ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Վ-Ա.

— Վազգէն Էթիեմեզեան, ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԷՋԵՐ, հրատ. Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարին, 2024, 524 էջ։
Վազգէն էթիեմեզեանի գործերուն երկրորդ հատորն է այս՝ շարունակութիւնը հանդիսանալով առաջին հատորին՝ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ, որ լոյս տեսած էր Պէյրութ 2023-ին։ Կ՚ակնկալուի, որ անոր վաստակին մնացեալ մասն ալ հրատարակուի մօտ ապագային ի Պէյրութ։
Ներկայ հատորը խմբագրած է Յարութիւն Պէրպէրեան. կողքի ձեւաւորումը՝ Գօգօ Հաւանճեանի, էջադրութիւնը՝ Անի Սարգիսեանի։ Գրաշարութիւնն ու սրբագրութիւնը կատարած է Վազգէնի դուստրը՝ Մեղեդին։ Կը տեղեկանանք, թէ գիրքը տպուած է Թորոնթօ։
Այս հատորի հարուստ բովանդակութիւնը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ Պատմուածքներ եւ գեղարուեստական էջեր, Յօդուածներ եւ գրախօսականներ (մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն) եւ Իմացական էջեր։ Ասոնցմէ առաջ զետեղուած են Էթիեմեզեանի ամփոփ կենսագրութիւնն ու խմբագրին Նախաբանը, ուր ի միջի այլոց կը կարդանք.
«Սովորաբար կուռ տրամաբանութեան վրայ կառուցուած, հարուստ լեզուով եւ բառապաշարով, հակառակ բազմաթիւ փիլիսոփաներէ, գրողներէ, ընկերաբաններէ ու հոգեբաններէ կատարուած տեսակէտներու [մէջբերումներուն] կամ յղումներուն՝ Վ. Էթիեմեզեանի եզրակացութիւնները սեփական համոզումներուն վրայ հիմնուած են։ Անոնք երբեք անտարբեր չեն ձգեր ընթերցողը, կրնան խնդրական թուիլ կամ վէճ յարուցանել, սակայն կը մնան իր անկեղծ տեսակէտները։
Գիրքը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրատարածներէն։

— Զահրատ, ՀԱՏԸՆՏԻՐ 100, հրատ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, Ստանպուլ, 2024, 184 էջ։
Հատորը խմբագրած է Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, կողքը՝ Գրիգոր Սահակեանի։ Մեկենասն է բժ. Յակոբ Այնթապլեան։
Գիրք լոյս տեսած է համագործակցութեամբ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։
Զահրատ ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած այս գիրքին մէջ ներառուած 100 բանաստեղծութիւններու ընտրութիւնը կատարած է հանգուցեալի այրին՝ տիկ. Անայիս Եալտզճեանը։
Սահակ Բ- պատրիարքը իր ներածական խօսքին մէջ արդարօրէն կը վկայէ, որ «Հայ գրականութեան մեծ անդաստանի՝ Պոլսոյ երկնակամարի Ի. դարու ամենափայլուն աստղերէն մէկը եղաւ Զահրատ»։ Իր կարգին մեկենասը կը գրէ. «Զահրատ իր ժամանակի ոգին ու ձգտումը արտայայտող բանաստեղծ է։ Խոր փիլիսոփայական վերլուծում կայ իր պարզ ու անպաճոյճ թուացող տողերուն մէջ», աւելցնելով թէ քերթուածներու ներկայ փունջը «կ՚արտացոլայ արեւմտահայերէն տպուած արդի բանաստեղծութեան բարձրակէտի նմոյշները եւ պէտք է ընդունինք, որ Զահրատ կը մարմնաւորէ […] նորարարութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը»։
Դաւիթ Գասպարեան իր բաւական երկար վերլուծականը խորագրելով «Միայնակ մարդը խեղկատակներու այս աշխարհին մէջ», դիտել կու տայ, թէ «Զահրատի կեանքի տարիներուն չկար Կ-Պոլսոյ նախկին ժամանակներու գրական փառքն ու փայլը։ […] Զահրատ դատապարտուած էր գրական միայնութեան, աւանդոյթներու շղթան խզուած էր։ Նաեւ այդ էր պատճառը անոր բանարուեստի կտրուկ շրջադարձ[ին]՝ պոլսահայ բանարուեստի նախկին աւանդոյթներէն։ Նոր պայմաններ, նոր իրականութիւն, ինչպէս նաեւ գրական նոր իրականութիւն եւ նոր միջավայրին համապատասխան նոր գրականութիւն»։
Հատորը կը բովանդակէ մի քանի այլ նիւթեր ալ. Զահրատի վերջին բանաստեղծութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ գրուած (ձեռագրի), նմոյշ մը իր արձակ բանաստեղծութենէն, Կոմիտասի նուիրուած ու երգի վերածուած մէկ քերթուածի խազագրութիւնը, վկայութիւններ Զահրատի եւ անոր արուեստին մասին, լուսանկարներ եւ խմբագրին շնորհակալական խօսքը։

— Պարոյր Սեւակ, ՀԱՏԸՆՏԻՐ 100, հրատ. Զապէլ գրախումբի, Մոնթրէալ, 2025, 128 էջ։
Հատորը լոյս տեսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի կազմակերպած հանդիսութեան առթիւ՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած։
Կողքի նկարը՝ Նանոր Տէր Պօղոսեանի, գրքի գեղարուեստական ձեւաւորում եւ էջադրումը հրատարակիչ Corridor Books-ի։
Ընտրուած են 43 բանաստեղծութիւններ հեղինակին տարբեր հատորներէն եւ ներառուած է նաեւ անոր ինքնակենսագրութիւնը։ Այնտեղ կը կարդանք ի միջի այլոց.
«Իսկական գրողը նա է, ով նաեւ տեսնում է բաներ, որ այլք չեն տեսել, զգում է բաներ, որ ուրիշները չեն զգացել, ապրում է բաներ, որ ամեն ոք չի ապրել եւ չի կարող ապրել։ […] Այս պատճառով է, որ արդի բանաստեղծութիւնը յաճախ շատերին թւում է խրթին, ոմանց՝ նոյնիսկ անտրամաբանական։ Բայց բանաստեղծը պէտք է լինի հասկացուած եւ ոչ թէ հասկանալի։ Սա այլ բան չի նշանակում, քան այն, ինչ վերին հրամայականն է բոլոր արուեստագէտների համար. չենթարկուել յաջողութեան հրամանատարական հաւասա՛ր կանչին, չհաճոյանալ ընթերցողին։
«Առայսօր՝ այսպէս։
«Իսկ վա՞ղը։
«Գրողը չէ, որ գրելիք է փնտռում։ Գրելիքն է գրող փնտռում։
«Ես սպասում եմ, որ գրելիքս ինձ գտնի։
«Չէ՞ որ նա գիտի իմ հասցէն»։

— Յուշատետր նուիրուած ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ, 16 էջ / ՅՈՒՇԱՊՍԱԿ նուիրուած՝ Պետիկ Հերկելեանի ծննդեան 70ամեակին, Հայաստանի Գրողներու Միութիւն, հրատարակիչ-խմբագիր՝ Վան Արեան, Երեւան 2024, 40 էջ։
Զիրար լրացնող երկու գրքոյկներ, որոնցմէ առաջինին հրատարակութեան մանրամասնութիւնները չեն տրուած. երկուքին կողքին ալ Հերկելեանի դիմանկարներն են, Փօլ Կիրակոսեանի կողմէ գծուած։ Երկուքն ալ կը բովանդակեն բանաստեղծին կենսագրութիւնը, զանազան վկայութիւններ, լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ քանի մը քերթուածներ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *