Պատիւս արժանաւորաց

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 6 օգոստոսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ կայացած է հայագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ «Հորիզոն գրական»-ի բազմամեայ աշխատակից Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած մեծարման ցերեկոյթ մը: Ձեռնարկին նպատակն էր ներկայացնել ու արժեւորել Յակոբ Չոլաքեանի անգնահատելի վաստակը` հայագիտական, մանկավարժական, բանահաւաքչութեան, գրական ասպարէզներուն մէջ, կարեւոր համարել անխոնջ աշխատանքն ու ժառանգութիւնը, որ մեծ հարստութիւն է սերունդներուն համար:

Այս առիթով, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեան Յակոբ Չոլաքեանին յանձնեց Համազգայինի պատուոյ շքանշանը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *