Կարօ Պօհճալեան
Աթապայի հրապարակի բանուկ անկիւններէն մէկուն վրայ, Աւետիս Չագըճեանը Primus վաճառանիշով խոհանոցի օճախի, ռատիոներու, եւ շուէտական ուրիշ ապրանքներու ներկայացուցչական մեծ վաճառատուն ունէր:
Շէնքին ճակատի վերի մասին վրայ, գիշերները վառող-մարող գունաւոր լոյսերով ծանուցումներ կ՚երեւային, որոնց մէջ տիրական դիրքով զետեղուած հսկայ Primus մը, շէնքի դիմացի կողմէն շատ դիւրին կը նշմարուէր:
Հմայիչ էին այդ գունաւոր լոյսերը եւ գիշերները հրապարակին վրայ գտնուող վաճառատան անկիւնը կը գեղեցկացնէին:
Սակայն օրուան ընթացքին առանց վերի վառած լոյսերուն, շէնքը նոյն հմայքը չունէր, բայց եթէ պատահէր, որ երբեմն առջեւէն անցնէի եւ Primus-ին նայէի, կ՚ուրախանայի եւ ներսէս թաքուն հպարտութիւն կը զգայի, որովհետեւ կը խորհէի, որ ան Գահիրէի մէջ հայ գործատէրի մը վաճառականական յաջողութիւնը կը խորհրդանշէր:
Թերեւս տղայական ըլլար այս զգացումս, սակայն տան մէջ այդպէս սորվեցուցած էին ինծի, եւ հայրս ալ սքանչանալով Չագըճեանի ձեռներէցութեան վրայ, ամեն առիթով՝
— Վաճառականութիւնը արհեստներուն մէջ ամենէն բարձրն է, — կ՚ըսէր…:
Սակայն Գահիրէի մէջ ամեն հայ չէ, որ Չագըճեանին պէս մեծ վաճառական էր այն տարիներուն: Ան իսկապէս մեծ եւ յաջող էր, եւ Աթապայի իր խոշոր վաճառատան առջեւի մայթը, ներառեալ մուտքի լայն մասով, շաբթուան բոլոր օրերուն անցնող-դարձող եւ մտնող-ելլող յաճախորդներով միշտ խճողուած կ՚ըլլար:
«Primus» օճախը շատ կը ծախուէր խանութին մէջ:
Պզտիկ քաղաքներէ եւ գիւղերէ վաճառականներ կու գային եւ Աթապայի խանութէն մեծ քանակութեամբ «Պապուռ Պրիմուս» եւ, եթէ չեմ սխալիր, Husqvarna կամ Telefunken ռատիոներ ալ կը գնէին, որովհետեւ յիսունական թուականներու առաջին կէսերուն հեռատեսիլի գործիքներ դեռ չկային, եւ ռատիոները քաղաքի սրճարաններուն եւ տուներուն մէջ ժամանցի ու լրատուութեան գրեթէ միակ կարեւոր աղբիւրներն էին:
* * *
Այն տարին յուլիս ամսուան տաք օրերուն մէջ էինք, եւ ամրան մեր դպրոցական արձակուրդն ալ սկսելու վրայ էր, երբ առաւօտ մը հայրս սովորականին պէս գործի գնաց, եւ իրիկունը բաւական խոշոր տուփ մը շալկած տուն վերադարձաւ:
Բոլորս անմիջապէս շուրջը հաւաքուեցանք եւ հետաքրքրուած՝
— Ի՞նչ կայ մէջը, — հարցուցինք…:
— Primus… մեր խոհանոցին համար Primus նոր օճախ մը գնեցի, — պատասխանեց հայրս:
Վայրկենաբար Աթապայի հրապարակի շէնքին վրայի նէոն լոյսերով վառող-մարող Primus-ը աչքիս առջեւ երեւցաւ…
— Այս Primus-ը դուն Աթապայի խանութէ՞ն գնեցիր, — հարցուցի:
Հայրս լսեց հարցումս, բայց չպատասխանեց եւ անտարբերութիւն կեղծելով, տուփին ծրարը դանդաղօրէն քակել սկսաւ, բայց հազիւ կափարիչը կէս բացած, յանկարծ ծայրէն սառի գոյնով ու կլորցած անկիւններով ռատիոյի գործիքի մը վերի մասը երեւցաւ:
Չհաւատացինք մեր աչքերուն: Իրա՞ւ ռատիոյի գործիք էր մեր տեսածը… Բայց այո, ռատիոյի գործիք էր եւ մինչեւ այդ վայրկեանին ալ մեր երազա՜ծը…:
Անակնկալին առջեւ պահ մը ապշած մնացինք, բայց յետոյ ուզեցինք շօշափել եւ զգալ գործիքին էութիւնը…:
Հայրս ծրարին քակուած չուանը դեռ ձեռքին մէջ, պահ մը դիտեց մեր դէմքերը, եւ յետոյ գոհ ժպիտով, պատին վրայ, իմ եւ եղբօրս հասողութենէն վեր, դարակ մը գամեց ու գործիքը վրան դրաւ:
Անկէ ետք դարձաւ եւ մատը օդին մէջ շարժելով՝
— Շատ չխաղաք հետը, որովհետեւ կրնայ յանկարծ իյնալ եւ կոտրուիլ կամ վնասուիլ, — զգուշացուց: Յետոյ դեռ ոտքի կեցած՝ առջեւի կոճակներէն մէկը քանի մը անգամ աջ ու ձախ դարձուց եւ գործիքի ձայնն ալ կայարանի մը երգին վրայ ճշդելէ ետք, ձգեց, որ երգը ամբողջութեամբ լսենք:
Ճիշդ չեմ յիշեր այդ վայրկեանին ի՛նչ էր երգուածը, կամ ալ ո՛վ էր երգողը, բայց գիտեմ, որ երգը ուրախ էր, որովհետեւ տան մթնոլորտը յանկարծ օդի պէս ընդլայնեցաւ, ուրախ դարձաւ եւ վայրկեանին մեզի այնպէս թուեցաւ, թէ գործիքին ներկայութեամբ եւ երգերով, մեր ընտանիքին թիւը յանկարծ աւելցած՝ հինգէն վեց հոգիի վերածուած էր:
Սակայն հօրս աչքերուն մէջ դեռ չվերջացած անակնկալի մը փայլը կար եւ քիչ վերջ ան մօրս յայտնեց, թէ Տարպ էլ Կինենայի թաղին մէջ, ռատիոներու նորոգութեան համար Չագըճեանը նոր շէնք մը վարձած էր, եւ հայրս ալ եղբօրս համար դպրոցական արձակուրդի ժամանակ հոն աշխատելու համար գործ ճարած էր:
— Գիտե՞ս, ո՛ւր է այդ շէնքը, — հարցուց մայրս քիչ մը մտահոգուած եւ քիչ մըն ալ տեղի մասին գաղափար կազմելու համար:
— Դերձակ Արթին Նալպանտեանի զառիվար փողոցի ծայրին կը գտնուի, — բացատրեց հայրս:
Մայրս դերձակ Արթինը լաւ կը ճանչնար: Ան Նալպանտեան էր մականունով, դասընկերոջս՝ Յակոբին հայրն էր եւ իր խանութի գոյնին նման կապոյտ աչքեր ունէր: Մենք ամեն անգամ երբ անոր խանութին առջեւէն անցնէինք, եւ ան վիզէն կախուած կերպաս չափելիք երիզով դուրսը կեցած ըլլար, մայրս կը կենար, քիչ մը կը խօսակցէր հետը եւ բաժնուած ժամանակ ալ կնոջը բարեւներ կը ղրկէր:
— Ե՞րբ պէտք է մեր տղան գործի սկսի, — հարցուց մայրս հօրս նայելով:
— Երբ որ արձակուրդը սկսի, — պատասխանեց հայրս…:
Շաբաթ մը ետք, արձակուրդը հազիւ սկսած, եղբայրս հագուստները փոխեց եւ առտուն գործի գնաց:
Մինչեւ ճաշի ատենները լուր չունեցանք իրմէ:
Կէսօրուան մօտ ան տուն դարձաւ եւ սեղանին վրայ պատմեց, որ իր «վարպետ»ին անունը Արտաշէս էր, եւ օգնականինն ալ Հայկ Շաքարեան: Յետոյ գոհ դէմքով աւելցուց.
— Երկուքն ալ խանգարուած ռատիոներու գործիքներ կը նորոգեն:
Ես ուրախացայ եւ անմիջապէս խորհեցայ.
— Մե՛րը, երբ օր մը աւրուի, եղբայրս պիտի նորոգէ…:
Սակայն մեր նոր ռատիոն խանգարուելէ առաջ, եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ ալ կանոնաւորապէս գործի երթալ-գալէ ետք, օր մը եղբայրս հարցուց ինծի.
— Չե՞ս ուզեր վաղը հետս գալ եւ աշխատած տեղս տեսնել:
Շիտակը՝ ես կ՚ուզէի, բայց…
— Եթէ գամ, հոն ի՞նչ պիտի ընեմ, — առարկեցի…:
— Մեր ըրածները կը դիտես, եւ աշխատած տեղս ալ կը տեսնես, — պատասխանեց եղբայրս:
— Բայց պրն. Արտաշէսը ի՞նչ պիտի ըսէ, չի՞ բարկանար:
— Ինչո՞ւ բարկանայ:
— Կրնայ մտածել, որ ձեր գործերուն արգելք կ՚ըլլամ…
— Չէ, ան բարի է այդպէս բան չի մտածեր, — պատասխանեց եղբայրս:
Ես չէի ճանչնար պրն. Արտաշէսը, բայց մտքիս մէջ յանկարծ անծանօթ մարդու մը բարի պատկերը երեւցաւ…
Յաջորդ օրը, երբ առաւօտուն մեր փողոցի թրամվայներուն ձայները աւելցան, եղբօրս հետ տունէն դուրս ելանք: Մտանք այն ատենուան Շարաա Ֆարուքը, եւ երբ Տարպ էլ Կինենայի դերձակ Նալպանտեանի խանութին առջեւ հասանք, զառիվար փողոցին միւս անկիւնը, շէնքի մը երկաթէ դրան առջեւ պրն. Արտաշին հանդիպեցանք:
— Կարոն եղբայրս է, — զիս ներկայացուց եղբայրս:
Պրն. Արտաշէսը ժպտեցաւ, առանց խօսելու բանալին դրան կղպանքին մէջ դարձուց, եւ բոլորս միասին շէնքին երկրորդ յարկը բարձրացանք: Այդ յարկը Չագըճեանի վաճառատան ռատիոներու նորոգութեան մասն էր: Հոն երկար պատի մը առջեւ, նոյն երկարութեամբ սեղանի մը վրայ, դեռ չկազմուած եւ բաց մնացած ռատիոներու եւ կտորներու քով, տեսակ-տեսակ գործիքներ տարածուած էին: Ես սեղանին մօտեցայ եւ սկսայ գործիքներուն հետաքրքրական ձեւերը դիտել: Յանկարծ պրն. Արտաշէսը իր սենեակէն դուրս ելաւ եւ գործիք մը առնելու համար երկար սեղանին մօտեցաւ: Երբ զիս տեսաւ հարցուց.
— Դուն դպրոց կ՚երթա՞ս:
Ես այն ատեն հազիւ տասնմէկ կամ տասներկու տարեկան տղայ, կը քաշուէի եւ նոր ծանօթացած մարդոց մօտ շատ համարձակ չէի զգար: Վարանոտ, գլուխս միայն հաստատական ձեւով, վեր վար շարժեցի: Բայց պրն. Արտաշէսը կարծես չբաւարարուած գլխու շարժումէս շարունակեց.
— Ո՞ր դպրոցը, Գալուստեա՞ն:
Ես անգամ մը եւս գլուխս շարժեցի:
— Գալուստեանի քանի՞երրորդ դասարանէն ես:
— Չորրորդ, — պատասխանեցի:
— Չորրո՞րդ, ուրեմն դուն Արթօ Զարիկեանը կը ճանչնա՞ս:
Ես զարմացայ, «Այս պրն. Արտաշէսը Արթօն ուրկէ՞ կը ճանչնայ» մտածեցի, բայց վայրկեանին հազիւ «Այո» պատասխանեցի եւ իր յաջորդ հարցումին սպասեցի:
— Էհ, եթէ դուն Արթօն կը ճանչնաս եւ իր բարեկամն ես, ես ալ Արթոյին հօրեղբայրն եմ, — ըսաւ պրն. Արտաշէսը եւ խնդաց:
Ես ուրախացայ Արթոյին հօրեղբայրը ճանչցած ըլլալուս համար, բայց վայրկեանին չգիտցայ ինչ ըսելս եւ սեղանին վրայի տարածուած գործիքներուն նայեցայ: Պրն. Արտաշէսը նշմարեց եւ հարցումներուն ձեւը փոխեց:
—- Եղբայրդ կ՚ըսէ, որ տունը ռատիոյի նոր գործիք ունիք, եւ դուն երգել շատ կը սիրես, իրա՞ւ է…
— Այո, — պատասխանեցի եւ նշմարեցի, որ եղբօրս «վարպետը» հետս բարեկամ ըլլալ կ՚ուզէր:
— Ո՞ր կայաններէն կը նախընտրես լսել սիրած երգերդ:
— Անգլիական, իտալական, յունական, ֆրանսական…
— Դուն ֆրանսերէն գիտե՞ս, կը հասկնա՞ս, — հետաքրքուեցաւ պրն. Արտաշը:
Այդ տարիքիս ես կը սիրէի ֆրանսական երգերը, բայց լեզուէն դեռ շատ բան չէի հասկնար, սակայն չեմ գիտեր ճիշդ ի՛նչ պատճառով «Այո» պատասխանեցի կտրուկ:
— Է՛հ, եթէ քեզի բան մը հարցնեմ, պիտի կրնա՞ս ըսել, թէ ի՛նչ լեզուով է եւ ի՛նչ կը նշանակէ…
Ես կարծելով, թէ ըսելիքը դժուար չէր, տղայական հպարտութեամբ ուզեցի աւելի համարձակ երեւիլ:
— Այո, — պատասխանեցի:
— Լա՛ւ, — ըսաւ պրն. Արտաշէսը եւ շատ արագ, բառերն ալ իրար փակցնելով՝
— Ա՛նակրո՛զօս, Քո՛քափթի՛զոս, վե՛րնափա՛զոս, — ըսաւ եւ երեսիս նայեցաւ:
Ես չհասկցայ ըսածը եւ քննութեան մէջ ձախողած աշակերտի պէս սառեցայ:
— Ինչերէ՞ն է, — հարցուց այս անգամ եղբօրս վարպետը:
Բառերուն հնչականութենէն դատելով «յունարէն» պատասխանեցի, բայց ձայնս ականջներուս մէջ դեռ չմարած, անմիջապէս զգացի, որ սխալած էի:
Պրն. Արտաշէսը թուղթ-մատիտ առաւ, քիչ առաջուան ըսածը թուղթին վրայ ֆրանսերէնով գրեց եւ յետոյ գրածը բարձրաձայն՝ հատիկ-հատիկ կարդալ սկսաւ:
— Âne a gros os, coq a petits os, ver n’a pas os:
Ես չէի գիտեր, որ ֆրանսերէն որոշ բառեր քով քովի շարադրուելով, յունարէնի ձայնականութիւն կը ստանային:
Յանկարծ փողոցէն անցնող խումբ մը տղոց բարձր պոռչտուքը խանգարեց կարդացածը:
Պրն. Արտաշէսը սպասեց մինչեւ որ դուրսի ձայները դադրեցան, յետոյ ծայրէն սկսաւ, բայց այս անգամ կարդացած ժամանակ, հայերէնի թարգմանեց թուղթին վրայի գրածը:
— Աւանակը մեծ ոսկոր ունի, աքլորը պզտիկ ոսկոր ունի, որդը ոսկոր չունի:
Ես գլուխս կախ մտիկ ըրի բացատրածը, բայց բան չըսի, որովհետեւ նեղուած էի տարիքիս համեմատ իր ըրած դժուար, կամ աւելի ճիշդ՝ անարդար հարցումէն եւ ես մեծապէս վիրաւորուած կը զգայի լաւ աշակերտի արժանապատւութեամբ:
Չեմ գիտեր, եթէ պրն. Արտաշէսը հոգեբանութենէ կը հասկնար թէ ոչ, բայց ան անմիջապէս ծռեցաւ, ձեռքի բռնած թուղթը ինծի երկարեց եւ կատակի ձեւով հարցուց.
— Տե՛ս, շիտակ կարդացի՞:
Ձայնին մէջ փաղաքշական շեշտ կար: Ես թուղթը առնելու համար երբ իրեն նայեցայ, տեսայ, որ աչքերով պատասխանիս կը սպասէր: Յայտնի էր նայուածքէն, որ բարեկամ կ՚ուզէր ըլլալ եւ միշտ ալ այդպէս մնալ հետս:
— Շիտակ կարդացի՞,- հարցուց քիչ վերջ երկրորդ անգամ ըլլալով:
Ես ներսէս դեռ զօրաւոր ընվզում կը զգայի իր քիչ առաջուան ըրած հարցումներուն պատճառով, բայց հակառակ ատոր, յայտնի չըրի եւ «Այո» պատասխանեցի:
— Է՛հ, եթէ գալ շաբաթ քեզի հոս հրաւիրեմ, նորէն կու գա՞ս, — շարունակեց պրն. Արտաշը:
— Այո, — կրկնեցի:
Բայց շաբաթ մը ետք, երբ զիս հրաւիրեց չգացի:
— Ա՛նակրո՛զոս, քո՛քափթի՛զոս, վե՛րնափա՛զոս…
Ինչո՞ւ երթայի…
Դեռ շատ թարմ էին մտքիս մէջ իր անհաւասար կատակի բոլոր «Զոս»երը…
Ինչո՞ւ երթայի…
Քամփինաս, Պրազիլ