Աւելորդաբանութիւն (Ե.)

Արմենակ Եղիայեան

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Բարդ նախադասութիւն

Նախապէս մեր տեսած բոլոր աւելորդաբանութիւնները կ’իյնային պարզ նախադասութեան ծիրէն ներս: Ստորեւ պիտի տեսնենք բարդ նախադասութեան կազմին յատուկ աւելորդաբանութեան բաւական ատարածուն տարբերակ մը:
Այսպիսիներուն տիպարն է հետեւեալը՝
— Ժամանակը հասած է մտածելու այն մասին, թէ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրես:
Մեր բերածը բարդ ստորադասական նախադասութիւն մըն է:
— Մէ՛կ գլխաւորով՝ ժամանակը հասած է մտածելու,
— Մէ՛կ ստորադասով՝ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրես,
— որոնք կապուած են թէ ստորադասական շաղկապով:
Այս երկուքին՝ գլխաւորին եւ ստորադասին միջեւ մակաբուծաբար մտած է այն մասին բառակապակցութիւնը, որ լեզուական բացարձակապէս ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ. ծանծաղ ու ճոռոմ մտածումի հետեւանք է, որ միայն կ’արժեզրկէ մեր խօսքը իր ապուշ աւելորդաբանութեամբ, եւ որուն սակայն կառչողներուն թիւը շատ մեծ է:
Ջնջենք զայն ու պիտի նկատենք, որ մեր խօսքը շատ աւելի պայծառ ու հատու պիտի դառնայ՝ առանց ոչինչ կորսնցնելու իր իմաստէն.
— Ժամանակը հասած է մտածելու, թէ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրես:
Ուրիշ մակաբոյծներ չեն պակսիր:
Ահաւասիկ՝
— Շատ տարօրինակ է այն, որ թշնամիին կրակոցը լռեց:
— Ամեն հրաւիրեալ հետը բերած էր շիշ մը խմիչք, բան մը, որ կը նեղացնէր տանտէրը:
— Այս ջանքերը ի գործ դրուած էին այն բանի համար, որպէսզի յանցագործը արդարացումի որեւէ պատրուակ չգտնէր:
— Ան ձերբակալուած է այն բանէն ետք, երբ Գերմանիա նոր ապացոյցներ ներկայացուցած է:
— Պէտք է շեշտել այն կէտին վրայ, թէ վճարումը կանխիկ է:
Բերուած բոլոր օրինակներէն կարելի է պարզապէս ջնջել շեղագրուած մակաբոյծ բառերը՝ առանց որեւէ կորուստի:

* * *

Շատ յաճախ տուեալ բարդ նախադասութեան միտքը կարելի է արտայայտել պարզ նախադասութեամբ մը՝ նմանապէս առանց այդ մակաբոյծ բառերուն. օրինակ՝
— Հրամանատարին որոշումը այն է, որ այս ամառ գրաւենք բարձունքը:
— Հրամանատարը որոշած է, որ այս ամառ գրաւենք բարձունքը:
— Հրամանատարը որոշած է այս ամառ գրաւել բարձունքը:
Ուրեմն նոյն միտքը արտայատեցինք թէ՛ նոր բարդ նախադասութեամբ մը, թէ՛ պարզ նախադասութեամբ մը՝ առանց այն է մակաբոյծին:
Երկու վերածումներէն ընտրութիւնը կախեալ է գրողին ճաշակէն:

Ինչպէս որ նոյն ծաղիկէն օձը թոյն կը պատրաստէ, իսկ մեղուն՝ մեղր, ապա այս նոյն հնարքը ձեւացնող, սակայն ոճաբանական շատ բարձր որակ ունեցող կառոյցներ կը պարգեւեն մեզի մեր ընտիր գրողները:
Օրինակ՝
— Չարաբաստիկ հանդիպում մը տակնուվրայ ըրած էր անոր կեանքը, հանդիպում, որ տեղի ունեցած էր գիշերային զբօսավայրի մը մէջ:
Այստեղ հեղինակը կրկնած է հանդիպում բառը, որպէսզի ընթերցողը իմանայ, որ հանդիպո՛ւմն է «որ» յարաբերական դերանունին յարաբերեալը եւ ուրեմն գիշերային զբօսավայրի մը մէջ տեղի ունեցողը հանդիպում-ն է. այլապէս ընթերցողը կրնար կարծել թէ… կեանքը բառն է, որ ճիշդ յարաբերական դերանունին առջեւը ինկած:

* * *

Խօսողը կամ գրողը երբեմն այդ կրկնուող բառը, որ բո՛ւն յարաբերեալն է, կ’օժտէ, կը ծաղկեցնէ յատուկ որոշիչներով, ինչ որ շատ աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ խօսքը, աւելի կշիռ կու տայ անոր. օրինակ՝
— Այս Ահմեդն էր դատարանին առջեւ զիս դաժանօրէն զրպարտողը, այն նոյն Ահմեդը, որ տասնամեակներով հօրենական տանս հացը կերած էր:
— Նկատելի էր, որ դառն յուշ մը կը խռովէր անոր դեռահաս հոգին, այնպիսի յուշ մը, որմէ չէր յաջողեր ձերբազատիլ:
Այս կառոյցները յարաբերեալին հեռաւորութեան անպատեհութիւնը չեն դարմաներ միայն, այլ կը ծառայեն միաժամանակ շեշտելու անոր կարեւորութիւնը տուեալ մտքի ձեւաւորումին մէջ, այլ խօսքով՝ ուրոյն սաստկականներ են, որոնց ուժգնութիւնը կ’աւելնայ, եթէ կրկնուող յարաբերեալը օժտենք այն, այնպիսի ցուցականներով, կամ այլ որոշիչով, կամ երկուքով միատեղ:

* * *

Յարաբերեալը բառացի կրկնելու փոխարէն՝ կարելի է տակաւին զայն փոխարինել այլ որակականով մը կամ մակդիրով մը, ինչ որ ոճականօրէն շատ աւելի ընտիր ու տպաւորիչ կառոյց է. օրինակ՝
— Այս Ահմետն էր դատարանին առջեւ զիս դաժանօրէն զրպարտողը, այս ապերա՛խտը, որ տասնամեակներով հօրենական տանս հացը կերած էր:
Այս սաստկական միջանկեալ բառը կրնայ բոլորովին նոր ըլլալ՝ գրողի մտայղացումին ու ճաշակին առարկան. օրինակ՝
— Վարձքը չվճարողը դաժանօրէն դուրս կը դրուէր իր բնակարանէն, ողբերգութիւն մը, որ այնքան փշաքաղիչ էր, սակայն ոչ մէկ լուծում կը ստանար:

* * *

Շատ տարածուած են այն տառացի կրկնաբանութիւնները, որոնք կը գործուին ոճական մտահոգութեան ամբողջական բացակայութեան, այսինքն՝ հոն, ուր գրողը կրկնաբանութեան յառաջացուցած տաղտուկին գիտակցութիւնը բացարձակապէս չունի, եւ զարմանալի է, որ եթէ այս կացութիւնը կը պարզեն ընդհանրապէս համբակ գրողները, անոր կը մատնուին շատ աւելի փորձառու եւ գրողական շատ լայն անցեալ ունեցող գրագէտներ եւս:
Ստորեւ օրինակներ՝ առաջարկուած սրբագրութիւններով հանդերձ. այստեղ յաճախ հարկ պիտի ըլլայ երբեմն ընդմիշտ ջնջել կրկնուող բառը, երբեմն փոխարինել զայն մէկ ուրիշով՝ դերանունով, կամ ջնջել ու փոխարինել զայն անոր մէկ որոշիչովը, որ յօդով կ’օժտենք, այսինքն՝ փոխանունութեամբ մը եւ այլն: Տրուած լուծումները կամ բերուած առաջարկները մենաշնորհեալ կառոյցներ չեն եւ կրնան դիւրաւ ունենալ իրենց տարբերակները:

Սէր չունիմ՝ բացի ալիքներուն հանդէպ ունեցած սէրէս:
— Ալիքներէն բացի սէր չունիմ:

Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, այդ անհաւասարակշռութեան մէջ աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
— Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, ուր աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
— Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, որով աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:
— Տեմիրճիպաշեան հակամէտ էր մտային անհաւասարակշռութեան, որուն մէջ աւելի երջանիկ կը զգար ինքզինք:

Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս ռուսամերիկեան նախաձեռնութեան…:
— Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս՝ ռուսամերիկեանին…:
— Անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս՝ ռուսամերիկեանն է…:

Էրտողան այսուհետեւ ցոյցերուն պիտի չհանդուրժէ եւ խոստացաւ ցոյցերուն վերջ տալ:
— Էրտողան այսուհետեւ պիտի չհանդուրժէ ցոյցերուն եւ խոստացաւ վերջ տալ անոնց:

Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ սուրիացի գաղթականները վերադառնան Սուրիա:
— Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ գաղթականները վերադառնան իրենց տուները
— Որպէսզի աւարտի Սուրիոյ պատերազմը, եւ գաղթականները վերադառնան իրենց հայրենիքը:

Կառավարութիւնը երկու ուրիշ հանքեր պիտի բանայ Հայաստանի մէջ. մէկը Քաջարանի մէջ, միւսը՝ Դաստակերտի մէջ:
— Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի բանայ երկու ուրիշ հանքեր՝ մէկը Քաջարանի, միւսը Դաստակերտի մէջ:

Միշել Աուն իր գրասենեակին մէջ կապի մէջ մտած է…:
— Միշել Աուն իր գրասենեակէն կապի մէջ մտած է…:
— Միշել Աուն իր գրասենեակէն կապուած է…

Վերջերս յաճախ հարցուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
— Վերջերս յաճախ ուղղուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
— Վերջերս յաճախ տրուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
— Վերջերս յաճախ արծարծուող հարցումը հոս եւս հնչած է:

Երբ հայկական հարցի մը հարցը ծագի…
— Երբ հայկական հարց մը արծարծուի…
— Երբ հայկական հարցի մը ակնարկուի:

Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, մենք այս օրուան վիճակին պիտի չհասնէինք:
— Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, մենք այս վիճակին պիտի չհասնէինք:
— Եթէ օրին լաւ ըլլային այդ կապերը, այս վիճակը չէր յառաջանար:

Պաղեստինեան ահաբեկչութիւնը միջազգային կարծիքին առջեւ պիտի ստեղծէ բացասական կարծիքներ:
— Պաղեստինեան ահաբեկչութիւնը միջազգային կարծիքին մէջ պիտի յառաջացնէ բացասական տրամադրութիւններ:

Կրկնաբանութեան կը յարին այն կառոյցները, ուր յիշատակուող հասկացութիւններու ներկայութիւնը լռելեայն կ’իմացուի արդէն, ուստի պէտք չկայ զանոնք մասնաւորելու, վերանուանելու. օրինակ՝
— Համազգայինի Կիպրոսի մասնաճիւղի հրաւէրով՝ դոկտ. Մարգարեան ժամանած է Կիպրոս՝ իր մենակատարութիւնը ներկայացնելու կիպրահայութեան: Երբ Մարգարեան հրաւիրուած է Կիպրոսի մասնաճիւղի կողմէ՝ ներկայացնելու իր մենակատարութիւնը, պարզ է, որ ան պիտի ներկայացուէր կիպրահայութեան եւ ոչ թէ… չինացիներուն:
— Խորհրդարանի նախագահը երէկուան նիստին յայտարարեց ներկաներուն, որ… Այդ յայտարարութիւնը անշուշտ չէր կրնար ուղղուած ըլլալ… բացականերուն, ոչ ալ փողոցի անցորդներուն կամ հանրախանութի մը յաճախորդներուն:
— Արեւմտեան թեմի առաջնորդը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի նոր նշանակեալ հիւպատոսը… Իրապէս անհրաժեշ՞տ էր մատնանշել, թէ ո՛ւր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը կամ թէ ան տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի մէջ. առաջնորդ մը ա՛լ ուրիշ ո՞ւր կրնար ընդունիլ դեսպանը, մի՞թէ լրագրողը վախ ունի, թէ ընթերցողը այդ հանդիպումը պատկերացնէ ճաշարանի մը, թատրոնի կամ գինետան մը մէջ:

Պէյրութ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *