ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ահա իրարմէ ամբողջովին տարբեր երեք գիրքեր, որոնք որոշ ատենէ մը ի վեր սեղանիս վրայ կարգի կը սպասէին… Անգամ մը եւս ըսեմ, որ կը գրեմ անոնց առկայութիւնը նշելու եւ ցոյց տալու համար, թէ թափուր չէ գրական-հրատարակչական հրապարակը։
Yeghishé Charents, SOULS ON FIRE: SELECTED POEMS. A bilingual edition, translated by Tatul Sonentz, edited by Viken Tufenkjian (Եղիշէ Չարենց, ՀՐԱՎԱՌ ՀՈԳԻՆԵՐ. ԸՆՏՐԱՆԻ), հրատարակութիւն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Գանատա, 2021, 148 էջ։
Կողքի գծանկարը առնուած է Չարենցի Մահուան տեսիլ բանաստեղծութեան 1933-ի հրատարակութեան տիտղոսաթերթէն, գործ՝ Յակոբ Կոջոյեանի։
Գիրքը կը բովանդակէ անգլերէն յառաջաբան մը (Foreword), խմբագրին՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին կողմէ, որ բաւական մանրամասն կը ներկայացնէ հատորին մէջ ներառուած գործերուն ստեղծման պարագաներն ու այն պայմանները, որոնց մէջ գրուած են անոնք, Չարենցի կենսագրութիւնը, նոյնպէս անգլերէն (արտատպուած The Heritage of Armenian Literature Vol. III հատորէն), Ամբոխները խելագարուած, Մահուան տեսիլ (իր երեք՝ 1920-ի, 1933-ի եւ 1936-ի տարբերակներով) եւ Պատգամ բանաստեղծութիւնները՝ Թաթուլ Սոնենցի թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ խմբագրին կողմէ պատրաստուած անգլերէն երեք յաւելուածներ՝ «Երեքի դեկլարացիան» (այն խնդրայարոյց հռչակագիրը, որ Չարենց, Ազատ Վշտունի եւ Գէորգ Աբով 1922-ին Թիֆլիսի մէջ հրապարակեցին), «Եղիշէ Չարենց եւ Վահան Տէրեան» (Տէրեանի նկատմամբ Չարենցի յարափոփոխ կեցուածքին մասին) եւ «Գիրք ճանապարհի-ի (1933) նկարազարդումը» (որ Կոջոյեանի մէկ յուշն է իր այդ աշխատանքին վերաբերեալ), ինչպէս նաեւ ծանօթագրութիւններու (Notes) հարուստ բաժին մը (32 էջ), որ նոյնպէս կը պատկանի խմբագրի գրչին։
Յստակ է, որ հատորը ուղղուած է անգլիախօս ընթերցողին, բայց հայերէն բնագրերու ընդգրկումը մեծապէս կը նպաստէ նաեւ լաւ հասկնալու թարգմանութիւնը։
Թարգմանիչը՝ Թաթուլ Սոնենց (Փափազեան), որ երկար տարիներ վարած է Armenian Review պարբերաթերթի խմբագրութիւնը, եղած է Պոսթընի (Ուաթըրթաունի) մէջ ՀՅԴ արխիւներու վարիչ-տնօրէնը, ինք եւս բանաստեղծ է, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր ազգային գործիչ։ Ան թարգմանած է նաեւ Անդրանիկ Ծառուկեանի Թուղթ առ Երեւան-ը (2018) եւ Դանիէլ Վարուժանի Հացին երգը (2021)։
Խմբագիրը՝ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, այժմ հանգստեան կոչուած վաստակաւոր կրթական մշակ է, անկախ գիտնական-գրականագէտ, թարգմանիչ, որ մաս կազմած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ներկայիս տնօրէնն է Գանատայի Համազգայինի հրատարակչականին եւ Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքին, ինչպէս նաեւ անդամ է «Բագին»-ի խմբագրութեան։ Ինք խմբագրած է Սոնենցի թարգմանած Հացին երգը հատորը եւս։
Իր յառաջաբանին մէջ ան կը նշէ, որ ներկայ հատորին մէջ ի մի բերուած համահունչ գրութիւնները կրնան ցուցիչը նկատուիլ Չարենցի «իբր բանաստեղծ իր դերի ընկալումին՝ իր ազգի պատմութեան դէմ-յանդիման»։
Գալով այս հատորի գնահատումին, ան կը գրէ. «Չարենցի ոգեւորիչ բանաստեղծութիւները թարգմանել այլ լեզուի՝ դժուարին մարտահրաւէր մըն է ոեւէ թարգմանիչի համար, բայց Թաթուլ Սոնենց այդ գործը կատարած է հմտօրէն։ Չարենցի քերթուածներուն անգլերէնի վերածումները ոչ միայն կը պահեն անոնց իմաստը, այլեւ ճշգրիտ պատճէնը կու տան բնագրերու անկրկնելի ոճին։ Կը յուսանք, որ սոյն հատորը պիտի խրախուսէ նման փորձեր՝ Չարենցի ամբողջական գործը ներկայացնելու անգլերէն ընթերցողներուն յարար աշխարհ»։
Գիրքը կարելի է ունենալ Համազգայինի մասնաճիւղերու գրատարածներէն կամ Ամազոնէն։
Ռուբէն Տէր Մինասեան, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆՈՒՄ, աշխատասիրութեամբ Խաչատուր Ստեփանեանի, «Գէորգ-Հրայր» ՍՊԸ Լուսակն հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 636 էջ։
Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի («ֆակուլտետի») խորհուրդը։ Էջադրումը եւ ձեւաւորումը՝ Գէորգ Շառոյեանի։ Սրբագրիչ՝ Անի Ֆիշենկճեան։
Գիրքը, դասական ուղղագրութեամբ, նուիրուած է տիրամայր Լուսին եւ Գրիգոր Սարգիսեաններու յիշատակին։
Խաչատուր Ստեփանեան պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանը ստացած է պաշտպանելով «Ռուբէն Տեր-Մինասեան: Կեանքը և գործը» ատենախօսութիւնը, իսկ դոկտորականը՝ «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930-ական թթ.)» ատենախօսութիւնը։ 2001 – 2006 Ախալքալաքի մէջ հիմնած ու ղեկավարած է «Ա-ԻՆՖՈ» լրատուական կեդրոնը: 2006-էն սկսեալ կը դասաւանդէ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ, իսկ 2020-էն սկսեալ վարիչն է անոր համաշխարհային պատմութեան ամբիոնին, 2019-ին արժանացած ըլլալով պրոֆեսորի կոչման։ Ի շարս այլ ակադեմական պաշտօններու՝ 2022-էն ի վեր նաեւ Հայոց պատմութեան դասախօս է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Ան համապատասխանատուն է ՀՅԴ արխիւներուն։ Հեղինակն է բազմաթիւ մենագրութիւններու եւ յօդուածներու։
Անմիջապէս նշեմ, որ ներկայ գիրքին տիտղոսը ընտրուած է իր կողմէ, քանի որ այստեղ ի մի բերուած են Ռուբէնի երկու գործերը, որոնց երկրորդը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ հատորի մը մէջ։
Բովանդակութիւնը կազմուած է հետեւեալ ձեւով.
— Առաջաբան (խմբագրի կողմից)
— Ռուբէն Տէր Մինասեան (համառօտ կենսագրութիւն)
— Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ (առանձին հատորով հրատարակուած 1948-ին, Պէյրութ. այս մասի վերջաւորութեան ներառուած է նաեւ բիւզանդական հայ կայսրերու ցանկը)
— Կիլիկիա, Ամանոս, Անտիոք որպէս միջազգային ճամբաներու հանգոյց (հաւանաբար գրուած 1948–1951 թուականներուն, անտիպ, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային արխիւին. Ռուբէն զայն նկատի առած է որպէս երկրորդ հատորը նախորդ գործին)
— Տեղանուններ
— Անձնանուններ
Բոլոր ծանօթագրութիւնները տեղադրուած են էջատակին։ Այդ մասին Ստեփանեան կը գրէ. «Ընթերցողին որոշ պարզաբանումներ ենք ներկայացրել հատորներում յիշատակուող առաւել կարեւոր գործիչների եւ տեղանունների մասին»։ Նոյնպէս՝ որոշ դրուագներու վերաբերեալ։
Իր յառաջաբանին մէջ պատմաբան խմբագիրը «հայ երկրառազմավարական մտքի փայլուն նմուշ» կը համարէ Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ երկը, ուր, ըստ ՌՏՄ-ի, կ՚ըսէ պատմաբանը, «մարդկութեան պատմութեան ընթացքը պայմանաւորուած է Արեւմուտքը եւ Արեւելքը կապող ուղիներով», թիւով երեք, որոնց երրորդը Կ. Պոլիս-Էրզրում-Թեհրան-Հնդկաստան ուղին է, որ «երկու կայսերապաշտ ուժերի՝ Անգլիայի եւ Ռուսաստանի (այսօր՝ թերեւս Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի մրցակցութեան առարկայ է»։
Գալով երկրորդ գիրքին, հոն եւս ՌՏՄ «կատարում է խիստ արդիական երկրառազմավարական վերլուծութիւններ»՝ մշակելով այն հիմնական գաղափարը, «որ յատկապէս Կիլիկիան եւ նրա յարակից շրջաններն (Անտիոք, Ամանոս) են հանդիսացել տարածաշրջանի պատմական գլխաւոր իրադարձութիւնների առանցքը»։
Այս գործերուն միջոցաւ ՌՏՄ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ հետեւանքներ ունեցած է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը մեր ժողովուրդի պատմութեան վրայ։ Ան կ՚եզրակացնէ, «որ Հայաստանը պէտք է բաւականաչափ ուժեղ լինի՝ մեծ պետութիւններին որպէս քաղաքական գործօն հետաքրքրելու համար։ Դրա համար Ռուբէն Տէր Մինասեանն առաջարկում է շարժուել “Առ եւ Տուրի” եւ ոչ թէ “Տուր եւ Առի” ուղիով…»։
Ինչ որ կը հնչէ այնքան այժմէական ու կը պատշաճի մեր ներկայ կացութեան ալ։ Այս իմաստով ալ աւելի քան կենսական էր այս հատորի այս օրերուն հրատարակումը։
Արմէն Քեշիշեան, Աստուածաշնչեան դարձուածքների եւ արտայայտութիւնների հայերէն-անգլերէն-ռուսերէն ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ, ֆենոմեն հրատարակչութիւն, Երեւան 2019, 632 էջ։
Խմբագիր՝ Հայկ Խեմչեան, հրատ. խմբագիր՝ Միքայէլ Միրիջանեան, սրբագրիչ՝ Նունէ Արզաքանեան, նկարները՝ Գէորգ Մշեցի-Ջաւրուշեանի։
Գիրքը նուիրուած է հեղինակի ծնողներուն՝ Աւետիս Քեշիշեանին եւ Ելենա Արդահանեանին, խնկարկելով՝ Արաքսի Արդահանեանի յիշատակը։
Իր «Երկու խօսք»-ին մէջ Արմէն Քեշիշեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր ընտանեկան պարագաներուն, ուսուցիչներուն, ընկերներուն եւ «բարեացակամ ծանօթ ու անծանօթ մարդկանց»՝ իրենց աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու ինստիտուտի (հիմնարկի) իր կենդանի թէ արդէն մահացած դասախօսներուն եւ Օքսֆորդ Փոլիսի Մենեջմենթ ընկերութեան իր ընկերներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով պարզաբանումներ ընծայած են իրեն։
«Նախաբան»-էն կը գիտնանք, թէ ընդգրկուած են 2007 արտայայտութիւն եւ դարձուածք (աւելի ճիշտ՝ շուրջ 5000, հաշուելով լրացուցիչ ներդիրները), որոնց յաճախ կը հանդիպինք խօսակցական լեզուի թէ աստուածաբանական, հետազօտական եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ։ Սակայն նկատի առնելով, որ մէկ լեզուի մէջ երեւցող դարձուածք կամ արտայայտութիւն անպայման այդպիսին չէ միւս լեզուներու պարագային, ապա տրուած են նաեւ անոնց առաւել գործածական հոմանիշները։
Բառարանը ունի իր հիմնական մասը, ուր ներկայացուած են ընտրուած մէջբերումները երեք լեզուով՝ հայերէնի այբբենական կարգով, եւ երկու յաւելուած. առաջինին մէջ ներկայացուած են Հին եւ Նոր կտակարաններու գիրքերու անուանումները եւ գործածուած յապաւումները՝ երեք լեզուներով, իսկ երկրորդին մէջ ցանկագրուած են իրենց այբբենական կարգով միւս երկու լեզուով նիւթերը, էջաթիւերով՝ մեծապէս դիւրացնելով որոնումը։
Սակայն ինչ որ բառարանէ մը անդին կը տանի այս բացառիկ աշխատասիրութիւնն ու կը վերածէ նաեւ շատ հետաքրքրական ընթերցանութեա՛ն հատորի մը, այն յաւելեալ բացատրութիւններն են, հայերէնով, որ տրուած են մէջբերումներէն զատ։ Առաջին հերթին բոլորին պարագային նկարագրուած է այն միջավայրը ուր տուեալ արտայայտութիւնը կամ դարձուածքը երեւցած է Սուրբ գիրքին մէջ։ Ապա բազմաթիւ յօդուածներու պարագային աւելցուած են լրացուցիչ պատմագրական, լեզուաբանական, ընկերա-կենցաղային, մշակութաբանական, աշխարհագրական եւ աստուածաբանական այնպիսի ընդհանուր տեղեկութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ այլ մէջբերումներու համար։
Կ՚արժէ մէկ օրինակով ցոյց տալ մուտքագրում մը՝ աւելի լաւ պատկերացնելու համար ներկայացուածը.
Գլուխը բարձր քայլել — … ուստի վեր մի՛ ցցէք ձեր վզերը եւ գլուխներդ բարձր մի՛քայլէք, քանի որ վատ ժամանակ է (Միք Բ 3)
1- Պարզ երեսով, հպարտ, խրոխտ եւ այլն,
2- Յանդուգն կեցուածք ընդունել (հեգն.) յատկապէս այն դէպքերում, երբ ամաչելու հանգամանքները շատ են։
Թոյլ, խոնարհ, հեզ քաղաքացուն կողոպտող իշխանաւորը եւ նրա բթամիտ ստրուկները յատկապէս գոհ, հպարտ ու իրացուած են զգում, երբ յաջողւում են իրենց նիւթած դաւերը՝ կողոպուտը, թալանը եւ անպատիժ յանցագործութիւնը։ Միքիա մարգարէն զգուշացնում է, որ սրանք պէտք է դադարեն գլուխները բարձր ու վզները ցցած քայլելուց ու թէեւ նրանք ունակ չեն հականալու, որ իշխանութիւնը իրենց տէրերին Աստծուց է տրւում եւ վերցւում, սակայն նա ապաւինում է գոնէ իրենց ինքնապաշտպանութեան բնազդին։ Խոնարհին ու հեզին ճնշելու դիմաց Աստծոյ ցասման հետեւանքով գլուխները բարձր ու վզները ցցած քայլողներն են յայտնւում իրենց յաղթածների սեղանի տակ՝ փշրանքները հաւաքելու համար։
Տեղ տեղ գծանկարներ կը ճոխացնեն հատորը։
Վերջաւորութեան տրուած է նաեւ օգտագործուած գրականութան ցանկը՝ երեք լեզուներու պարագային։
Հեղինակը, որ անդուլ աշխատող բանասէր մըն է, կը տեղեկացնէ, թէ պատրաստութեան մէջ են (բայց տակաւին չեն հրատարակուած) այս բառարանի երկրորդ հատորը, այլեւ Շեքսպիրի, Չոսերի, Բայրոնի եւ այլ բրիտանացի գրողներու յօրինած դարձուածքներու եռալեզու բացատրական հատորը, ինչ որ ուրիշ կարեւոր ներդրում մը կոչուած է ըլլալու մեր գրականութեան մէջ, յատկապէս թարգմանիչներու եւ ուսուցիչներու համար։ Այս իմաստով շատ կարեւոր է նաեւ բաղադրեալ բայերու անգլերէն-հայերէն բառարանը (English-Armenian Dictionary of Phrasal Verbs), որ պիտի կազմէ մօտ 2500 էջ, որուն վրայ եւս կ՚աշխատի Քէշիշեան ներկայիս։ Աւելցնեմ նաեւ, որ բացի գրականագիտական եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ մենագրութիւններէ, ան մաս կը կազմէ Լեռ Կամսարի անտիպ գործերու աշխատասիրութեամբ զբաղող խումբին, որ ցարդ լոյս ընծայած է մեծ երգիծաբանէն 20 հատորներ։
Ցանկալի, ո՛չ՝ հրամայակա՛ն է, որ այստեղ ներկայացուող Բառարանը լոյս տեսնէ նաեւ դասական ուղղագրութեամբ։