Ազատութիւն ու ազատ թռչուններ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Մարդոց հաւասար իրաւունքները երաշխաւորուած են անոնց ազատութեամբ: Երբ այդ իրաւունքները զանազան ձեւերով կը խափանուին, ազատութիւնը կը դառնայ պատրանք: 14-րդ դարու ֆրանսացի գրագէտ Louis Veuillot աշխարհի բարիքներուն մեծագոյնը կը նկատէ ազատութիւնը: Ազատ է ան, որ իշխանութեան մը լուծին տակ չ՚ապրիր. ան տէրն է իր ժամանակին, իր մտածումներուն ու իր շարժումներուն: Ազատ է ան, որուն ոչ ոք դիտողութիւն կ’ընէ կամ կը բռնանայ իր դաւանանքին ու խղճմտանքին համար. ազատ է ան, որ զերծ է օրէնքին քմահաճ սեղմումներէն. Ազատ է ան, որ առանց վնասելու ուրիշի ազատութեան կ’ոգեւորուի իր նախասիրութիւններով: Ազատութեան բարիքն է, որ մեծ ու փոքր իշխանաւորներ կը զլանան իրենց նմաններուն: Այդ բարիքին անունով է, որ անցեալին մէջ սարքուեցան հաւատաքննութեան ատեաններ. անոր անունով ճառող հրէշներ այսօր ալ կը շարունակեն բանտարկել ու աքսորել իրենց արիւնակիցները:
Դիւանագիտական գետնի վրայ շատ մը երկիրներ, ինչ որ պարագան է Հայաստանին, ենթակայ են դրացի մեծ պետութիւններու քմահաճոյքներուն եւ չունին ազատութիւնը վարելու իրենց երկիրներուն համար նպաստաւոր նկատուած քաղաքականութիւնը:
Գեղարուեստի ճիւղերէն ամենէն աւելի գրականութիւնն է, որ պահանջ կը զգայ ազատութեան: Գրողը ինչ որ չի կրնար ազատօրէն ըսել ստիպուած է քօղարկուած տարազով արտայայտել իր միտքը, փրկելու համար իր գլուխը: Պատմութեան մէջ ազատութեան ի խնդիր մղուած պայքարներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդիկ ձգած են իրենց կառափը դահիճներու մահակոճղին առջեւ: Արուեստը ազատութեան կարիքը ունի ծաղկելու եւ զարգանալու համար, ու անոր վերելքը խոտոր կը համեմատի բռնութեան հետ:
Քաղաքական կաշկանդումներու ենթարկուած գրող մը կամ արուեստագէտ մը ստիպուած է կշռել իր բառերը, որովհետեւ բռնակալներու կողքին գոյութիւն ունին նաեւ անոնց հաշւոյն դեգերող վարձկան պնակալէզներ:
Եզրակացնելու համար հարկ է ընդգծել, որ գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստները ազատութեան կարիքը ունին ծաղկելու ու ուռճանալու համար ու բռնութիւնը արգելք է անոնց բարգաւաճման:
Պատմութեան ընթացքին բոլոր մեծ յեղափոխութիւնները շղթայազերծուած են ազատութեան անունով. Սպարտացիները ազատութեան բագինին առջեւ մահը քաղցրօրէն դիմագրաւող հերոսներ եղան. նոյնն է պարագան ֆրանսական յեղափոխութեան հերոսներուն, որոնք դարձան Ֆրանսայի ապագայ սերունդներուն ազատութիւն պարգեւող ու բռնութեան շղթաները փշռող. դիւցազուններ, հակառակ գործուած ծայրայեղութիւններուն ու խժդժութիւններուն:
Հետեւաբար ազատութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է որեւէ ապրող էակի մը համար. ոչ ոք լսած է մութ ու խոնաւ վայրի մը մէջ բանտուած թռչունի մը կամ սոխակի մը դայլայլիկը. ոչ մէկ արծիւ փորձած է երկնաճեմ թռիչք կատարել երկաթապատ վանդակի մը մէջ:
1968 թուականին, երբ տակաւին ուսանող՝ առանձին կը բնակէի բաւական ընդարձակ յարկաբաժնի մը մէջ, հեռու ընտանիքէս, ընկերներէս ու բարեկամներէս, առանձնութեան տխուր զգացումը մասամբ մը փարատելու միտումով կենդանիներ վաճառող խանութէ մը գնեցի շատ գեղեցիկ love birds (սիրոյ թռչուններ) կոչուող զոյգ մը թռչուններ, մին արու ու միւսը էգ: Անոնք ունէին բազմերանգ փետուրներ տիրապետող գոյնը ըլլալով կանաչը. արուն կը զանազանուէր էգէն իր գլխուն ունեցած դեղնագոյն մազերով: Մօտ 6 ամիս պարտաճանաչ կերպով հոգացի իրենց պէտքերը, ու անոնք եղան այդ շրջանի կեանքիս հաւատարիմ ընկերները. անոնց յարատեւ ներկայութիւնը տանս մէջ հրճուանք ու հրապոյր եղաւ ինծի. երբ ընթերցումներու անձնատուր հոգիս գիրքերու խոժոռումէն զզուէր ու գրիչս ծանրանար մատներուս մէջ, թռչուններուս անդուլ երգերը սփոփանքի դեր կը կատարէին յոգնած հոգիիս. իրիկուան խորհրդաւոր պահերուն անոնք կը լռէին ի փառաբանութիւն աղջամուղջի սրբութեան:
Օր մը տեսնելով տեւաբար վանդակին մէջ բանտարկուած թռչուններու գաղափարը ունեցայ տեւաբար բաց ձգելու վանդակին դռնակը ու ազատ ձգել զանոնք շրջագայելու տանս մէջ, մանաւանդ որ այդ ուղղութեամբ բնակարանս ունէր անհրաժեշտ յարմարութիւնը, տրուած ըլլալով տան բոլոր պատուհանները պաշտպանուած էին ճանճարգելներու ցանցերով…: Ու անվարան գործադրութեան դրի որոշումս. արարիչը ստեղծած է թռչուն էակը թռչելու համար, մինչ վանդակին փոքր ծաւալին մէջ անոնք հազիւ կրնան ցատկռտել:
Այս որոշումս մեծ անակնկալ մը եղաւ թռչուններուս համար, ու անոնք իբրեւ երախտապարտութեան արտայայտութիւն՝ ճռուողիւններու տարափով մը դուրս եկան վանդակէն ու թռչելով թառեցան գլխուս ու ուսերուս վրայ…:
Առաւօտները ու երեկոները ճաշի ժամերուն, իբրեւ ընտանիքի անդամներ՝ անոնք գրեթէ կանոնաւոր կերպով սեղանակիցներս դարձան ճաշակելով հացի ու այլ ուտելիքներու փշրանքներ…:
Վանդակը իր տեւաբար բաց դռնակով եղաւ իրենց պաշտօնական ճաշարանն ու ննջարանը ու բնակարանս իր ամբողջ տարածութեամբ մօտ մէկ ու կէս տարի դարձաւ իրենց ազատ աշխարհը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *