(Մի քանի էջ »Բազմավէպ«ի պատասխանատուների հետ Համաստեղի նամակագրութիւնից)
ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Համաստեղի (Համբարձում Կելէնեան, 1895-1966) ստեղծագործութիւնների մատենագիտական ցանկերը(1) կազմելիս «Բազմավէպ» հանդէսի «Գեղունի»(2) յաւելուածի 1947 թ. համարում գտայ Համաստեղի «Պանն էր անցեր իմ պարտէզէն»(3) մանրապատումը։ Գիտէի, որ Սիմոն Վրացեանի հրատարակած «Հայրենիք» տարեգիրք-տօնացոյցի 1947, 1948 թթ. համարներում տպագրուած են գրողի «Կարմրալանջը», «Իրիկնամուտ» եւ «Առաջին ծիլը» մանրապատումները(4) «Իմ պարտէզի օրագրէն» ընդհանուր խորագրով, իսկ «Գեղունի» յաւելուածում ստեղծագործութիւնը խորագրուած էր «Իմ պարիկի(5) օրագրէն»։
Պարզ է՝ վրիպակ է։
Որոշեցի գտնել վրիպակի հետքերը, թէեւ կանխաւ գիտէի՝ պատճառը Համաստեղի ձեռագիրն է(6)։
Գրականութեան եւ արուեստի Ե. Չարենցի անուան թանգարանում (այսուհետեւ՝ ԳԱԹ)՝ Համաստեղի ֆոնդում (այսուհետեւ՝ ՀՖ), գրողի մտերիմներից եւ նրա ծննդեան 70, գրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանների առիթով կազմուած յանձնաժողովի քարտուղար Յակոբ Խաշմանեանի (1888-1966) ֆոնդում (այսուհետեւ՝ ՀԽՖ) գտայ նամակներ, որոնք բացատրում են կատարուածը, տեղեկութիւններ են տալիս գրողի կենսագրութեան մէջ հետաքրքիր դէպքի մասին. խօսքը գրական ոչ այնքան կոշտ քննադատութեան ու Համաստեղի արձագանքի մասին է։
* * *
«Բազմավէպ»ի էջերում Համաստեղի գրականութեան քննութեան եւ գնահատութեան բազմաթիւ օրինակներ կան։
Այսպէս, «Բազմավէպ»ի 1947 թ. 1-2-րդ համարում «Մեր գրական հունձքը» խորագրի տակ «Հանդէս հանդիսից. 1946-ի արտասահմանեան պարբերականները» վերնագրով անդրադարձ կայ «Հայրենիք» ամսագրում 1946-ին տպագրուած նիւթերին (ստորագրուած է՝ Հ. Վ. Յ.(7))։ «Մայիս-յունիս միացեալ թիւին մէջ կը գտնենք նախ Համաստեղի «Երանոս աղբարը» իր գիւղական հարազատ գոյներով, որ մեքենայացած եւ մաշեցուցիչ Ամերիկայի մէջ ճշգրիտ պատկերն է բռնի գաղթած մեր բոլոր գիւղացիներուն հոգեբանութեան, — գրում է Հայր Վահան վարդապետ Յովհաննէսեանը։ — Եւ Համաստեղ վարպետօրէն գիտէ դուրս ցայտեցնել այդ փափուկ երանգը։ Բոլոր հայ տարագիր գիւղացիները կը միանան հոգիով Երանոս աղբօր մէջ, որոնց համար գիւղի երկինքը, դաշտը, ջուրը, աղբիւրները, կանանչութիւնը, մելամաղձ սրինգը, հօտը եւ նախիրը չկան ուրիշ երկիրներու մէջ։ Եւ Երանոս իր երազային, գրեթէ հիւանդ վերացումներով զմեզ ստէպ կը տանի մեր ամենուս կարօտալից ծննդավայրը։ Համաստեղ չէ խնայած դնելու բանաստեղծական առատ գոյն, տեղական ջերմ նկարագիր, բնանկարներու հարազատութիւն, փնտռած է դիտմամբ գեղացնակ բառեր, մանաւանդ հայկական պատկերներ՝ կարծես քաղուած մեր ժողովրդին կենդանի բերնէն»։
Յօդուածագիրը «Հայրենիք» ամսագրի 1946-ի յուլիս-օգոստոս ամիսների միացեալ համարում տպագրուած նիւթերից ներկայացնում է նաեւ Համաստեղի ստեղծագործութիւնը. «Համաստեղի «Աստուածամօր արցունքները»(8) ոտանաւոր վիպակը իր խորքին մէջ գրաւիչ եւ պատկերաւոր, ամենախեղճ է իբր քերթուած եւ դեռ աւելի խեղճ իբր տաղաչափութիւն։ Համաստեղ պէտք չէ այս անկումներն ունենայ. իր անմրցելի արձակով եւ վիպակներով՝ արտասահմանի Ակսել Բակունցն է(9)»։
Յօդուածն այսպէս է աւարտւում. «Յուսանք խմբագրութիւնը աւելի հիմնական եւ ծանր նիւթեր մշակէ։ Մաղթենք եւ սպասենք»։
«Բազմավէպ» հանդէսի 1947 թ. 9-10-րդ համարի «Մեր վերջին կորուստները եւ ապագայ յոյսերը» խմբագրականում Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը(10), «լսուած անունների» շարքում յիշատակելով Համաստեղի անունը, գրում է. «Համաստեղ կարծես կատարած է իր դերը եւ դադրած իր նախկին կենսունակութենէն»։ Եզրակացութիւն՝ «Մեզի, մեր ժողովուրդին համար կը պակսի տակաւին ողջ խորքով հարուստ եւ արուեստի պահանջներով կատարեալ գրականութիւն մը։ Մեր աշխարհիկ գրականութիւնը դեռ դարու մը կեանք չունի, դեռ կարօտ է յեղաշրջումի ու կատարելագործումի շրջաններէն անցնելու»։ Մեղքը փնտրելով մեր ազգային բնաւորութեան մի քանի գծերի՝ «դիւրաւ խանդավառուելու» եւ փութկոտութեան («կոկիկ հայերէն» գրող ամեն մէկին գրող ենք յայտարարում) մէջ՝ վարդապետ Մեսրոպ Ճանաշեանը խօսքն աւարտում է «լայն զարգացում, տաղանդ, փիլիսոփայական խորք, ճաշակ, համաչափութեան զգացում» ունեցող հայ գրողի յայտնութեան սպասումով։
Տասնամեակներ անց Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը Համաստեղի գրական ժառանգութիւնը քննելու բարեպատեհ առիթ ունեցաւ, գրեց «Համաստեղ եւ իր գործը» ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը(11) եւ իւրովի հաստատեց, որ Համաստեղը կարողացել է «ստեղծել մնայուն գործեր եւ արժանանալ գրագէտի եւ հեղինակի անուան», ինչպէս պահանջում եւ ակնկալում էր տարիներ առաջ։
«Բազմավէպ»ի 1966 թ. 1-3-րդ համարի 80-րդ էջում հրատարակուել է Համաստեղի ծննդեան 50-ամեակի եւ գրական գործունեութեան 70-ամեակի յոբելեանական յանձնախմբի «Կոչը», իսկ նոյն տարուայ 11-12-րդ համարի 324-րդ էջում տպագրուած է Համաստեղի լուսանկարը(12), նոյն համարի «Գրական» բաժին»ը (էջ 325-343) նուիրուած է գրողի յոբելեանին. տպագրուած են Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանի՝ վերը յիշատակուած ուսումնասիրութիւնը, «Համաստեղ գիւղագիր» (հեղինակ՝ Հայր Եփրեմ վարդապետ Տէր-Ղազարեան(13)), «Համաստեղի «Գիւղը»ին մէջ եւ «Անձրեւ»ին տակ» (հեղինակ՝ Հայր Ռափայել վարդապետ Անտոնեան(14)) յօդուածները, ինչպէս նաեւ «Համաստեղ առ «Բազմավէպ» (Վերջին նամակ(15))» խորագրով՝ գրողի 1966 թ. նոյեմբերի 17-ի նամակը։
Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը պատմում է Համաստեղի կենսագրութեան կարեւոր դրուագների մասին (գրողը կատակում էր, որ իր կենսագրութիւնը կարելի է տեղաւորել ընկոյզի կճեպի վրայ), առանձնապէս կարեւորում «Հայրենիք» ամսագրի ու նոյնանուն թերթի, դրանց խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանի(16) դերը «համեստ, երկչոտ եւ լռակեաց գիւղացի» պատանուն «գրականութեան ծոցը» նետելու գործում. «Մենք այսօր կրնանք իրեն պարտիլ այն, ինչ որ եղաւ Համաստեղ եւ տուաւ հայ գրականութեան»։
Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը յատուկ բծախնդրութեամբ ներկայացնում է Համաստեղի բանաստեղծական առաջին փորձերը(17)՝ «բոլորն ալ գեղեցկագէտ ու զգայուն տղու մը արտայայտութիւններ, բայց տարտամ գիծերով եւ գրեթէ միշտ նոյն նիւթերու կրկնութիւններով, որպէս արդիւնք այլազան պահերու իր ներշնչումներուն, կեանքի ու սիրոյ յաւիտենականօրէն տանջող յուզումներուն»։
Ծաւալուն եւ խնամքով գրուած այս ուսումնասիրութեան «Պատմուածքի ուղիով» ենթավերնագրով հատուածում ներկայացուած են Համաստեղի արձակ գործերը՝ «Շէն գիւղի հին օրերէն»(18) առաջին պատմուածքից մինչեւ «Սպիտակ Ձիաւորը»(19) երկհատոր դիւցազնավէպը։ Արժեւորելով գրողի «կենդանի ոճը, պատմելու շնորհը եւ իր լեզուին պատկերաւոր գեղեցկութիւնը»՝ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը Համաստեղի պատմուածքները պայմանականօրէն բաժանում է երեք խմբի՝ առաջինում «տիրական գիծը» «գիւղին համայնապատկերն» է, երկրորդի ենթահողը Խարբերդն է(20), իսկ գործողութեան վայրը՝ Ամերիկան, երրորդում «զուտ ամերիկեան կեանքէն կ՚առնէ նիւթը», եւ այդ ստեղծագործութիւնները «ընդհանուրն ու մարդկայինը կու տան մեզի այն արուեստով, որ յատուկ է Համաստեղին»։
Քննութեան առանձին նիւթ են դարձել Համաստեղի «Աղօթարան»(21) աղօթամատեանը եւ «Այծետոմար»(22) երգիծական պոեմը։
«Ինչ պիտի մնայ Համաստեղէն» հռետորական հարցին Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը պատասխանում է. «Ան ոչ որպէս խորհող կամ որպէս բանաստեղծ եւ կամ երգիծաբանական փորձերու հեղինակ, այլ որպէս գիւղական պատկերներու վարպետ նկարիչ պիտի մնայ անմոռանալի, որովհետեւ անոր արտայայտութիւնը եզական ու անձնական նկարագրով մը յայտնուած, աննման Խարբերդի ծոցէն ելած ուրիշ գրագէտներու, ինքնին առանձին գեղեցկութիւն մըն է, որ չի կրնար կորսնցնել իր արժէքը… Որովհետեւ գիւղն ու Համաստեղ հոգեպէս այնպէս համաձուլուած են, որ գիւղը եւ Համաստեղ միութիւն մը կը կազմեն, եւ սա կը զգայ զայն այնպիսի ջերմութեամբ մը, որ հոգեխառնում մը դարձած է իրեն համար։ Նիւթը զգալը անհրաժեշտ պայմանն է գրական յաջողութեան, Համաստեղ խորապէս կը զգայ զայն»։
Թլկատինցուն(23) անուանելով «գեղարուեստագէտ հիմնադիրը գաւառական գրականութեան», Ռուբէն Զարդարեանին(24)՝ «անոր արուեստագէտ ոճաբանը՝ դասական մաքուր շունչով, որ ձեւական գեղեցկութիւնը կը փնտռէ ամեն բանէ առաջ»՝ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը Համաստեղին այս «երրեակ միութեան» մէջ բնորոշում է որպէս «գիւղին հարազատ պատկերահանը բնական, անկեղծ ու միամիտ զգայնութեամբ տոգորուն»։ Ապացոյց՝ Ռ. Զարդարեանի «Գամփռը» եւ Համաստեղի «Չալօ»(25) պատմուածքների համեմատական քննութիւնը, որ ամփոփում է այս եզրակացութեամբ. «Զարդարեան իրապաշտութեան հոսանքի շրջանին ռոմանթիք մը մնացած է, Համաստեղ իրապաշտ մըն է իսկական առումով»։
Յակոբ Օշականի եւ Համաստեղի գրական առնչութիւնները քննելուց յետոյ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանն անդրադառնում է Ակսել Բակունցի հետ Համաստեղի «ազգակցական կապ»ին. «Համաստեղ ուրիշ հօրեղբայր մ՚ալ ունի՝ Ակսել Բակունցը, որ գիւղագիր մըն է սովետական գրականութեան սկզբնական շրջանին, շնորհալի եւ համբաւուած արձակագիր մը այնքան, որքան խիզախ ու դիւցազնաշունչ Չարենցը բանաստեղծութեան մէջ։ Բնորոշիչ նկարագիրը իր արձակին վերջին ծայր պարզութիւնն է, պատմելու իր հանդարտ եղանակը, մերթ ընդ մերթ լուսաւորուած պատկերաւոր արտայայտութեան ցոլքերով, որոնք գողտրիկ զգայնութիւն մը կը շեշտեն Բակունցին մէջ, մանաւանդ երբ բնութեան եւ սիրոյ զգացումն է, որ կը շարժեն զինքը»։ Քննադատն արժեւորում է հայրենի հողը պաշտամունք դարձրած այս գրողների՝ «մեզի գրականօրէն անմոռանալի վկայութիւններ» տալու բացառիկ շնորհքը՝ «կորսուելու մօտ ապրումներ ու զգայնութիւններ» փրկելով։
«Համաստեղ գիւղագիր» յօդուածը յիշատակի խօսք է հայ գրականութեան «Մրգաստանին մէջ» 1966-ին տապալուած «պտղառատ ծառերից» «ամենէն պտղալից»ի ու «Հայ գիւղի անմրցելի նկարիչ»ի՝ Համաստեղի յիշատակին. «Համաստեղի կախարդական գրիչին ներքեւ Հայ գիւղը կը վերակենդանայ, կը շնչէ եւ մեր առջեւ կը պատկերանայ իր բովանդակ գրաւչութեամբ, մաքուր բոյրով ու թոյրով եւ կապելի բոլոր մանրամասնութիւններով։
Կատարեալ է համայնապատկերը Հայ գիւղին»։
Ռ. Զարդարեան-Համաստեղ գրական առնչութիւնների, ոճական առանձնայատկութիւնների, յատկապէս լեզուի խնդիրները յօդուածում ներկայացուած են շքեղ համեմատութեան միջոցով. «Ռ. Զարդարեանի արուեստը եւ լեզուն նման են ընտիր նահիշէ(26) պատրաստուած քաղքենի հացին, որ թէեւ փափուկ է եւ ձիւնի պէս ճերմակ, բայց բան մը կորսնցուցած է իր բոյրէն ու համէն։ Մինչդեռ Համաստեղինը փուռէն նոր ելած գիւղական թեփախառն հացն է, որուն վրայ թէեւ կպած յարդի շիւղեր եւ փշուրներ կան, որ աւելի թխորակ է, քան սպիտակ, թերեւս աւելի անաշխատ(27), քան բարեձեւ, բայց հարազատ, անխարդախ ալիւրէ շինուած հացն է, որուն համը անմահական է, եւ բոյրը բռնած է ամեն կողմ»։
«Համաստեղի «Գիւղը»ին մէջ եւ «Անձրեւ»ին տակ» յօդուածն ունի «Գրական մերձեցում» ենթավերնագիրը, քանի որ գրողի բազմաժանր ու հարուստ գրականութիւնից առանձնացուած են պատմուածքների այս երկու ժողովածուները(28), իսկ Համաստեղը «դարձած է այլեւս կատարեալ խորհրդանիշը» Բնօրրանի, որովհետեւ անցեալի յիշատակների մշտական ներկայութիւնը միայն կարող է պահել ու պահպանել այն ամենը, «ինչ որ դեռ հայ է եւ տակաւին հայկական կը նկատուի»։
* * *
ա) 15 փետրուար 1947 (29)
Խմբագրութիւն «Գեղունի»ի
Մեծարգոյ եւ յարգելի՛ Համաստեղ,
«Բազմավէպ»ի 100-ամեակին առթիւ, որ պիտի կատարուի այս տարի՝ սեպտեմբերի սկիզբը, ծրագրած ենք շքեղ «Գեղունի» մը հանել(30)։ Մեր փափաքն է, որ գաղթաշխարհի մեր լաւագոյն գրողները բերեն իրենց թանկագին մասնակցութիւնը։ Ձեր յայտնի եւ սիրելի անունը դրած ենք գրողներու ցանկին մէջ՝ խոհուն եւ եզական պատմուածքներէդ հատ մը հրատարակելու համար։ Վստահ ենք, որ չես մերժեր մեր խնդրանքը նոր եւ գեղեցիկ գրութեամբ թէ՛ «Գեղունի»ն եւ թէ՛ ընթերցող հասարակութիւնը գոհացնելու։ Արդէն պարոն Գէորգ Մարտիկեանը(31) քանի մը օր առաջ հոս այցելութեան առթիւ Ձեր անունով մեզի խոստացաւ եւ վստահեցուց աշխատակցութիւննիդ։
Գրութիւննիդ խմբագրութեանս ձեռքը պէտք է հասնի ամենէն ուշ մայիսի կէսին։ Կը խնդրենք, որ մեզի ղրկէիք նաեւ նոր քաշուած մեծադիր լուսանկարնիդ , որ գրութեան առջեւը դնենք։
Մտադրած ենք շքեղ գործ մը հրատարակել ի պատիւ Հայ ազգին, որուն մեծութեան եւ փրկութեան լաստը, գէթ օտարութեան մէջ, գրականութիւնն է, մանաւանդ օտարներուն աչքին առջեւ։
Վստահ, որ մեր խնդրանքը հաճոյքով եւ շուտով պիտի կատարէք, կը ղրկենք մեր բարեկամական եւ սիրալիր ջերմ ողջոյնները։
Ի դիմաց «Գեղունի»ի խմբագրութեան՝ Հ. Վահան Յովհաննէսեան
Վենետիկ, Սուրբ Ղազար
Յ. Գ. Վանքիս հայկական բաժնի գրադարանապետը կը խնդրէ Ձեզմէ, որ «Սպիտակ Ձիաւորը» հաճէիք ղրկել մեր գրադարանին համար. այսպէս մեզի ալ գեղեցիկ գիրք մը կարդալու բախտը կը շնորհէք։
Ձերդ նոյն
բ) 22 ապրիլ 1947 (32)
Մայրավանք Մխիթարեանց
Մեծարգոյ եւ սիրելի՛ Համաստեղ,
Ստացայ տասնեակ մ՚օր առաջ նամակդ եւ գրութիւնդ «Գեղունի»ի(33) համար։ Շուտ չկրցայ շնորհակալ ըլլալ եւ պատասխանել Ձեզ, վասնզի երկար ճամբորդութեան մէջ էի դէպի միջին Իտալիա։
Նախ ըսեմ, որ գրութիւնդ չափազանց կարճ է, հազիւ «Գեղունի»ի կէս սիւնակ մը կրնայ բռնել, եւ չեմ կարծեր, որ փափաքիս անունդ տեսնել քանի մը տողի տակ, հետեւաբար խմբագրութիւնը կը փափաքի աւելի երկար գրութիւն մը ունենալ, ինչպէս կը վայլէ Համաստեղի մը։
Մինչեւ յունիսի սկիզբները ժամանակ ունիք մտածելու եւ գրելու։ Կը ըմբռնենք, թէ պատմուածքները հաճոյքով կը կարդացուին եւ դժուարութեամբ կը գրուին, բայց «Բազմավէպ»ի մը հարիւրամեակին առթիւ վստահ ենք, թէ այդ ազգային զոհողութիւնը սիրով պիտի կատարէք։
Ճիշտ(34) է, որ մեծ գրողները գեղագրութիւն չեն գիտեր, բայց Ձեր տառերը մեզի ալ անընթեռնելի են, ուր մնաց իտալացի շարողին համար, ուստի եթէ միջոց չունիք մատնատիպ ընելու, գէթ աւելի որոշ գրեցէք, մանաւանդ եթէ օտար անուններ ըլլան մէջը։ Արդէն սկսած ենք նկարներու շինութեան, մանաւանդ Վանքի թանգարանէն պիտի դնենք թանկագին շուրջառներ եւ Քեօթահիայի յախջապակի(35) պնակներ, որոնք արդէն լուսանկարուած են գունաւոր։ Յետոյ պիտի դնենք ձեռագրական զարդեր եւ պատկերներ, ինչպէս նաեւ մեր պատկերներու թանգարանէն նկարներ։
Յոյս ունինք կանխիկ բաժանորդագրութիւններով ծախքերը քիչ մը թեթեւցնել. հոս թուղթը սաստիկ սուղ է, ինչպէս նաեւ գունաւոր քլիշէ(36) շինելը։
Մօտերս լրագիրներու մէջ ազդերը պիտի տպագրուին։ Կան Փարիզէն եւ Եգիպտոսէն բազում եկողներ՝ օգոստոսի վերջերը հանդէսներուն ներկայ գտնուելու համար։ Ձեզ ալ կը հրամցնենք անգամ մը եւս Վենետիկ այցելելու(37)։
Շնորհակալ եմ մաղթանքներուդ Հապեշիստանէն վերադարձիս համար, բայց ես մինչեւ Քենիա եւ Ուկանտա պատերազմական գերի գացած էի անգղիացւոց ձեռքը, ուր վեց տարի մնացի բազում տառապանօք։
Տասը-քսան օրէն լոյս կը տեսնեն քերթուածներէս(38) վաթսուն հատի մը չափ իտալերէն սքանչելի թարգմանութիւնը, զոր կատարեց գերութեանս ժամանակ իտալացի բանաստեղծ եւ գրագէտ բարեկամ մը։ Ամեն վստահութիւն կու տան կարդացողներ մեծ յաջողութեան եւ ծաւալի։ Հոս կը ջանանք Ամերիկայի պէս Հայ անունը փառաւորել օտարներու մէջ։
Ջերմագին եւ կանխիկ շնորհակալութիւններս գրելիքիդ եւ մաղթանքներ նորանոր յաջողութիւններու։
Եթէ կը փափաքիս, ղրկածդ քեզ դարձնենք, բայց պիտի պահենք մինչեւ նորին հասնիլը։
Քոյդ սիրալիր՝ Վ Յովհաննէսեան
գ) 1948 (39)
Սիրելի՛ Հայր Վահան Յովհաննիսեան,
Վաղուց էր, որ մտադրած էի գրել մի քանի տող՝ շնորհակալութիւն յայտնելու այդ երեք թիւ «Բազմավէպ»ին համար, որ ղրկեցիք ինծի։ Երե՞ք, թէ՞ չորս թիւէն յետոյ դադրեցաւ արդէն։ Մենք այստեղ շատ ալ առիթ չունինք կապ պահելու եւ կամ ծանօթ մնալու արտասահմանի մամուլին հետ։ Ատեն-ատեն «Հայրենիք»ի խմբագրատունը կը հանդիպիմ աչքէ անցընելու եւ բոլորովին չկտրուելու համար մեր օրուայ եւ շրջանի իրականութենէն։
Գիտեմ՝ շատ կարեւոր բան մը չկրցի ղրկել «Գեղունի»ին համար։ Եթէ ծանօթ ըլլայիք այստեղի աշխատանքի պայմաններուն, զիս չպիտի մեղադրէիք։ Մենք այստեղ, ինչպէս գիւղացին կ՚ըսէ, աւելը շուք կ՚ընենք՝ բան մը ընելու համար(40)։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ չկամութիւն չկար իմ կողմէն(41)։ Թուղթերուն մէջ կար այդ փոքրիկ կտորը միայն։
«Հայրենիք»ի խմբագրութեան մէջ միայն տեսայ օրինակ մը «Գեղունի»էն։ Այդքան միայն։ Շա՜տ փառաւոր տպագրութիւն է, միայն առիթը ունեցայ կարդալու իմ փոքրիկ կտորը, թէ արդեօ՞ք տպագրական սխալներ կան։ Տեսայ, որ «Իմ պարիկի օրագրէն» եղած է փոխանակ «Իմ պարտէզի օրագրէն»։ Կ՚ընդունիմ, որ անշնորհք ձեռագիր ունիմ։
Նամակս քիչ մը աւելի երկարելու համար միայն ըսեմ, որ անցեալ տարի՝ 1947-ին, մէկը իմ ուշադրութեան յանձնեց «Բազմավէպ»ին մէկ թիւը, ուր գրախօսուած է «Հայրենիք» ամսագրի մէկ թիւը(42)։ Այդ թիւին մէջ ես ինքս ալ բանաստեղծութիւն մը ունէի՝ «Աստուածամօր արցունքները»։ Բա՜, այդ ի՜նչ անճոռնի բառեր գործածուած են ինծի եւ իմ բանաստեղծութեան համար։ Աւելի քան քառորդ դար գրական աշխատանք ըրած եմ, երբեք նման բաներու հանդիպած չեմ, եւ ես շատ ալ կարեւորութիւն տուած չեմ ոչ իմ գրականութիւնը գովողներուն եւ ոչ ալ պարսաւողներուն. ըսել կ՚ուզեմ՝ անոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած են իմ ընթացքին եւ իմ ուղղութեան վրայ։ Այդ մէկը ըսել կ՚ուզեմ «Բազմավէպ»ի գործածած բառերը բոլորովին անտեղի էին եւ անվայել։ Կրնար աւելի խիստ քննադատել՝ առանց իրարու ետեւէ շարուած այդ անհամ բառերը գործածելու։ Այդ արդէն տկարութիւն է։ Ենթադրեցի, որ նորելուկ աքաղաղ մըն է, որ ձայն կու տայ կիսապատին վրայէն՝ ըսելու համար, որ ես ալ կամ, եւ գիտցէք իմ գոյութիւնը։ Հետաքրքրութեան համար կարդացէ՛ք այդ թիւը «Բազմավէպ»ին եւ կարդացէ՛ք նաեւ «Աստուածամօր արցունքները» բանաստեղծութիւնը եւ բաղդատեցէ՛ք գործածուած բառերուն հետ։ Պիտի տեսնէք, որ «Բազմավէպ»ը պահած չէ իր լրջութիւնը(43)։ Սխալ չհասկնաք զիս. ես քննադատութեան դէմ չեմ։ Անշուշտ պէտք է քննադատել, մանաւանդ որ իմս ըլլալէ աւելի հայ գրականութեանն է, եւ ես իրաւունք չունիմ ինքզինքս պաշտպանելու։
Ես կը գրեմ այս որպէս բարեկամ, մէկը, որ իմ Սուրբ Ղազար այցելութիւնս իմ վրայ շա՜տ լաւ տպաւորութիւն ձգած է։ Է՛հ, կարգը կու գայ, եթէ քիչ մը ծերանամ, պիտի ուզեմ անցեալը պրպտել՝ յուշերս տալու համար(44)։
Յետոյ ուրիշ բան մը կայ մտքիս մէջ։ Ո՞վ է ձեր մէջ այն քաջը, որ յանդգնութիւնը ունենայ «Հայկ Դիւցազն»ը աշխարհաբարի թարգմանելու առանց վնասելու Բագրատունիի լեզուի գեղեցկութեան եւ ազնուականութեան(45)։ Պիտի ուզէի՞ք նման աշխատանք մը ընել։ Նոր ուժ է Ճանաշեանը. գուցէ ան ուզէ փորձել։ Է՛հ, ես շա՜տ կը սիրեմ այդ գիրքը։
Կը յուսամ՝ լաւ ընդունելութիւն գտաւ Ձեր բանաստեղծութիւններու իտալերէն թարգմանութիւնը։ Կը յուսամ՝ լաւ էք ու հանգիստ։
Սիրալիր բարեւներով՝ Համաստեղ
Յ. Գ. «Հայկ Դիւցազն»ը թարգմանողը պէտք է առաւելապէս բանաստեղծ ըլլայ։ Վստահ եմ, որ Դուք կրնաք ընել։ Կ՚ուզէ՞ք փորձել գլուխ մը։
դ) Միտֆըրտ, 17 նոյեմբեր 1966 (46)
Համաստեղ առ «Բազմավէպ»
(Վերջին նամակ(47))
Սիրելի՛ Հայր Ե. Տէր-Ղազարեան,
Հաճոյքով ստացայ Ձեր նամակը։ Գրքերը(48) արդէն մի քանի օր առաջ փոսթին յանձնեցի։ Ինծի համար հաճելի է տեսնել, որ «Բազմավէպ»ն ալ կ՚ուզէ յիշատակել իմ յոբելեանը։ Իմ քով եղած լուսանկարներս հատած են։ Վերջերս բաւական պահանջ եղաւ։ Ապսպրեցի նոր օրինակներ եւ սպասեցի, որ հասցնեն ժամանակին։
Ուզած էիք նաեւ անտիպ պատմուածք մը։ Մօտ տարիէն աւելի է, որ գրեթէ գրական լուրջ աշխատանք կրցած չեմ ընել(49)։ Այս տարի բաւական բաներ պատահեցան գլխուս. վերջինը իմ սրտի տագնապն է։ Եւ բժիշկները ինծի թոյլ չտուին, որ արտասահման երթամ՝ յոբելինական հանդիսութիւններուն համար(50)։ Այժմ քիչ մը աւելի լաւ կը զգամ՝ այստեղ մի քանի ձեռնարկներու երթալու(51)։ Կը յուսամ հետզհետէ գտնել ինքզինքս ու սկսիլ աշխատանքի։ Արդէն հրատարակած գրքերէս կրնաք Ձեր մէկ սիրած վիպակը վերահրատարակել, ինչպէս կ՚ընեն եւ ըրած են ուրիշ թերթեր իրենց բացառիկներուն համար։
Մօտերս լոյս տեսաւ իմ անտիպ մէկ գործը Պէյրութի «Համազգային»ի տպարանէն(52)։ Երբ ստանամ գրքերը, Ձեզի կը ղրկեմ օրինակ մը։
Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն Ձեր ժրաջան աշխատանքներուն։
Իմ սիրալիր բարեւները Հայր Յովհաննէսեանին։ Տարինե՜ր, շատ տարիներ առաջ հանդիպած ենք իրարու Վենետիկի մէջ։ Ճանաշեանին անձամբ ծանօթ չեմ։ Նոյնպէս կը բարեւէք։ Ինչպէս կ՚երեւի, հիներէն շատ մնացած չեն։
Սիրալիր բարեւներով՝ Համաստեղ
Երեւան
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Համաստեղ. մատենագիտական ցանկեր, Երեւան, 2004։
2. «Բազմավէպ» հանդէսի գրական-գեղարուեստական յաւելուած «Գեղունի»ն լոյս է տեսել 1901-1906, 1909, 1927, 1947, 1950 թուականներին։
3. Մանրապատումը տե՛ս «Համաստեղ, Մոռացուած էջեր»*, հ. Ա, էջ 58-59։
* 2005-2007 թթ. հրատարակել եմ «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» գրքի Ա-Դ հատորները։
4. Համաստեղի այս շարքի մանրապատումները տե՛ս «Համաստեղ, Մոռացուած էջեր, հ. Ա, էջ 55-68։
Սիմոն Վրացեանը (Գրուզինեան, 1882-1969) գրել է Համաստեղին*. «… Ի՜նչ լաւ կը լինի, եթէ հաւաքես, լրացնես եւ առանձին հատորի մէջ ամփոփես «Իմ պարտէզէն» իմ այնքա՜ն սիրած պատմութիւնները։ Կը խոստանամ այստեղ** հրատարակել տալ»։
Ինչպէս հաստատում է Համաստեղի նամակագրութիւնը Յակոբ Խաշմանեանի եւ Մ. Նուրեանի (1919- ՞) հետ***, նրա անտիպ ձեռագրերը կազմել են հազարաւոր էջեր (ինքը գրում է՝ երեք հազար էջ), որոնց զգալի մասը Համաստեղի դուստրերը՝ Լորիկը եւ Արմինէն, իմ խնդրանքով ուղարկեցին ԳԱԹ։ Համաստեղը ողջ կեանքում խնամում էր իր բակի ծաղիկներն ու բանջարանոցը։ Արամ Հայկազի (Չեքեմեան, 1900-1986) հետ նամակագրութեան հիմնական թեմաներից էր այս երկու հայերի՝ Բոստոնում եւ Նիւ Եորքում ծաւալած «գիւղատնտեսական գործունէութիւնը»****։
* Համաստեղի եւ Սիմոն Վրացեանի նամակագրութիւնը տե՛ս «Համաստեղ. Նամականի» (այսուհետեւ՝ «Նամականի»), Երեւան, 2003, էջ 308-363։
** Այսինքն՝ Բեյրութում։
*** Համաստեղի եւ Յակոբ Խաշմանեանի նամակագրութիւնը տե՛ս «Նամականի», էջ 130-213 , Համաստեղի եւ Մկրտիչ Նուրեանի նամակագրութիւնը՝ նույն գրքում՝ էջ 259-217։
**** Համաստեղի եւ Արամ Հայկազի նամակագրութիւնը տե՛ս «Նամականի», էջ 218-227 եւ «Արամ Հայկազ. Նամակներ» (Երեւան, 2009) գրքում՝ էջ 93-104։
Յիշում եմ՝ 2007 թ. մարտի 17-ին Լորիկի* եւ Արմինէի** հետ Բոստոնում Համաստեղի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցում էր նաեւ նրանց հարեւանուհին. ամերիկուհին եկել էր համոզուելու, որ ամբողջ կեանքում հող մշակող հարեւանը հողագործ չէր, այլ շատ ճանաչուած հայ գրող։
* Համաստեղի աւագ դուստրն է՝ Լորետտա-Անահիտ (ծն. 1939 թ.)։
** Համաստեղի երկրորդ դուստրն է (1942-2020)։
5. Յաւերժահարս։
6. Համաստեղի ձեռագրի մասին հետաքրքիր տուեալներ կան նաեւ այս յօդուածում ներկայացուող նամակներում։ «Համաստեղ. 1895-1966» յուշամատեանում (այսուհետեւ՝ «Յուշամատեան») երկու օրինակ կայ Համաստեղի ձեռագրից. Յակոբ Խաշմանեանին գրած նամակում գրողը պատմում է, որ մի քանի անգամ ստիպուած է եղել արտագրել այդ էջերը։ Սիմոն Վրացեանին հասցէագրած նամակում Համաստեղը տրտնջում է. «Միայն մէկ բանով մտահոգուած եմ. իմ անպէտ ձեռագրով։ Քանի մը տող տեսնես մաքուր կ՚ըլլայ, յետոյ նորէն կ՚իյնայ նոյն առուին մէջ, ու կը խառնուին գրերը։ Հիւանդութիւն մը, որ անբուժելի է …» («Նամականի», էջ 361)։
7. Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, գրող, մանկավարժ, «Բազմավէպ»ի խմբագիր Հայր Վահան վարդապետ Յովհաննէսեան )1894-1977(։
8. Տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», հ. Գ, էջ 21-24։
9. Համաստեղը «եղբայրակցութիւն մը» ունէր Ակսել Բակունցի (Թեւոսեան, 1899-1937) հետ, որի մասին գրել է. «Շատ պիտի ցաւիմ, եթէ օր մը իմանամ, որ սպանած են այն տաղանդը: Ան ընդունակ էր մեծ եւ անկախ գործեր տալու»։ Հետագայում, երբ Գ. Մահարու նամակներից իմացաւ, որ Չարենցն ու Բակունցը ծանօթ են եղել իր գրքերին, ցաւով գրեց. «Մեր սիրելի Բակունցը մեռաւ եւ սակայն չի պարտուեցաւ: … Անոր մէջ թաքնուած շատ գանձեր կային, որ իր հետ կորսուեցան: Այդ կորուստին համար կը ցաւինք եւ յետոյ ան իրաւունք ունէր ապրելու, եթէ նոյնիսկ չոպանն ըլլար Հայաստանի լեռներուն»։
10. Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, գրականագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեան (1908-1974)։
11. Ուսումնասիրութիւնը տպագրուած է «Բազմավէպ» հանդէսի 1966 թ. 11-12-րդ եւ 1967 թ. 1-2-րդ համարներում։
12. Պարզւում է՝ գրողի նոր լուսանկարն ուղարկել է Յակոբ Խաշմանեանը։ ՀԽՖ-ի 107-րդ համարում պահւում է Յակոբ Խաշմանեանի մեքենագիր նամակը (թվագրուած է՝ 15 նոյեմբեր 1966) «Բազմավէպ»ի խմբագրութեանը։ Նա գրում է. «Կը ղրկենք նաեւ Համաստեղի նորագոյն մէկ լուսանկարը»։
13. Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բանասէր, մանկավարժ Հայր Եփրեմ վարդապետ Տէր-Ղազարեան (1920-1993)։
14. Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Ռափայել վարդապետ Անտոնեան (1941-2014)։
15. Նոյն օրը Համաստեղը նամակ է գրել Յակոբ Կարապենցին։
«Յառաջ» (Փարիզ) օրաթերթի 1967 թ. յունուարի 4-ի համարում տպագրուած է Շաւարշ Նարդունիի (Ասքանազ Այվազեան, 1898-1968) «Գրագէտը, որ փնտռելու ելած էր իր ժողովուրդը» յօդուածը, որտեղ խօսւում է նաեւ Համաստեղի 1966 թ. նոյեմբերի 15-ին գրած նամակի մասին։ «Մահէն ճիշդ տասը օր առաջ գրուած, թերեւս իր ձեռքին վերջին գիրը, նամակ մը կը ստանայինք իրմէ, — կը գրէ Նարդունի», — նշւում է խմբագրական ծանօթագրութեան մէջ։
Նամակում Համաստեղը պատմում է. «Ստիպուեցայ գրել Հայաստան, Պարսկաստան եւ Լիբանան, որ բժիշկները ինծի թոյլ չեն տար երկար ճամբորդութիւն եւ մանաւանդ յոգնութիւն։ Արդէն այս աշունին այստեղ սկսած են։ Բժիշկը թոյլ կու տայ Ամերիկայի համար պայմանաւ, որ «զգոյշ» ըլլամ։ Ես ալ տակաւին չեմ կրցած ըմբռնել սա «զգոյշ»ը, որ զիս աւելի հիւանդ դարձուցած է։
Պիտի ջանամ ընթացք տալ, որքան որ ուժերս բաւ կրնայ երեւակայել*։
Սիրտը, որ մեզ լաւ բաներու առաջնորդած է, կրնայ դաւադրել յանկարծ»։
Համաստեղը, դժբախտաբար, չէր սխալվում. 1966 թ. նոյեմբերի 26-ին Լոս Անջելեսում, յոբելեանական հանդէսի ժամանակ տեղի ունեցաւ ողբերգութիւնը. Համաստեղը յանկարծամահ եղաւ՝ հայ մշակոյթը փառաբանող խօսքը բերանին**։
Վերջին նամակը 1966 թ. նոյեմբերի 21-ին Համաստեղը գրել է Յակոբ Խաշմանեանին (տե՛ս «Նամականի», էջ 212-213)։
* ՀԽՖ-ի 317-րդ համարում պահւում է մանկաբոյժ, հայերէն եւ անգլերէն մի քանի վէպերի հեղինակ, 1920 թ. բոստոնաբնակ Ալբերտ Աբելեանի (1893-1986) անթուակիր նամակը Յակոբ Խաշմանեանին՝ «Հարցումներ Համաստեղի յոբելինական յանձնախումբին» խորագրով։ Համաստեղի հիւանդութեան, բժիշկների՝ ճանապարհորդելու թոյլտւութեան եւ գրողի վախճանի վերաբեալ չորս հարցերից յետոյ հետաքրքիր տեղեկութիւն կայ. «Նոյեմբերի 5-ին Համաստեղը քովս եկաւ։ Խնդրեցի, որ չ՚երթայ Քանատա եւ կամ Քալիֆոռնիա։ Մտիկ չ՚ըրաւ դժբախտաբար»։
** «Հայրենիք» ամսագրի 1969 թ. 8-րդ համարում տպագրուած է «Համաստեղի վերջին խօսքը՝ Լոս Անճէլըսի մէջ»՝ «Կարապի երգ» խորագրով (տե՛ս «Համաստեղ. «Մոռացուած էջեր», հ. Բ, էջ 192-199)։
16. ՀՅԴ գործուն անդամ, խմբագիր, հասարակական գործիչ Ռուբեն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան, 1883-1968)։ Համաստեղը նրան է նուիրել իր լաւագոյն պատմուածքներից «Երնէկ այն օրերուն»ը։
Ռ. Դարբինեանը Համաստեղի մասին առաջին եւ յաջողուած ուսումնասիրութիւններից մէկի հեղինակն է. «Հայրենիք» հանդէսի 1925 թ. 5-րդ համարում տպագրուած է նրա «Համաստեղ» ծաւալուն յօդուածը (տե՛ս «Համաստեղ. «Մոռացուած էջեր», հ. Բ, էջ 200-218)։ «Համաստեղ լաւ դիտող է եւ նկարիչ…», — այս համոզմամբ է Ռ. Դարբինեանը քննում գրողի պատմուածքների առաջին ժողովածուն, իսկ աւելի ուշ՝ նոյնանուն օրաթերթի 1966 թ. նոյեմբերի 16-ի համարում տպագրուած է խմբագրապետի «Համաստեղը (Իր յոբելեանին առթիւ)» յօդուածը։ Ռ. Դարբինեանը սիրով ու անթաքոյց հրճուանքով է պատմում գրողի հետ իր առաջին հանդիպման, տասնամեակների մտերմութեան մասին։
Նշեմ, որ Համաստեղը մի քանի անգամ առիթ ունեցել է խօսելու եւ գրելու Ռ. Դարբինեանի վաստակի, «Հայրենիք» ամսագրի եւ նոյնանուն օրաթերթի մասին։
17. Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանը յատուկ ուշադրութիւն է նուիրել Համաստեղի առաջին քայլերին։ Նա յիշատակում է նաեւ «Հայրենիք» օրաթերթի 1917 թ. դեկտեմբերի 15-ի համարում տպագրուած «Ստուերներ» բանաստեղծութիւնը։ «Գողտրիկ էջ մը, որ անդրադարձութիւն մըն է կեանքին, որ հազիւ սկսած՝ կը խոնարհի իր արեւամուտքին։ Կ՚արժէ ծանօթանալ այս կտորին», — գրում է նրա մասին եւ մէջբերում բանաստեղծութեան ամբողջ տեքստը։
«Հայրենիք» օրաթերթի՝ 1967թ. յունուարի 13-ի համարում տպագրուած է «Փիւնիկ» հանդէսի խմբագրակազմի անդամ Ս. Մ. Չթճեանի յօդուածը՝ «Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւնը» վերնագրով։ Նա պատմում է, որ Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Ստուերները» վերնագրով, տպագրվել է «Փիւնիկ» հանդէսում («Փիւնիկ», 1918, 5-րդ համար)։
«Յուշամատեան»ի 109-րդ էջում տպագրուած է «Հագի՛ր սեւ քողերդ…» տողով սկսուող «Ստուերներ» բանաստեղծութիւնը՝ «Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւնը» խորագրի տակ, թուագրուած է՝ 1918 (տպագրուած է «Հայրենիք» օրաթերթի 1918 թ. փետրուարի 9-ի համարում)։ Պարզ է՝ Համաստեղը նոյն վերնագրով երեք բանաստեղծութիւն է գրել։
Համաստեղի գրական առաջին փորձերը՝ բանաստեղծութիւններն ու մանրապատումները, հրատարակել եմ «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» գրքի Ա հատորում՝ էջ 6-69։
18. Լոյս է տեսել «Հայրենիք» թերթի 1921 թ. մարտի 19-ի համարում։ Տե՛ս նաեւ «Համաստեղ, Մոռացուած էջեր», հ.Ա, էջ 70-71։ Այս պատմուածքի խմբագրուած տարբերակը Համաստեղը հրատարակել է «Գիւղը» ժողովածուում՝ «Հին յուշ» խորագրով։
19. Համաստեղի «Սպիտակ Ձիաւորը» երկհատոր դիւցազնավէպի գլուխներից 1931-1933 թթ. լոյս են տեսել «Հայրենիք» ամսագրում, առանձին գրքով հրատարակուել է 1952 թ., Լոս Անջելեսում։ Համաստեղը ծրագրել էր երեքհատորանոց վէպ գրել։
20. Ցաւում եմ, բայց Համաստեղի ծննդավայրի Բարջանճ հայաշունչ անուանումը լայն գործածութիւն չունի, որքան էլ ջանացի տարածել։
Լորիկ Համաստեղն ինձ նուիրել է հօր ծննդավայրի մասին հետաքրքիր գիրք՝ «Բարջանճ գիւղ. Համապատում (1600-1937)», պատկերազարդուած, 1938 թ., Բոստոն։ Գրքի լիազօր խմբագիրը Մանուկ Պ. Ծերօնն (Մանուկ Ծերոնեան, 1862-1938) է, առաջաբանը գրել է Արշակ Չոպանեանը (1862-1938)*։
«Գիւղին տաճկեվարցած Փերչենճ անունը Բարջանճ հայեցի ձեւին դարձուցած եմ շատ խնամոտ հետազօտութենէ մը վերջ։ Փոփոխութիւնը արդարացնող պատճառները եւ գրքին ընդհանուր ծրագրին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով մեծանուն գրագէտ պարոն Արշակ Չօպանեանի եւ Վենետիկի միաբանութենէն հանրածանօթ բանասէր Հայր Վ. Վ. Հացունիի**՝ իրենց կարծիքները խնդրեցի», — գրում է խմբագիրը։
1890-1915 թթ. Բարջանճը շրջակայքի ամենաբազմամարդ գիւղն էր։ Բարջանճը նաեւ շերամապահութեան նշանաւոր կենտրոններից էր, որովհետեւ հարուստ էր թթենիների այգիներով։ «Բարջանճ մուրացկան չունէր, ոչ ալ կը յիշենք անհատ մը կամ ընտանիք մը անսուաղ մնացած», — հպարտութեամբ գրում է Մ. Ծերոնեանը։
Ի դէպ, նոյն վկայութեանը ծանօթ եմ շապինգարահիսարցի Արամ Հայկազի գրականութիւնից։
1920-21 թթ. գիւղում մնացին 15 հայեր, 230 կանայք ու որբերը ցրուեցին աշխարհով մէկ՝ Հալէպից մինչեւ Ամերիկա։
Գրքի 99-108-րդ էջերում տեղադրուած են Բարջանճ գիւղի փրկուած բնակիչների խմբանկարները՝ ըստ բնակութեան նոր վայրերի։
* Համաստեղի եւ Արշակ Չոպանեանի (1872-1954) նամակները տե՛ս «Նամականի»ում՝ էջ 291-295 եւ 479-481։
** Բանասէր, ազգագրագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Վարդան վարդապետ Հացունի (Սոմունճեան, 1870-1944)։
21. Լոյս է տեսել Բեյրութում 1957 թ.։
Տե՛ս նաեւ Համաստեղ, Մոռացուած էջեր», հ. Գ, էջ 211-242։ Առանձին գրքով հրատարակել եմ 2017 թ.՝ առաջին հրատարակութեան 60-ամեակի առթիւ։
22. Ստեղծագործութիւնը «Սրբազան Կատակերգութիւն կամ Տոմար Մաքիական» վերնագրով լոյս է տեսել «Հայրենիք» ամսագրի 1938 թ. 4-9-րդ համարներում, «Այծետոմար» վերնագրով՝ 1960 թ. Բեյրութում հրատարակուած «Այծետոմար եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ» գրքում (տե՛ս «Համաստեղ, Մոռացուած էջեր», հ. Գ, էջ 93-210։ Նոյն գրքի Դ հատորում՝ էջ 84-117, հրատարակել եմ այս ստեղծագործութեան դրամատիկական տարբերակը)։
23. Գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Յովհաննէս Յարութիւնեան (1860-1915)։ «Գաւառը եւ Թլկատինցին» ուսումնասիրութեան մեջ (տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», հ. Ա, էջ 274-298) Համաստեղը գրում է. «Զարդարեան մետաքսէ նուրբ թելերով, գոյներու մանրամասնութիւններով ասեղնագործող մըն է։ Զգոյշ պէտք է ըլլալ որ չմաշուին իր թելերը։ Զարդարանքի համար կարելի է գործածել միայն եւ կամ սկիհներու վրայ ձգել։ Իսկ Թլկատինցին, թեւերը սոթթած եւ առնացի կազմով ու ուժով տէզկեահին առջեւ նստած, կտաւ կը գործէ, դիմացկուն կտաւ։ Իր կտաւին վրայ ձգուած նախշերը հայկական ձեւի աւանդական նախշեր են։ Իր գործածած գոյնը դիմացկուն ներկէ շինուած տեղական ապրանք է, այնքան դիմացկուն, որ ոչ արեւը կը հանէ եւ ոչ լուացքը»։
Նրբօրէն դիտուած այս ոճական տարբերութիւնների ընդգծումով Համաստեղն ակնյայտօրէն նախապատւութիւնը տալիս է Թլկատինցուն, քանի որ նա աւելի բնական ու հարազատ գոյներով էր ներկայացնում հայ գիւղաշխարհի կեանքը։ Դրանով Համաստեղը, ի հարկէ, չէր թերագնահատում Զարդարեանի վաստակը, պարզապէս Թլկատինցու մտածողութիւնն ու աշխարհն աւելի մօտ էր համարում իրեն։
24. Գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915)։
25. Համաստեղի «Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ» (Կահիրէ, 1955) գրքում կայ հետաքրքիր պատմուածք՝ «Սքիփին» վերնագրով։ Գրողը ստեղծել է քաղաքաբնակ համակրելի շնիկի «կերպար»։ Սքիփիին ամեն օր կանոնաւոր կերակրում, լողացնում են, բայց արգելում են բակ դուրս գալ, խաղալ երեխաների հետ, որ չկեղտոտի նրանց հագուստը։ Համաստեղը հոգեբանօրէն լաւ է հիմնաւորել շնիկի արարքները, եւ ընթերցողի աչքի առաջ կենդանանում է բակն իր չարաճճի բնակիչներով՝ երեխայ թէ շուն։
26. Նուրբ ալիւր, սիմինդր։
27. Այստեղ՝ անմշակ, հասարակ։
28. «Գիւղը» ժողովածուն լոյս է տեսել Բոստոնում, 1924 թ., «Անձրեւը»՝ 1929 թ., Փարիզում։ 1955 թ. Բեյրութում վերահրատարակել են «Գիւղը» ժողովածուն։ 2008-ին Բեյրութում հրատարակուել է Համաստեղի «Հատընտիր պատմուածքներ» ժողովածուն
29. Տպագրւում է ըստ բնագրի, ԳԱԹ, ՀՖ, համար 852 (մեքենագիր է)։
30. «Գեղունի» հանդէսի այդ համարն իսկապէս շքեղ է ու հարուստ գունաւոր ներդիրներով։
31. «Բազմավէպ» հանդէսի 1947 թ. 3-4-րդ համարում հրատարակուած է «Պր. Գէորգ Մարտիկեան Ս. Ղազարի մէջ» յօդուածը (1947 թ. փետրուարի 9-ին այս մարդն այցելել է Ս. Ղազար, յետոյ ամերիկացի զօրավարին ու սպաներին են հիւրընկալել կղզում)։ Անտուն հայերի ամերիկեան ազգային կոմիտէի (ծանօթ է անգլերեն անուանման յապաւումով՝ ԱՆՉԱ) հիմնադիր-նախագահ, ռեստորանատէր Ջորջ Մարտիկեանի (1903-1977) մասին խայտառակ փաստեր կան սփիւռքահայ զինեալ ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ Գուրգէն Եանիկեանի (1895-1984) «Նպատակ եւ ճշմարտութիւն» յուշագրքի 108-110-րդ էջերում (Գ. հրատարակութիւն, Երեւան, 2020, խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան)։ Նա «իր ծնունդը Ամերիկա գալուց» էր հաշւում։ Գրքի ծանօթագրութիւնների բաժնի 231-232-րդ էջերում կարդում ենք. «1918-1922 թթ. ապրել է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1922 թ. հաստատուել է ԱՄՆ-ում։ Նրա գործունէութիւնն ուղղուած է եղել Բալկաններից եւ Միջին Արեւելքից հայերին հեռաւոր երկրներ գաղթեցնելուն եւ Խորհրդային Հայաստանը հայաթափելուն՝ հայկական պահանջատիրութիւնը թուլացնելու թուրքանպաստ հեռաւոր նպատակով»։
32. Տպագրւում է ըստ բնագրի, ԳԱԹ, ՀՖ, համար 853 (մեքենագիր է)։
33. Խօսքը «Պանն էր անցեր իմ պարտէզէն» մանրապատումի մասին է։ Տե՛ս 3-րդ ծանօթագրութիւնը։
34. Բառն այդպէս է մեքենագրուած։
35. Բառն այդպէս է մեքենագրուած։
36. Կաղապար։
37. 1928-1929 թթ. Համաստեղն ընկերոջ՝ գեղանկարիչ Եղիա Գասպարեանի (1893-1948) հետ ճանապարհորդեց Եւրոպայում, Մերձաւոր Արեւելքում։
Պահպանուած նամակների միջոցով հնարաւոր եղաւ ճշտել. ճանապարհորդութիւնը տեւել է վեց հարիւր ութսունչորս օր, նրանք Բոստոնից դուրս են եկել 1928 թ. յուլիսի 28-ին, Համաստեղը տուն է վերադարձել 1930 թ. յունիսի 12-ին։ Համաստեղը եղել է Ֆրանսիայում, Իտալիայում, Եգիպտոսում, Սիրիայում, Պաղեստինում։
Արձանագրուած է, որ 1929 թ. օգոստոսի 29-ին Համաստեղը Տէր Զօրում էր։
1929 թ. դեկտեմբեր 4-ին Համաստեղը գրել է Յակոբ Խաշմանեանին. «Այսօր Իտալիա՝ Վենետիկի մէջն եմ»։
38. «Բազմավէպ» հանդէսի 1947 թ. 1-2-րդ համարի էջերում տպագրուած են Հայր Վահան վարդապետ Յովհաննէսեանի մի քանի բանաստեղծութիւններ, որոնց գրութեան վայրը նշուած է՝ Քենիա։ Նշւում են գրութեան օրերը՝ 1946 թ. մարտի 3-ից մինչեւ նոյն թուականի հոկտեմբերի 20։
39. Տպագրւում է ըստ բնագրի, ԳԱԹ, ՀՖ, համար 143 (ձեռագիր է)։ Թուագրում եմ ըստ բովանդակութեան։
40. Դարձուածք է, այսինքն՝ բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով։
41. 1947 թ. յունուարի 6-ին Յակոբ Խաշմանեանին հասցեագրած նամակում Համաստեղը գրում է, որ «Հայրենիք» ամսագրի հանգանակութեան հարցերով մեկնելու է Կալիֆոռնիա։ 1947 թ. մայիսի 28-ի նամակում նա Յակոբ Խաշմանեանին պատմում է, որ մայիսի սկզբին է վերադարձել Բոստոն եւ հիացած է Կալիֆոռնիայի շքեղ գարունով։
42. Խօսքը «Բազմավէպ»ի 1947 թ. 1-2 համարում «Մեր գրական հունձքը» խորագրով տպագրուած «Հանդէս հանդիսից. «Հայրենիք» ամսագիր. 1946» յօդուածի մասին է։
43. Կարծում եմ՝ գրողը դժգոհելու պատճառ առանձնապէս չունէր։
44. Համաստեղը յուշեր չի գրել, բայց նրա պահպանուած նամակները լրացնում են պակասը։ Փաստագրական եւ կենսագրական հարուստ նիւթ են տրամադրում յատկապէս դէպի Եվրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք կատարած ճանապարհորդութեան ընթացքում գրած նամակները։
45. Խօսքը նշանաւոր հայագէտ, փիլիսոփա, գրող, թարգմանիչ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Արսէն վարդապետ Բագրատունու (Անթիմոսեան, 1790-1866) «Հայկ Դիւցազն» էպիկական հերոսական պոեմի (1858 թ.) մասին է, որ գրուած է շքեղ գրաբարով։
«Բազմավէպ» հանդէսի 1947 թ. մի քանի համարներում տպագրուած է Հայր Մեսրոպ վարդապետ Ճանաշեանի «Բագրատունիի «Հայկ Դիւցազն»ը» ուսումնասիրութիւնը, որն սկսւում է այսպէս. «Գրքեր կան, որ կը պահանջեն մէկէ աւելի ընթերցումներ եւ կը նմանին անտիրապետելի բարձունքներու, որոնք հրապուրելով հանդերձ մեր հետաքրքրութիւնը՝ պատկառանքի վախը կ՚ազդեն միանգամայն»։
46. Տպագրւում է ըստ «Բազմավէպ» հանդէս 1966 թ. 11-12-րդ համարի։
47. Տե՛ս 13-րդ ծանօթագրութիւնը։
48. Համաստեղն ուղարկել է «Սպիտակ Ձիաւորը» վէպի հատորները։
49. 1966 թ. մարտի 11-ին երկարատեւ ու ծանր հիւանդութիւնից յետոյ մահացել է տիկին Սրբուհի Համաստեղը (Պեկեան, ծն. 1903)։
50. Համաստեղի եւ Յակոբ Խաշմանեանի նամակներում կան տուեալներ, որ Համաստեղին յաճախ են հրաւիրել յոբելեանական հանդէսներին մասնակցելու։ Յատկապէս յամառ ու բազմիցս կրկնուող էր Բեյրութ գնալու հրաւէրը։
Համաստեղի եւ Յակոբ Խաշմանեանի նամակագրութիւնից մի հատուած հրատարակել եմ «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2017 թ. 2-րդ համարում (էջ 239-259)՝ «Կեանքի վերջին տարիների օրագիրը» խորագրով։
51. Համաստեղը մասնակցել է իր ծննդեան 70 եւ գրական գործունեութեան 50-ամեակներին նուիրուած երեք յոբելեանական ձեռնարկի՝ 1966 թ. հոկտեմբերի 16-ին՝ Վաշինգտոնում*, նոյեմբերի 17-ին՝ Մոնթրէալում**, նոյեմբերի 26-ին՝ Լոս Անջելեսում***։
* «Հայրենիք» օրաթերթի 1966 թ. նոյեմբերի 1-ի համարում տպագրուած է «Հայ համայնքը տօնեց Համաստեղի յոբելեանը…» հաղորդագրութիւնը, իսկ նոյեմբերի 11-ի համարում՝ Առանձարի «Համաստեղի յոբելեանը Ուաշիկնթընի մէջ» յօդուածը (տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», հ. Բ, էջ 252-255 այդ բառը ես չէ, որ կարմիր գրած եմ
** «Հայրենիք» օրաթերթի 1966 թ. դեկտեմբերի 4-ի եւ 7-ի, համարներում տպագրուած են Արամ Հայկազի «Այց Մոնթրէալի մեր գաղութին» եւ Վրէժ-Արմէնի (Արթինեան, ծն. 1940 թ.) «Մոնթրէալի հայութիւնը տօնեց Համանստեղի գրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանը» յօդուածները (տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», հ. Բ, էջ 261-263 եւ էջ 264-265)։ Նոյն թերթի 1967 թ. յունուարի 17-19-ի համարներում տպագրուած է Արամ Հայկազի «Համաստեղ եւ իր գրականութիւնը (խօսուած Մոնթրէալի մէջ նոյեմբեր 19, 1966-ի երեկոյեան)» յօդուածը (տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր, հ. Բ, էջ 266-273)։
*** «Հայրենիք» օրաթերթի 1966 թ. դեկտեմբերի 6-ի եւ դեկտեմբերի 9-ի համարներում տպագրուած են Բիւզանդ Կռանեանի (Չեքիջեան, 1912-2004) «Վերջին 36 ժամը Համաստեղի հետ» եւ Սարգիս Սարունիի (Տոնկլիկեան, 1893-1976) «Ահա՛ կաղնին շանթահար» յօդուածները (տե՛ս «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», հ. Բ, էջ 274-280 եւ էջ 281-285)։ Տոնկլիկեա՞ն
52. Խօսքը «Առաջին սէրը» վիպակի մասին է, որ լույս է տեսել Բեյրութում, 1966 թ.։ 1989 թ. վիպակը հրատարակուել է Երեւանում, «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը» հատորում։