաննու ճամարը։ Պղինձին մէջ կ՚ըլլայ ճամարը՝ հիւթին զտումը։
Ջէօրը կը լըվա կէօփը, Ջուրը կը լեցուի գուբը,
Թասվիրճէն ի Յակոբը։ Նկարիչն է Յակոբը։

ԵՐԲ ՇՈՒՆԸ՝ ՊՈՉԻՆ, ԻՍԿ ՄԱՐԴԸ ՇՈՒՔԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԿՌՈՒԻՆ

Շունը կը հաջէ ու կը հաջէ:
— Հերիք է այլեւս, Մա՛քս, — կ՚ըսեմ, — գլուխս տարիր:
«Քեզի ինչ» ըսելու պէս մէյ մը կը նայի ինծի ու կրկին կը հաջէ ու կը հաջէ պոչին վրայ, գլուխը աջ կը դարձնէ, ձախ կը դարձնէ, կը դառնայ ինք իր շուրջ, բայց պոչը չի կրնար կլափել. ասդին կ՚երթայ, անդին կ՚երթայ, պոչը միշտ անհաս կը մնայ: Ուրկէ ուր՝ ճանճ մը կը տզզայ, պոչը մոռցած՝ ցատկռտելով ճանճը որսալ կը փորձէ: Կը յուսահատի, կը պառկի փորին վրայ, գլուխը կը դնէ առջեւի երկու ոտքերուն վրայ ու նայուածքը կը սեւեռէ վրաս:
— Խաղա՞լ կ՚ուզես, — կը հարցնեմ. կը մօտենամ, կը ցատկէ, ետեւի ոտքերուն վրայ կը կենայ, ապա նորէն կը դառնայ ինք իր շուրջ, կը հանդիպի պոչին ու նորէն…
Պոչ ըլլաս՝ հարցնես. «Ծօ, ի՛նչ կ՚ուզես ինձմէ, ի՞նչ վատութիւն տեսած ես ինձմէ, ամօթոյքդ կը ծածկեմ, ախոյեաններուդ դիմաց երբեմն կը տնկուիմ սպառնալից, թէ՝ հա՜, սահմանիս մօտեցող չըլլայ… Դուն կրնա՞ս պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի արժէիր առանց պոչիդ…»։
Մարդ կայ՝ Մաքսին պէս կ՚ընէ։ Մաքսը պոչին հետ կը կռուի, իսկ մարդ կայ՝ իր շուքին հետ կը կռուի։

ՅԻՍՈՒՆԸ ՇԱՏՈՆՑ ԵՏԵՒ ՀՐԵՑԻՆՔ…

Ձեռնափայտը բռնած կողմին վրայ օրօրուելէն կու գար կ՚իջնէր Հաննա աղան, կը մտնէր մեր բակը ու կը նստէր քարէ ցածկեկ բազրիքին վրայ: Աղան հեգնական պիտակում մըն էր միայն, բարի գիւղացի մը, որմէ սակայն հայրս չէր ախորժեր, որովհետեւ հերթական անգամ նոյն յանգերգը պէտք է լսէր անկէ.
— Տես, Աբրամ աղբար, Քեսապը յիսուն տարուան կեանք ունի. հայու հունտը այստեղ պիտի սպառի:
Մեր դրացի Զոհրապն ալ կ՚անցնէր մեր բակէն, ականջին հասած կ՚ըլլար Հաննային բանդագուշանքը, ու թեթեւ մը կը քսմռտար: Կը քսմռտար, այսինքն՝ կը քմծիծաղէր, թէեւ ինք աւելի ծանր կը տանէր այդ հաւանականութիւնը: Եարալեան մեծ գերդաստանէն մնացած միակ տան մէկ հատիկ մանչն էր ու դեռ՝ ամուրի: Իրմէ ետք՝ վերջ. Եարալեան տոհմն ալ պիտի անհետէր, ինչպէս շատ տոհմեր այս գիւղին մէջ: Քեսապցի կիներ շատ գէշ անէծք մը ունին. «Հունտերնին անցնի»։ Շատեր չկան արդէն, բայց անոնց անունը կը պահեն մնացողները՝ Խաշապենց աղբուրիկը, Լրջենց կալը, Քորքենց սարփը, Խտըրինց խանտակը, Մսըրցենց դուօյրը՝ հարթավայր, Չիւրկենց թարլինէն՝ արտերը, Գապաղինց բլուրը, Աֆարենց պատտակը… Այս ենց-երը սոսկ տեղանուններ են արդէն:
Երեւի Զոհրապն ալ կը մտածէր, որ յետոյ իրենց տոհմանունէն կը մնայ միայն Եարալենց աղբիւրը, թէեւ այդ ալ գնաց, գետնասահքը սրբեց տարաւ հին թաղն ու աղբիւրը:
Ու Զոհրապ ամուսնացաւ եւ ունեցաւ մէկ աղջիկ եւ երեք մանչ:
Հիմա ինք եւս կը հանգչի մեր հողուըրտիքին մէջ, իր ծնողաց կողքին, բայց իր կառուցած տան մէջ ուրախութիւն է: Հարսանիք է, հարսանիք: Վարդան տղուն հարսանիքը:
Տարօսը Սերովբին ու Եսուկին եւս:
Հաննա աղան ալ չկայ, յիսունը շատոնց ետեւ հրեցինք, իսկ կեանքը կը շարունակուի Քեսապի մէջ:

ԼԵՌԸ ՓԼԻ` ՄԵՐ ԳԷՈՐԳԸ ԱՐԹՆՆԱՅ

Սուլեան թաղէն մինչեւ ծովամերձ խարակները ամեհի քարավէժներ կան եւ ուղղաձիգ սարփեր: Յատկապէս ծովացիները՝ ծովու թաղի բնակիչները, յաճախ, բայց մանաւանդ ձմռան, լեռնային ահաւոր փլուզումներու վկայ կ՚ըլլան: Տունակի բարձրադիր մէկ տեղէն հսկայ ժայռաբեկոր մը կը փրթի եւ ահաւոր դղրդիւնով կը գլորի դէպի ձոր՝ իր հետ տեղաշարժելով այլ ժայռեր եւ ծառեր եւս:
Գիւղին մէջ մարդիկը արթնցնող կիները կ՚ըսեն.
— Ա՛լ արթնցիր, մա՛րդ, լեռը պիտի փլի՞, որ դուն արթննաս:
Ատենին, երբ հեռատեսիլ չկար, ձմռան երկար գիշերները կարճելու համար ամուսիններ կ՚երթային թաղեցիներէն մէկուն այցելութեան: Կիները կը նստէին տիւանին ու գոգին մէջ կը բանային ձեռագործը, իսկ մարդիկ կ՚ընկողմանէին կրակին կից, իրարու ղիմաց: Տանտիրուհին սնտաղբէկին (ծեղէ աման) մէջ կը դնէր ափ մը աղանձ՝ գաւուրմա, այսինքն խարկած ցորեն, սիսեռ եւ բեւեկ, քանի մը ընկոյզ, քանի մը ծալք պաստեղ, դէսէն-դէնէն կը լագըրթէին, այսինքն զրոյց կ՚ընէին, ու տեսնես, գլուխները կը ծանրանային, կոպերը կը կապուէին իրարու, հիւր թէ տանտէր կը գուժարկէին, ըսել է՝ քունի կը տարուէին, ու խռկոցը կը շնչէր սենեակին մէջ։
— Ել, մարդ, — կ՚ըսէ կինը Գէորգը մխթելով, — արթնցիր, տնեցիները անցան անկողին, ել, լամբարը մարէ ալ՝ երթանք մեր տունը:
— Ես լամբարը կը մարեմ կու գամ, — կ’ըսէ մարդը ու ետ կը մտնէ քունի:
Կինը կ՚առնէ իր թելն ու դերձանը ու խանձող մըն ալ կրակէն վերցնելով կը մեկնի տուն:
Ճամբան՝ յանկարծ լեռը կը փլի: Տունակի բարձրադիր մէկ տեղէն հսկայ ժայռաբեկոր մը կը փրթի եւ ահաւոր դղրդիւնով կը գլորի դէպի թաղ։
— Յիսուս Քրիստոս, — կը մրմնջէ կինը։
Ահագին դղրդոցէն ու քարավէժի խշշոցէն Գէորգ կ՚արթննայ ու կը հասնի կնկան։
— Հը մարդ, լեռը պէտք է փլէ՞ր, որ դուն արթննայիր, — կ՚ըսէ կինը՝ սրտնեղած։
Ատկէ ետք Գէորգին մասին հարցնողին կինը կը պատասխանէ եղեր.
— Լեռը փլի՝ մեր Գէորգը արթննայ:

ՓՇԱԿԱՂՆԻՆ

Երէկ այցելեցի այս ծառը, Քէօրքիւնէ գիւղ, գերեզմանատուն:
Քէօրքիւնէն շրջանին հնագոյն գիւղերէն մէկն է: Այդպէս մտածել կու տան գիւղացիներու հին զրոյցները եւ հայոց հետ կապուած գիւղի սրբատեղին: Անտիոքի խաչակիր Ռենալտ դուքսին կողմէ պատրաստուած պարգեւագրի մը մէջ, Անտիոքի հարաւը յիշուած այլ գիւղերու շարքին կը հանդիպինք նաեւ Corcona գիւղի մը: Անունը կը համընկնի նաեւ Քէօրքիւնէի բարբառային ձեւին` Քուրքունու:
Այստեղ եղեր է Ս. Ստեփանոս անուն փոքրիկ եկեղեցի, այժմու գերեզմանատան տարածքին մէջ: Քեսապցիք խոնարհած եկեղեցիներու վայրը կը կոչեն կիղիցիկ: Բոլոր կիղիցիկներուն մէջ դուք կը տեսնէք փշակաղնի ծառը: Կիղիցիկներուն մէջ երեւցող փշակաղնին անձեռնմխելի է ու կը պաշտպանուի տարածքին մէջ ապրող ոգեղէն սուրբի մը՝ Կիղիցիկ պապուկին կողմէ: Ոչ ոք այս ծառը հատել կը մտածէ, ոչ ոք անկէ ցախ կը կտրէ անասուններուն կամ թոնիրի համար: Մեղք ունի, պաշտելի է: Ի դէպ, սրբավայրերու մէջ երեւցող փշակաղնին անձեռնմխելի է ոչ միայն հայոց կողմէ. ալեւիներն ալ իրենց սրբավայրերուն մէջ կը պահեն ու կը պահպանեն այդ ծառը։
Գիւղի տարեցներէն Սիրվարդ Աբէլեանը, ծնեալ Չէլէպեան, կը պատմէր (1980-ին), թէ իր մեծ հօր հայրը՝ Ստեփանոս անուն, եղած է մատռան վերջին եկեղեցականին՝ Տէր Ստեփանոսի մտերիմ բարեկամը։ Իբր Տէր Ստեփանոս կը ցաւի եղեր իր խեղճացած հօտին ու անշքացած եկեղեցւոյ համար։ Ան խնդրած է գիւղացի Ստեփանոսէն, թէ «երբ մեռնիմ, զիս եկեղեցւոյ դուռը թաղեցէք»։ Սուրբ մարդ նկատուած է Տէր Ստեփանոսը։ Ծերունի հոգեւորականը կ’անյայտանայ: Գիւղացիք ի զուր կը փնտռեն զինք երկար ժամանակ: Տէր Ստեփանոսէն ետք մատուռը ուրիշ եկեղեցական չ՚ունենար։ Կը լքուի, բայց իր սրբութիւնը չի կորսնցներ, ուխտատեղի կը դառնայ։ Շէնքը կը փլի։ Գիւղը մեծամասնութեամբ աւետարանական կը դառնայ. աւետարանական եկեղեցին կը կառուցուի 1899-ին։
Ժողովուրդին մէջ հաւատք կայ, թէ Ստեփանոս քահանան ոգեղինացած դեռ կ՚ապրի այդ սուրբ վայրին մէջ, ուր ոմանց կը յայտնուի քունի ընթացքին, կը ճանչցուի Կիղիցիկ Պապուկ անունով։
Անասուններու համաճարակէ ու այլ հիւանդութիւններէ վախցած գիւղացիք իրենց այծերու հօտերը կը քշէին ուխտատեղի։ Խորանին պատուանդանին վրայ ցատկող առաջին կենդանին մատաղցու կ՚ընտրէին ու տեղւոյն վրայ կը զենէին։ Ասիկա հօտը հիւանդութիւններէ կը փրկէր։
Սրբավայրի զօրութեան հաւատացած են նաեւ ալեւիներն ու թուրքմէնները։ Անոնք նախապէս գիւղին կու տային Զիարաթ Քէօյ (սրբավայրի գիւղ) անունը։
Խորանին կից գտնուող փշոտ կաղնին այժմ վիթխարի ծառ է, պատատուկը փաթթուեր է ցօղունին։ Աճման ընթացքին խորանի պատը հետզհետէ մնացած է ցօղունին մէջ։ Անոր մէջ կիսովին թաղուած քանի մը քարեր տակաւին կ՚երեւին։ Մէկուն տակ գոյացած խոռոչին մէջ ուխտաւորներ մետաղադրամներ կը դնեն, իսկ ծառին տակ ուխտի աքլորներ կը մորթեն։
15 սեպտեմբեր 2025

ՍԱՐՓԵՐԸ

Սարփերը… Ասոնք ուղղաձիգ կտրուածքով լեռնալանջեր են ու շատ կը հանդիպին Գարատուրան գիւղի հարաւային լեռնաշղթային վրայ, Տափասայէն սկսեալ մինչեւ Տաուլա, մասնաւորաբար Տունակի լանջին, մինչեւ ծով հասնող հատուածը:
Հոս, լեռան լանջն ի վար, մինչեւ Սուլեան թաղի մօտիկ հոսող քարավէժի գլխուն Սպիտակ սարփն է, ուղտի սատապի նմանող Գլղըր գագաթէն քիչ վար: Քիչ հարաւ Զոյգ սարփիկներն են: Առաւօտեան, երբ արեւը հոսելով հասնէր այնտեղ, մեծերը կ՚ըսէին փոքրերուն.
— Արեւը Զոյգ սարփիկներուն հասաւ, դե՞ռ քնացած էք:
Կածանը նեղ ու ոլորապտոյտ ընթացքով կը բարձրանայ կ՚ելլէ Սուլեան թաղէն ու Կարմիր Սարփի պռունկը քերելով կ՚անցնի դէպի լեռան թիկունքին գտնուող Կաղնուտը, ուր կը գտնուէին թաղեցիներուն կալուածները: Կաղնուտէն Միջերկրականը ոտքերուդ տակ է: 1915-ի գարնան, գիւղացի մը պարտէզին խեշերանքները հաւաքելով կրակի կու տայ: Օսմանցի ժանտարմաները կը գտնեն մարդը, կը ձերբակալեն ու կը տանին բանտ՝ ամբաստանելով որ ան այդ կրակով ազդանշան կ՚ուղարկէ ծովուն բացերը պտտող Դաշնակից պետութիւններու յածանաւերուն: Մարդը տարագրութիւն չի տեսներ, բանտին մէջ ալ կը գտնէ իր վախճանը:
1909-ին, երբ Քեսապ ներխուժած ամբոխը կը մօտենայ Գարատուրանի վերի թաղերուն, մարդիկ դիմադրութիւն կը կազմակերպեն, իսկ Տէր Պետրոս խումբ մը կիներ ու մանուկներ կը հասցնէ Կարմիր սարփին տակ: Խուժանը հասած կ՚ըլլայ Սուլեան թաղը ու կրակի կու տայ տուները: Աղէտէն ետք Մովսէս Անտրեանը կը վերանորոգէ տունը ու բարաւորին վրայ կը փորագրէ հայատառ թրքերէնով. «1909 ապրիլ 10տէ եանղըն վէ թալանտ» (1909 Ապրիլի 10-ին հրդեհ եւ կողոպուտ)։ Աւերակ տակ մէջ ես գտայ այդ փայտը ու Յակոբէն խնդրեցի, որ տէր ելլէ գրաւոր պատմութեան: Յաջորդ տարին փայտը տեղը չէր: «Երեւի տղաքը այրեր են» ըսաւ: Մաղթեմ, որ ստած ըլլայ։
Հա, Կարմիր սարփին տակ հասած փախստականներուն ընկերացող շուն մը կը հաջէ: Հաջոցը կրնայ մատնել փախստականներու թաքստոցը։ Տէր Պետրոս դանակը հանելով տեղւոյն վրայ կը մորթէ շունը ու կը նետէ վար: Մանուկներ կը ճչան, կու լան:
— Տեսէք, մանուկներ, — կ՚ըսէ Տէր Պետրոս՝ արիւնոտ դանակը ցոյց տալով, — եթէ չլռէք՝ ձեզ եւս կը հասցնեմ հաջող շան օրին:
Կարգ մը սարփեր դէպի առջեւ երկարած թեքութիւն ունին, ու անոնց տակ անձրեւ չի դպիր: Յայտնի էր Ուշնօգի սարփը: Աւելի մեծ է Քորքենց սարփը Կիւնիկ լեռան լանջին: Անձրեւոտ օրերուն այծերու հօտերը հոն կը մակաղէին։ Սարփին տակ քարայր մըն ալ կար, ուր դրուած կ՚ըլլային հովիւի անկողինն ու այլ իրեր։ Շուն մը չէր հեռանար քարայրի դռնէն: Քորքենց սարփը մեր սեփակաբութիւնն էր, մեր մեծ, մեծ հայրերէն Սարգիսը եղած է կոյր եւ գիւղին քեհիան, կոչուած է Քոր քեհիա, որ սերունդներուն անցեր է Քորքենք ձեւով: Մեծ քեհիային շինած տան հիմքերը տակաւին կ՚երեւին Քորքենց կալէն քիչ ասդին:
Հովիւներէն մէկը, այծերը արձակելէն ետք, կ՚աւլէր սափին տակը, իսկ հայրս վարձքի փոխան աղբը իբրեւ պարարտանիւթ իշաբեռով կը տանէր մեր ծխախոտի արտին մէջ կը փռէր: Գարատուրանի ամենէն ընտիր ծխախոտը մեր արտէն կ՚ելլէր:
Մայրերը հօտաղ տղոց կը զգուշացնէին, որ չմօտենան սարփերուն, անոնց գագաթէն քար չնետեն վարերը սառառնող արծիւներուն, անոնց մօտէն հոսող քարավէժներէն վար չսահին։ Որուն կ՚ըսես: Հօրաքորոջ Կարապետ որդին կ՚իյնայ սարփէն, կը թաղեն ու կը հայրենադարձուին Հայաստան: Եզեկէլը, իմ դպրոցակիցս, վարը սաւառնող արծիւներուն վրայ քար նետելու փորձին՝ ինք ալ կը գլորի Սպիտակ սարփէն։ Յաջորդ օր գտան դիակը: Մեր դպրոցակից Ճրճունը դպրոցէն արձակուելէն անմիջապէս ետք վազեց Տունակ լեռը արձակած ուլիկները տուն բերելու համար: Ճամբուն վրայ կը խաղայինք, երբ Սուլեան թաղէն վլվլուք մը փրթաւ: Ճրճունը սարփէն ինկեր է: Խեղճ մայրը կու լար, կ՚ողբար, կը կոծէր: Բերեր դրեր էին գետին: «Շունչ կայ վրան» կ՚ըսէին մեծերը: Այծ մը մորթեցին ու տաք մորթիով ծածկեցին մարմինը, պատռուածքներն ու կոտրուած տեղերը, ինչպէս վիրաբոյժները գաճով կը ծածկեն ոսկրային կոտրուածքները: Պատգարակ մը շինեցին ու շալկելով տարին Քեսապ, անկէ Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոց հասցնելու համար:
Այսօր հովիւներ չկան լեռներուն վրայ, սարփերը շրջանցող կածաններն ալ փակուեր են անտառներով:
Հիմա, վարէն, գիւղի ճամբայէն զբօսաշրջիկի պէս կը նայինք այդ ամեհի լեռներուն ու կ՚երազենք, որ օր մը ճոպանուղին (թելեֆերիկ) մեզ տանի Տունակն ի վեր ու հանգչի Գլղըրի գագաթին:

Երեւան
(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *