ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՋԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՆՏՐԱ/ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Նախ կարդացի, ապա երկար մտածեցի հայրենի ներհուն մտաւորական Պետրոս Դեմիրջեանի 720 էջերու վրայ փռուած գիրքը գրախօսելու համար: Վէպ չէր այդ հատորը. Տիրան Չրաքեան/Ինտրա, Կեանքն ու գործը կամ «հէքեաթի» իրականութիւնը (ՀԳՄ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016):Այս ծաւալուն հատորը գրախօսելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար ընդօրինակել զայն, կամ հազուագիւտ դարձող գրասէրին թելադրել գիրքը գտնել եւ կարդալ: Գիրքը գտնել ալ իր կարգին դժուար պիտի ըլլայ, քանի որ, ինչպէս ըսաւ հեղինակը, ան լոյս տեսած է միայն 100 օրինակ տպաքանակով: Ընթերցող, գրասէր, ուսուցիչ, լրագրող, հրապարակագիր, կրօնական, քաղաքական գործիչ եւ ղեկավար, իմացա՞ծ են, որ լոյս տեսած է նման հատոր մը, եւ անոր տպաքանակի 100-ը ի՞նչ կը թելադրէ իրենց:
Ղեկավարութիւնները ի՞նչ կրնան եզրակացնել: Կ՚անհանգստանա՞ն:
* * *
Երախտաշատ աշխատանք մը, որ ԺԹ. դարու վերջին քառորդի եւ Ի. դարու առաջին քառորդի ոչ միայն ազգի պատմութիւնը կը բերէ մեզի, այլ նաեւ ապրող, բաբախող եւ յաճախ ողբերգական կեանքը, հոգեկան, ոգեկան, ընկերային, մշակութային, կրթական, ինչպէս պիտի ընէր վաւերագրական նկարահանում մը, որուն մէջ Տիրան Չրաքեան/Ինտրայի շուրջ կը հիւսուի ժամանակը: Վէպ չէ, ի հարկէ, բայց եթէ ընթերցողը, ոչ միայն հետաքրքրուած գրասէրը կամ գրականագէտը, յանձնուի 720 էջերու վրայէն հոսող հեղեղին, կը գրաւուի:
Արդարեւ ազգի պատմական հատուած եղած եւ մշակոյթ կրած Պոլիսը եւ Արեւմտահայաստանը կը կենդանանան դէպքերու եւ դէմքերու հետ, ժողովուրդ մը՝ իր ճակատագրով եւ թռիչքի նկրտումներով: Ընթերցման զուգահեռ կը ծագին միտքեր, հարցեր, ինքնուրոյն եւ հարազատ աշխարհի մը մասին, որ չկայ, նոյնիսկ եթէ ժամանակակից իսթանպուլահայութիւնը դեռ կը դիմադրէ՝ պահելով անցեալի աւանդները եւ ճգնելով ըլլալ շարունակութիւն:
Ակադեմական աշխատանք մը: Կը կարդանք. «Տպագրուում է ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի գիտական խորհրդի որոշմամբ»:
Կը կարդանք նաեւ. «Աշխատութիւնն առաջին փորձն է ամբողջական քննութեան ենթարկելու հայ գրականութեան դասական դէմքերից մէկի՝ ինքնատիպ մտածող, բանաստեղծ, արձակագիր, մանկավարժ Տիրան Չրաքեանի (Ինտրա) կեանքի ու գործի պատմութիւնը: Արխիւային նիւթերի, ժամանակի մամուլի եւ գրական ու գիտական այլ աղբիւրների, ժամանակակիցների յուշերի օգտագործմամբ՝ վեր հանուել եւ հիմնաւորուել է Ինտրայի տեղն ու դերը ժամանակի գրական, գեղարուեստական, իմաստասիրական զարգացումների համատեքստում՝ նրա ստեղծագործութիւնը դիտարկելով որպէս կարեւոր օղակ 19-րդ եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ գրականութեան զարգացումների շղթայում»:
Ուշագրաւ հաստատում մը. «հայ գրականութեան զարգացումների շղթայում». ոչ արեւելահայ, ոչ արեւմտահայ, ոչ սփիւռքահայ, այսինքն՝ նոյն խորքի վրայ տարբեր արտայայտութիւններ:
Պետրոս Դեմիրջեան իր ներածական խօսքին մէջ իսկ Ինտրան կը դասէ «զարտուղի» հայ եւ օտար բանաստեղծներու շարքին, ինչպէս Եղիա Տեմիրճիպաշեանի, բայց նաեւ Էտկար Փոյի, Արթիւր Ռէմպոյի, Շարլ Պոտլէրի: Նոյն շարքին, բայց բնաւ իրարու նման: Պետրոս Դեմիրջեան կŸընդդիմանայ նեղմիտ այն հանրային կարծիքին, ինչպէս այդ նկատած էր նաեւ Յ. Օշական. «Տասնամեակների ընթացքում մեզանում ձեւաւորուած մի կարծրատիպով, Ինտրան ու նրա ստեղծագործութիւնը համարուել են ոչ միայն հայ իրականութեանն ու կեանքին օտար», այլեւ «ազգէն եւ ազգայինէն» վեր կամ դուրս, «իր ժողովուրդին տագնապին» անհաղորդ, ուստի արեւմտահայ գրականութեան համապատկերի մեծանուն հեղինակը խօսք է բացել անգամ Ինտրային իր ժողովրդի հետ հաշտեցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Բայց այդպէ՞ս է արդեօք» (էջ 5): Այս վերաբերումը Պետրոս Դեմիրջեան կը բացատրէ անով, որ Ինտրայի «Ներաշխարհ»-ը լոյս տեսած էր «…Սուլթան Համիդի կազմակերպած 1894-1896 թթ. կոտորածներից յետոյ տիրող անկումայնութեան մթնոլորտում, արեւմտահայ մտաւորականութեան շրջանում առաւել տիրապետող էր իրականութեան, ազգային հասարակական կեանքի երեւոյթների արձագանգման պահանջը» (էջ 5): Միւս կողմէ, «…արեւելահայ իրականութիւնում, յատկապէս խորհրդային տասնամեակներին…. տեղ չէր կարող լինել «միստիկ», «մահուան երգիչ» Ինտրայի համար» (էջ 5):
Պետրոս Դեմիրջեան կը մէջբերէ Ինտրան… «…նրա համոզմամբ “բանաստեղծէ մը կը սպասուի փիլիսոփայութիւն, բայց ոչ անպայման փիլիսոփայական դրութիւն”» (էջ 7):
Յաջորդական գլուխներու մէջ Պետրոս Դեմիրջեան կը վերականգնէ ժամանակը իր դէմքերով, թերթերով, գրական հանդէսներով, գաղափարներով, վէճերով, դպրոցներով. Իւթիւճեան, Տեմիրճիպաշեան, «Մասիս», «Շիրակ», կը վերլուծէ ֆրանսական խորհրդապաշտութեան ազդեցութիւնը: Խիտ արտայայտութեամբ մը, Պետրոս Դեմիրջեան կը քանդակէ Ինտրան՝ բանալու համար դուռը Ինտրայի ընթերցողին առջեւ. «Ընդամէնը չորսուկէս տասնամեակ տեւած եւ ողբերգականօրէն ընդհատուած Տիրան Չրաքեան Ինտրայի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը անվերջանալի ճամբորդութիւն էր դէպի իր ներսը՝ սեփական հոգու միջոցով մարդկութեան ու տիեզերքի հոգին ճանաչելու մոլեգին տենչ ու փնտռտուք, որը շատ յաճախ անըմբռնելի, անհասկանալի էր նաեւ ի՛ր համար: Ինչպէս միշտ, նա միանգամայն անկեղծ էր, երբ տիեզերական անսահման կառոյցի հետ հոգեկան ներդաշնակութեան պահերին՝ «Ներաշխարհ»-ին մէջ յաւերժացած, բացականչում էր՝ «ո՞ւրկէ ասիկա, ուրկէ՞ եկայ այսպէս աստուածակարօտ ինքզինքիս» (էջ 27):
Պետրոս Դեմիրջեանի ուսումնասիրութիւնը վէպի ջերմութեամբ «կը պատմէ» Ինտրայի կեանքը, նաեւ շրջապատը, ընկերութիւնը, աշխարհագրութիւնը, դպրոցները, ուսուցիչները, ժամանակի հետաքրքրութիւնները, յարաբերութիւնները, բարքերը, հայկական Պոլիսը իր յառաջադիմական եւ մշակութային նկրտումներով, տեւական ճնշումներու ենթակայութեամբ: Ընկերութիւն մը, որ գտնուելով հանդերձ մշակութապէս արեւելեան փակ շրջապատի մէջ, կ՚ուզէր Արեւմուտք ըլլալ, ձգտում մը՝ որ եղած էր անցեալին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Պետրոս Դեմիրջեան մարդիկը կը տեղաւորէ իրենց մթնոլորտին մէջ, այդ ընելու համար չի վարանիր դիմելու վկայութիւններու, վկաներ, որոնք Ինտրայի հետ քալած են այդ եռուն ժամանակին մէջ:
Ինտրա վիպական հերոս կը դառնայ իր ինքնատիպութեամբ, ուսուցչական ճամփորդութիւններով այդ օրերու հայաշխարհին մէջ, իր սիրոյ պատմութեամբ, ընկերական յարաբերութիւններով եւ նամակագրութեամբ Միքայէլ Կիւրճեանի հետ: Նաեւ իր ժամանակը յատկանշող գեղարուեստական եւ իմաստասիրական որոնումներով:
Գեղանկարչութենէն բանաստեղծութիւն եւ գրականութիւն եկած, ապա հասուն տարիքին կրօնական ընտրանքներու մէջ թափառող Ինտրան կը գտնենք Պետրոս Դեմիրջեանի էջերուն մէջ ոչ միայն որպէս սոսկ կենսագրութիւն, այլ որպէս տեւաբար ինքզինք որոնող, անհանգիստ եւ տառապող հոգի մը: Կը թափանցէ Ինտրայի ռոմանդիզմի ծալքերը, տառապանք եւ մղձաւանջ, կը վերլուծէ անոր բանաստեղծութիւնը: Կը գրէ. «Նախորդ գործերում երեւան եկած երազային կոյսի անուրջը շատ աւելի իրական գծեր ու բովանդակութիւն է ստանում «Մթնշաղի տարտամութիւն» քերթուածում: Ինչպէս եւ ենթադրուում է վերնագրից, բանաստեղծութիւնը, իրօք, շնչում է մթնշաղային, տարտամ ու նուրբ զգացողութիւններով: Այստեղ առաջին անգամ յատնուում են մեծ նոճիները, եւ բանաստեղծը ցանկանում է նրանց մութ խորքերի մէջ մարմրող իրիկուայ ցոլքերի մթնոլորտում մտմտալ սիրած կոյսի մասին: Երազում, որ գիշերուայ խաղաղութիւնը պատի ամէն բան, նաեւ իր սրտի «տրոփիւնը խոհուն»» (էջ 120):
Պետրոս Դեմիրջեան վերլուծած է Ինտրայի բանաստեղծութիւնը, «Ներաշխարհ»ը եւ «Նոճեստան»ը, նաեւ անոնց շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնները, քննարկումները, վէճերը: Կը խօսի Ինտրայի վերագրուած յոռետեսութեան մասին՝ յիշելով նաեւ այլ վերլուծողներու կարծիքները: Կ՚ըսէ, որ «ըստ Ինտրայի, լաւատեսութիւնը հենց կեանքի պայմանն է»:
Անհանգիստ հոգիով Ինտրայի սիրոյ պսակումը անգամ հանդարտութիւն չի բերեր իրեն: Ան պիտի շարունակէ իր հոգեկան խռովքները բացայայտել ինքզինք գտնելու համար, բառերու եւ իմաստներու սկսող եւ չաւարտող ներիմացական (intuitif) ալեկոծութիւններով:
Պետրոս Դեմիրջեան խիստ հետաքրքրական նշում մը կ՚ընէ, որ «Ինտրան հաւասարութեան նշան է դնում ազգասիրութեան եւ լեզուասիրութեան միջեւ», քաղաքական մտածողութիւն մը, որ մեր օրերուն այնքան կարիք ունի հրապարակման, որ կը թելադրէ այն միտքը, որ ազգի ինքնութիւնը լեզուով կŸըլլայ: Կը խօսի նաեւ Ինտրայի լեզուի ճոխացման եւ արդիականացման առաջադրանքներու մասին:
Այս ծաւալուն հատորին մէջ կը խօսուի Ինտրայի զինուորագրութեան շրջանի եւ արեւմտահայութեան ողբերգութեան մասին: Կը կարդանք. «Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ազգային կեանքի այդ ողբերգական իրավիճակը ինչպիսի ծանր ու խոր ազդեցութիւն պիտի ունենար Ինտրայի պէս նրբազգաց ու լուսասէր հոգու համար: Նա որ միշտ տառապում էր նոյնիսկ սովորական, առօրեայ կեանքի անկանոնութիւններից ու կաշկանդումներից, ստիպուած էր ականատեսը լինելու իր ժողովուրդի, անմեղ մարդկանց նկատմամբ բարբարոսների կողմից իրագործուող ջարդերի ու հալածանքների» (էջ 491-492): Կը մէջբերէ երկու քառատող՝ ցոյց տալու համար Ինտրայի ցաւը ազգի ողբերգութեան դիմաց.

Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,
Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց
Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զէյթունցւոց
Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ գութիդ արեւէն:

Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,
Անոնց որ, Տէ՜ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,
Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին Ճիւաղէն,
Բազուկներն որ բռնութիւնն յաղթահարեցին:
(էջ 492):
Պետրոս Դեմիրջեանի վերլուծական ուսումնասիրութեան մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ հայ գրողներու տեսակէտները, ինչ որ ցոյց կու տայ մտաւորական շրջանակներու մէջ Ինտրայի գործի ունեցած կարեւորութիւնը: Այս աշխատանքը կը յատկանշուի նաեւ իր աղբիւրներու բազմազանութեամբ:

* * *

Այս գրախօսականի սկիզբէն իսկ ըսի, գրականագիտական այս ծաւալուն աշխատանքի մասին գրել անհամեստութիւն է, եւ լաւագոյն ձեւը գիրքը ընդօրինակել է: Այսինքն հարկ է գիրքը կարդալ գրականութիւն, ժամանակ եւ հայկական կացութիւն ըմբռնելու համար:
Պետրոս Դեմիրջեանի գիրքի տպաքանակը տխուր եւ տխրեցնող հաստատում մըն է, որ բացակայ է հայ գրասէրը, որ հայ ընթերցողը այլեւս չի կարդար եօթը հարիւր էջ գիրք: Բայց ինք, Սիզիֆի յամառութեամբ կը հրատարակէ տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքի արգասիք գիրքը՝ միայն 100 օրինակով: Ի՞նչ կը մտածեն այս մասին նախարարներ, նախագահներ, բարեսէրներ եւ մշակոյթը որպէս դրօշակ պարզողներ:
Պիտի գտնուի՞ն կարեւոր մարդիկ, որ փնտռեն այս գիրքը…
Կենսական հարցում. ինչպէ՞ս կրնանք հպարտանալ, որ մենք մեծ մշակոյթ ունինք եւ մշակոյթի ժողովուրդ ենք…
Գէթ հայ եւ օտար համալսարաններու գրադարաններուն տրամադրելու համար, պիտի գտնուի՞ հայկական կազմակերպութիւն մը, որ վերահրատարակէ Պետրոս Դեմիրջեանի այս կոթողական գործը, որպէսզի ան «գաղտնի» չմնայ նոյնիսկ գրականագէտներուն եւ ուսումնասիրողներուն համար:

«Գրական թերթ»
21 սեպտեմբեր 2018

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *