… ԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ

Հրանդ Մարգարեան

Անձնութիւնդ սրբութիւնն է,
Որ հոգւոյդ մէջ ծուարած է…

Անձնութիւնդ հնչերանգող եսիդ ձայնն է
— Քո՛ւկդ է միայն —
Ո՛չ հայր, ո՛չ մայր, քոյր կամ եղբայր
Ոչ կին կամ մարդ
Արտօնուած է հոն երթալու…

Անձնութիւնդ հպարտ եսիդ, խոնարհ ձայնն է
Աշխարհներէն հեռո՜ւ, հեռո՜ւ
Երազներու մէջ դեգերող
Եւ պահերու հետ մտերիմ
Պարող շունչն է…

Հնչերանգն է
Մթութեան մէջ շրջանակիդ
Քու աշխարհիդ պայծառ լոյսն է
Պատարագն է դեռ չգրուած երանութեան լուռ պահերու…

Անձնութիւնդ մերկութիւնդ է
Հայելիին մէջէն խոնարհ քեզի նայող
ներաշխարհիդ տիրակալը…

Անձնութիւնդ
մենիկ եսիդ հպարտանքն է
հպարտ եսիդ տիրակալը,
աշտարակն է,
ուր երազներ թեւեր առած
անհունին մէջ կը մրմնջեն
կ՚արձագանգեն անլսելի…
մունջ են… խոնարհ
սուրբ սրբութեամբ միշտ արբեցող
ելեւէջներ քաղցրութեամբ լի…

Անձնութիւնդ
Պաշտամունքիդ սուրբ խորանն է
Քո՛ւկդ է միայն
Աչքերուդ մէջ խորաթափանց
Աշխարհներու թագուն երանգ…

Անձնութիւնդ
Էն սրբագոյն լուռ պահերն են՝
Թագուն, զուլալ,
Որ կուրծքիդ տակ կը բաբախեն
Յետոյ կ՚երթան երանութեան մէջ հանգչելու
Մինչեև յաջորդ պահը մենիկ
Առանձնութեան…
Ժպիտն է ան աչքերուդ մէջ
Անտես թրթիռ քաղցր պահերուդ
Եւ հպումէն տիեզերքներ անծայրութեան
Ան երազող…

Առանց անոր,
Ո՛չ, դուն ՉԿԱՍ…
Սրբավայրն է,
Ուր ՄԷ՜Կ էք ԴՈՒՔ …

Անձնութիւնդ
Միաձուլուած էութիւնդ է…
Եսդ գրկող ամբողջական Տիեզերքդ…

Նիւ Ճըրզի
29 մայիս 2025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *