ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ՀԱԳՆԻԼ-ՀԱԳՈՒԻԼ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Սոսկածանցաւոր բայ է եւ ունի ածանցական խոնարհում՝ հագայ-հագար-հագաւ-հագի՛ր: Ներգործական է եւ առ այդ օժտուած է ներգործականութեան երկու հիմնական յատկութիւններով. ա) կրնայ ուղիղ խնդիր ստանալ՝ հագուստ հագնիլ, տաբատ հագնիլ, կօշիկ հագնիլ եւ այլն. բ) նաեւ ունի իր կրաւորականը՝ հագնուիլ. «Այս կօշիկը դեռ կը հագնուի, այդ մէկը այլեւս չի հագնուիր»: Ոմանք կ՚ըսեն՝ չի հագցուիր, ինչ որ սխալ է. չի հագնուիր-ը կը համապատասխանէ չի տեսնուիր, չի գտնուիր, չի զարնուիր ձեւերուն, որոնք անվիճելի են եւ փոխարինելի չեն տեսցուիր, գտցուիր, զարցուիր «տարբերակներով»:
Բայս օժտուած է նաեւ անցողական կամ պատճառական սեռով՝ հագցնել, որ կու տայ հագցուցի-հագցո՛ւր. օրինակ՝ «Մայրը զաւակին կօշիկը հագցուց»:
Գալով հագուիլ-ին, ապա այս բայը բոլորովին աշխարհաբարեան ծագում ունի, կը համապատասխանէ ֆրանսերէնի` s’habiller, անգլերէնի to get dressed բայերուն. սեռով չէզոք է (Տե՛ս Այտընեան, Քնն. քեր., էջ 65, § 215), հետեւաբար չի կրնար ուղիղ խնդիր ստանալ, եւ ճիշդ այս կէտին մէջ է, որ ընդհանրապէս կը գործուին սխալները: Կարելի չէ ըսել՝ հագուստ կը հագուիմ, կօշիկ կը հագուիմ կամ թէ որեւէ այլ առարկայ յիշել իբրեւ ուղիղ խնդիր: Հագուիլ կը նշանակէ իր վրայ կրել օրուան կամ եղանակին թելադրած զգեստները՝ կօշիկէն մինչեւ գլխարկ ի պահանջել հարկին. այս առումով՝ ան մօտաւոր հոմանիշ է զգեստաւորուիլ կրաւորական բային, որ նմանապէս ուղիղ խնդիր չի կրնար առնել. Ի՞նչ կ՚ընես, — կը հագուիմ: Հագուեցայ ու ներկայացումի գացի: Տակաւին չեմ հագուած: Ինչպէս նկատելի է, որեւէ առարկայի անուն՝ իբրեւ ուղիղ խնդիրի, չտրուեցաւ: Վերջին նախադասութիւնը չի նշանակեր, թէ ենթական մերկ է, այլ տուեալ պահի թելադրած պատշաճ իրերը չի կրեր իր վրան: Բայիս խոնարհումը կու տայ՝ հագուեցայ-հագուեցար-հագուեցաւ-հագուի՛ր: Բայս ունի պատճառական սեռն ալ՝ հագուեցնել, որ կու տայ հագուեցուցի-հագուեցո՛ւր. օրինակ՝ «Մայրը հագուեցուց փոքրիկները», — կը համապատասխանէ զգեստաւորել հոմանիշին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն habiller կամ vêtir, իսկ անգլերէն to get dressed բայերուն:
Ծանօթ.—1. Ամէն պատճառական բայ կրնայ ստանալ ուղիղ խնդիր մը, որմէ զուրկ է այդ նոյն բային չէզոքը, այս պարագային՝ հագուիլ-ը: Սակայն, ինչ կը վերաբերի հագուեցնել-ին, չենք կրնար ասոր իբրեւ ուղիղ խնդիր տալ զգեստի մը անունը. ճիշդ ինչպէս որ չենք կրնար ըսել հագուստ հագուիլ, այնպէս ալ չենք կրնար ըսել՝ հագուստ հագուեցնել, տաբատ հագուեցնել եւ նմանները. այլ այդ ուղիղ խնդիրը պէտք է ըլլայ զգեստը կրողի՛ն անունը, այլ խօսքով՝ հագուիլ բայի ենթակա՛ն, այսպէս՝ հագուեցնել զաւակը, հիւանդը, Թորոսը, Մարկոսը եւ այլն (օրինակ՝ Տղաս հագուեցաւ եւ Տղաս հագուեցուցի) համազօր է զգեստաւորեցի-ին: 2. Հագուիլ բայը այլապէս կրնայ ունենալ իր լրացումները՝ շատ հագուիլ, քիչ հագուիլ, վայելուչ հագուիլ, անճաշակ հագուիլ, հաստ հագուիլ, բարակ հագուիլ, արագ հագուիլ, դանդաղ հագուիլ եւ այլն, որոնք բոլորն ալ պարագայական լրացումներ են:
Պէտք է լաւ ի մտի ունենալ, որ հագուիլ-ը, հակառակ իր ուիլ վերջաւորութեան, կրաւորական բայ մը չէ, այլ չէզոք է. այսպիսիները հազուագիւտ են հայերէնի մէջ եւ կը կոչուին կրաւորակերպ, այսինքն՝ կերպով, երեւոյթով կրաւորականի կը նմանին, սակայն ըստ էութեան կրաւորական չեն: Կրաւորական բային հիմնական յատկանիշը ներգործող խնդիր ունենալն է, իսկ հագուիլ-ը չի կրնար ներգործող խնդիր ունենալ: Տեսականօրէն կրաւորական կրնայ ունենալ հագուեցնել բայը, որ է հագուեցուիլ, որը սակայն շատ ապաշնորհ ու խժալուր բառ մըն է, որ փաստօրէն չի գործածուիր:
«Առձեռն»-ը չունի հագուիլ: Քիչ անց 1886-ին Սամուէլ վ. Գանթարճեան իր «Գաղղիերէն-հայերէն-տաճկերէն բառարան»-ին s’habiller բառին կից գրած է հագուիլ, մինչ porter-ին կից՝ կրել, իսկ se porter-ին կից՝ հագնուիլ: Ուրեմն կատարելապէս ըմբռնուած է հագուիլ-ին եւ հագնուիլ-ին տարբերութիւնը: Քիչ մը զարմանալի է, բայց ահա Յովհ. Գազանճեան ետքայլ մը ընելով հագուիլ-ը կը ներկայացնէ իբրեւ հագնիլ-ին կրաւորականը:
Աշխարհաբարի բառարաններէն միայն Գայայեան ունի թէ՛ հագնիլ, թէ՛ հագուիլ. այս վերջինին համար տրուած հոմանիշները՝ շքուիլ, յարդարուիլ, մոլորեցուցիչ են: Շուքի ու յարդարանքի գաղափարը չկայ այս բային մէջ. ծովազգեստ մը վրան եւ գլխարկ մը գլուխը անցընելն ալ հագուիլ է, արքայական ծիրանի կրելն ալ հագուիլ է:
Հայր Պետրոս Ճիզմեճեան ունի միայն հագնիլ, որ սակայն խոնարհած է հագուեցայ ձեւով, ինչ որ սխալ է. հագնիլ-ը, տեսանք, կու տայ հագայ-հագի՛ր, իսկ հագուեցայ-ն կատարեալն է հագուիլ-ին, որ բացակայ է բառարանէն:
Տէր Խաչատուրեան եւ հայր Կռանեան չունին հագուիլ:
* * *
Բաղդատական տախտակ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի
ա) Մերիններուն դիմաց արեւելահայերէնը ունի հագնել, որ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագնիլ-ին. երկուքն ալ ներգործական են եւ կատարեալի մէջ ունին նոյն խոնարհումը՝ հագայ-հագար-հագաւ-հագի՛ր. օրինակ՝
—Այսօր նոր զգեստդ հագի՛ր:
—Նրանց կանայք մուշտակ կը հագնեն:
—Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ:
—Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ հագան:
Ասոնք լրիւ կը համապատասխանեն արեւմտահայերէնին.
—Այսօր նոր զգեստդ հագի՛ր:
—Անոնց կիները մուշտակ կը հագնին:
—Հագաւ Դաւիթ զէնք ու զրահ:
—Սեւ ու փայլփլուն կօշիկներ հագան:
բ) Ունի նաեւ հագնուել, որ չէզոք է եւ կը համապատասխանէ արեւմտահայերէնի հագուիլ-ին. երկուքն ալ զրկուած են ուղիղ խնդիր առնելէ. օրինակ
—Շտապ հագնուեց ու փողոց վազեց:
—Վասակը սկսաւ արագ հագնուել:
—Ամառ-ձմեռ նա միատեսակ կը հագնուի:
—Ներս մի՛ գար, դեռ հագնուած չեմ:
Ասոնց դիմաց, ուրեմն, արեւմտահայերէնը կը դնէ հագուիլ. այսպէս՝
—Շտապ հագուեցաւ ու փողոց վազեց:
—Վասակը սկսաւ արագ հագուիլ:
—Ամառ-ձմեռ ան միատեսակ կը հագուի:
—Ներս մի՛ գար, դեռ հագուած չեմ:
գ) Ուրեմն այս երկուքէն բացի՝ արեւմտահայերէնը ունի հագնուիլ կրաւորականը, որ կը սերի հագնիլ ներգործականէն եւ կը պակսի արեւելահայերէնին. այսպէս
—Այս կօշիկը շատ հին է ու այլեւս չի հագնուիր:
—Նման տաք վերարկուն միայն ձմեռը կը հագնուի:
ԳԼՈՒԽ-ԳԼԽԻ-ԳԼՈՒԽԻ … ՇԱԲԱԹ-ՇԱԲԱԹԻ-ՇԱԲԹՈՒԱՆ
Այս վերջերս արեւմտահայ մամուլի եւ անհատական գրողներու քով բազմացած է շարժման բառին գործածութիւնը, յատկապէս՝ «Արցախեան շարժման» բառակապակցութեան մէջ: Ասի ընդունելի է արեւելահայերէնի մէջ, սակայն անընդունելի է արեւմտահայերէնի մէջ:
Եւ ոչ միայն այս, այլեւ ուրիշ կարգ մը բառեր, որոնք պէտք է արժանանան ուշադրութեանը այն արեւմտահայուն, որ հակամէտ է ճիշդ գրել արեւմտահայերէնը:
Չի բաւեր խօսքով սիրել իր մայրենին, պէտք է նաեւ քիչ մը գործով ալ սիրել զայն ու գուրգուրալ անոր առանձնայատկութիւններուն վրայ:
Ստորեւ այդ բառերը:
* * *
Գրաբարի եւ արեւելահայերէնի մէջ գոյականներու հոլովումը ընդհանրապէս կայուն է, այսինքն՝ իւրաքանչիւր գոյական կը հոլովուի մէկ կաղապարով. օրինակ՝ մարմին-մարմնի, տուն-տան եւ այլն: Դժուար է պատկերացնել դասական կամ արեւելահայ հեղինակ մը որ շեղի այս ձեւերէն: Արեւմտահայ գրական ու ժողովրդական աշխարհաբարը, սակայն, շատ աւելի ճկուն է. ան կրնայ հաւասարապէս ըսել՝
գլուխի/գլխի գլուխէ/գլխէ գլուխով/գլխով
ճակատի/ճակտի ճակատէ/ճակտէ ճակատով/ճակտով
մարմինի/մարմնի մարմինէ/մարմնէ մարմինով/մարմնով
բերանի/բերնի բերանէ/բերնէ բերանով/բերնով
շարժումի/շարժման շարժումէ շարժումով
տունի/տան տունէ տունով
Այնուամենայնիւ այս ազատութիւնը համատարած չէ: Բերուած վեց բազմիմաստ բառերը ազատօրէն երկձեւ կը հոլովուին իրենց բուն իմաստով, սակայն այդ ճկունութիւնը կը կորսնցնեն փոխաբերական իմաստի կիրարկութեան պարագային եւ կը հոլովուին միայն մէ՛կ ձեւով. ստորեւ օրինակներ՝
Ինչե՜ր անցան գլուխէս (կամ՝ գլխէս):
Գիրքին առաջին գլուխէն (բայց ոչ՝ գլխէն) հատուած մը կարդացի:
Անոր ճակատին (կամ՝ ճակտին) վրայ լուսապսակ մը կայ:
Ճակատի (բայց ոչ՝ ճակտի) առաջին գիծին վրայ կրակոցներ կան:
Մարտիկին մարմինին (կամ՝ մարմնին) վրայ վէրքեր կային:
Վերին մարմինին (բայց ոչ՝ մարմնին) որոշումները գործադրուեցան:
Անոր բերանին (կամ՝ բերնին) չափը տուող մը պէտք է:
Վիզը թշնամիի սուրին բերանին (բայց ոչ՝ բերնին) հանդիպեցաւ:
Գլուխին շարժումին (կամ՝ շարժման) կը հետեւէին ձեռքերն ալ:
Ազատագրական շարժումին (ոչ՝ շարժման) նեցուկ կանգնինք:
Այս տունին (կամ՝ տան) մուտքը լայն է:
Քերթուածի առաջին տունին (բայց ոչ՝ տան) ոտքերը կաղ են:
Յարմար է տակաւին ըսել՝ Սպիտակ տունի բնակիչները եւ ոչ՝ Սպիտակ տան, Լորտերու տունին եւ ոչ՝ Լորտերու տան, սակայն պէտք է ըսել, որ երկուքի պարագային ալ «տան» սեռականը շատ տարածուած է, անշուշտ տգիտութեան հետեւանքով, բայց եւ այնպէս ընդհանրացած տգիտութիւնը հետզհետէ եւ անխուսափելիօրէն կը դառնայ գիտութիւն:
Ծանօթ.— 1. Երբ մարմին բառով կը բնորոշենք նիւթին երեք կերպերը՝ հաստատուն, հեղուկ եւ կազային, այս պարագային եւս անհնչիւնափոխ կը կիրարկենք զայն. օրինակ՝ այս հեղուկ մարմինին եւ ոչ՝ այս հեղուկ մարմնին:
2. Ակնարկելով սովորական սպիտակ տունի մը՝ կարելի է ըսել. «Այդ սպիտակ տան ծխնելոյզը կը ծխայ» կամ ակնարկելով անհատ լորտի մը սեփական տունին՝ կարելի է ըսել. «Այս լորտին տան դուռը միշտ բաց է»:
Նոյն տրամաբանութեամբ ալ՝ «Միջերկրական ծովին (կամ ծովուն) մէջ խեղդուեցաւ», սակայն՝ «Աչքերուդ ծովին (ոչ՝ ծովուն) մէջ խեղդուեցաւ…»:
Պապ՝ իբրեւ մեծհայր, թէեւ գրական արդի արեւմտահայերէնի մէջ կու տայ պապի, այսուհանդերձ երբեմն արեւելահայերէնի, երբեմն ալ բարբառներու թելադրանքով կ՚ըսենք նաեւ պապու, որ այնքան ալ խրախուսելի չէ. սակայն Հռոմի քահանայապետի պարագային բոլորովին բացառուած է պապու հոլովաձեւը, այլ միայն՝ պապի(ն):
Շահ գոյականը՝ «եկամուտ»-ի իմաստով, հաւասարապէս կու տայ շահի եւ շահու. «Անոր շահին (կամ՝ շահուն) ու վնասին պատասխանատու չենք»: Իսկ երբ ան կը նշանակէ Պարսկաստանի թագաւորը, կարելի է ըսել միայն շահի. բացառուած է շահու տարբերակը. «Շահին կենացը բարեմաղթանքներ ըրին ներկաները»:
Երբ շարժում կը նշանակէ որեւէ առարկայի ընթացք, երերում, տեղափոխութիւն, որ է այս բառին հնագոյն եւ հանրօրէն ծանօթ նշանակութիւնը, ապա կարելի է հաւասարապէս գրել շարժումի եւ շարժման. թէեւ այս վերջինը այնքան ալ այլեւս ընտիր հոլովում մը չէ այս բառին համար, սակայն կան հնամոլներ, որոնք կը շարունակեն ըսել շարժման: Իսկ երբ ան կը նշանակէ որեւէ կազմակերպութիւն, հաւաքական գործունէութիւն կամ պայքար, ապա պատշաճ չէ շարժման ձեւը, պէտք է ըսել շարժումի(ն): Այսպէս, չենք կրնար ըսել. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան ղեկավարն էր հայոց համազգային շարժման», այլ՝ շարժումին:
Երբ երկիր կը նշանակէ ազգային, վարչական, պետական տարածք, կրնայ հաւասարապէս տալ երկրի եւ երկիրի. «Այս երկրին (կամ՝ երկիրին) սահմանները անպաշտպան մնացած են», կամ՝ «մէկ երկրէ (կամ՝ երկիրէ) ուրիշ երկիր փոխադրուիլ»: Իսկ երբ ան կը բնորոշէ մոլորակը՝ նախ կը գլխագրուի, ապա չի կրնար սղումով հոլովուիլ. կրնանք ըսել միայն Երկիրի(ն), բայց բնաւ երբեք Երկրի. օրինակ՝ «Երկիրին հեռաւորութիւնը Արեւէն…»,— բայց ոչ՝ «Երկրի հեռաւորութիւնը Արեւէն», կամ՝ «Երկիրէն դէպի Հրատ արձակուած տիեզերանաւ մը…»,— բայց ոչ՝ «Երկրէն արձակուած…»:
(Շարունակելի)