«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը, որ լաւագոյնը կը նկատուէր Սուրիոյ մէջ, Արեւելեան Եւրոպա իր շրջապտոյտին համար խումբը ուզեց զօրացնել յաւելեալ մէկ կամ երկու լաւագոյն խաղացողներով։ Եւ լաւագոյն թեկնածուն անշուշտ Անդրանիկն էր, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի, նաեւ ամբողջ Սուրիոյ լաւագոյն ռմբարկուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յոյսը, իսկ հակառակորդ խումբի բերդապահներուն ահն ու սարսափը։ Երբ գնդակը Անդրանիկին ոտքը ըլլար եւ ան հակառակորդին բերդին մօտենար, համակիրները, մեծ եւ պզտիկ հաւասարապէս, տարօրինակ խանդավառութեամբ կը քաջալերէին զինք, խոստանալով համբուրել անոր ոտքէն մինչեւ ճակատը։ Իսկ ծայրայեղներ, Անդրանիկին նշանակած կոլերուն մէջ նոյնիսկ վրէժի զգացումով տարուած, յաճախ կը պոռային. «Կոլ մը, Անդօ՛, կոլ մը. յիշէ՛ մէկ միլիոնը եւ անոնց սիրոյն՝ կոլ մը»։ Եւ Անդրանիկ երբեք յուսախաբ չէր ըներ զիրենք։ Մրցումներէն ետք, յաճախ զինք ուսամբարձ դէպի ինքնաշարժ կը տանէին։
Սուրիական բանակի խումբը 1966-ի ամրան վերջաւորութեան, շատ արդիական մարդատարով ճամբայ ելաւ դէպի Թուրքիա եւ Արեւելեան Եւրոպա։ Առաջին հանգրուանը Անգարան էր։ Խումբը, Անդրանիկին կողքին նաեւ հրաւիրած էր Ուաէլը, որ իր կարգին կը նկատուէր Սուրիոյ լաւագոյն յետսապահներէն մէկը եւ անդամ էր ՀՄԸՄ-ի թիւ մէկ հակառակորդ-մրցակից Էհլի խումբին։ Թէեւ Անդրանիկ եւ- Ուաէլ հակառակորդ խումբերու մաս կը կազմէին, բայց մեծապէս գնահատելով իրարու բացառիկ խաղարկութիւնը, դաշտէն դուրս բարեկամներ էին։ Խումբին մնայուն անդամներէն էին նաեւ Աւետիս եւ Յակոբիկ, որոնք Հալէպի մարաշցիներու Վասպուրական խումբին աստղերը ըլլալէ ետք, մնայուն կերպով անդամագրուած էին բանակի խումբին, դառնալով ամբողջ Սուրիոյ ֆութպոլի համակիրներուն համար մէկական իտէալ։

Անգարայի մէջ, իրենց առաջին մրցումը տեղւոյն հաւաքականին դէմ էր։ Հանդերձարանին մէջ Անդրանիկ, Աւետիս եւ Յակոբիկ իրարու քով գալով կը խոստանան ամեն գնով Սուրիոյ եւ մանաւանդ հայութեան արժանապատւութիւնը բարձր պահել։ Ուաէլ հեռուէն թեթեւ ժպիտով մը կը հետեւի այս երեքին հաւաքին։ Գիտէր, թէ ինչի՛ մասին էր եւ լաւատեղեակ էր անոնց ապրումներուն եւ յուզումներուն, որովհետեւ հայերուն հետ բաւական մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր։ Վերջաւորութեան ինք ալ միանալով եւ երեքին ուսերուն փաղաքշականօրէն զարնելով, ինք ալ կը խոստանայ իր կարելին ընել։
Մրցումը սկսելէն հազիւ երեք վայրկեան անց, Աւետիսին սխալ մէկ շարժումը օգտագործելով, թուրք յառաջապահը կը նշանակէ խաղին առաջին կոլը։ Բարձրախօսը մեծ խանդավառութեամբ կը յայտարարէ կոլը նշանակող թուրքին անունը, իսկ թուրք համակիրներուն ցնծութեան ու քաջալերանքին բացագանչութիւնները մինչեւ երկինք կը հասնին։ Թուրք համակիրներուն դէմքերուն վրայ նշմարելի կը դառնայ քմծիծաղը, կարծէք ըսել կ՚ուզեն, թէ սուրիական այս խումբը ապիկար է, եւ խաղը շուտով պիտի աւարտի ամօթալի ու խայտառակ պարտութեամբ։ Սուրիական խումբի խաղացողներն ու պատասխանատուները կը շշմին։ Կը շշմին մանաւանդ երեք հայերը, իսկ Աւետիս՝ ամենէն աւելին։ Խումբին խմբապետի իր դիրքին եւ իր փորձառութեան երբեք ներելի չէր այդ սխալը։ Անդրանիկ հեռուէն ձեռքով նշան կ՚ընէ Աւետիսին, թէ հոգ չընէ, Յակոբիկ քաջալերական քանի մը խօսք կ՚ըսէ, իսկ Ուաէլ, որ Աւետիսին հետ յետսապահ էր, կը մօտենայ անոր ու կ՚ըսէ. «Աւետի՛ս, երբեք մի մտահոգուիր, դուն եւ ես մէկական բերդ պիտի ըլլանք, եւ այլեւս ոչ մէկ գնդակ պիտի անցնի մեզմէ»։ Իսկապէս ալ չորսը միասին գերազանց խաղարկութեամբ, իսկ Աւետիս ու Ուաէլ գերմարդկային ճիգերով կը կասեցնեն թրքական իւրաքանչիւր գրոհ։
Խաղին քառասուներորդ վայրկեանին, թրքական ամբոխը անհամբեր որ երկրորդ կոլը կ՚ուշանար, խելայեղ կը պոռար. «Կո՜լ, կո՜լ, Թուրքիայի՛ն կո՜լ»: Յակոբիկ յանկարծ գնդակը կը սահեցնէ Անդանիկին, որ իրեն յատուկ հնարամտութեամբ հակառակորդին երկու յետսապահները խաղի բերելով առանձին կը մնայ բերդապահին դիմաց։ Այդ պահուն ցեղասպանութեան սպանուած իր մեծ հօր եւ 1915-ի ամբողջ ողբերգութեան պատկերները իր ուղեղն ու էութիւնը կը կլանեն, ոտքի վարպետ շարժումով մը թուրք բերդապահին շուարումի կը մատնէ, որ կը նետուի մէկ կողմ՝ գնդակին հաւանական մուտքը սանձելու, գնդակը նիզակի մը երեւոյթը կը ստանայ Անդրանիկին ենթագիտակցութեան մէջ, եւ ինք Հայկ Նահապետ դարձած կը խրէ զայն Բէլի սրտին, ու զօրաոր հարուածով մը գնդակը կը զետեղէ բերդին միւս անկիւնը…
Այս անգամ շշմելու կարգը թուրք համակիրներուն եւ խաղացողներունը կ՚ըլլայ։ Բարձրախօսը սովորական ձայնով կը յայտարարէ Անդրանիկին անունը, եւ բացի սուրիական խումբի խաղացողներուն եւ պատասխանատուներուն ուրախութեան ճիչերէն, ամբողջ դաշտը քար լռութիւն կը տիրէ։ Տասնեակ հազարաւոր թուրք համակիրները յանկարծ կը լռեն եւ իրենց տեղերը կը նստին։
Կիսախաղին մէկ վայրկեան մնացած, Յակոբիկ կրկին գնդակը կը փոխանցէ Անդրանիկին, որ աջ ոտքով արագ կասեցնելէ ետք, քսան մեթրէն ուժգին հարուածով կը տեղաւորէ զայն թրքական բերդին աջ անկիւնը։ Խօսնակը այս անգամ խեղդուկ եւ յուզուած ձայնով կը յայտարարէ Անդրանիկին անունը։ Իսկ հանդիսատեսները առաջին ցնցումէն տակաւին չսթափած, իրենց աչքերուն չէին հաւատար։ Կիսախաղի դադարին սուրիական խումբին երջանկութեան սահման չկար։
Երկրորդ կիսախաղին, թուրք համակիրները կրկին խանդավառ եւ վստահօրէն, թէ իրենց խումբը անպայման պիտի յաղթէ կամ գոնէ հաւասարի սուրիականին հետ, ահագին գոռում-գոչումներով կը սկսին քաջալերել իրենց խումբը, մանաւանդ յառաջապահները, կրկին պոռալով. «Կո՜լ, կո՜լ, Թուրքիայի՛ն կո՜լ»։ Բայց անոնց բոլոր յարձակումները կը կասեցուին անխորտակելի պատնէշներ դարձած Աւետիսին եւ Ուաէլին կողմէ։ Խաղին եօթանասունվեցերորդ վայրկեանին, Անդրանիկ օգտուելով թուրք յետսապահին անուշադրութենէն, գնդակը կը խլէ անոր ոտքէն եւ ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ բերդապահին, որ արագ ոստումով կը նետուի ոտքերուն, խլելու համար գնդակը։ Անդրանիկ իւրայատուկ ճարպիկութեամբ, գնդակին հետ կը ճողոպրի բերդապահին ոստումէն ու մէկ մեթր միայն հեռու բերդէն՝ կարիքը չի զգար զօրաւոր հարուածելու։ Վստահ թէ «Բէլ»ը արդէն խորտակուած է, գնդակը դանդաղ եւ հեգնանքով կը գլտորի թրքական դարպասէն ներս։ Բարձրախօսը այս անգամ խռպոտ եւ գրեթէ լացակումած ձայնով կը յայտարարէ Անդրանիկին անունը։ Այդ օր սուրիական խումբը, շնորհիւ հայ մարզիկներուն եւ Ոաէլին, մանաւանդ Անդրանիկին, 3-1 հպարտալի յաղթանակ մը կ՚արձանագրէ։

Երբ մարզիկները հանդերձարանէն դէպի իրենց փոխադրակառքը կ՚ուղղուին, յիսուննոց թուրք մը, քովէն երեսուննոց, իսկ մէկ քայլ ետեւէն քսաննոց երկու թիկնեղներ, կը մօտենան Անդրանիկին։ Երեսուննոցը անմիջապէս արաբերէնով կ՚ըսէ, թէ ինք քանի մը գիւղերու տէր Ռեզա Պէյին թարգմանն է։ Իսկապէս ալ յիսուննոց թուրքը գիւղապետի երեւոյթ ունէր։ Շատ մաքուր եւ սուղնոց կերպասէ հագուստներուն կողքին, ունէր պատկառելի երեւոյթ եւ հեղինակութիւն։ Ինքնավստահ ձայնով թարգմանիչին միջոցաւ կը հարցնէ. «Անդրանիկը դո՞ւն ես»։ Յետոյ շնորհաւորելէ ետք զինք իր բացառիկ խաղարկոււթեան համար, նոյն ոճով կը շարունակէ. «Հա՞յ ես»։ «Այո՛, հայ եմ» կ՚ըլլայ Անդրանիկին հպարտ եւ նոյնքան բարձրաձայն պատասխանը։ Փոքր ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի գիւղապետին դէմքին, եւ լաւ մը զննելէ ետք Անդրանիկը, աւելի մօտենալով եւ ձայնին երանգը մեղմացնելով կը խնդրէ. «Կարելի՞ է այս իրիկուն հանդիպիլ ձեր պանդոկը, շատ կարեւոր է»։ Երբ Անդրանիկ կը հարցնէ, թէ ի՞նչ կարեւոր բանի համար է խօսքը եւ ինչո՞ւ հիմա չի կրնար խօսիլ, Ռեզա Պէյ այս անգամ գրեթէ աղաչական կ՚ըսէ. «Կը խնդրեմ, մի մերժէք զիս, ես երբեք մէկու մը չեմ աղաչած, բայց մօրս համար է, կ՚աղաչեմ եւ միայն քսան վայրկեան»։ Թէեւ Անդրանիկ շատ համոզուած չէր, սակայն կը համաձայնի երեկոյեան հանդիպելու թուրքին հետ, մանաւանդ որ մարդը իր մայրը յիշած էր, ու ինք յարգանք եւ տկարութիւն ունէր մայրերու հանդէպ։
Ուաէլ, որ այս ընթացքին Անդրանիկին կողքին էր, երբ միասին մարդատար կը բարձրանան, իր զարմանքը կը յայտնէ, թէ Անդրանիկ ինչո՛ւ համաձայնած էր թուրքին հետ հանդիպիլ։ Եւ երբ իրենց նստաթոռին վրայ կը տեղաւորուին, հեգնական շեշտով մը կը շարունակէ. «Գիւղապետ թուրքը, կոլ նշանակող գեղեցիկ սրունքներուդ զարնուած է կարծեմ, իրիկունը քսան վայրկեան քեզ հետ առանձնանալէ ետք, եթէ իսկապէս հաւնի քեզ, հաւանաբար ալ հետը գիւղ տանի եւ լաւ տուն մը կահաւորէ քեզի համար»։ Ուաէլ տակաւին կը շարունակէր իր խեղկատակ խօսակցութիւնը, եթէ Անդրանիկ արմուկի հարուածով մը զինք չլռեցնէր։
Գիշերուան տասի մօտ, Ուաէլ եւ Անդրանիկ, որոնք սենեկակիցներ էին, իրենց անկողիններուն վրայ երկնցած կը խօսակցէին, երբ պադոկին գրասենեակէն կը հեռաձայնեն, թէ Ռեզա անունով մէկը իրենց արտօնութիւնը կ՚ուզէ սենեակ գալու։ Ուաէլ նորէն ձեռք կ՚առնէ Անդրանիկը ըսելով. «Շուտ մազերդ լաւ մը սանտրէ եւ շպարուէ, որպէսզի մարդդ քեզ լաւ տեսնէ»։ Քիչ ետք դուռը կը զարնուի, նոյն չորսին հետ եօթաասունի սեմին մայրիկ մը կը ներկայանան։ Երկու թիկնեղները դուրսը կը սպասեն, եւ Ռեզա Պէյ մայրը դանդաղօրէն նստեցնելէ ետք, ներողութիւն կը խնդրէ այս ուշ ժամուն զիրենք նեղացնելուն համար ու թարգմանիչին միջոցաւ խօսքը մօրը կու տայ։
— Անդրանի՛կ, տղա՛ս, երբ Ռեզա որդիս կ՚իմանայ հայ ըլլալդ, կ՚ուզէ զիս քովդ բերել, որպէսզի վերջին բաղձանքներէս մէկը կատարուի։ Ես ալ հայ եմ, տարագրութեան ժամանակ, ընտանիքիս բոլոր անդամները կորսնցնելէ ետք, Ռեզային հայրը, Մէհմէդ Պէյ (Ալլահը զինք լոյսի մէջ պահէ) զիս կնութեան առաւ եւ լաւ կեանք մը ապրեցուց։ Զաւակներ, թոռներ եւ ծոռներ ունիմ։ Իմ հայկական անունս Յասմիկ է, յետոյ դարձած եմ Զէյնէպ, Զէյնէպ Հանըմ։ Հայերէնը լաւ գիտէի, բայց հիմա ոչ իսկ մէկ բառ կը յիշեմ։ Հաւատացեալ ընտանիք մըն էինք, միշտ եկեղեցի գացող ու աղօթող։ Աղօթք մը կար, զոր ամեն օր կ՚աղօթէի, բայց յիսուն տարիէ ի վեր չաղօթելուս պատճառաւ բոլորովին մոռցած եմ։ Միայն առաջին երկու բառերը կը յիշեմ, որովհետեւ մտքէս միշտ կրկնած եմ զանոնք։ «Հայր մեր» կը կոչուի։ «Հայր մեր»ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանիկ, «Հայր մեր» աղօթքը։ Եթէ գիտես, բառերը կրկնէ, որպէսզի միասին աղօթենք, եւ եթէ կրնաս գրի առնել, ես ամեն օր նորէն «Հայր մեր»ը կ՚աղօթեմ։ Չմեռնելէս փափաքս այս է, կեանքիս վերջաւորութեան «Հայր մեր» աղօթելով անցընեմ օրերս։
Այս վերջին նախադասութեան, Զէյնէպ Հանըմ գրեթէ կը հեծկլտայ։ Ծանր մթնոլորտ մը կը տիրէ սենեակէն ներս։ Հազուադէպօրէն լուրջ է նոյնիսկ Ուաէլ։
Անդրանիկ լուռ կը դիտէ Յասմիկ-Զէյնէպը, փորձելով թափանցել անոր հոգւոյն խորերը։ Հալէպ շատ լսած էր, թէ տասնեակ հազարաւոր հայ աղջիկներ, ջարդի ժամանակ, ուզելով կամ բռնի ամուսնացած էին թուրքերու հետ. բայց այդ պատմութիւնները շատ հին առասպելներու, կամ հեքիաթներու համը կու տային. հին պատմութիւններով իրենց կեանքը գունաւորող, ծերացած սերունդի մը մոռցուած ու հեռաւոր տեղ մը կորսուած մնացորդացը։ Մինչդեռ դիմացը նստող սա կինը, կենդանի ապացոյցն էր, միսով-ոսկորով ապացոյցը, թէ անոնք թէեւ մոռցուած, բայց երբեք չեն կորսուած, եւ որոնք կ՚ուզեն իրենց կեանքին մնացած օրերուն կրկին իրենց հաւատքին ու արմատներուն փարիլ։
Անդրանիկ յուզուած բայց յստակ ձայնով կը սկսի, իսկ Յասմիկ դողդղացող ձայնով իր ետեւէն կը կրկնէ.
«Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո …»:
Յասմիկին փափաքին եւ պնդումներուն վրայ երեք անգամ կը կրկնեն աղօթքը։ Ապա թարգմանիչին հետ միասին, լատիներէն տառերով գրի կ՚առնեն զայն։ Յասմիկ նոր անձ մը կը դառնայ, նոր աւիւնով ուժ առած, կարծես իրմէ առնուած արիւնով, որ իրեն ետ ներարկած էին։
Անդրանիկ յիշեց Աւետարանը, զոր պայուսակը շտկած ատեն իր մայրը պնդած ու ճամպրուկին մէջ տեղաւորած էր, ըսելով.
— Երկար ճամբորդութիւն է, հետդ թող ըլլայ, ինչ կ՚ըլլայ, ինչ չ՚ըլլար։
Այո՛, ինչ կ՚ըլլայ, ինչ չ՚ըլլար։ Եւ Անգարայի մօտերը գիւղապետ թուրքի մը հայ մայրը կ՚ըլլայ, որ իր եւ իր նախնիներուն աղօթքն ու հաւատքը կրկին կ՚ուզէ կրկնել։
Կ՚ելլէ ու պայուսակէն Աւետարանը առնելով Յասմիկին կու տայ ու կ՚ըսէ.
— Աւետարան, Սուրբ Գիրք։
— Սուրբ Գիրք, Սուրբ Գիրք, — կը կրկնէ թրքացած հայ մայրիկը ու մեքենաբար կը սկսի համբուրել եւ ճակատը տանիլ, համբուրել ու ճակատը տանիլ Աւետարանը։ Յետոյ զայն կը յանձնէ իր Ռեզա տղուն, որ պահ մը տատամսելէ ետք, հադիսաւորապէս եւ երկիւղածութեամբ կը համբուրէ ու ճակատը կը տանի։
Մթնոլորտը փոխելու համար, Ռեզա Պէյ կ՚ըսէ մօրը, թէ Անդրանիկ նաեւ ֆութպոլի աստղ մըն է, եւ շնորհիւ իր կոլերուն, սուրիական խումբը պարտութեան մատնած էր Անգարայի իրենց հաւաքականը։
Մոռցուած հայու հպարտութիւն մը կ՚արթննայ Զէյնէպ Հանըմի էութենէն ներս։ Ինք որ տարագրութենէն անմիջապէս ետք կը կարծէր, թէ հայութիւնը այլեւս աշխարհէն ջնջուած է, եւ միայն իրեն պէս քանի մը նմոյշ մնացած էր, սխալած էր։ Ոչ թէ անոնք յարատեւեցին, գոյութեան դժուար պայքարէ մը ետք իրենց ներկայութիւնը ապացուցեցին, այլ ահա անոնց յաջորդ սերունդին ներկայացուցիչներէն մէկը, թրքական մայրաքաղաքին մէջ պարտութեան կը մատնէ թրքական խումբը։
Թաց աչքերով ու նոր յայտնաբերուած հպարտութեամբ մը կ՚ըսէ.
— Էֆէրի՛մ, օղլո՛ւմ՝ Անդրանիկ, էֆէրի՛մ։ Եկուր եւ հայու այդ հպարտ ճակատդ համբուրեմ։
Ապա կը հարցնէ Սուրիոյ հայութեան վիճակին եւ թիւին մասին եւ թէ հայերն ու արաբները իրարու հետ հաշտ ու հանգիստ կ՚ապրէի՞ն։ Անդրանիկ յիշելէ ետք Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին մէջ հայութեան դիրքն ու վարկը, ժպտալով ցույց կու տայ Ուաէլը որպէս վկայ, որ այդ պահուն աչքերը գետին յառած, հաստատական գլուխը կը շարժէ։
Հասցէներ փոխանակելէ եւ Անդրանիկը իրենց գիւղը հրաւիրելէ եւ վերջին անգամ մըն ալ Յասմիկ-Զէյնէպ անոր ճակատը համբուրելէն ետք կը հեռանան։ Այդ գիշեր երբ անկողին կը մտնէ Անդրանիկ, սիրտը հրճուանքով կը լեցուի. Իր նշանակած երեք կոլե՞րն էին պատճառը, թէ Յասմիկին «Հայր մեր»-ը. ինքն ալ չէր գիտեր։

Այդ նոր տարուան երեք օր կար, երբ Անդրանիկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի ակումբէն տուն եկաւ ու սոված ըլլալուն՝ ուղղուեցաւ շիտակ խոհանոց, երբ Վերժին քոյրը հիւրասենեակէն ձայնեց, թէ իրեն սպասող հիւր մը ունի։ Երբ հիւրասենեակ մտաւ, տեսաւ թարգմանիչը, հետը բերած երկու մեծ տոպրակներ, պիստակեղէններով եւ չորցուած միրգերով լեցուն՝ նուէր Ռեզա Պէյին կողմէ։ Կար նաեւ նամակ մը։ Անդրանիկ բացաւ նամակը, բայց թրքերէն ըլլալուն, թարգմանիչն էր, որ կարդաց եւ բացատրեց։
Նամակին մէջ, Ռեզա պէյ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այդ գիշերուան հանդիպումին եւ իր մօր յանձնած Ս. Գիրքին համար, նաեւ մօրը ջերմ բարեւներն ու կրկին իրենց գիւղը այցելելու հրաւէրը փոխանցելէ ետք, այսպէս կը վերջացնէր. «Մայրս քու տուած Ս. Գիրքդ իր բարձին տակ կը պահէ եւ այդպէս կը քնանայ։ Կ՚ըսէ, թէ շնորհիւ անոր, տարօրինակ եռանդով ու կորովով լեցուած է եւ ամեն առտու ալ ներքին անբացատրելի գոհունակութեամբ մը կ՚արթննայ։ Կը յանձնարարէ, որ ես ալ հատ մը ունենամ։ Ուրեմն ինծի ալ կրնա՞ս Ս. Գիրք մը գտնել ձեր այդ Հալէպէն, եւ եթէ կարելի է, հայ ընտանիքի մը կողմէ գործածուած Ս. Գիրք մը։ Մայրս կ՚ըսէ, թէ այդ ձեւով աւելի օրհնուած կ՚ըլլայ։ Գինին մասին երբեք մի մտածեր, որքան ալ սուղ արժէ, Ֆուատ՝ իմ թարգմանիչս եւ գործակատարս, կը վճարէ»:
Անդրանիկին եւ Վերժինին աչքերը իրարու հանդիպեցան, եւ Վերժին լաւ հասկցաւ Անդրանիկին միտքը։ Գնաց իր սենեակը եւ իր անձնական Աւետարանը բերելով յանձնեց Ֆուատին։ Երբ թարգմանիչը ուզեց գումար մը վճարել, Անդրանիկ ըսաւ.
— Այս մէկը մեր կողմէն Ռեզա Պէյը թող Նոր տարուան նուէր ընդունի։ Իրեն փոխանցէ ջերմ բարեւներս, նաեւ համբուրէ Զէյնէպ Հանըմը իմ կողմէս։
Երբ թարգմանիչ Ֆուատ հեռացաւ, ըսելով թէ վաղը առտու կանուխ իսկ ճամբայ պիտի ելլէ դէպի Անգարա, Անդրանիկ ինկաւ հիւրասենեակի բազկաթոռին վրայ մտածելով, թէ ի՛նչն էր, որ կը մղէր Ռեզա Պէյը այս արարքին. մօրը հանդէպ երկիւղածութեան հասնող սէ՞րը, թէ արեան կանչը։ Վստահ չէր։ Բայց մէկ բանի վստահ էր. այդ Նոր տարուան գիշերը, Ռեզա Պէյ պիտի քնանար հայերէն Ս. Գիրք մը բարձին տակ։

Յ.Գ.

Աւետիս Գաւլաքեան, բանակի խումբէն հանգստեան կոչուելէ ետք, Սուրիոյ մէջ զանազան պատասխանատու մարզական պաշտօններ կը վարէ, հասնելով մինչեւ Ազգային հաւաքականի մարզիչի պաշտօնին՝ 1983-էն 1985. այժմ մահացած է:
Ուաէլ Աքատ, թէեւ արաբ-իսլամ, Անդրանիկին հետ միասին քանի մը տարի մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄ-ի խումբին, ապա Հալէպ կը վերադառնայ ու հոն կը մահանայ։
Յակոբ Մարգարեան, բանակի խումբէն հանգստեան կոչուելէ ետք, Դամասկոսի մէջ երկար տարիներ ոսկերչական իր յաջող վաճառատունը ունենալէ ետք, իր հարազատներուն մօտ ըլլալու համար, տասը տարի առաջ կը փոխադրուի Լոս Անճելըս, ուր կ՚ապրի ներկայիս։
Անդրանիկ Մալեան, սուրիական բանակի խումբին մնայուն խաղացող ըլլալու հրաւէրը, կամ Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄ-ի եւ Դանիական մասնագիտական խումբին հրաւէրները կշիռի դնելէ ետք, անսալով ՀՄԸՄ-ականի իր կոչումին, մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄ-ի խումբին, բաւական ելեւէջներով կեանք մը անցընելէ ետք, ներկայիս կ՚ապրի Լոս Անճելըս։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *