Արմենակ Եղիայեան
Պատմական
Հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմական շատ խոր անցեալ ունին: Այս յարաբերութեանց ակնարկող առաջին շօշափելի վկայութիւնը կը գտնենք յոյն զօրավար-պատմիչ Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրուն»-ի մէջ. ըստ որուն՝ Հայաստան 6–րդ դարուն անկախութիւնը կորսնցուցած՝ պարսկական իշխանութեան սատրապութիւններէն(1) մէկն էր՝ 13-րդը: Պարսից Դարեհ Ա. արքան իր Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը վկայէ հետեւեալը, թէ «Քա. 521–520 թթ. իր բանակը ծանր պայքար է մղած հայ ապստամբներու դէմ եւ յաջողած ճնշել հայերը»: Այս նոյն արձանագրութեան մէջ կը գտնուի մինչեւ այսօր Հայաստանի հնագոյն անուանումներէն մէկը՝ Արմինի:
Եւ այնուհետեւ այս երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը պիտի շաղկապուած մնար հազար ու մէկ թելերով, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ մեր օրերը:
Յարաբերութեանց նման որակ մը չէր կրնար լեզուականօրէն անտարբեր մնալ. անոր առաջին հետեւանքը պիտի ըլլար բառային փոխառութիւնները:
Այս տեսակէտէ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Արշակունիներու հարստութիւնը:
Արշակունի առաջին թագաւորը եղաւ Տրդատ Ա., որ Քե. 52-ին հայոց գահին բազմեցաւ ջանքերովը իր աւագ եղբօր՝ Վաղարշին, որ իր կարգին նստած էր պարսկական գահին վրայ:
Եւ այնուհետեւ արշակունիները Հայոց գահը պահեցին մինչեւ 428 թուականը, երբ արդէն վաղուց կորսնցուցած էին իրենց լեզուն եւ բոլորովին հայացած. յիշենք արշակունի արքաներէն՝ Տիրանը, Խոսրովը, Արշակ Բ.-ը, Պապը, Վռամշապուհը եւ ուրիշներ: Աշխարհիկ իշխանութեան վրայ աւելցաւ հոգեւորը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն (301) մինչեւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը (440) հայ եկեղեցւոյ գահը նստան բացառապէս արշակունի կաթողիկոսներ, որոնք բոլորն ալ հայացան:
Այս հայացած պարթեւներու հսկայ զանգուածը իր արիւնակցական եւ լեզուական խոր ազդեցութիւնը պիտի ձգէր հայութեան եւ հայերէն բնիկ լեզուին, մասնաւորաբար բառերուն վրայ:
Ըստ Աճառեանի՝ ասոնք թիւով 1400 են, եւ կը յատկանշուին անով, որ բանաւոր փոխառութիւններ ըլլալով՝ գրեթէ բոլորն ալ ժողովրդախօսակցական բնոյթի էապէս կենսունակ բառեր են, որոնք կը կազմեն մեր ամէնօրեայ խօսքի առանձքը:
Ճանչնանք անոնց մէկ մասը՝ գաղափար մը կազմելու համար անոնց՝ մեր լեզուին վրայ ունեցած տարողութեան մասին.
1. Բնութեան երեւոյթներ՝ արուսեակ, երաշտ, խաւար, մահիկ, պախրցի, (քամի), վտակ։
2. Կենդանիներու տեսակներ՝ ասպ, բազէ, կաչաղակ, կապիկ, կուզ, մողէս, յովազ, սարեակ, սիրամարգ, վագր, վիշապ, փիղ եւ այլն։
3. Բոյսերու տեսակներ՝ անանուխ, արմաւ, բրինձ, գազար, թութ, կաղամբ, կանեփ, կապար, յասմիկ, մանուշակ, նարգիս, շոմին, պղպեղ, սոխ, վարդ, վարունգ եւ այլն։
4. Հանքային նիւթեր, մետաղներ՝ ապակի, արճիճ, գոհար, զմրուխտ, ժանգ, խունկ, նաւթ, վէմ եւ այլն։
5. Մարմնի մասեր՝ անդամ, բազուկ, գէս, դաստակ, դէմք, դիմակ, երակ, երանք (զիստ), կուլակ, կուշտ, ճակատ, վարս։
6. Հիւանդութիւններ, բժշկագիտական բառեր՝ ախտ, բժիշկ, բոյժ, բորոտ, դաշտան, դարման, ժահր, կոյր, մահ։
7. Մարդկային յարաբերութիւններ, տեսակներ՝ ազգ, ամբոխ, ասպետ, ասպնջական, գրոհ, դայեակ, երիտասարդ, իշխան, հարազատ, հարեւան, նժդեհ, պայազատ, պապ, պառաւ, ռամիկ, սեպուհ, տաճիկ, տոհմ, օտար։
8. Գիտութիւն, արուեստ, կրթութիւն՝ աշակերտ, գուսան, դաստիարակ, դպիր, դափ, զանգակ, խրատ, հանճար, մատեան, նկար, նուագ, պատկեր, հրահանգ, վարդապետ, վարժել, քանդակել։
9. Կրօն, հաւատալիք՝ ապաշխարել, բախտ, բագին, գուշակ, դրախտ, դեւ, դժոխք, զոհ, կախարդ, հմայիլ, հրաշք, հրեշտակ, մարգարէ, նզովք, նուէր, պաշտել, պարիկ, ջադու (ջատուկ), վանք, տաճար, օրհնել։
10. Գիւղատնտեսութիւն՝ ասպանդակ, բադ, գաւազան, գոմէշ, երասան, խարազան, ճամբարակ, ճանկ, ճարակել, մաճ, մատակ, մարգ, նոխազ, պահեզ, պատուաստ, պարտէզ, փեթակ։
11. Արհեստներ եւ յարակից ոլորտներ՝ ախոռ, ամբար, ամբարտակ, ապարանք, աւազան, բանտ, գանձ, գմբեթ, գրաւ, դահլիճ, դարպաս, դերձակ, երաշխ(աւորել), զնդան, թանկ, համարել, պահապան, պատշգամ, պատուար, պարիսպ, պարտք, սրահ, վաճառել, վաշխ(առու), վարձ, վճարել, վնաս, տաշել, տուգանք, տոյժ, փերեզակ։
12. Հագուստեղէն, զարդեղէն՝ անդրավարտիք, ապարանջան, աստառ, բազպան, բամբակ, գրպան, դիպակ, զանկապան, թագ, կօշիկ, հանդերձ, մոյկ, մուճակ, մուշտակ, շապիկ, պաստառ, պատմուճան, պարեգօտ, պսակ, սանդալ, վերմակ։
13. Ուտելիք, ըմպելիք՝ ապուխտ, խորտիկ, կարագ, հրուշակ, ճաշ, ճարպ, նշխար, շաքար, պանիր, օշարակ։
14. Առօրեայ-կենցաղային՝ բաժակ, բարձ, բղուկ, գահ, դաստառակ, դարան, դոյլ, զամբիւղ, թակոյկ, լական, կարաւան, կուժ, հաւանգ (սանդ), ճանապարհ, ճրագ, մակոյկ, մոմ, շիշ, պայուսակ, պատրոյգ, սկաւառակ, սպաս(ք), սրուակ, վանդակ, տախտակ, տակառ, տաշտ, քսակ։
15. Ժամանակ, թիւ, չափ, կշիռ եւ դրամ՝ բիւր, դրամ, ժամ, ժամանակ, հազար, նախ, նահանջ, նաւասարդ, փող։
16. Երկիր, տեղ, վայր՝ աշխարհ, անապատ, ապահարզան, ապստամբ, ասպատակ, ասպետ, արշաւ, աւար, աւան, բարապան, դահիճ, դաշտ, դարան, դատ, դատաստան, դատաւոր, դեսպան, դրօշ, զէնք, զինուոր, զօրք, զրահ, թշնամի, իշխան, հաշտութիւն, հպատակ, հրամանատար, հրապարակ, ճամբար, մարզ, մարզել, մարզպան, մուրհակ, նախարար, նախճիր, նահանջ, նահապետ, նամակ, ոստան, ոստիկան, պահակ, պայքար, պատերազմ, պատճեն, պատուիրակ, պարեկ, պետ, սահման, սաղաւարտ, վկայ, վճիռ, օրէնք:
17. Գոյներ՝ գոյն, երանգ, կապոյտ, կարմիր, ճերմակ, սեւ, սպիտակ:
18. Վերացական հասկացություններ՝ ախորժ, ակամայ, անգամ, կամայ, ազդ, ամբարիշտ, ամբարտաւան, անապակ, անուշ, աշկարայ, աշխատել, ապաստան, ապիրատ, ապսպրել, առատ, առոյգ, արագ, արժան, արձակ, աւարտ, աւեր, բազում, բազմել, բաժանել, բաշխել, բարակ, բաւ, բնակիլ, բովանդակ, բոյր, գովել, գումարել, դաժան, դէմ, դիտել, դժգոյն, դժխեմ, դժկամակ, դժնդակ, դժնեայ, դժուար, դսրովել, դրուատ(ել), դրժել, դրուժան, երամ, երկ, զանազան, զօր(ութիւն), զուր, զգոյշ, թշնամանք, թշուառ, թոշակ, ժահ, ժահր, ժիր, խամ, խոստանալ, խոստովանիլ, խորտակել, կամք, կարի, կերպ, կոյտ, հակիրճ, հաճել, համ, համակ, համայն, հանգամանք, հանդարտ, հանդէս, հաւասար, հզօր, հնար, հրամայել, հրաման, հրաւէր, ճախր, ճար, ճարակ, ճարպիկ, ճեմել, միշտ, մուրազ, յանդիման, յարգ (արգ), յաւերժ, յաւէտ, յիշատակ, յիշել, յոյժ, յուզել, նազել, նամ, նաւակատիք, նիշ, նիրհել, նկուն, նման, նշան, նշանակ, նշմարել, նպաստ, շատ, շնորհ, շտապ, չուան, պահել, պայման, պաշտպան, պատասխան, պատգամ, պատիր, պատիւ պատշաճ, պատ-ուէր, պատուիրան, պատսպարել, պատրաստ, պատուհաս, պարարտ, պարզ, պէս, պէտք, ջատագով, ջոկ, ջուխտ, սով, սպանել, ստուար, սրսկել, սուգ, վանել, վանկ, վատ, վատթար, վավերական, վեհ, վիճակ, վիշտ, վճիտ, վստահ, վտարել, վրէպ, տակ, տակաւին, տանջել, տարազ, տօթ, ուխտ, ուժ, ուշ, փարթամ, փառք, փտիլ, քանդել, քարշիլ, օրինակ։
* * *
Վերը տեսանք, որ հայերէնը պարսկերէնէն փոխ առած է 1400 բառ: Այս փոխառութիւնները բանաւոր ճամբով կատարուած ըլլալու պատճառով՝ առհասարակ առօրեայ խօսակցական բառեր են, որոնք իրենց կենսունակութենէն գրեթէ ոչինչ կորսնցուցած են մինչեւ այսօր՝ չհաշուած մէկ աննշան տոկոսը, որ պատմական բնոյթ ունի ու կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը:
Պարսկական փոխառութեանց այս կշիռը ըմբռնելու համար ըսենք հետեւեալը. հայերէնը փոխ առած է ասորական 210 բառ, որոնց կէսը բոլորովին կենսունակ է, մինչ միւս կէսը կորսնցուցած է իր կենսունակութիւնը. պատճառն այն է, որ այդ փոխառութիւնները եղած են հաւասարապէս բանաւոր ճամբով եւ գրաւոր ճամբով: Այս վերջինները ասորերէնէ թարգմանութիւններու առթիւ առնուած ըլլալնուն՝ բոլորովին գրքունակ են եւ կը պատկանին հոգեւոր բառապաշարի շերտին: Հայերէնը կատարած է յունարէնէ փոխառութիւններ եւս՝ մօտաւորապէս 900 միաւոր, որոնց բոլորն ալ ունին գրքունակ նկարագիր, քանի բոլորն ալ փոխ առնուած են թարգմանութեանց ճամբով, մինչ իրենք՝ յոյն եւ հայ ժողովուրդները կենդանի շփում չեն ունեցած բնաւ, հետեւաբար փոխառութիւններն ալ առօրեայ խօսակցականէ բոլորովին հեռու եղած են:
Այս երեք փոխառութեանց ամբողջական ցանկերը կը գտնենք Հր. Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի մէջ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրի գործածութեան արժեւորումով գրական հայերէնի մէջ:
Այս փոխառութեանց համեմատութիւնն ու տոկոսը այնպիսին են, որ եթէ այսօր փորձենք հայերէնէն դուրս ձգել բոլոր յունական փոխառութիւնները անխտիր, մեր լեզուն գրեթէ ոչինչ պիտի կորսնցնէր իր կենսունակութենէն. այդ կորուստը պիտի նմանէր ծովէն գաւաթ մը ջուրի նուազումին: Եթէ դուրս ձգէինք ասորական փոխառութիւններու ամբողջութիւնը, ապա հայերէնը պիտի կրէր ցնցում մը, սակայն պիտի շարունակէր իբրեւ հաղորդակցական լեզու ծառայել մեր կարիքներուն: Բայց եթէ փորձէինք դուրս ձգել իրանական փոխառութիւննները, մանաւանդ ասոնցմով կազմուած բարդ ու ածանցաւոր բառերը եւս, ապա հայերէնը փուլ պիտի գար ու բոլորովին դադրէր հաղորդակցական միջոց ըլլալէ:
Իրանական բառերու այս մեծ յաճախականութիւնն ալ աչքի առաջ ունենալով՝ բաղդատական լեզուաբանութեան առաջին հիմնադիրները, որոնցմէ անուանի է մասնաւորաբար Franz Bopp-ը՝ 19-րդ դարու սկիզբը, խուսափեցան հայերէնը հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի մէկ անկախ անդամը նկատելէ եւ զայն դասեցին պարսկերէնի բարբառներուն կարգին, որոնցմէ մէկն ալ պարթեւերէնն էր՝ արշակունիներու լեզուն, որ Պարսկաստանի մէջ կիրարկուեցաւ 226—642. ան կը կոչուի նաեւ միջին պարսկերէն եւ կամ պահլաւերէն:
Հայ-պարսկական շփումները, — այնու փոխառութիւնները եւս, — սերտ եղած են մասնաւորաբար միջին պարսկերէնի կամ պահլաւերէնի կիրարկութեան տարիներուն ու դարերուն: Այս սերտութիւնը առաջնորդած է մինչեւ արիւնակցութեան, քանի Արշակունիները իշխեցին նաեւ Հայաստանի մէջ 52-428՝ հայերու մէջ ալ ձուլուելու եւ լրիւ հայանալու պայմանով: Մեր պատմութեան ամենափայլուն դէմքերը՝ աշխարհիկ եւ հոգեւոր, ունեցած են արշակունի ծագում, յիշենք աշխարհականներէն՝ Տրդատ Գ.-ը, Արշակ Բ.-ը, Վռամշապուհը եւ ուրիշներ, հոգեւորականներէն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ներսէս Մեծը, Սահակ Պարթեւը եւ ուրիշներ:
* * *
Շարունակելով մնալ փոխառութիւններու ծիրէն ներս, առաջին մեծ հարցումը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ այն, որ մինչեւ յիշեալ բառերու փոխառումը պարսիկներէն՝ Հայաստանի բնակիչները ի՞նչ բառերով կը հաղորդակցէին. օրինակ՝ ի՞նչ կ’ըսէին պարսկական ախոռ, բրինձ, կոյր, կօշիկ, ճակատ եւ նման հազարաւոր բառերուն փոխարէն. բան մը կ’ըսէին անշուշտ, չէր կրնար ըլլալ ժողովուրդ մը, որ չունենար իր սեփական ժողովրդախօսակցական բառապաշարը:
Այս այսպէս ըլլալով՝ հապա ի՞նչը մղեց մեր այդ հեռաւոր նախնիները հրաժարելու իրենց սեփական ու հարազատ բառերէն, — որոնց ինքնութիւնը բոլորովին անծանօթ է արդի գիտութեան, — եւ որդեգրել անոնց պարկերէն համարժէքները, որոնց մէկ ցանկը տուինք նախորդիւ:
Թոյլատրելի՞ է մտածել հետեւեալ կերպ, թէ հայ հասարակ ժողովուրդը շարունակեց գործածել իր բնիկ բառամթերքը, իսկ իշխող պարթեւ տարրը, — նկատի ունենանք յատկապէս Արշակունիներու տիրապետութեան դարերը, — կառչած մնաց իր սեփական բառերուն, որոնք վերապրեցան հետագային՝ արշակունիներու աստիճանական հայացումին զուգահեռ՝ այդպէս ալ ծնունդ տալով հայերէնի նոր որակի մը, որ իր կարգին պիտի դառնար թարգմանիչներու գրաւոր լեզուն:
Նկատենք, որ մենք գրեթէ ոչինչ գիտենք Մեսրոպէն մինչեւ Շնորհալի Հայաստանի ռամիկին կիրարկած հայերէնին մասին, որ մօտաւորապէս 12-րդ դարուն միայն պիտի արժանանար գրաւոր արտայայտութեան՝ ռամկօրէն, այսինքն՝ ժողովրդական անունով: Մինչ գրաբար անուանումը պիտի վերապահուէր մեր մատենագիրներու կիրարկած հայերէնին, որ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ պահլաւերէնով պատուաստուած եւ արշակունիներով նուիրագործուած լեզուն էր. չմոռնանք, մեր մատենագրութեան հիմնադիրը Սահակ Պարթեւն էր, այլ խօսքով՝ արշակունի մը, որուն՝ Աստուաշունչի թարգմանութեան առթիւ կիրարկած լեզուն ալ դարձաւ հայ մատենագրութեան լեզուն ու այդպէս ալ մնաց երկար դարեր, ընդհուպ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը:
* * *
Իսկ ի՞նչ ընթացք ունեցաւ ինքը՝ փոխատու լեզուն, իրաներէնը կամ պարսկերէնը. ասոր ամբողջական պատասխանը կրնայ տալ իրանագէտ մը միայն, քանի ինքս ոչինչ գիտեմ այդ մասին: Այսուհանդերձ բերեմ ինծի ծանօթ երկու օրինակ:
Գոհար
Այս բառը օրին նոյնութեամբ կը գտնուէր պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ, երբ հայերէնը զայն փոխ առաւ: Բոլորն ալ զայն կ’արտասանէին gohar: Հայերէնը այսօր՝ երկու հազար տարի ետք, կը պահպանէ այդ արտասանութիւնը, մինչ պարսկերէնի մէջ այսօր ան դարձած է ջաւահիր (ճաւահիր):
Եթէ Սայաթ-Նովա հետամուտ ըլլար լեզուական անաղարտութեան, ապա պիտի չգրէր՝
— Դուն պատուական ջաւահիր իս…
Այլ պիտի գրէր՝
— Դուն պատուական գոհար իս…
Պաշտպան
Աճառեան կը մտածէ, որ մեր այս բառը պահլաւական paštpan-ն է, որ կատարելապէս կը համապատասխանէ հայերէնին. ասոնք երկու կաթիլ ջուրի պէս նոյնն են: Այսօր հայը իր բոլոր խաւերով կը շարունակէ պաշտպան ըսել, իսկ արդի պարսկերէնի մէջ ան դարձած է puštipan, այսինքն՝ փուշտիպան:
Քանի մեր գրեթէ բոլոր բառերը ժողովրդախօսակցական բնոյթ ունին, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ ձեւ ու տեսք ունեցած են անոնք իրենց փոխառութեան օրերուն՝ յարաբերաբար փոխատու լեզուներուն՝ պարսկերէնին եւ պահլաւերէնին:
Մեծաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան, որ մեր փոխառութիւնները միշտ նոյնահունչ չեն եղած փոխատու լեզուի բառերուն հետ. հետաքրքրուողը կրնայ աչք մը նետել անոնց ընդհանուր ցանկին վրայ:
Ստորեւ քանի մը յատկանշական նմուշներ:
հայերէն պարսկերէն պահլաւերէն
ազատ āzād āzāt
բարձ bāliš barz
բամբակ panba pambak
անոյշ nōš anōš
ամբարտակ anbārd anbārdak
գաւազան gāvzana gavāzan
անապատ nā-ābād anāpāt
օշարակ afšara afšarak
Գոհանանք այսքանով:
Առաջին նուագ նկատելի է այն սերտ առնչութիւնը, որ կը գտնուի պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի միջեւ. չմոռնանք՝ վերջինը մէկ բարբառը կամ մէկ տեղական խօսուածքն էր պարսկերէնին՝ պահելով հանդերձ որոշ ինքնուրոյնութիւն մը, որ շատ չի տարբերեր զինք մայր լեզուէն:
Յաջորդ նկատելի կէտը այն բացայայտ նախասիրութիւնն է, որ հայերէնը ցուցաբերած է պահլաւական տարբերակներուն հանդէպ.
ազատ — ճշգրիտ պատճէնն է պահլաւականին՝ իր վերջի t հնչիւնով, որ համարժէք է մեսրոպեան տ հնչիւնին, որ կը գտնենք ազատ-ին մէջ:
բարձ — շատ հեռու է պարսկականէն եւ իր կարգին գրեթէ կը նոյնանայ պահլաւականով. ասոր վերջի z հնչիւնը շատ յաճախ հայերէն տուած է ձ. օրինակ՝ darzak/դերձակ, varz/վարձ եւ այլն:
բամբակ — պարսկականը երկու կէտով կը տարբերի հայերէնէն, մինչ պահլաւականը կատարելապէս կը ծածկէ հայկականը:
անոյշ — մեր տկար գիտութեամբ միշտ ենթադրած ենք, թէ հայերէն անոյշ-ը նոյն պարսկական nōš-ն է, որուն սկիզբը հայերէնը աւելցուցած է ա մը: Եւ ահա կը նկատենք, որ մերը հարազատ փոխառութիւն է պահլաւականէն, ուր ան արդէն օժտուած է բառասկիզբի ա-ով:
Գիտնանք միայն, որ իրանական ō -ն, որ երկար օ մըն է, հայերէն կու տայ ոյ երկբարբառը. օրինակ՝ gōn/գոյն, gōš/զգոյշ, kōd/կոյտ. իսկ š գրադարձական միջազգային այբուբենի շ հնչիւնն է:
ամբարտակ — սա իր կարգին աւելի հարազատ է պահլաւականին, որուն բառասկիզբի an-ը՝ հայերէն տուած է ամ, որովհետեւ հայը բ, պ, փ պայթականներէն առաջ չի կրնար արտասանել ն, եւ զայն կը վերածէ մ-ի:
գաւազան — հոս ալ նախապատիւը կը մնայ պահլաւական տարբերակը իր վերջին սղած ա ձայնաւորով:
Գիտնանք, որ ā իրանական երկար ա ձայնաւորն է, որ հայերէն միշտ տուած է պարզ ա:
անապատ — կառոյցով ածանցաւոր բառ մըն է այս ան ժխտական նախամասնիկով եւ ապատ արմատով, որ կը նշանակէ շինութիւն, բնակութիւն: անապատ-ը մտածուած է իբրեւ շինութենէ ու բնակութենէ զուրկ տարածք:
Ինչպէս կը տեսնենք պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ բառս ունի նոյն յղացքը. ասոնք կը տարբերին միայն նախածանցի ձեւով, կառոյցով. որ պարսկերէնի մէջ na է, մինչ պահլաւերէնի մէջ հակառակը՝ an է. հայերէնը հետեւած է այս վերջինին եւ ոչ միայն այս բառին մէջ, այլ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք կը սկսին ան ժխտական նախածանցով, որ կը դրուի մասնաւորաբար գոյականներու եւ ածականներու վրայ՝ անարդար, անբան, անմիտ, անհաճոյ, անհոգ, աներես, անվարժ, անտաշ եւ այլն:
օշարակ — որքան մօտ են իրարու պարսկերէնն ու պահլաւերէնը, հայերէնը ընտրած է սակայն երկրորդը՝ իր k/կ վերջաւորութեամբ: Միայն թէ պէտք է գիտնալ հետեւեալը. իրանական f հնչիւնը հայերէն տուած է ւ, եւ առաջին նուագ ունեցած ենք աւշարակ, իսկ աւ > օ հնչիւնափոխութեամբ ստացած ենք օշարակ:
* * *
Ինչպէս կը նկատէք, մինչեւ հիմա մեր մէջբերած բոլոր հայերէն բառերը, իրենց պատմական հազարամեակներու տարազով, անփոփոխ կիրարկութիւն ունին արդի հայերէնի մէջ եւս՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ. այսպէս էին անոնք անցեալին՝ գրաբարի մէջ, այսպէս են անոնք այսօր՝ աշխարհաբարի մէջ, կարծես երէկ փոխառուած ըլլային անոնք, քանզի ոչ մէկ մաշում կը ցուցաբերեն:
Այս բոլորը սակայն երեւութապէս միայն այսպէս է:
Իրականութիւնը քիչ մը ուրիշ է:
Մեր բառերը խորքին մէջ ապրած են երկու կեանքով՝ գրաւոր եւ բանաւոր:
Գրաւորը մեր մատենագրութեան լեզուն էր, որ կիրարկուեցաւ մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսը, ուր տակաւին գրաբար հրատարակուող մամուլ եւ գրաբար գրուող գիրքեր ունէինք: Գրաբար գրուող գիրքերն ու մամուլն ալ անվթար պահպանեցին Ե. դարու՝ Սահակի ու Մեսրոպի կիրարկած բառերը ու փոխանցեցին զայն գրաբարի քովն ի վեր կազմուող աշխարհաբարին. այլ խօսքով աշխարհաբարը հարազատ ակունքէն խմեց իր ջուրը:
Մինչ գրաւոր խօսքին զուգահեռ անդին կը շարունակէր իր կեանքով ապրիլ աշխարհիկ՝ գաւառական հայերէն մը, ուր այդ նոյն բառերը հիմնովին աղաւաղուած էին. այս աղաւաղումին ահարկու տարողութիւնը կրնանք չափել թերթատելով Աճառեանի «Արմատական»-ը՝ այնտեղ ստուգելու համար մեր բերած բառերու գաւառական տարբերակներուն պարզած ահարկու պատկերը:
Այլ խօսքով՝ մեր արդի գրական լեզուն իր պատմական անաղարտութիւնը կը պարտի գրաբարին, ինչպէս նաեւ մեր լուսաւորիչներու պայծառամիտ հեռատեսութեան, որու շնորհիւ կարելի եղաւ թօթափել մեր աշխարհիկ աղաւաղեալ լեզուն ապականող բոլոր խորթութիւնները եւ պատուաստել զայն տոհմիկ հայերէնի հազարամեայ գանձարանով` ի տարբերութիւն մեզ շրջապատող արդի լեզուներուն, որոնցմէ բացարձակապէս ոչ մէկը իր պորտակապը յաջողած է պահպանել իրեն ծնունդ տուող դասական տարբերակին հետ եւ որոնք ժամանակակից էին գրաբարին:
Տանք մէկ օրինակ միայն՝ երգել/cantare/chanter, եւ տեսնենք տարբերութիւնը.
Գրաբարը կ’ըսէր՝
երգեմ-երգես-երգէ-երգեմք-երգէք-երգեն:
Աշխարհաբարը կըսէ՝
երգեմ-երգես-երգէ-երգենք-երգէք-երգեն:
Իտալերէնը ամենամօտիկ արդի լեզուն է մայր լատիներէնին, որուն փայփայած ձագուկն էր ինք, իրմէ ետք ալ ֆրանսերէնը.
Ահա արդիւնքը՝
Լատիներէնը կ’ըսէ՝
canto-cantās-cantat-cantāmus-cantātes-cantant.
Իտալերէնը կ’ըսէ՝
canto-canti-canta-cantiamo-cantate-cantano.
Ֆրանսերէնը կ’ըսէ՝
chante-chantes-chante-chantons-chantez-chantent.
Հայերէնի մենաշնորհն է այս:
Հայ ժողովուրդըը իր 5.000-ամեայ պատմութեան մեծագոյն յաղթանակը տարաւ հէնց 19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ կորուստէ փրկելով եւ կերտելով գրական անաղարտ աշխարհաբար մը, որ այնքան հարազատ ու հաւատարիմ է զինք սնուցող մօր՝ գրաբարին:
Այսօր, սակայն, վտանգուած է այդ յաղթանակը՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս:
Ի Հայաստան՝ աւելի քան ի սփիւռս, եւ ի սփիւռս՝ աւելի քան ի Հայաստան:
Արմենակ Եղիայեան
Պէյրութ
armenag@gmail.com
Յետագրութիւն
Այս օրերս շատ այժմէական է Պարսկաստանի նորընտիր նախագահի անուան տառադարձութիւնը. պարսիկները իրենք այս անունը կը գրեն եւ կ’արտասանեն Փեզեշքեան, այսպէս ալ կը գրեն օտարները՝ Pezeškian:
Սա պարսկերէն պատմական բիզիշկ-ն է, որ օրին հայերս արտասանած ու տառադարձած ենք բժիշկ ՝ զեղչելով առաջին ձայնաւորը, որ մեր սովորութիւնն էր. բաղդատել՝
պարսկերէն հայերէն
դիրամ դրամ
հունար հնար
նիշան նշան
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ՝ հիմա չենք կրնար Բժիշկեան գրել. պարտինք յարգել իրենց արդի արտասանութիւնը եւ բոլորս միանուագ գրել Փեզեշքեան: