ՆԱԶԱՆ Ա.
«…Միշտ մրջիւնները խորհած եմ։ Դպրոցէն կը սկսին աւրել տղաքը։ Մրջիւնը իբրեւ տիպար օրինակ ցոյց կու տան։ Մարդը մրջիւնի վերածել կը ջանան։ Կը յաջողին ալ։ Բոլոր հակակրելի, տգեղ բաները մարդոց պաշտել տալու, հիացումի առարկայ դարձնելու մէջ վարպետ ենք իրաւ։ Ես կ՚ատեմ մրջիւնը։ Կեանքիս մէջ ես ո՛չ ուզեցի, ո[՛]չ ալ կրցայ մրջիւն ըլլալ։ Դատէ, կրէ, ամբարէ ձմեռը կեր, նորէն դատէ, կրէ, ամբարէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը՝ մեռիր։ Բուրգեր շինէ։ Քաղաքներ, շէնքեր, գործարաններ, մեքենաներ, ճարտարարուեստ, քաղաքակրթութիւն։ Այս բոլորին ծառայէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը մեռիր։ Որո՞ւ համար։ Ինչու համար։ Ինչո՞ւ համար։
Ո՞վ կը վայելէ։ Չորս հոգի։ Այսինքն ո՛չ ոք։ Գործը գործին համար։ Քաղաքակրթութիւնը քաղաքակրթութեան համար։ Բոլորս այս խաղին մէջն ենք։ Խաղին կանոնն ալ գրած ենք» — (Տրդատ հօրեղբօր արտայայտութիւններէն, էջ 129)։
«Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը իբրեւ թերթօն առաջին անգամ տպագրուած է «ժամանակ» օրաթերթին մէջ, 9 մարտէն 30 դեկտեմբեր 1970-ին։ Երկար մոռացութենէ եւ իր մահէ՛ն ետք, 1984-ին պոլսահայ գրասէր տիկիններու խմբակ մը գիրքը առանձին հատորով հրատարակած է։
Ներկայ հատորը լոյս տեսած է Արաս հրատարակչութեան կողմէ նախ 2007-ին, ապա 2021-ին, նոյնպէս Պոլիս (Իսթանպուլ). կողքի ձեւաւորումը՝ Արէտ Կըճըրի, կողքի լուսանկարը՝ Արա Կիւլէրի։ Հրատարակութեան պատրաստած եւ յառաջաբանը գրած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ Գրքին սկիզբը կայ հեղինակին ամփոփ կենսագրութիւնը, իսկ վերջաւորութեան՛ Պիպեռեանի մէկ նամակը Հրանդ Բալուեանին, վէպին վերլուծումը՝ կատարուած Մարկ Նշանեանի կողմէ եւ ծանօթագրութիւններու բաժին մը, որ կը ներառէ նաեւ օտար բառերու հայերէն թարգմանութիւնը։ Ընդհանուրը՝ 624 էջ։
Ո՞վ է գրքին հեղինակը՝ Զաւէն Պիպեռեան։ Ծնած է Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը 13 յունուար 1921-ին։ Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար կրթարան եւ Սեն Ժոզեֆ Վարժարանները, բարձրագոյն կրթութիւնն ալ ստացած Պոլսոյ Առեւտրային գիտութեանց ակադեմիայէն։
1941-ին, Քսան դասակարգի զինուորագրութեամբ, կը կոչուի բանակային ծառայութեան՝ որպէս շինարարական ջոկատի զինուոր։ Երեքուկէս տարուան ծառայութիւնէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս։ Կ՚աշխատակցի «Ժամանակ», «Նոր լուր» թերթերուն։ «Ժամանակ»-ի խմբագրութեան մաս կը կազմէ։ Քաղաքական հայեացքներուն պատճառաւ կ՚ենթարկուի ճնշումներու եւ կը հեռանայ թերթի խմբագրակազմէն։
1946-ին «Նոր լուր»-ի մէջ կը հրապարակէ յօդուած մը ընդդէմ հակահայ քայլերու, որուն հետեւանքով կը բանտարկուի։ Կ՚որոշէ ձգել Թուրքիան։ 1949-ին կը հաստատուի Պէյրութ ու մաս կը կազմէ «Զարթօնք»-ի եւ «Արարատ»-ի խմբագրական կազմերուն, միաժամանակ կ՚աշխատակցի Հալէպի ու Փարիզի հայ մամուլին։
Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը ընթերցեցի երկար ժամանակի մը վրայ։ Ըսեմ, որ այս գիրքի նիւթը ծանր է, երբեմն այնքան ծանր, որ կ՚ուզես գիրքը գոցել ու չկարդալ՝ քունդ չփախցնելու համար։ Սակայն Պիպեռեանի լեզուն, պատմելու տաղանդը, գրելու ոճը, տիպարներու հոգեբանական վիճակներուն հարազատ ներկայացումը, ընտանիքի մը անդամներուն լարուած խօսակցութիւնը, ոխակալութիւնը այնքան ազդեցիկ են, որ կը վերադառնաս, ձեռքդ կ՚առնես գիրքը եւ կը շարունակես ընթերցել։
Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» այս գլուխ գործոց վէպը, որ կը բաղկանայ չորս մասերէ («գիրքերէ»), կը սկսի Պարէտի՝ գլխաւոր հերոսին, բանակէն տուն վերադարձով։ ՎԷպի գլխաւոր դերակատարներն են մայրը՝ Արուս, հայրը՝ Տիրան, իրենց մանչ զաւակը՝ Պարէտ, աղջիկ զաւակը՝ Հիլտան , Հօրեղբայրները՝ Տրդատ եւ Սուրէն։
Ունեւորներու տուրքի («վարլըք»-ի) ահաւոր քաղաքական շրջանը հայ ընտանիքներու տնտեսական վիճակը քայքայած էր։ Երբեմնի բարգաւաճ ընտանիքները սնանկացած էին։ Անոնք, որոնք աչքըբացութեամբ կրցած էին խուսափիլ իրենց ունեցուածքը բացայայտելէ, որոշ չափով կրցած էին ապահովել իրենց կեանքը։
Պարէտի ընտանիքը, սակայն, գրեթե սնանկացած, հայրը կորսնցուցած, իր երբեմնի տնտեսական դիրքը, նաեւ կեանքը ապրելու կիրքը, ինքզինք նետած է մօտակայ սրճարանը եւ հոն կազմած ընկերական շրջանակ մը։ Կնոջ հոգեցնցումը ընտանեկան բոյնը վերածած է անհամ կռուադաշտի մը, որմէ ընտանիքի անդամները կը ջանան խոյս տալ։ Հիլտան գաղտնօրէն սկսած էր կար կարել, հօրմէն նոյնիսկ թաքուն, որովհետեւ ծանօթները «ի՞նչ պիտի մտածէին, իրենց աղջիկը կ՚աշխատցնեն կոր…» ։
Պարէտ, երեք տարուան թրքական բանակի ծառայութիւնը աւարտած, վերջապէս կը վերադառնայ տուն՝ գտնելու համար սնանկացած հօր մը խլխլած տան մը պատերը եւ նոյնքան խլխլած եւ ապականած մթնոլորտ մը, խելագարած մայր մը, տարիքը առած, «տունը մնացած» քոյր մը եւ տունէն խոյս տուող, անտարբեր դարձած հայր մը։
Այս վէպի առաջին գլուխէն կ՚անդրադառնանք, որ կը մտնենք թախիծով լեցուն եւ իրարու հանդէպ ոխակալ, թշնամական կեցուածքով ընտանիքի մը յարկէն ներս։ Մոռցած էին անցեալի փառքի իրենց ապրած լաւ օրերը եւ հիմա Տիրանի կեանքը վերածած էին դժոխքի, նկատի առնելով ձախողած եւ ամէն ինչ կորսնցուցած հօր մը անհոգութիւնը եւ հոգեկան տառապանքը։ Շատ բան փոխուած էր մի քանի տարուան ընթացքին, ընտանիքի անդամները մտած էին ծանր եւ տարբեր հոգեվիճակներու մէջ, դարձած էին ջղագրգիր, իրարու նկատմամբ անհանդուրժող։
Պարէտ, հեռանալու համար տան մթնոլորէն, կ՚այցելէ Տրդատ հօրեղբօրը, որ կեանքը յատուկ փիլիսոփայութեամբ մը կ՚ապրի, իր շունիկին՝ Լուլուի մտերմութեամբ, կղզիի մը վրայ։ Ծովը, նաւակը, ձկնորսութիւնը զինք ուրախ պահող առօրեայ զբաղմունքներն են։ Կը նախընտրէ «Էնթանս» (խիտ) ապրիլ, եւ ձեռբազատիլ աշխարհի ու մարդկութեան ստեղծած կաշկանդումներէն։ … «Էնթանս ապրիլը կարեւոր է։ Եթէ կրնաս մէկ օրուան մէջ ընել շատ մը բաներ, որոնցմէ ամէն մէկը տարբեր օր մը կրնայ լեցնել, ասիկա մէկ օրուան մէջ քանի մը օր ապրիլ է։ Կեանքը կրկնապատկել, քառապատկել, տասնապատկել է – էջ 137-138։ «Կեանքը դառնութիւններու շղթայ մը կը դառնայ օրին մէկը», երբ մանաւանդ ամէն ինչ կը կորսնցնես, նոյնիսկ զաւակ, ընկերուհի, սիրելիներ։ «Աղջիկ մը ունէի։ Միտքիս մէջ պզտիկութիւնը կայ։ Մէկ-մէկուկէս տարեկանը։ Տեսնալու էիր, ինչ լոխում բան էր։ Հիմա չեմ կրնար հաշուել, թէ որչափ կը սիրէի, անանկ կարօտցած եմ տարիներով։ Անիկա, մէկ տարեկանը» – (էջ 144)։
Պարէտի անգործութիւնը մտահոգութիւն սկսած էր պատճառել ընտանիքի անդամներուն, տանը մէջ կը ջանար նուազագոյնով ապրիլ, որպէսզի մօր բարկութեան յաւելեալ առիթ չտար։ Տրդատ հօրեղբայրը Պարէտին կ՚առաջարկէ «ապահովագրութեան շիրքէթը» իբրեւ հաշուապահ դիմել, որովհետեւ գործատիրոջ ինք ծանօթ էր։ Հաւանաբար քննութեան յաջողէր եւ ապրուստը ապահովէր, հոգ չէր թէ այդ գործը Պարէտին սրտին շատ չէր խօսեր։
Պարէտ ունի նաեւ Փարիզ ապրող փոքր հօրեղբայր մը՝ Սուրէնը, որուն հետ կապերը խզուած են։ Աներոջ դրամով հարստացած, աշխատամոլ եւ սնապարծ անձ մը։
Յետոյ կը սկսի Պարէտի կեանքէն նոր դրուագ մը։
Պարէտ, Մէօսիէօ Պալթաճիի մօտ գործի կը մտնէ, խանդավառ է, ակնկալիքներով լեցուն՝ նոր աշխատանքին եւ գործատիրոջ նկատամամբ։ Սակայն հոն ալ շուտով կը նկատէ պրկուած մթնոլորտ մը, անբաւարար վճարում եւ իրաւունքներու անտեսում։։
Անվերջանալի դրամի հարց,Պարէտ նոյնիսկ անձնական կարիքները չի կարողանար հոգալ, հայրը անհանգիստ կը զգայ, բժիշկ մը կանչելու միջոց չունին, նոր զգեստներ ունենալու նոյնիսկ դժուարութիւն կը ծագի։ Վիճաբանութիւններու հիմքը ընդհարապէս դրամի չգոյութիւնն է, Արուս կը յանդիմանէ Տիրանը, որովհետեւ դադրած էր աշխատելէ եւ դրամ վաստկելէ։
Պարէտ տունը կը լքէ, կը դառնայ գրեթէ թափառական, վերջիվերջոյ սենեակ մը կը վարձէ Լուլուին եւ մօր յարկաբաժնին մէջ։ Մաքրասէր եւ գուրգուրոտ այս միամիտ ու անուս աղջիկը կը յանձնուի Պարէտին ու անկէ յղի կը մնայ։ Պարէտ կը լքէ զինք, չուզելով հայր դառնալ։ Լուլու անձնասպան կ՚ըլլայ։
Պատումին աւարտին Պարէտ, յուսահատ եւ քիչ մըն ալ փախստական, կը վերադառնայ մօր եւ քրոջ վերջերս փոխադրուած «Սարայկիլներուն» խլխլած տան մէջ ապրելու, սակայն շատ արագ կ՚անդրադառնայ, որ երկուքն ալ «ջիղերու կոյտ» դարձած էին։ Մայրը ուշաթափ, խելակորոյս եւ օրսըտօրէ ցնդող վիճակի մէջ, իսկ քոյրը անհանդուրժող՛ «հրէշ» դարձած մօրը հանդէպ, իր սէրն ու գուրգուրանքը կապած էր դրացի փոքրիկ Պետօճիկին, որմէ կ՚առնէր զաւակ չունենալու իր յագեցումը, խոյս տալով «հիւանդ» մօր մը անհանդուրժելի ներկայութիւնը։
«Մրջիւններու վերաջալոյսը» կ՚աւարտի նոյնքան ողբերգական. ընտանիքի մայրը՝ Արուսը, կը մահանայ։ Վերջին օրերուն Հիլտային գութը կը շարժի մօրը հանդէպ, կը վազէ Գատըգիւղ մօրը սիրած բաները բերելու, իսկ Պարէտ կու գայ մօրը կեանքի վերջին վայրկեանները ապրելու։
Պարէտ կ՚երթայ կղզի՝ հանդիպելու Տրդատ հօրեղբօրը, սակայն երբ կը հասնի տան դուռը կղպուած կը գտնէ։ Դրացիները կ՚ըսեն, թէ մի քանի շաբաթ առաջ ան առանձնութեան մէջ մահացած է, եւ աղջիկը ժառանգած է հօր տունը՝ ըստ Տրդատի կտակին։ Տրդատ հօրեղբայրը դադրած էր մարդու հետ յարաբերելէ՝ «բուն առանձնութիւնը մարդոց միջեւ զգացածդ է ։ Ես այդ առանձնութիւնէն փախայ քիչ մըն ալ։ Միս-մինակ ապրելով փրկուեցայ այդ առանձնութիւնէն։ Բացարկապէս մինակ եղած ատենդ է, որ ինքնզինքիդ հետ գլուխ-գլխի կը մնաս, դուն քեզի ընկերակից կ՚ըլլաս ամէն տեսակէտով», ըսած էր ան խօսակցութեան մը ընթացքին։
Սակայն ոչ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական պայմանները, ոչ ալ պրկումներով ապրող ընտանիքի մը անդամները թոյլ տուին, որ գրքին հերոսը՝ Պարէտ, կարենար ազատագրուիլ տիրող դառն կացութիւններու օղակներէն, որպէսզի ապրէր «բնական եւ բարեբեր» անձնական կեանք մը։ Այդպիսի աւարտի մը յոյսով ընթերցեցի վէպը, սակայն աւա՜ղ։
Զաւէն Պիպեռեան գրողին պատմելու տաղանդը քիչ գրողներ ունին, ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղած խօսակցութիւններն ու անվերջ եղած վիճաբանութիւնները այնքան հարազատօրէն կը ներկայացնէ, որ պահ մը կը մոռնանք, որ մենք անձամբ հոն չենք։ Պիպեռեան ձեռնոց չի հագնիր, կը ձաղկէ կարծրատիպերը, «ըսի-ըսաւներ», բամբասանքներ կը դնէ մարդոց բերաններուն մէջ։ Մարդկային տկար երեւոյթները՝ խաբեբայութիւնները, արդար իրաւունքներէ զրկելը, անմարդկային նկարագիրներ բացայայտելը, ակնյայտ են Պիպեռեանի վէպին մէջ ։
Իսկ կ՚արժէ լեզուին գեղեցկութեան մասին եւս անդրադառնալ. լեզուն բիւրեղացած, ջինջ հայերէն է։ Ան նոյնիսկ, պատմուածքին մէջ որոշ օտար բառերու հայերէն թարգմանութիւնները գտած ու գործածած է կամ նոր բառեր ստեղծած Է։
Հակառակ այս ընտանիքին ապրած ողբերգական կեանքերուն ազդեցութեան ընթերցողին վրայ, մենք գլուխ գործոց մը կարդացած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՚ունենանք եւ մեր գրադարանի լաւագոյն գրական գործերու շարքին մէջ կ՚ուզենք դասել այս հատորն ալ։