Գրականագէտ, փիլիսոփայ, այլախոհ Էդմոն Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին Ուզբեկստանի Անդիժան քաղաքը, ուր հայրը աքսորուած էր։ 1934-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Երեւան, ուր կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը 1946-ին։ Այդ թուականներուն նաեւ կը հիւանդանայ թոքախտով եւ, հակառակ բժիշկներու բացասական կարծիքին, կ՚ապաքինի։Աւետեանի ըմբոստ բնաւորութիւնը դրսեւորուած է պատանեկան տարիքին։ 1946-47 թուականներուն ան 16 նամակ գրած է Ստալինի հասցէին, մինչեւ որ 1948-ին կը ձերբակալուի եւ աւելի քան մէկ տարի կ՚արգելափակուի որպէս «հոգեկան հիւանդ»։
1950-ին կը ծանօթանայ Լեւոն Ներսիսեանի հետ, որ իր աշխարհայեացքի ձեւաւորման վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Կը շարունակէ ուսումը եւ 1956-ին գերազանցութեամբ կ՚աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Նոյն տարին ան կը սկսի դասաւանդել համալսարանին, ինչպէս նաեւ հանրակրթական դպրոցներու մէջ։ 1973-ին կը պաշտպանէ թեկնածուական աւարտաճառը, յաջորդ տարին կը ստանայ ԵՊՀ դոցենտի կոչում։
Այդ տարիներուն սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ խորհրդային այլախոհական շրջանակներուն հետ, նամակագրական կապ կը հաստատէ Սոլժենիցինի հետ։ Մօտէն կը գործակցի նաեւ Հայաստանի Հելսինքեան խմբակին հետ, որոնք կը զբաղէին մարդկային իրաւանց խախտումներու բացայայտմամբ։ Իր այդ գործունէութեան պատճառով 1982-ին կը ձերբակալուի, սակայն մինչ միւս այլախոհները բանտարկութեան ծանր վճիռներ կը ստանային, իշխանութիւնները չեն համարձակիր Աւետեանը դատապարտել, զգուշանալով ուսանողական շրջանակներէն, որոնց քով մեծ համարում ունէր ան, այլ կը վերակենդանացնել իր «հոգեկան հիւանդ»-ի հին թղթածրարը, եւ կը բանտարկեն հոգեբուժարան։ 1984-ին ազատ կ՚արձակուի, սակայն առանց արդարացման, հետեւաբար՝ կը զրկուի աշխատելու հնարաւորութիւններէն մինչեւ 1990, երբ վերջանականապէս կ՚արդարացուի, կը վերամիանայ ԵՊՀ դասախօսական կազմին եւ կը ստանայ պրոֆեսորի կոչում։ 1994-ին կը նշանակուի ամբիոնի վարիչ, սակայն առողջական խնդիրներու պատճառով նոյն տարին կը հրաժարի պաշտօնէն։ Իր կեանքի վերջին տարիները ապրած է միայնութեան մէջ, գոյատեւելով իր չնչին թոշակով, ընկերներու եւ նախկին ուսանողներու օժանդակութիւններով։ Առողջութիւնը ի սպառ քայքայուած, կը մահանայ աղքատութեան մէջ 2001 դեկտեմբերի 18-ին:
Աւետեանի գիտական աշխատութիւնները առնչուած են լեզուաբանութեան մետաֆիզիկական փիլիսոփայական հարցերուն, իմաստի եւ արտայայտութեան, լեզուի եւ խօսքի, լեզուականի եւ հասկացականի փոխյարաբերութիւններուն, լեզուական միաւորներու բնոյթին։ Իր հեղինակած գիրքերէն են. «Լեզուաբանական նշանի բնոյթը» (ռուս. 1968), «Իմաստ եւ նշանակութիւն» (ռուս., 1979), «Նշանագիտութիւն եւ լեզուաբանութիւն» (ռուս., 1989) լեզուաբանական աշխատութիւնները, «Վերադարձի օղակ» (1998, վերահրատ.՝ 2003) փիլիսոփայական խոհերու եւ «Բանտային բանաստեղծութիւններ» (ռուս., 2002) ժողովածուները։ Ունի նաեւ բազմաթիւ անտիպ բանաստեղծութիւններ։
Վերոնշեալ կենսագրական տուեալները վերցուցած ենք իր մասին Դաւիթ Ալավերդեանի պատրաստած համացանցային էջէն («Դիսիդենտական Հայաստան. Էդմոնդ Ավետեան», 13 յուլիս 2013-ին հրապարակուած mediamax.am կայքին վրայ։
Էդմոնդ Աւետեանի մասին այս ակնարկը կ՚ուզենք փակել տողերովը Նայիրա Զոհրաբեանի, որ տակաւին չէր մտած խորհրդարան։ Աւետեանի մահուան առթիւ, Զոհրապեան «Չորրորդ Իշխանութիւն» թերթին 13 դեկտեմբեր 2002-ի թիւին մէջ կը գրէր. «Լեւոն Ներսիսեան, Էրիկ Աթայեան ու Էդմոն Աւետեան: Ահա այս երեք զտարիւն մտաւորականն էին, որ պետական համալսարանին կշիռ ու բովանդակութիւն էին հաղորդում»:
Եւ աւելի վարը կ՚աւելցնէր. «Էդմոն Աւետեանն անհատականութիւն էր, ուստի եւ բնական էր, որ պիտի ապրէր հոգեւոր միայնութեան մէջ ու պիտի իր մահկանացուն կնքէր դարձեալ միայնութեան մէջ՝ թոյլ չտալով, որ որեւէ մէկը մտնի իր ու իր Աստծոյ ներդաշնակութեան տարածքը:
Էդմոն Աւետյանը բարութեան ու ազնուականութեան այն կատալիզատորն էր, այն վերջին մոհիկանը, որի ներկայութեամբ գողը ամաչում էր իր յանցաւոր հակումից, “ստուկաչը” (բանսարկու մատնիչ — Հ.Գ.) ազնուօրէն ջանք էր գործադրում մաքրագործուելու, իսկ լաքէյը փորձում էր մէջքը ուղիղ ու ձիգ պահել:
Ու այսօր Էդմոն Աւետեանը չկայ»:
Վ.