ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ

Հրանդ Մարգարեան

Ձօն՝ հաւատացեալներուն

Հաւատամք՝
Ի մի հայրենիք՝ կոչեալ Հայաստան
Եւ՝
Ի մի Հայութիւն՝ կոչումով յաւերժութիւն։

Հաւատամք՝
Ազատ եւ անկախ պետականութեան
Եւ՝
Արդար ու հաւասար ընկերութեան։

Հաւատամք՝
Բանին, ազատ եւ անկաշկանդ
Եւ՝
Կարգին ժողովրդավարական։

Հաւատամք՝
Հաւաքատիրութեան
Եւ ո՛չ մենատիրութեան.
Ազգերու համակայութեան
Եւ ո՛չ գերակայութեան։

Հաւատամք՝
Հայութեան պատմական Դատին՝
Ահազանգ խղճի եւ արդարութեան։

Հաւատամք՝
Հայ Մշակոյթին՝
Խարիսխ գոյութեան
Եւ փարոս փրկութեան։
Հաւատամք՝
Հայ Ժողովուրդի
Յամառ գոյատեւութեան
Լուռ զգաստութեան
Եւ զգաստ բնազդին։

Հաւատամք եւ հաւատամք Հայ ժողովուրդի
Ֆիզիքական գոյութեան
Գերագոյն նպատակ բոլո՛ր ծրագիրներուն։

Հաւատամք, հաւատամք եւ հաւատամք՝
— ուղղափառօրէն եւ աներկմիտ —
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ
Անգերազանցելի, անառարկելի
Եւ
ԱՆՔՆՆԵԼԻ։

Հաւատամք եւ ԻՆՁ՝ սահմանեալիս՝
Անսակարկ նուիրեալ,
Օղա՛կ պատմութեան,
Հունտ ապագայի։

Հաւատամք եւ ՀԱՒԱՏԱՄՔին՝
Օրէնք կենաց
Կոչում քանդակեալ
Եւ անքակտելի։

Ապրիլ 1992
Նիւ Եորք

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *