Քննադատութիւնը պատասխանատու արուեստ է

Բժ. Օհան Թապաքեան

Քննադատութիւնը պատասխանատու արուեստ մը ըլլալով հանդերձ, քննադատը պէտք է յենի փաստերու նպաստին, երբ պահանջ կայ արուեստի գործի մը առաւելութիւնները եւ կամ թերիները շօշափելի կերպով ներկայացուելու զանգուածներուն:
Կարճը ու խտացած ճշմարիտը պէտք է ըլլայ արուեստի քննադատի մը սկզբունքը: Քննադատութիւնը կը դառնայ ուրոյն արուեստ, երբ ան կը միտի լուսաւոր սեւեռումներով երեւան հանել գեղեցիկը եւ տպաւորիչը ստեղծագործութեան մը մէջ: Ան բիրտ ուրացումներու եւ կամ լորձնաշուրթն գովասանքներու արուեստ չէ: Հակառակ պարագային ան կը դառնայ խծբծանք կամ ողբալի ձախողանք: Արդարադատութիւնը խառնուածք մըն է, որ կը չափաւորուի միայն բարի դիտաւորութեամբ, բարի նպատակով, մտքի իրաւախոհութեամբ, կիրքէն հրաժարուելով ու զգացումներուն անձնատուր չըլլալով: Քննադատութիւնը ամեն նիւթի համար պէտք է կատարուի այդ նիւթին գերակշռօրէն հմուտ անձի մը կողմէ. հետեւաբար տգէտի մը քննադատութիւնը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ տեսակ մը սնաբանութիւն եւ տկարամտութիւն:
Հարկ է ընդգծել, որ ճշմարիտը երեւան կու գայ միայն լուրջ, խաղաղ եւ չափաւոր աշխատանքով մը, առանց ենթարկուելու համակրանքի, ատելութեան ու անոնց նման զգացումներու, հետեւաբար այլ տեսակ նկատումներու անձնատուր անձ մը չի կրնար հեղինակութիւն ունեցող քննադատ մը դառնալ:
Քննադատութիւնը իբրեւ արուեստ ունի բազմաթիւ մասնագիտական ստորաբաժանումներ. ոմանք մասնագիտացած են արձակ կամ քերթողական գրութիւններուն մէջ, ուրիշներ որդեգրած են թատրոնը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ կալուածներ:
— Գրական արձակ գործերուն մէջ նկատի կ’առնուին հետեւեալ մանրամասնութիւնները. – գրութիւնը ի՞նչ նպաստ կը բերէ գրական արուեստին, կրա՞ծ է ազդեցութիւններ այլ գրողներէ, գրութիւններուն մէջ կա՞ն ոճական գիւտեր, ո՞ր աստիճան յաջող են անոնք ու տպաւորիչ: Քերթողական գրութիւններուն մէջ նկատի կ’առնուին գաղափարները, երաժշտականութիւնը, ինչպէս նաեւ խորքը:
— Նկարչական գործերուն մէջ կարեւոր են երեւակայութիւնը, ինքնատպութիւնը, վրձինի ճկունութիւնը, ինչպէս նաեւ գոյներու ներդաշնակութիւնը:
— Երաժշտական ասպարէզին մէջ կարեւոր են մարզուած ձայնին որակը, հնչականութիւնը, երաժշտական զգացողութիւնը, բեմականութիւնը, արուեստագէտին մեկնաբանելու ձիրքը, ինչպէս նաեւ ձայնի ելեւէջներուն ընթացքին շնչառութեան յարմարագոյն պահերուն կատարուիլը, որպէսզի չտուժէ ու պահպանուի ձայնին որակը, անոր բնական ընթացքն ու հարազատութիւնը:
— Թատերական ասպարէզին մէջ կարեւոր կէտեր են յաջող բեմադրութիւնը, յաջող մենախօսութիւններն ու երկխօսութիւնները, եւայլն:
Ինչպէս կը տեսնենք, իւրաքանչիւր արուեստ ունի իրեն յատկանիշները, որոնք կ’արժանանան քննադատներու գնահատանքներուն:
Շատ մը տաղանդաւոր արուեստագէտներ իրենց ասպարէզին սկիզբը գեղարուեստական ելոյթէ մը ետք եւ կամ գիրքի մը հրատարակութենէն անմիջապէս ետք անձկութեամբ կը սպասեն մամուլին մէջ տեղ գտած ճանաչողութիւն ունեցող քննադատներու արձակած վճիռներուն, որովհետեւ դրական կարծիք մը մեծապէս պիտի բարձրացնէ իրենց վարկը իբրեւ առաջնակարգ արուեստագէտներ:
Քննադատութիւնը իբրեւ արուեստ գոյութիւն ունեցած է միջին դարէն ի վեր, երբ հիւմանիստական շարժումով ամեն կողմ լծուեցան դասական գրականութեան առաջաւոր դէմքերուն ստեղծագործութեանց թարգմանութեան:
19-րդ դարուն ապրած թատերական արուեստի ֆրանսացի մասնագէտ Jean Guignol, անդրադառնալով քննադատի դերին մասին, կ’ըսէ. «Քննադատը պէտք է նմանի ծովեզրի աւազներուն վրայ թափառող անձի մը, որ երբ տեսնէ մարգարիտի հատիկ մը, կը վերցնէ ու կը պահէ զայն, առանց հետաքրքրուելու շուրջի աւազով. արուեստի գործ մը եթէ ապրելու կոչուած տող մը անգամ պարունակէ, քննադատին պարտականութիւնն է զայն ցոյց տալ շեշտելով: Մօտաւորապէս նոյն կարծիքը կը յայտնէ 19-րդ դարուն ապրած գրականութեան քննադատ ֆրանսացի Gustave Lanson-ը:
Տեղին է նաեւ հաստատել, որ ներկայիս շատ մը արուեստագէտներ իրենք են իրենց գործերուն խիստ քննադատները, ինչ որ կարեւոր ազդակ է բարելաւման ու յառաջդիմութեան:
Վերջացնելու համար հարկ է նշել, որ արուեստներու քննադատութիւնը թուաբանական ճշգրտութեամբ գիտութիւն մը չէ: Հետեւաբար հակամէտ է նաեւ սայթաքումներու…: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ժամանակին հետ կը փոխուին նաեւ արուեստագէտներուն տեսակէտներն ու ճաշակները. այլ խօսքով քննադատութիւնը կը քալէ ժողովուրդի մը դրական ստեղծագործութեանց հետ զուգընթաց:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *