ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Լողաւազանին ճիշդ եզերքը, թարմ առողջ խոտերէն առաջ, երկար աթոռին վրայ երկարած էր արեւակէզ սրունքները, լողազգեստին վերնամասի կապերը իջեցուցած ուսերէն վար՝ «Սագօ՛, — կը պոռար, — շաուըրին տակէն ասդի էկուր»։ Կ՚ուղղուէի աղջկանս քով, որ ահաւասիկ կէս ժամէ աւազանին ջուրը կը լեցնէ պտըլիկ խորանարդի մը մէջ, անկէ՝ ցնցուղին, եւ ցնցուղը կը պարպէ աւազանը եզերող սիմենթին վրայ. հրճուագին համբերութեամբ պիտի պարպէ, մինչեւ որ այդ ամբողջ տարածութիւնը թաց տեսնէ։ Երբ այս կնոջ դեղին աթոռին քովէն կ՚անցնէի, ժպտեցայ իրեն. «Բարեւ, — ըսաւ, — իշտէ ինչ կ՚ըլլայ կոր նէ՝ ա՛ս չոճուխներուն կ՚ըլլայ կոր»։
Յայտնի է որ ամուսնական պատմութիւնս գիտէր. ինք մէկ հատիկ զաւակ ունէր, «չոճուխներուն»ը իմիններս ալ պարփակելու էր։ Նոյն ցաւին մէջ ինկած ըլլալնուս՝ ծանօթացման կարիք չէր զգացեր, առաջին վայրկեանէն բացեր էր տառապանքին թաց տոպրակը։
— Ամեն մարդ իր ճակատագիրը պիտի քաշէ, — չրթեցի դարաւոր կուտը։
— Աման քոյրիկ, — մտերմացաւ ոտքերը իջեցնելով սիմենթին վրայ, — ադ ճակատագիրը քիչ մը աղէկ չէ՞ր մը ըլլար, տե՛ս, — գլուխովը ցոյց տուաւ, — սա խորթլախ ամերիկացիները պաճախնին կը բանան կը նստին, պապաները կը նային պզտիկներուն։ Մէկ ժամէ երեք չոճուխները ադ մարդը կ՚օրօրէ կոր, մերիններն ալ քիչ մը մարդ ըլլային նէ՝ չէ՞ր մը ըլլար։
Ուրեմն միայն ամուսնալուծուած ըլլալս չէր իր գիտցածը։ Պըրկըն Քաունթի է, հայեր շատ կան, նշանուողներ, «միասին դուրս ելլողներ», ամուսնալուծման ճամբան բռնողներ, վերամիացողներ, նոր գործ հաստատողներ, Պէյրութէն Հալէպէն Պոլիսէն Թեհրանէն եկած հարազատներու ընտանեկան թելեր, որոնք հազարաւոր նստասենեակներու մէջ կը հիւսուին, սենեակներու, ակումբներու մէջ անոյշ-անոյշ կը զրուցեն, այդ իլիկներէն մանուողները միայն գիտեն թէ ինչպէս կ՚անցնին օրերը։
— Տղադ քանի՞ տարեկան եղաւ, — հարցուցի։
— Հիմա չորսուկէս էղաւ աս տղան, էրկու տարեկան չկար՝ հայրը ձգեց գնաց տոսթին քովը։ Իմս ծեծ-մեծ չունէր, անանկ խումար խաղալ չունէր, ամա աչքը ֆըլտըրըխ չորս կողմն էր, — բացատրեց ձեռքով օդին մէջ կարճ շրջանակ մը գծելով, — գիտէի ամա ի՜նչ ընեմ, զաւակ ունենանք կը փոխուի ըսի, պէպէքը ծնայ՝ էրեսս չի նայեցաւ։ Հօրը անունը դնեմ ըսի. հէ՜չ, պատկերացուր ի՛նչ տեսակի զաւակ է քի՝ հայրը մայրը սալլամը՜շ չընէր. անոնք նեղուած են իրմէ, իր հետ չեն խօսիր, ինծի՛ հետ կը խօսին, — ըսաւ պայքարէն յաղթանակի փշուր մը ապահովածի շեշտով։
— Տեսա՞ր, գոնէ անոնք լաւ մարդիկ են եղեր, — ամեն կեսուր անանկ չըլլար, սատանայ ալ ըլլայ իրենց տղան՝ կը պաշտպանեն։
— Քոյրը՜ս, էս ինչ օրինակներ գիտեմ, տահա կ՚ուրախանան ալ քի իրենց տղան իր կնիկէն զատեցին. բերանս բանալ մի՜ տար։
— Գիտեմ, — ըսի. մէկ յօնքը վեր՝ աչքերուս նայեցաւ լուռ ու մունջ, հասկնալու համար թէ իրապէս գիտե՞մ. յետոյ՝
— Սագօ, — պոռաց, — էկուր չորցնեմ։ Չորցուցած պահուն դարձաւ նայեցաւ աղջկանս, — Իշտէ սա վարդի պէս չոճուխները առանց հօր պիտի մեծնան։
— Հայրը չգա՞ր զինք տանելու։
— Տոսթէն ժամանակ աւելնայ նէ՝ կուգայ, ամիսը մէկ էրկու անգամ. կը տանի իր խանութը կը նստեցունէ. հարցուր քի՝ չոճուխին հետ էրկու բառ կը խօսի՞։ Քիւմէ քիւմէ դրամ պիտի շինէ։
— Եթէ տոսթ չունենար՝ այսքան պիտի նեղուէի՞ր։
— Վաղը անո՛ր ալ կը ձգէ, էս գիտեմ ապրանքս. կը յոգնի՝ մէկալի՜ն կ՚երթայ, — վաղուց հասած եզրակացութեան պէս կրկնեց եւ այլեւս գլուխը հանդարտօրէն կռթնեցուց աթոռի կռնակին, արեւի ակնոցները զետեղեց աչքերուն, վայրկեան մը արեւը դիտելէ ետք գլուխը ետ բերաւ առջեւ.
— Էս գիտեմ քի էրիկիդ հախէն գալու համար արսը՜զ կնիկ պիտի ըլլաս, ոչ թէ մեզի պէս հրեշտակ։
Ալ վստահ ըլլալով որ կեանքիս գոնէ մէկ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն տեղեակ է՝ ոտքերս ծալլեցի նստայ խոտերուն վրայ.
— Քեզի բան մը ըսե՞մ, պէտք է մոռնա՛ս։
— Քոյրս, մոռնալը ո՞րն է, — ըմբոստացաւ, բարակ շրթունքները դողդղացին, — ես դպրոցի քարետախտա՞կ էմ որ աւրես մոռնաս, վերջանայ էրթայ։ Մարմինդ կ՚այրի կոր նէ՝ ի՛նչը կը մոռնաս։ Գիշեր-ցերեկ աշխատեր եմ՝ մա՜րդ ըրեր եմ իրեն։ Մէկ սենթ չունէինք երբոր էկանք. ութը տարուայ մէջ միայն հինգ անգամ մուվի գացի, նուէր-մուէր չուզեցի։ Իրեն սեքրէթերի էղայ, հաշիւ բռնեցի, ճաշ եփող էղայ, կնիկ էղայ, ըրած ջլթիկութիւններուն աչքս գոցեցի, օգուտ չըրաւ։ Հելէ դո՛ւն ինչպէս կը մոռնաս էղեր, մարմինդ չի՞ ցաւիր, — զգաց որ փակեալ դժոխքէ մը մտաւ, թուքը կլլեց, ուզեց նիւթը փոխել, — ձեռքէն գար նէ՝ իմինս հարե՜մ պիտի բանար։
— Մարդուն մէկը գոնէ միայն երեք կին կ՚ուզէր, — խնդացի, — մէկը մայր թագուհի, թերեւս զաւակ բերող, միւսը սեքսի համար, երրորդն ալ իր հրահանգները վայրկենական կատարելու համար։ Աս տեսակները թուրք կին անգամ պէտք չէ ունենան։
— Նայէ բան մը ըսեմ, աստեղերը ասանկ կը խօսին կոր ամա մեր էրկիրը թուրքերուն մէջը լաւերը շատ են։ Դրացի մը ունէի՝ ինծի մօրքուրի պէս էր, Սագոյին կաղանդին կաշիէ ժագէթ ղրկեց. մամաս մեռաւ նէ էս գացի հասայ, կնիկը՝ ճիկերը դուրս պիտի իյնար լալէն։
— Իրաւունք ունիս, — ըսի, — թուրքը ըսելու ձեւ մըն է, ամենէն գէշ տեսակի մարդ ըսել է մեզի համար։
Հիմա որ կշիռքը հաւասարակշռուած էր՝ անցաւ միւս նժարին առջեւ, եւ քաշեց դրաւ հոն թերեւս տարիներէ ի վեր կոկորդը պատռող ծանրութիւնը.
— Հայ է ըսինք՝ առինք, իշտէ՛ հայուն ղազըխը։
— ի՞նչ պիտի ընէիր, թո՞ւրք պիտի առնէիր։
— Յոյն ալ կար, հրեայ ալ կար, ամա կ՚ըլլա՞ր մի, մամայիս հայրիկիս աչքին լուսն էի, «աման, աղջիկս, հայ է, Ամերիկայէն էկեր է, արհեստը տեղն է՝ ա՛ռ, յետոյ կը սիրես» ըսին։ Առի։
— Սիրեցի՞ր։
— Չի սիրէի նէ՝ հոգիս կու տայի՞, սա մեմլեքէթին լեզուն ալ չեմ գիտեր, միս-մինակս տունէն խանութ, խանութէն տուն։ Տուն տեղ առինք, գիւղէն տուն առինք, պիտի վայելէինք… մամաս գիտնայ նէ՝ գերեզմանին մէջը կը դառնայ, — ըսաւ սահող պսպղուն արցունքը սրբելով աջ ճկոյթով, — քսանմէկ տարեկան էի ամա աստեղուաններուն պէս չէի, աչքս չէր բացուած։ Ինչ օպիւսոննե՜ր, ինչ օժիտ բերի հետս. հայրիկս մալ-միւլք ունէր, ուրախացաւ քի Ամերիկա հարս կ՚երթամ կոր. ամա մամաս չէր ուզեր կոր խեղճ կնիկը։ Մամա է գիտես, կարծես թէ սիրտը սկիզբէն կ՚այրէր կոր, էրկու շաբաթ առին դրին, «նասիպդ աս է, հատէ՛ առ, բախտաւոր ես» ըսին։
Վայրկեան մը կեցաւ, շրթները պիրկ, գլուխը շարժեց.
— Իշտէ առինք հայուն ղազը՛խը։
— Է՜յ, — ըսի, — եղածը հայու հետ կապ չունի, էրիկմարդու տեսակ մը կայ որ վայրի անասուն է, թերեւս կիներու ալ անանկ ցեղ մը կայ, բարեբախտաբար այդ մէկուն չեմ հանդիպած։
— Կա՜յ քոյրս, էս հոս գալէս ի վեր, կեանքին դպրոցը չէ՝ գոլէ՛ճը գացի, աս գլուխս ինչե՜ր գիտէ, եթէ պատմեմ, միտքդ սթոփ կ՚ըլլայ։ Սէօրերուն դպրոցէն էլայ՝ ամուսնացուցին, էրիկիդ հնազանդ պիտի ըլլաս ըսին, մէկը չըսաւ քի՝ ի՛նչ ընեմ եթէ մայմունի պէս կնիկէ կնիկ ցատկռտէ։
— Քանի որ կը սիրէիր՝ դուն ալ հոգդ չընէիր որ կնիկ կը խաղցնէ, — ապուշի պէս խօսեցայ։
— Աղջի՛կ, մէկուկէս տարեկան չոճուխը գիրկս ձգեց, փըրը-փըրթըն հաւաքեց գնա՜աց։
— Դատ բացե՞ր ես, — ա՛լ երդիքներէ իջած եւ գործնականի սեմին ամուր կանգնած հարց տուի։
— Ափ-ափ դրամ պիտի թափես, պիտի փաստես որ աչքը դուրսն է էղեր, էս Քոլոմպօ՞ էմ մը։
— Բացեր ես յուսամ, — հետապնդեցի։
— Քաշքշէ հա քաշքշէ, դրամ չեմ վաստկիր կոր կ՚ըսէ կոր, թէքսին թուղթերը սխալ կը ցուցընէ կոր. ծօ էս մէջը դուրսը գիտե՛մ։ «Առանց թուղթի բան չի փաստուիր», կ՚ըսէ կոր փաստաբանը։
— Ո՞վ է։
— Հայ առի, լեզուս հասկնայ տէյի, ահագին խօսելիք ունիմ։
— Եթէ լաւ չէ՝ փոխէ, ես քեզի համար կու գամ կը թարգմանեմ, բայց յետոյ չըսես որ՝ նորէն հայուն ղազըխին ինկար։
Խնդաց. ի՜նչ անուշիկ ժպիտ ունէր. առաջին անգամ ըլլալով տեսայ որ երիտասարդացաւ։
— Հայրիկս ալ «Հա՜յ, հա՜յ» կ՚ըսէր քեզի պէս, ամա տես ինչ էղար, տիվորս է կ՚ըսեն՝ մէկը էրեսդ չի նայիր։
— Զիս հարազատի տեղ դիր, քեզի երկու խորհուրդ պիտի տամ, — ըսի, — ամենէն առաջ ինքզինքդ պիտի յարգես, դժգոհութիւններդ քեզի պիտի պահես՝ հպարտ պիտի ըլլաս կեանքովդ, նոյնիսկ եթէ սուփըրմարքէթ երթաս տասը տոլարով։ Յետոյ՝ ամուսնալուծուիլը յանցանք չէ, ընդհակառակը՝ քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ սա հայկական թուլամորթ, չարախօս ընկերութեան մէջ հերոսութի՛ւն է։ Երանի ուրիշներ ալ մեզի պէս ընէին, իրենց զաւակներուն եւ իրենց կեանքը դժոխքի մէջ քաշքշելու, օր մըն ալ սպաննուելու տեղ՝ բաժնուէին իրենց խայտառակ ամուսիններէն, դատ-դատավարութիւն պահանջէին. թերեւս անոնց համար ալ լաւ դաս մը կ՚ըլլար զգաստանալու։
— Քոյրս, էս ինչ պատմութիւններ գիտեմ քի՝ եթէ տիվորսի շարուին, աստեղէն երկինք ճամբայ կը բացուի։
— Ընտանիքը սուրբ սեփականութիւն է…
— էս ալ անանկ մտածեցի, ամօթ կայ, միւռոն ունիս՝ խաչդ կրէ՛ ըսի ինքզինքիս, աս օրերուն ինկայ։
— Նոյնիսկ եթէ սէր չկայ՝ գոնէ հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ զիջումի վրայ։ Այն պահուն որ հոգեկան կամ ֆիզիքական բռնութիւն կը բանեցնէ՝ իրաւունք չունի կին ունենալու այդ մարդը։ Դեռ գիտե՞ս ինչ, կը կարծեմ որ մեզի շքանշան պէտք է տան մեր քաջութեան եւ ամուսնալուծման ցաւին դիմանալնուս համար։
— Իշտէ ուսում առած ես, խելացի, պոյդ պոսդ տեղը, բան մը օգուտ չըրաւ։
— Եկուր պզտիկները ժողվենք, երթանք այդ հովանոցին տակ՝ մեր ճակատագրին համար մէկական փիծծա ուտենք եւ քոք խմենք, — առաջարկեցի։
— Տայէթ չե՞ս ըներ կոր։
— Ճակատագրիս մէջ տայէթ չկայ, — ըսի։
Երբոր ծովի պայուսակները եւ պզտիկներուն ուրախութիւնը շալկած կ՚ուղղուէինք ճաշարան՝
— Քա, դուն քոմիկ էս եղեր, — ըսաւ, — ինչպէ՞ս կը դիմանաս կոր։
— Մոռնալով եւ ներել փորձելով, ոչ թէ ազնիւ ըլլալուս հանար, բայց քանի որ ուրիշ ձեւ չկայ։ Կեանքը պէտք է շարունակուի. զաւակիդ մայր ալ պիտի ըլլաս, հա՛յր ալ պիտի ըլլաս. Մէկ հատ ալ անոր համար շքանշան տալու են։
— Փաստաբանէս հէ՜չ գոհ չեմ ամա չպիտի փոխեմ, դրամ չունիմ, — ըսաւ։
Փայտէ նստարաններուն վրայ փիծծաներուն կը սպասէինք.
— Սա չոճուխը ինծի ձգեր է, — մտահոգուեցաւ, — բան մը չեմ կրնար ընել, դուն մայր ունիս, քոյրիկներ ունիս, ես տղան ձգելու տեղ մը չունիմ, ինչպէ՞ս պոյֆրէնտ պիտի գտնեմ։
— Տղադ բեր ձգէ քովս, գնա։
— Քոյրս, սիրտ մնա՞ց քի, մտածածէս կ՚ամչնամ։
— Սիրահարդ քոնքորտով կու գայ կոր, հինգ վայրկեանէն սա թենիսի դաշտին մէջ ձեռքերը բաց քեզի պիտի սպասէ, — ժպտեցայ։
— Հէ՜չ մի յիշեցուներ, հանիմուն չըրինք, — վերադարձաւ նորէն իր ամուսինին, — օր մը Փարիզ պիտի էրթայինք, օդանաւով Նիւ Եորք գալս գիտեմ միայն։

(Շար.1)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *