ԶԱՀՐԱՏԻ ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓԷՆ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Բանաստեղծ Զահրատի անձնական թողօնը մանրակրկիտ մշակումի ենթարկուեցաւ կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ։ Ո՛չ միայն անտիպ մնացած քերթուածները այս առթիւ լոյս աշխարհ եկան, այլեւ դասաւորուեցան հեղինակի առհասարակ բոլոր ձեռագրերը, անձնական իրերը, կատարած գծումները, լուսանկարները, նաեւ նամակները։
Տիկինը՝ թողօնի կարեւոր նկատած մասունքները պատկան հաստատութիւններուն ի պահ տալէ ետք, որոշ մաս մըն ալ յատկացուց այն անձերուն, որոնց համար Զահրատի անձն ու գործը յարգելի ու սիրելի էին։ Մեզի համար բարեբախտութիւն էր ըլլալ այդ ընտրեալներէն մէկը, որուն վիճակեցաւ ժառանգորդն ըլլալ տաղանդաշատ քերթողի մէկ քանի նամակներուն(1)։ Ահա ասոնք է որ այժմ կը յանձնեմ հրատարակութեան, պատշաճ ծանօթագրութիւններով, բերելով համեստ նպաստ մը Զահրատի 100-ամեակի նշումին։
Նամակները պատրաստելու ատեն ուղղագրական կամ քերականական որեւէ միջամտութիւն կատարած չենք, տրուած ըլլալով, որ նամակագիրները իրենք ալ յայտնի անուններ են, եւ հետաքրքրական է հետեւիլ անոնց ոչ-հրապարակային գրագրութեան։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Պոլիս-Երուսաղէմ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆԷ

Պ. Այրէս, 28 նոյեմբեր 1956

Սիրելի Զարեհ,
Աւելորդ է ըսել թէ մեծ ուրախութեամբ ստացայ “hem ziyaret hem ticaret”ի(2) բնոյթը կրող նամակդ, որուն — ինչո՞ւ սուտ խօսիմ — կ՚սպասէի վաղուց։ Պիտի ըսես թէ սովորութիւն է որ մեկնող մը կը գրէ առաջին անգամ(3), կը հաղորդէ հասցէն, բացատրութիւններ կու տայ տեղւոյն մասին, եւլն.։ Բայց մոռնալու չես որ խոշոր տաղտուկի մը մէջ եմ, եւ թէ իսկական պայքար մը մղել ստիպուած եմ, միմիայն «գոյութիւն» ապահովելու համար։ Տակաւին գրպանէ կ՚ուտեմ, եւ ընդունելու ես թէ ինծի համար աննախընթաց վիճակ մըն է։ Ամէնէն նեղ ժամանակիս հօրս տանը դռները բաց գտած էի միշտ։ Հիմա, հայրն ալ, մայրն ալ, որդին ալ ես եմ, ու ամէն բան ինձմէ կախեալ է։ Ինչ որ է, oyuna çıkan oynar(4). կեանքէս դժգոհ չեմ, բայց բացականերով լեցուն միջավայրի մը մէջ կ՚ապրիմ։ Ինծի կը թուի թէ բացականերու մասին պիտի անդրադառնամ մանաւանդ այն պահուն երբ գործերս քիչ թէ շատ բարելաւուին եւ օրուան կարիքներուս ետեւէն վազելու հեւիհեւ թափս կասի։ Մառաթօնի վազք է իմս. բաւական երկար եւ յոգնեցուցիչ։ Չըլլայ որ գէշ մաղթանքի մէջ գտնուիս ըսելով. վազքդ թափը չկորսնցնէ որպէսզի բացականերու անդրադարձումը նկատելով չտխրիս։ Վնաս չունի։ Ձեզ միշտ յիշել կ՚ուզեմ։ Ի՞նչպէս չուզեմ, երբ ամբողջ կեանք մը ապրեր ենք միասին, երբեմն եռոտանի, երբեմն չորոտանի կազմելով(5), ու խանդավառուելով արուեստի արտադրութեան մը դիմաց (մանաւանդ քուկիններուդ)։ Այստեղ, հին եւ նոր իսթանպուլցիներ հաւաքոյթ մը ունեցան։ Հոն՝ քեզմէ, Խրախունիէն, Անդանէն եւ Ս. Թեւեանէն(6) արդի բանաստեղծութեան նմոյշներ կարդացի։ Հասկցողներ եւ չհասկցողներ գտնուեցան միեւնոյն ատեն։ Ասիկա պատահական բան մըն էր եւ կարելի չէր վրան կենալ եւ գաղափարի փոխանակութիւն ունենալ։ Արդէն երեկոյթը պարանցիկ էր։ Հոս երիտասարդութիւնը իսթանպուլցիներէն աւելի մակերեսային է։ Ամէն տղայ աղջիկ մը ունի, կամ կը ճաշէ ու կը պարէ։ Երիտասարդութիւնը իր պարապոյ ժամերը ընդհանրապէս պարով կ՚անցնէ։ Հոս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզադաշտը կայ, ուր բաւական հետաքրքիր երիտասարդութիւն մը թէ մարմնակրթութեան կը հետեւի եւ թէ տարին մէկ քանի անգամ «Հայ կեդրոն» ըսուած սրահին կամ ուրիշ սրահներուն մէջ ներկայացումներ կու տան։ Ուրիշ խումբեր ալ կան, ուրիշ միութիւններ ալ կան, բայց Իսթանպուլի մեր միութիւններուն կատարեալ կազմակերպութենէն զուրկ են, ի բաց առեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ը որ կրնաս հետեւցնել թէ միմիայն մարզական եւ մշակութային ըլլալու նպատակը չի հետապնդեր։ Ներկայիս ամէն բանէ հեռու կ՚ապրիմ։ Նախ հացս ճարելու եմ։ Կնոջս եւ զաւկիս կեանքը եւ ապրուստը ինձմէ կախեալ է։ Առանձինն գրական ստեղծագործութեան մըն ալ մասին չեմ խորհիր ներկայիս, որովհետեւ խոշոր հարցական մը կը կազմէ այստեղ լեզուի հարցը, որուն համար աշխատիլ ստիպուած եմ գիշեր ցերեկ, եւ ինքզինքիս չեմ ներեր ուրիշ բանով զբաղիլ։
Զարեհ, այս նամակովս Ռօպէրին, Արթոյին(7) մասնաւոր բարեւներս հաղորդէ եւ խնդրէ բոլորին որ ներողամիտ գտնուին չգրելուս համար։ Ընդհակառակը, Ռօպէրին ռօման-նամակներէն մէկուն կ՚սպասեմ, Իսթանպուլէն կարօտս մասամբ առնելու համար։ Հիմա որ հոն ձմեռը սկսած է, հաւանաբար ինծի հաղորդելի շատ բաներ պիտի ունենայ։
Նամակս վերջացնելէ առաջ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ քեզի, Ռօպէրին եւ Արթոյին, որ ամէն առթիւ առանձին չձգեցին Սիլվան եւ մինչեւ մեկնումը ընկերներուս հոգածութիւնը վայելեց։ Բարեւներ բոլոր անոնց որոնք զիս կը ճանչնան.- կը հետաքրքրուին ինձմով։ Եթէ յարաբերութիւններդ լաւ են մի՛ մոռնար «Մարմարա» հանդիպիլ կամ հեռաձայնել եւ Սեդային եւ Պետրոսին(8) հաղորդել բարեւներս Պ. Այրէսէն։ Անոնց ալ մասնաւոր կերպով պիտի գրեմ, զիրենք չեմ մոռցած, բայց առայժմ բաւականանան քու նամակովդ։
Աւելի լաւ լուրերու յոյսով՝ այտերէդ կը համբուրեմ

Վարուժան Աճէմեան

ԴԵՒԷ

Թէհրան, մարտ 20, 1959

Շատ սիրելի գրչեղբայրս, Զահրատ,
Ազնիւ բարեկամ,
Բաւական երկար տեւեց իմ լռութիւնը։ Շատ կը ցանկանայի աւելի շուտ գրել ձեզ եւ ընհանրապէս բոլոր Պոլսի իմ բարեկամներիս, սակայն նախ՝ արտասահմանի իմ հին ու նոր բարեկամներս այնքա՜ն շատ են, եւ երկրորդ՝ ճամբորդութիւնիցս վերադառնալուց յետո, այնքա՜ն անհրաժեշտ մասնաւոր գործեր կան կարգադրելիք, որ չեմ հասնում եւ ժամանակս չի ներում։
Անշուշտ ներողամիտ կը գտնւէք ուշացումիս համար։ Հիմա արդէն հերթով գրում եմ իմ բոլոր գրչեղբայրներիս եւ ի հարկէ պէտք է գրեմ բոլորին անխտիր։ Բայց անկեղծ պէտք է խոստովանեմ, որ այս քանի ամիսների ընթացքում երբէք չեմ մոռացել ձեզ եւ յաճախ շատ յաճախ յիշել եմ ու մտաբերել ձեր այնքան ազնիւ բարեկամական վերաբերմունքը իմ հանդէպ եւ բանաստեղծական ձեր զգայուն սիրալիրութիւնը գրչի ընկերոջ հանդէպ։ Ասում եմ շատ յաճախ եմ յիշում ձեզ, քանի որ ինձ մօտ եւ ինձ հետ է ձեր տւած հրաժեշտի նւէրը, որը գործ եմ ածում սիրով եւ որի համար յայտնում եմ իմ սրտագին եւ ուշացած շնորհակալութիւնս։ Ես սիրելի ընկերներ Կոմիկեանին եւ Թանտրեանին(9) արդէն նամակ գրել եմ եւ խնդրել եմ բարեւներս ձեզ յիշեն։
Յոյս ունեմ լաւ էք եւ տրամադիր։ Ես էլ լաւ եմ զգում ինձ եւ գոհ եմ իմ ոտքերիս դարմանումից։ Զբաղմունքներս քիչ-քիչ մտնում են իրենց բնական հունի մէջ։ Պատրաստում եմ հրատարակութեան տալու բանաստեղծութիւններիս երկրորդ ժողովածուն(10)։ Ստացա «Սան»ի վերջին համարը, որը բաւական բովանդակալից էր։ Իմ բանաստեղծութեան զետեղման եւ գեղեցիկ դասաւորման համար շնորհակալ եմ մեծապէս(11)։ Խնդրում եմ առաջիկայում «Սան»ի կապակցութեամբ ի նկատի ունենաք իմ նոր հասցէն։
Ներփակ ուղարկում եմ Պոլսում միասին նկարւած լուսանկարներից երեք հատ, որոնք շատ լաւ չեն, սակայն գեղեցիկ յիշատակներ են մեր Պոլսում անցկացրած շատ կարճ, բայց շատ քաղցր եւ անմոռանալի օրերի(12)։ Այս նկարներից ի հարկէ կ՚ուղարկեմ նոյնպէս մեր միւս բարեկամներին էլ։ Խնդրում եմ բարի լինէք բարեւներս յիշելու բոլոր գրչի բարեկամներին, երբ հանդիպէք։
Անկեղծ զգացումներով եւ համակրանքով,

ԴԵՒ

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԷ

28 Յունիս 1961

Սիրելի Զահրատ,
Այս պահուս Պոլիս կը գտնուիմ եւ քանի մը ժամէն պիտի մեկնիմ դէպի Եւրոպա։ Մէկ երկու շաբաթէն կրկին պիտի վերադառնամ Պոլիս, ուր պիտի մնամ քանի մը օր։ Ծրագիրներուս մաս կը կազմէ Պոլսահայ գրական նոր դէմքերը ճանչնալու փափաքը։ Որով՝ կը փափաքիմ հանդիպիլ քեզի։ Այդ հանդիպումը դիւրացնելու համար կրնայի՞ք հեռաձայնի մը թիւը ձգել հոս(13)։ Այս լայնածաւալ քաղաքին մէջ զիրար գտնելու կարճագոյն ու լաւագոյն միջոցը այդ է կը խորհիմ։ Այդ ձեւով՝ վերադարձիս՝ անմիջապէս ու առանց միջնորդի կրնամ հաղորդակցութեան մէջ մտնել քեզի հետ եւ իրագործել ցանկալի հանդիպումը։
Սիրով

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

ՀՐԱՆԴ ԲԱԼՈՒԵԱՆԷ

Փարիզ, 29 Դեկտ. 1961

Սիրելիդ իմ Զահրատ,
Հաճոյքով եւ գոհունակութեամբ կարդացի քու 27 Դեկտ. թ. շնորհաւորական բացիկդ։ Նոր Տարւոյ սեմին կը փոխադարձեմ, բայց չուզեցի ձեւակերպականին մէջ մնալ ու ահա կարճ նամակ մըն ալ՝ ներկայացած պատեհութիւնը օգտագործելով։ Յուսամ իր օրին ստացար «Զուարթնոց»ի Ե. տարուան թիւ 9-10 եւս։ Լսած պէտք է ըլլաս տկարութեանս մասին. ինկայ մինչեւ հիւանդանոց։ Այժմ հետզհետէ կը վերագտնեմ ինքզինքս, բայց երկար ընթերցումներու եւ նախկինին նման չարաչար աշխատանքի չեմ դիմանար։
«Զուարթնոց»ի նոր թիւին պատրաստութեան կը սկսիմ շաբաթէ մը. մտադրութիւն ունիմ վերստին քեզմէ բանաստեղծութիւն մը արտատպելու, վերջին ամիսներէն քանի մը հատ կտրած պահած եմ, տեսնենք այլեւս. գուցէ «Կարեկցութիւն»ը առնեմ։ Զահրա՛տ, միշտ արտատպումը լաւ չէ թերթիս վարկին համար, եթէ կրնաս ինծի քանի մը հատ անտիպ բանաստեղծութիւն ղրկէ(14)։
Պարտականութիւն մը ունիմ քեզի հանդէպ. պէտք է արտայայտուիմ հատորիդ մասին(15), բայց չեմ հասնիր. երեկոյները պզտիկներս չեն ձգեր որ նոյնիսկ օրաթերթս կարդամ։ Իսկ ցերեկներն ալ գրախանութ-խմբագրատունս կատարեալ Պատրիարքարան մըն է. աշխարհի չորս կողմէն հայրենակիցներ մօտս կու գան։ Այս շաբթու Պոլսէն եւս հիւրեր ունեցայ. Տէր եւ Տիկին Աստ. Քեհեաեան(16) եւ Զոպեան(17), Շիշլի Մարմնամարզականի(18) վարիչներէն։ Այսքանը ըսի՝ վիճակս բացատրելու համար։ Չմոռնամ սա մէկն ալ թէ՝ շատախօսութիւնն ալ կը սիրեմ, ինչպէս սկսած է վերածուիլ… այս նամակս ալ։ Է՛հ կանգ առնեմ. ափսո՛ս, Պոլիս այցելելու հնարաւորութիւնը չունիմ. թէեւ ֆրանսահպատակ եմ, բայց չեմ կրնար։ Այլապէս պիտի ուզէի քեզի հետ Չիչէք պազարին(19) ետեւը երթալ «ճիյէռ թավաս»ի(20) մը ուտելու։ Կը տեսնես չէ՞, շատ համեստ եմ. քեզի չեմ պարտադրեր որ զիս սուղնոց տեղեր տանիս։
Կարծեմ կարճը սա է որ դուն անգամ մը Փարիզ ցատկես։ Եկո՛ւր, գեղեցիկ քաղաք է, ու մանաւանդ մեր սրտերուն մէջ տեղ ունիս։
Սիրով եւ եղբայրօրէն

Հ. ԲԱԼՈՒԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԷ

Պէյրութ, 20 Փետրուար 1967

Սիրելիդ իմ Զահրատ,
Ի՞նչ է, Գանատա գացիր ամէն ինչ մոռցա՞ր։ Ո՞ւր է «Ահեկան»ին ղրկելիք քերթուածդ(21)։ Կ՚ուզես որ խմբագիր-աշխատակի՞ց խաղանք միասին, թէ՞ ծուլութիւնդ բռներ է նորէն։ Մա՛րդ Աստուծոյ, գոնէ «Հանդիպումներ»ս(22) եւ «Ահեկան 67»ը ստանալդ իմացնէիր։
Անպայման Անայիսն(23) է որ շատ կը զբաղեցընէ կոր քեզ… տունի գործերով։ Արաքսիին եւ իմ համբոյրներն ու բարեւները հաղորդէ իրեն (համապատասխան մաքսը զեղչելէ ետք քու հաշուիդ) եւ իմ կողմէս խնդրէ որ ստիպէ՛ քեզ աշխատելու եւ մեզի նամակ գրելու։
Ես «Շանթ»ս(24) տպարան յանձնեցի։ Երկու-երեք շաբաթէն կը «ծնի»։ Ամեն բան լաւ ընթանայ՝ Արաքսին ալ ամառը պիտի ծնի, առանց չակերտի, այս անգամ։
Անայիսը, դուն, մեր բոլոր ծանօթները ինչպէ՞ս էք։ Մեր բարեւները բոլորիդ եւ … կատուներուդ(25)։
Մենք ալ լաւ ենք, ձեռքերնիդ կը համբուրենք։
Շատ սիրով՝

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆԷ

Սիրելի Զարեհ,
Ձեռքս անցած սակաւաթիւ օրինակներէն մէկն է ասիկա(26)։ Կը մաղթեմ ի սրտէ որ օր մը, շատ չանցած, հայրենի արեւին տակ լոյսին գան նաեւ քո՛ւ գործերդ։ Հատորին երկրորդ մասին մէջ երեւցող «Անկապ Օրագիր»ին — որ հատուած մըն է միայն — չեմ կարծեր որ հանդիպած ըլլաս ասկէ առաջ։
Կը յուսամ հաճելի անցաւ ձեր շրջապտոյտը։ Պոլսոյ մեր հանդիպումներէն կը պահեմ հաճելի եւ քաղցր յիշատակներ(27)։
Բարեւներ Անայիսին։
Սիրով՝

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ
18.2.68
Լիզպոն

ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆԷ

Սիրելի Զահրատ,
Բարով-խերով հայրենիք վերադարձանք եւ անցանք մեր առօրեային։ Օրերի հեռավորությունից մեր պոլսական հանդիպումը հիմա էլ ավելի վառ է թվում ինձ, որովհետեւ ժամանակ ունեցա մարսելու տպավորություններս եւ ավելի լավ ըմբռնելու, թե ինչ է նշանակում Դուրյանի գերեզման եւ դեռ շատ ու շատ բաներ։ Մի խոսքով, անմոռանալի երկու օր անցկացրինք, որի համար չափազանց շնորհակալ եմ քեզ։
Երեւան գալուց 4-5 օր անց մեկնեցինք Մոսկվա, գրողների համամիութենական համագումարին մասնակցելու համար(28)։ Այնպես որ, սա փաստորեն իմ առաջին օրն է Երեւանում՝ մեկամսյա ճամփորդությունից հետո։ Եվ անմիջապես նստում եմ այս երկտողս քեզ գրելու։
Կրկին շնորհակալություններ քեզ եւ տիկնոջդ՝ հունիսյան 2 հրաշալի եւ լեփ-լեցուն օր մեզ պարգեւելու համար։
Բարեւներով՝
ՊԵՐՃ ԶԵՅԹՈՒՆՑՅԱՆ
Ե.Գ. Ալիկի(29) հետ խոսեցինք հեռախոսով, եւ նա խնդրեց ինձ հետաքրքրվել քո գրքի հարցով։ Զանգեցի եւ պարզվեց, որ գործերը լավ են։ Այս տարի տպարան պիտի իջնի(30)։

Պ. Զ.
28.6.76

[ետեւի էջին]

Սիրելի Զահրատ,
Ինչպես կտեսնես, նախորդ էջի վրա հունիս ամսվա թվական կա։ Նամակս ուղարկեցի եւ ետ եկավ, հասցեն սխալ էի գրել։ Ալիկը այսօր ճիշտ հասցեն գրեց, ու նորից ուղարկում եմ քեզ։ Համարիր, որ հունիսին ես ստացել։
Մնձուրուն հայտնիր, որ հոկտեմբեր ամսին իր ծննդյան 90-ամյակը պիտի նշենք Գրողների միությունում(31)։ Քանի մը տարի հետո՝ Զահրատի 60-ը։ Իշալլահ։

Պ. Զ.
7.9.76

ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԷ

Ապրիլ 20, 1985

Շատ սիրելի Զարեհ,
Պիտի փափաքէի որ դուն եւ զգայուն Անայիսդ մօտս ըլլայիք անցեալ մարտ 3-ին(32), որպէսզի բոլորս իրարու հետ բաժնէինք այդ երեկոն որ նուիրուած էր գրական գործունէութեանս։
Բնական է որ ես լոկ պատրուակ մըն էի։ Իսկական սնունդը որ պատարագուեցաւ… բանաստեղծութիւնն էր։
Բարեւագիրդ մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի։ Անկեղծ եւ ջերմ տողերդ իսկապէս որ յուզեցին ինծի այնպիսի ժամանակի մը որ արդէն գերզգայնութեան մարմնացումը դարձած էի։ I REALY APPRETIATE!
Հոգեկան եւ մշակութային յաղթանակ մըն էր տեսնել Ամերիկեան այս անապատին մէջ 1.100 հոգինոց ովասիս մը, ուր քիչ մը սէր, քիչ մը հոգեկան սնունդ եւ հայրենիք LEVITATION-ի ուժ ունեցան, վերացնելով հանդիսատեսին։
Կարծես թէ սփիւռքահայը սկսած է անդրադառնալ թէ բանաստեղծութիւնը այլեւս մեռեալ գրական ճիւղ մը չէ, այլ ուժ է ու կանչ, քնքուշութեան եւ ճշմարտութեան ճամբով՝ ցնցող է եւ առինքնող։ Զգացի որ կեանքս վատնուած չեղաւ եւ այս ժողովուրդը դեռ կը լսէ Սայադ Նովայի «գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, տաֆթար սիրէ»ն։
Կը յուսամ որ կը հասկնաս նամակիս ուշացման պատճառը։ Հարիւրաւոր նամակներու եւ հեռագիրներու պատասխանելը հսկայ ժամանակ կ՚առնէ։
Ներփակ կը ղրկեմ ելոյթին յայտագիրը եւ տեղական թերթերու կտրօններ։
Քանի մը տարիներ տեւող համբոյր մը ձեր երկուքին,
Ջերմութեամբ ու կարօտով՝

ԱԼԻՍԻԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

ԶԱՐԵՀ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԷ

Փետր. 20, 86, Ֆրիմանթ

Սիրելի Զահրատ,
Այսօր ստացայ քարթդ. վերջերս քանի մը անգամ հասցէ փոխեցինք։ Ահա մնայուն հասցէս.- 42987 PASEO PADRE PKWY, FREMONT, CA 94539, USA. Հեռաձայնս.- 415-659 1237։ Ֆրիմոնթը Սան Ֆրանսիսքոյէն մէկ ժամ հարաւ՝ շատ սիրուն քաղաք մըն է՝ լեռնաշղթայի մը փէշերուն վրայ։ Տուն մը գնեցինք 5-6 ամիս առաջ։ Իսկ օդը փառաւոր է. երբ այս նամակը կը գրեմ՝ պատուհանէս կը տեսնեմ ծաղկած մեխակներն ու շուշանները, յասմիկներն ու ձուկի-բերաններ…։ Եւ ըսել՝ որ դեռ ձմեռ է…։ Պէտք է վաղո՛ւց եկած ըլլայինք այս կողմերը։
Կը հասկնամ՝ երբ կը խօսիս օրերուն «պարապի անցնելուն» մասին, թէեւ ես «լուծա՜ծ եմ» այդ խնդիրը. — անընդհատ կ՚աշխատիմ, ու կը ջանամ՝ միայն ուզա՛ծ բաներուս մասին խորհիլ…։
Թէեւ 6-7 ժամ (ինքնաշարժով) հեռու ենք Լոս Անճելըսէն՝ բաւական այցելու կ՚ունենանք ամէն կողմէ…։ Ամերիկեան կեանքին մէկ մասն է ճամբորդելը։ Անշուշտ մե՛նք ալ կը ճամբորդենք։ 2-3 շաբաթ առաջ Լոս Անճելըս գացինք՝ անցնելով Ֆրեզնոյէն։
Ինչպէ՞ս ես դուն։ Նոր գրութիւններ ունի՛ս անշուշտ։ Ես հիմա կը գրեմ երբե՜մն՝ որպէս հին վարժութեան մը երկարաձգումը…։ Կարդացո՜ղ չկայ, իսկ լրջօրէն կարդացող՝ բնա՛ւ չկայ…։ Հայ ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ այլեւս պէտք չունի գրականութեան…։ Դրամի՛ միայն պէտք ունի…։
Եթէ տեսնես Հատտէճեանն ու Խրախունին՝ փոխանցէ բարեւներս։
Ինչպէ՞ս է առողջութիւնդ։ 60-ը անցա՜նք…, մա՛րդ չլսէ…։
Յարգանքներ տիկինիդ։ Գոհարը շատ բարեւ ունի։
Սիրով՝

ԶԱՐԵՀ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԷ

24 Դեկտեմբեր, 1990

Սիրելի Զահրատ,
Ներփակը կը ղրկեմ քեզի որ ուշի ուշով կարդաս նախ, ապա անոր ձեւին ու խորքին կապակցութեամբ քու թելադրանքներդ գրես ինծի որպէսզի ես վերամշակեմ զայն։ Այս գրութենէն 10-էն 12 հատ ղրկած եմ Սփիւռքի ամէնէն տաղանդաւոր եւ արթուն մտաւորական-գրողներուն, իրենց ներկայացնելով այն խնդրանքը որ քեզի ալ ըրի։ Երբ ձեր բոլորին թելադրութիւնները — յաւելում, յապաւում, վերամշակում եւայլն — քովս են, պիտի վերամշակեմ ու ետ ձեզի ղրկեմ ձեր հաւանութեան ու ստորագրութեան համար։ Երբ ստանամ այդ արտօնութիւնը, պիտի փորձեմ Սփիւռքեան լուրջ պարբերականի մը մէջ հրատարակել զայն(33)։ Կը տեսնես որ նպատակս բարի ու մաքուր է սակայն առանց ձեզի չիրականանար։ Ժամանակի սահմանափակում չկայ սակայն պիտի խնդրէի որ կարելի եղածին չափ շուտ ընթացք տաս խնդրանքիս։
Յուսամ լաւն ես, այլապէս։ Տօնական օրերը եկած են նորէն եւ շուրջս մարդիկ անսովոր իրարանցումի մէջ են։ Կը մաղթեմ որ գալ տարի առիթ մը ըլլայ իրար տեսնելու… Կը մաղթեմ նաեւ որ գրիչդ մնայ թաց ու շարժուն, երեւակայութիւնդ անքուն, ջղապիրկ ու բարկութիւնդ անյագելի։ Ու սէրդ կանգուն եւ ազատ պայքարի ճակատներուն վրայ…։ Ողջոյններս փոխանցէ քու ազնիւ տիկնոջդ ալ։
Անկեղծ զգացումներով

Վ. ՕՇԱԿԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ԶԱՆԳՈՒԷ

Cachan, 10/04/03

Սիրելի Զահրատ,
Նախ՝ շնորհակալութիւն այս անակնկալ, 25/03/03 թուակիր՝ սրտամօտ երկտողիդ համար։
Յիսուն տարիներու հեռաւորութիւն մը մեզ բաժնեց իրարմէ(34)։ Քեզի ղրկած գիրքերուս ստացուած ըլլալն անգամ չիմացայ երբեք…
Ուրեմն՝ այս առաջին երկտողդ է, ան ալ «ԱՐԱՍ» հրատարակչականի լոյս ընծայած «ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԱՇԽԱՐՀ» գրքիս առթիւ(35), որպէս՝ անկեղծ շնորհաւորութիւն։
Վերջապէս՝ կեանքիս մայրամուտին, այս մէկն ալ տեսած եղայ։
Բարեբախտաբար՝ քեզի պէս քիչեր մնացին, հին օրերը յիշող եւ գնահատող։ «ՆՈՐ ՕՐ»եան շարժումը(36) աննախընթաց երեւոյթ մըն էր։ Այդ օրերու մտաւորական տղաքը զոհուեցան՝ յանուն Լոյսի եւ Արդարութեան…
Անուններ յիշելու պէտք չունիմ այստեղ։ Անկրկնելի դէմքեր էին անոնք, որոնք եկան հաւատք եւ յոյս ներշնչելու զանգուածներուն, բարոյականը եւ ոգին բարձրացնելու…(37)
Հերոսութեան հաւասար բան մըն էր անոնց ըրածը։ Այս պատմութիւնը գրուեր է, չէ գրուեր ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Ան կա՛յ ու պիտի մնա՛յ միշտ… Թող այդ մէկն ալ՝ վաղուան պատմաբանները գրի առնեն…
Ջերմ սիրով՝

Ս. Ք. ԶԱՆԳՈՒ

 

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1 Հարկ է նշել, որ Զահրատի նամակներէն մաս մը հրատարակուած է մեր խմբագրած «Եկեր եմ կ՚երթամ — որու ինչ» (Ստանպուլ, 2012, էջ 273-328) հատորին մէջ։ Հոն կան հայերէն եւ թրքերէն նամակներ ո՛չ միայն հասցէագրուած Զահրատին (Շահան Շահնուրէ, Վիկտոր Համբարձումեանէ, Ռոպէր Հատտէճեանէ, Հայկանուշ Մառքէ, Ալ. Թօփչեանէ, Արա Կիւլէրէ եւլն.), այլեւ Զահրատի կողմէ ուղարկուած քանի մը նամակ՝ իր հարազատներուն։
2 Թրքական ասոյթ մը, որ բառացի կը նշանակէ՝ «թէ՛ այցելութիւն, թէ՛ առեւտուր»։
3 Վարուժան Աճէմեան Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած յարձակումներու՝ 6-7 սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերուն պատճառով, յունիս 1956-ին ընտանեօք տեղափոխուած ու բնակութիւն հաստատած էր Պուէնոս Այրէս։
4 «Ան որ ելած է խաղալու՝ կը խաղայ» (թրք.)։
5 Նկատի ունի երեք կամ չորս գրողներով կազմուած գրական խմբակները։
6 Խօսքը կը վերաբերի Զարեհ Խրախունիի, Անդան Էօզէրի եւ Սեդա Թեւեան-Ճնտոյանի։
7 Իմա՛ Ռոպէր Հատտէճեան եւ Արթօ Ճիւմպիւշեան, որ Զարեհ Խրախունիի բուն անունն էր։
8 Կ՚ակնարկէ «Մարմարա» օրաթերթի արտօնատէրերուն՝ Սեդա եւ Պետրոս Զօպեան ամոլին։
9 Պոլսահայ գրողներ Վարդան Կոմիկեան եւ Սինան Թանտրեան։
10 Նկատի ունի «Այս երկար ճամփան» հատորը, զոր հրատարակած է Երեւան, 1963-ին։
11 Դեւի «Ֆիրուզէն» անտիպ քերթուածը Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» երկամսեայ գրական հանդէսին մէջ (վարիչ-խմբագիր՝ Զահրատ) հրատարակուած է դեկտեմբեր 1958-ին (Թ տարի, թիւ 4, էջ 4)։ Դեւի աշխատակցութիւնը «Սան»ի, ինչպէս առաջ, ասկէ ետք ալ շարունակուած է։
12 Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ (Մարգար Ղարաբէկեան, 1901-1976), Անգլիայէ Իրան վերադարձին, Եւրոպայի արուեստի կեդրոններու կարգին հոկտեմբեր 1958-ին կ՚այցելէ նաեւ Պոլիս, ուր ծանօթութիւններ կը հաստատէ, շփումներ կ՚ունենայ պոլսահայ գրողներու ու արուեստագէտներու հետ։
13 Սնապեան Պոլիս գտնուած օրերուն իջեւանած է Բերա, «Ալիպապա» անուն պանդոկի մը մէջ, որու նամակաթուղթի վրայ ալ գրած է իր տողերը։ Չենք կրցած ճշդել, թէ արդեօք յիշեալ թուականին կայացա՞ծ է Զահրատի կամ այլ գրողներու հետ հանդիպումը։
14 «Զուարթնոց»ի էջերուն Զահրատէ արտատպուած է «Մեսրոպաբոյր» (15 նոյեմբեր 1962) քերթուածը։
15 Բալուեան հաւանաբար կը փափաքէր արտայայտուիլ Զահրատի առաջին հատորին՝ «Մեծ քաղաքը»ի մասին, որ հրատարակուած էր 1960-ին, Պոլիս։
16 Աստղիկ Քէհեաեան, պոլսահայ ուսուցիչ, գրող, ապրած 1902-1993 թուականներուն. հրատարակած է քերթուածներ, արձակ գրութիւններ, ճամբորդական նոթեր ու թարգմանութիւններ։
17 Պետրոս Զօպեան (1923-2004), պոլսահայ ճարտարապետ, խմբագիր, արձակագիր, որ իր աներոջ՝ Սուրէն Շամլեանի մահէն ետք ստանձնած է «Մարմարա»ի վարչութիւնը։ 1967-ին գաղթած է Քանատա, ուր ալ կնքած է իր մահկանացուն, Թորոնթոյի մէջ։
18 Շիշլի մարզակումբը հիմնադրուած է Պոլիս, 1946-ին, Գրիգոր Միսաքեանի, Արա Ակինեանի, Բարսեղ Կեւրեկեանի ու Արշակ Ֆէրուխհանի ջանքերով։ Ակումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ օրս։
19 Ծաղկի շուկայ, որ կը գտնուի Էմինէօնիւ թաղը, պատմական Եգիպտական շուկայի հարեւանութեամբ։
20 Տապկած լեարդի ճաշ (թրք.)։
21 Զահրատի «Պարոն Այնշթայն (Զրոյց)» քերթուածը հրատարակուած է «Ահեկան-68»ի առաջին թիւին մէջ, էջ 47-48։ Ան աշխատակցած էր նախորդ թիւերուն եւս, ինչպէս՝ «Ահեկան-67»ի ամռան թիւին մէջ երեւցած «Ելեկտրոնիկ»ը (էջ 33), իսկ իր «Զրոյց» բանաստեղծութիւնը կը կարդանք «Ահեկան»ը կանխող «Նաւասարդ 66»ի էջերուն (էջ 28-29)։ Պիտի ուզէի նշել, որ «Ահեկան»ի ամբողջական հաւաքածոն Զահրատի մահէն ետք կնոջը՝ տիկին Անայիսի կողմէ յանձնուեցաւ անձնական գրադարանիս։
22 Հրատարակուած է 1966-ին, Պէյրութի մէջ, «Շիրակ» տպարանէն։
23 Զահրատի կինը՝ Անայիս Եալտըզճեան (օրիորդական մականունը՝ Անդրէասեան)։ Ծնեալ 1926-ին, ինք եւս պատմուածքներով ու թարգմանութիւններով աշխատակցած է «Մարմարա» օրաթերթին։ Զահրատի մահէն ետք ինքզինք նուիրած է դասակարգելու ամուսնոյն արխիւը՝ հրատարակութեան յանձնելով անտիպ երկերը։
24 Խօսքը կը վերաբերի «Ձիւներն ի վեր — Մենագրութիւն Լ. Շանթի մասին» ուսումնասիրութեան, որ հրատարակուած է 1967-ին Պէյրութ, Համազգայինի տպարանէն։
25 Զահրատ յայտնի կատուասէր մըն էր. ունի բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ՝ նուիրուած կատուներու, ինչպէս նաեւ արդիական ոճով կտաւի վրայ գծումներ, որոնք ամփոփուած են կողքի մը տակ ու 2017-ին հրատարակուած Պոլսոյ մէջ։
26 Ակնարկը կ՚երթայ 1967-ին Երեւան լոյս տեսած «Հայու բեկորներ» հատորին։
27 Վահրամ Մավեան, որպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան ներկայացուցիչ, յաճախ կ՚այցելէր Պոլիս, ուր հանդիպումներ կ՚ունենար նաեւ ստանպուլահայ գրողներու հետ։
28 ՍՍՀՄ Գրողներու Զ համագումարը կայացած էր 21-25 յունիս թուականներուն, Մոսկուայի մէջ։
29 Նկատի ունի Ալեքսանդր Թոփչեանը (1939-2021)։
30 Զահրատի «Մեծ քաղաքը» հաւաքածոն, որ մինչ այդ լոյս տեսած գործերէն ընտրանի մըն է, Երեւանի մէջ հրատարակուած է 1978-ին, «Սովետական գրող» հրատարակչատունէն։
31 Գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ «Գրական թերթ»ի 12 նոյեմբեր 1976-ի թիւ 47-ի մէջ լոյս կը տեսնէ ՀԳՄ վարչութեան շնորհաւորագիրը եւ Հրանդ Մատթէոսեանի ու Վահագն Դաւթեանի մէկ զրոյցը՝ «Հեռացող աշխարհի առաքեալը» խորագրով, Մնձուրիի 90-ամեակի առթիւ։ Իսկ նոյեմբերի 25-ին կը կայանայ յատուկ երեկոյթ մը, որու ընթացքին ելոյթներ կ՚ունենան Վահագն Դաւթեան, Գեղամ Սեւան, Հրանդ Մատթէոսեան, Յակոբ Յակոբեան, Խաչիկ Ամիրեան, կը բեմականացուին հեղինակի «Մեղրերը» եւ «Փշատենիի ծաղիկը» գործերը։
32 Բանաստեղծ Ալիսիա Կիրակոսեանի 35-ամեայ գրական գործունէութեան առթիւ հանդէսը տեղի ունեցած է Կլէնտէյլ քոլէճի մեծ հանդիսասրահին մէջ։
33 Զահրատին առաքուած օրինակը չենք տեսած դժբախտաբար։ Խիստ հաւանական է սակայն, որ Վահէ Օշական անոր ուղարկած ըլլայ 18 դեկտեմբեր 1990 թուակիր գրական այն հանգանակը, զոր ստացած էր նաեւ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան (վերջինս իրեն ղրկուածը «Գրական հռչակագիր» խորագրով հրատարակած է իր խմբագրած Վահէ Օշականի «Կայաններ» հատորին մէջ, Երեւան, 2017, էջ 5-16, որպէս ծանօթութիւն նշելով, թէ հանգանակը տպուած է «Հորիզոն»ի գրական յաւելուածին մէջ ալ)։
34 Սարգիս Քէչեան, գրական անունով՝ Ս. Ք. Զանգու, Պոլսէն Փարիզ գաղթած է 1952-ին։
35 Գիրքը լոյս տեսած է 2003-ին, Պոլիս։
36 «Նոր օր» գրական-հասարակական շաբաթաթերթը հիմնուած էր յուլիս 1945-ին, Աւետիս Ալիքսանեանի, Ա. Շաւարշի ու Սարգիս Քէչեանի կողմէ։ Իր հրապարակումներուն պատճառով հիմնադրութենէն մէկուկէս տարի անց՝ դեկտեմբեր 1946-ին փակուած է պետական որոշումով։
37 «Նոր օր»ի աշխատակցած են Զաւէն Պիպեռեան, Արամ Փէհլիւանեան, Վարդան եւ Ժաք Իհմալեան, Զահրատ եւ շրջանի քաղաքականապէս աշխոյժ ու ձախակողմեան գաղափարներով տոգորուած ստանպուլահայ մտաւորականները։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *