ԵՍ ՏԵՍԱՅ ԱՆԻՆ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայաստան ենք ու մեզ հիւրընկալող համալսարանը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, շաբաթավերջի մը, մեզի՝ շուրջ վաթսուն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս, դէպի Անիի փլատակները շրջապտոյտի տանիլ։ Պատմական այցելութիւն։ Ուրեմն՝ Անի «տեսնելու» պիտի երթայինք, սակայն Հայաստանի կողմէն։
Ու գիշեր մը առաջ, հաւանաբար բոլորին նման, ես ալ անհամբեր կը սպասէի ցանկալի արշալոյսին։ Երազներս զիս արդէն պատմութեան կապած էին, միաժամանակ ուռեցնելով կուրծքս, հայրենի հողին վրայէն հեռաւոր եւ նոյնքան ալ մօտիկ Անին եւ իր աւերակները տեսնելու, աւելի կարօտով եւ նոյնքան ալ՝ լի տառապանքով։
Ու այդ առաւօտ կանուխ, բոլորս ալ կը նստինք ինքնաշարժները, աղօթքով, աղմուկով եւ անպատում անորոշութեամբ լեցուն ժպիտներով։ Անկեղծ, հպարտ, վճիտ ու յաղթական։
Ճամբու ընթացքին կը հաւաքեն մեր փաստաթուղթերը ու մեզի կը տրուին բացատրութիւններ. — այսպէս՝ Ախուրեանը կը բաժնէ Հայաստանը՝ Թուրքիայէն… մեր այս հողին վրայ ռուսական բանակն է, որ կը հսկէ մեր այս սահմանը…պարտաւոր ենք լրջօրէն հետեւիլ մեզի հսկող եւ ընկերացող ռուս զինուորներու ցուցմունքներուն եւ թելադրանքնե րուն… զինուորական կայքեր եւ զինուորներ նկարելը բացարձակապէս արգիլուած է…։ Անին նկարելը արտօնուած է։ Ահա էականը։
Վերջապէս կը հասնինք։ Ի՜նչ տեսնեմ։ Միայն ամայի եւ նոյնքան ալ քարքարոտ ու երկաթէ ցանկապատուած հսկայ տարածութիւն մը՝ փռուած մեր դիմացը։ Անին տակաւին չկար։ Տեսանելի չէր։ Անմիջապէս ռուս սահմանապահերէն մէկը մեզի կը մօտենայ։ Ինքնաշարժ կը բարձրանայ։ Կարծես մեզ կը ստուգէ։ Իրաւունքն է. Սահման է, կատակ չէ։ Կը յանձնուին մեր «թուղթերը» եւ ապա կարճ դադարէ մը ետք, բացուելով ցանկապատի դուռը, մեզի կ՚արտօնուի նոյն այդ զինուորի ինքնաշարժին հետեւիլ։ Ու մենք առաւել հետաքրքիր, նոյնքան ալ պրկուած, մեր փոխադրակառքերով կը հետեւինք դէպի Արեւելք ուղղուող, փոշի հանող եւ փոշիներու մէջէն սուրացող զինուորական այդ «ճիփին»։ Քիչ ժամանակ ետք, քարքարոտ ճամբան մեզ կը հասցնէ բլուրի մը ստորոտը։ Կ՚իջնենք ցած ու բլուրի գագաթին նետուած ճամբան կը բարձրանանք։
Բոլորս միասին կը բաձրանանք։ Եւ ահա մեզմէ շուրջ հարիւր-երկու հարիւր մեթր հեռուն, դիմացի բարձրունքի տարածքին կը տեսնուի Անիի հսկայ չոր ու ցամաք եւ անապատային տարածութիւնը, իր փլատակ եկեղեցներու տեսարանով։ Ու վայրկեանին կը յիշեմ այն պահը, երբ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Երեւանէն դիտած էի հսկայ սրբազան լեռ Արարատը։ Արդէն սրտատրոփ եմ։
Խումբը կը ցրուի։ Կը տարածուի։ Ամէն մարդ տխուր կը խօսի ու ագահօրէն կը դիտէ դիմացը, ուր ցանուած են կիսափուլ եւ ամայի հայկական եկեղեցիներ։ Մինչ վարը, շատ խորը, այդ ձորը, մեր հայրենի երկու հողերը մէկը միւսէն բաժնող Ախուրեանը անհոգ կը շարունակէր իր վազքը։ Խումբը կը սկսի իր «գործին»։ Այսպէս, կարճ աղօթքէ մը ետք, Անիի ձօնուած՝ տխուր յուզիչ եւ կարօտի բառերով եւ տակայն բարձրաձայն՝ երգերը շուտով կը սկսին խառնուիլ օդին։ Բացայայտ է. Անին խայթած է մեր զգացումները։
Կ՚առանձնանամ։ Կը նստիմ բլուրի եզրին։ Արդէն պատմութիւնը սկսած է կրծել միտքս։ Հեռադիտակով երկարօրէն հեռուն կը դիտեմ։ Ի՜նչ աւերակ ու ի՜նչ փլատակ գեղեցկութիւն։ Ինծի համար աշխարհի բոլոր հրաշալիքները չեն կրնար ունենալ նման կերպարանք։ Աստուած իմ, ի՜նչ ահարկու վսեմութիւն։ Արեւուն տակ ասպետական դարերուն պատկանող այդ փլատակները կը փայլին իրենց յաւիտենական լռութեամբ։
Սիրտս կ՚ուռի։ Կը յուզուիմ՝ ինքնաբերաբար։ Նաեւ կը տագնապիմ։ Կ՚անդրադառնամ թէ սկսած եմ անզգալաբար ես ինծի խօսիլ։ Անիի ամբողջ նկարը ներսս է, սրտիս մէջ ու տրտմօրէն հետս կը խօսի կցկտուր, անգութ եւ կարծր։ Վայրկեանին յոյս կ՚ուզեմ մուրալ, որպէսզի երազներս ապրին։ Միւս կողմէ հազիւ ականջիս կը հասնին մեզի ընկերակցող մեր պատմաբանին բացատրութիւնները. — ասիկա Մայր տաճարն է…, անդին Առաքելոց վանքն է…, այս մէկը Ապու Ղամրենցի եկեղեցին է…, ապա՝ Տիգրան Հոնենցի, Գագիկ Ա., Գագիկ Բ., Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի եւ տակաւին հայոց պատմութիւն։ Այսպէս պատմական մեր այդ շրջանի դէպքերն ու դէմքերը կը շարուին հաստատ եւ վստահ։
Է՜հ, աշխարհ։ Օտարները հաւանաբար պիտի կարծեն, թէ այս աւերակները մեռած երեւոյթներ էին, սակայն չեն գիտեր ու չեն ալ կրնան հասկնալ, որ մեզի համար անոնք անյագ ախորժակով լեցուն, մէկական ապրող վիշապներ էին, որ ոչ ոքի կ՚ենթարկուած էին եւ որ ընտրած էին իրենց պատրադրուած կամքն ու ճակատագիրը։
Յանկարծ կը զգամ, որ ձմրան ուշացած պտուղի նման կնճռոտած էր դէմքս։ Խոնաւցած աչքերս թէեւ հետաքրքրութեամբ լեցուած էին, սակայն միւս կողմէ սկսած էին որոնել ճակատագրի գաղտնի խորհուրդը։ Բայց տեսողութիւնս իրապէս պղտորած էր։
Հիմա դարձեալ մինակ եմ։ Երգերով խանդավառ մեր խումբէն հեռու։ Մտահոգ նայուածքով կ՚ուզեմ բանալ կորսուած մեր պատմութեան էջերու ծալքերը։ Բագրատունիները ու իրենց շքեղ Անին… 1001 եկեղեցիներով հպարտ մայրաքաղաքը… իսկ հիմա ալ՝ ցաւի, հպարտութեան, տառապանքի եւ ամայի ու անժողովուրդ աշխարհ։ Կարծես դարերով դժբախտութեան հետ դաշինք կնքող քաղաք մը եղած ըլլար։
Օ՜հ, ինչպէ՞ս դիմանալ այս իրողութեան, այս անաղօթք եկեղեցիներու մնացորդացներուն։ Ջիղ կ՚ուզէ։ Կամք կ՚ուզէ եւ նաեւ քաջութիւն։ Միւս կողմէ խումբը տակաւին կը շարունակէր իր երգերը, յաճախ խոր ու տխուր լռութեամբ ընդմիջուած, սակայն շատեր քիչ մը անդին իբրեւ յիշատակ եւ մասունք փոքր քարեր ու խիճեր հաւաքելով զբաղած էին։ Բայց բոլորին մօտ զգալի էր թաքնուած թշնամանքը. Իրենց աչքերը կը մատնէին։
Ու մինակս երկար կը փորձեմ որոնել մեր ինքնութիւնը։ Դարերու ակռաներու տակ ճզմուած հսկայ տարածութիւն մըն էր դիմացս։ Կը հաստատեմ։ Կասկած չկայ. հոն ամէն ինչ պատմութիւն է եւ ոչ ոք կրնայ պատմութիւնը ջնջել եւ զայն զատել իր ժամանակէն։ Դիմացս անցեալ մը կար յաւերժական ու կ՚արբեցնէր զիս ու միաժամանակ ինքզինքս անպարտելի կը զգայի։ Ինծի համար այդ վայրկեանին աշխարհի վրայ նման ուրիշ վայր չկար, որովհետեւ վերջապէս տեսած ու գտած էի կորսուած եւ խլուած երկիրս։
Խումբը ե՛ւ կը դիտէր, ե՛ւ կ՚երգէր, ե՛ւ կը խօսէր՝ տխուր ու բարձրաձայն։
Արդէն հեռաւոր եւ մաքուր արձագանգի նման, պատմական յիշատակներ, իրարայաջորդ կերպով սկսած էին արթննալ։ Կարծես կը լսէի փլատակ եւ կիսափուլ եղած բոլոր այդ տեսանելի եկեղեցներու ղօղանջները, լուսաւոր երաժշտութեան նման, որոնք զիս աղօթելու կը կանչէին։ Կախարդուած էի։ Ու մտովի կ՚ուզէի իմ կարգիս՝ աղօթք մը փսփսալ։
Յանկարծ կը սթափիմ։ Մեզի ընկերացող ռուս զինուորի ձայնը զիս զգաստութեան կը հրաւիրէր։ Ան այս անգամ մեզի կ՚արտօնէր, որ դարձեալ իր ընկերակցութեամբ իջնէինք վար, շատ վար, ձորի խորը, մինչեւ Ախուրեանի եզերքը եւ աւելի մօտէն տեսնէինք պատմական գետն ու անոր փլատակ կամուրջը։ Ի՜նչ բարի կամեցողութիւն։ Զարմանալի։
Բոլորս ալ կ՚ուզէինք աւելի մօտէն հաղորդակցիլ հպարտալի մեր անցեալին։ Ուստի, զգոյշ սկսանք իրեն հետեւիլ։ Դէպի գետ տանող ճամբան, իսկապէս որ երկար էր եւ յոգնեցուցիչ։ Ես ալ իմ կարգիս ռուսին հնազանդ կը հետեւիմ։ Կը հասնինք ցած։ Արդէն հասած ենք։ Դարձեալ հմայուած եմ։ Այս անգամ Անին կը դիտեմ շատ աւելի մօտիկէն։ Քիչ անդին, քիչ մը վար, Ախուրեանը տակաւին կը շարունակէ դարերու իր հոսքը, նոյնքան անտարբեր։ Հո՛ս ոչինչ կը մեռնի։ Կ՚ըսեմ։ Եւ ի՜նչ երանութիւն։
Այս բոլորը կը զգամ, բայց չեմ հասկնար։ Դիմացս մեծ ու փոքր քարերն նոյնիսկ դարերու իրենց կեանքով, կարծես ինծի հետ կը խօսին։ Ու ցաւալի է։ Չեմ կրնար հասնիլ անոնց։ Կը մտաբերեմ։ Վիշտ, չարչարանք, յաղթանակ, երկրաշարժ, սպանդ, կռիւ եւ մահ տեսած է այս հողը։ Ասոնք եղած են Անիի գոյատեւելու զէնքերը։ Հոս ալ անցեալը իր թանձր ստուերով նստած է։ Սակայն իր այս անցեալի մէջ, մահ չկայ։
Ու խօսիլ Անիի մասին, կը նշանակէ բանալ հայոց պատմութեան փառապանծ էջերը։ Արդ՝ ահա Անին իր հինգ վեց եկեղեցիներով։ Բոլորն ալ փլատակ կամ կիսափուլ։
Եկեղեցի ըսի։ Մեր եկեղեցիները ուրիշ էին եւ են, մեր երկրին ու հոգիին նման։ Լաւ յիշեցէ՛ք, մեր եկեղեցւոյ մէջ էր, որ դարեր առաջ եւ բոլորէն առաջ, նոյնիսկ համայն աշխարհէն՝ ինք Աստուած իջած էր։ Անոր համար, մեր եկեղեցին մեր բերդ է եւ մեր բերդն ալ՝ եկեղեցի։
Եւ ի տես այս բոլորին, կ՚անիծեմ անծանօթը ու ես ինծի հարց կու տամ արդեօք ո՞ւր էր այս բոլորին վախճանը։ Ո՞ւր էր այս բոլորին սահմանը։ Ո՞ւր էր մեր կեանքի բանալին։ Դէմս կողոպտուած հող եւ երկիր մը կար։ Անտէր եւ անմարդ եւ անմշակ։ Շատեր հաւանաբար չեն զգար բնոյթը այս բառին։
Քիչ ժամանակ ետք կը հեռանամ գետէն։ Կրկին կը բարձրանամ բլուր։ Կրկին բարձունքէն կը դիտեմ հայոց խլուած աշխարհը, Գագիկ Ա.ի հողը, որ զիս կը քաշէ։ Կ՚ընկերանամ խումբին։ Կ՚երգեմ բարձր ու համարձակ։ Բոլորս մեր հողի մասին կ՚երգենք։
Մեր հողը իմաստուն է, կ՚ըսեմ մտովի։ Մեր հողը կ՚ուզէ միայն մեզի հետ խօսիլ, այնքան ատեն որ մենք իր հետ կ՚ուզենք խօսիլ։ Մեր հողը մեր հոգիին նման է։ Ու մեր հոգին ամէն տեղ է.- հողին, ջուրին, աւերակներուն, նոյնիսկ մեր կերած հացին մէջ։
Ու կը հաւատամ, որ այս բոլորը հաւատքիս աղաղակէն էին, որ կը վազէին դուրս, մտքիս սահմաններէն անդին, հպարտ եւ մեծցող տենչանքով։

* * *

Երկար ժամեր ետք Երեւան կը վերադառնանք։
Ես գացած եւ տեսած էի Անիի եկեղեցիներու փլատակները։ Իրենք հոն էին, անոնց մօտ։ Ես այս կողմը, իրենցմէ հեռու, հայրենի հողիս վրայ։ Գացած էի իբրեւ ուխտաւոր՝ հոգիս ու սիրտս կապելու մեր ասպետական դարերուն պատկանող այդ փլատակներուն։
Իսկ հիմա, հո՛ս, այդ բոլորէն հազարաւոր մղոններ հեռու, մեր տառապած Անիի այդ հպարտ աւերակները տեսնելէս ետք, երբ յանկարծ անոնց յաւերժական լռութեան մէջ, ինծի իրենց փոխանցած պատգամները յիշեմ, հոգիս ինքնածին ջերմութեամբ կը լեցուի։
Անոր համար աշխարհ մը հպարտութիւն շալկած կ՚ապրիմ։

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *