Ռուբէն Տէր Մինասեան
[…] հասանք նաւի առաջը, որի տախտակամածները լցուած էին կանանցով ու այրերով։ Գլխարկներ, թաշկինակներ կը ճօճուէին օդի մէջ մեզի նշան տալով եւ երգերը կը հասնէին «Մեր Հայրենիք»ի եղանակով։
Ակնունին գիտէր երբ պէտք էր երեւալ։ Մենք նաւ բարձրացանք եւ նաւը շարժեցաւ:
* * *
Պոլսոյ հայութիւնը ընտիր հասարակութիւն էր: Անոր միջինը բարձր էր մայրաքաղաքի բոլոր ժողովուրդներէն։ Անոր հետ կը մրցէր յոյնը եւ հրեան, որոնք թէեւ թուրքերէն եւ միւսներէն առաջ կ՚երթային, բայց չէին հասնիր հայերուն: Հայերը իրենց ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէին բոլոր ասպարէզներու մէջ, սկսած բեռնակրութենէն, բանուորութենէն, արհեստաւորութենէն, առեւտրական եւ դրամատնային գործերէն մինչեւ խմբագրութիւնները, համալսարանի ամպիոնի ուսուցչապետութիւնը, մինչեւ նախարարութիւնները: Որթատունկի նման, ան ցածէն վեր կը բարձրանար:
Այդ ընտիր հասարակութեան ընտիր դասակարգը՝ մտաւորական դասն էր նաւին մէջ։ Եւ այդ դասի ամենէն արժէքաւոր մասը՝ 19-էն շուրջ 40 տարեկանները, երկու սեռերէ։ Ոչ մէկ ողորկ գլուխ, ոչ մէկ սպիտակահեր մարդ, ոչ մէկ հաստափոր, բոլորն ալ երիտասարդ թիթեռնիկի պէս խայտացող եւ ճէյրանի պէս ոստոստող։ Ուրախ էին ամենքը, կը ժպտէին մէկզմէկու եւ թթենու վրայ ժողովուած ճնճղուկներու նման կը ճռուողէին:
Երբ մենք նաւ ելանք, աղմուկը աւելի բարձրացաւ։ Թափեցան Ակնունիի, Սաթենիկի շուրջը, կարծես անոնք լինէին մեղրի գաթայ։ Ծանօթ, անծանօթ՝ բարեկամներ կ՚երեւային իրարու: Ամեն մէկուն խօսք մը կը գտնէին ըսելու, եւ ծիծաղելով մարդկանց կծիկը առաջ կը շարժէր:
Ես մարդ չէի ճանչնար, ինծի նայեցան, բայց չմօտեցան: Մենակ մնացի, գացի հակառակ ուղղութեամբ։ Նաւաստիներ՝ բերանները բաց կը դիտէին գեղեցիկ աղջիկները եւ, երեւի, կ՚ըսէին իրենք իրենց. «Այս ի՞նչ հուրի–փերիներու խումբ է, որ անամօթաբար կ՚երգէ եւ տղամարդկանց հետ կը շաղակրատէ»։ Ես կը մտածէի, որ երիտասարդ չեղած՝ արդէն ծերացեր եմ եւ կը դիտէի նաւի անիւները. երկու մեծ գետեր ծովի մակերեսին վրայ ճերմակ ալիքներով կ՚երթային փոքրանալու եւ ի վերջոյ անհետանալու։ Եւ քանի կը բարձրանար երիտասարդութեան քրքիջը եւ ուրախութիւնը, այնքան կը խորանար իմ հոգիին մէջ անորոշ թախիծ մը:
Աղջիկները եւ տղաքը անուշ ձայներով կ՚երգէին — «Ծառիս տակը մանուշակ, ջան գիւլում ջան, ջան»: Նաւի անիւները վեր ու վար կ՚ընէին իրենց մեծ աղմուկով եւ ինծի երգել կու տային Սիամանդոյի լեռնական երգը, որ կ՚ըսէ.— «Աշխարհը այսպէս եկել է եւ այսպէս ալ կ՚երթայ»։
Չեմ գիտեր ինչու ես տխուր էի ուրախութեան մէջ. կ՚ուզէի աւելի մենակ, բոլորովին մենակ մնալ ու հեռանալ այդ անմեղ ուրախութենէն, որ գարնան մայիսեան օրերը կը յիշեցնէր: Անո՞ր համար էր, որ հոգուս մէջ ձմեռ էր, թէ հին դժուարին օրերու, կամ Ատանայի նորագոյն եղեռնին արձագանգներն էին, որ զիս անմասն կը դարձնէին ընդհանուր ոգեւորութեան:
Նաւի առաջամասին վրայ կը լսուէր «Հոյ–նար»ը: Կը պարէին: Նաւի յետսամասը պարապ էր։ Բայց խումբ մը աղջիկ ու տղայ հոն եկան:
— Հիանալի է, զմայլելի են մեր պարերը։ Դուն ալ խաղացի՞ր, — հարցուց օրիորդ մը:
— Փորձեցի, բայց տեսայ, որ կը խանգարեմ:
— Շատ լաւ է, բայց միօրինակ է քիչ մը, — միջամտեց մէկը։
Այսպէս խօսակցելով՝ անոնք շրջապատեցին իմ դիտարանը եւ ինծի նման սկսան զմայլիլ նաւի վազքով եւ անոր առաջացուցած գետերու հոսանքով։ Պարի ձայները կը շարունակէին գալ.— Հոյ նար, հոյ նար, հոյ նար…
— Որքա՜ն սխալ ես, Երուանդ, — դարձաւ աղջիկը իր ընկերոջ, — լսէ այդ եղանակը, անմեղ, բնական, կարծես գարնան զեփիւռը ըլլայ, որ կը զարնուի ծաղկած ծառերուն: Այդ չափը կարծես երկինքէն կը տրուի, որ կը հարկադրէ պարողները իր կամքով շարժիլ, այս ալիքների նման՝ դէմ դիմաց օրօրուող։ Թերեւս միօրինակ են, բայց բնաւ ձանձրալի չեն: Թերեւս շարժումը պակաս է, բայց բնութեան մէջ ալ շարժումները կշռուած են, բացի փոթորիկէն:
Հեռացան: Ես կը շարունակէի անդրադառնալ աղջկան դիտողութեանց, զորս կը գտնէի հիանալի։ Տխրութիւնս փարատած էր երբ տեսայ որ իմ կողմը կու գար Սարգիսը շվշվացնելով եւ անկիւնները դիտելով։ Նաւի խողովակին ետեւը անցայ եւ ան չգտաւ զիս:
Քառորդ ժամ չանցած, տեսնեմ որ Սաթենիկը [Օհանջանեան] կու գայ անհանգիստ քայլերով։ Ես ինծի ըսի.
— Կնիկները մանրակրկիտ են, անոնցմէ թաքնուիլ անկարելի է, — ուստի ձեռքով ըրի եւ կանչեցի:
— Ի՜նչ զարմանալի մարդ ես եղեր. ո՞ւր ես կորել. անհանգիստ եղանք, որ ծովն ես քեզ նետել։
— Աղջի, ծովը ինչո՞ւ նետուիմ , երբ անկէ խորունկ հաւաքոյթ կրցած ես կազմակերպել։
— Վրա՞ս կը խնդաս. հաւաքոյթէն դու ի՞նչ տեսար …
— Կը սխալիս, աղջի, ժխորի մէջ եղողը բան չի կրնար տեսնել. հեռուէն աւելի յստակ եւ լաւ կը տեսնուի։ Արի կողքս նստիր:
Սաթենիկը, առանց դիմադրութեան, նստաւ.
— Դէ, ասա՛ տեսնեմ քու տեսածը։
— Նախքան ասելս՝ մի հարցում . այս երիտասարդները միայն հայերէ՞ն գիտեն, թէ այլ լեզուներ էլ գիտեն։
— Հարցումիդ պատասխանելու համար «ստատիստիկա» չենք կազմել։ Կարծում եմ, որ բոլորն էլ անխտիր շատ լաւ գիտեն թուրքերէն: Համարեա բոլորը կը խօսին ու կը կարդան ֆրանսերէն: Կէսէն աւելին գիտէ յունարէն, իտալերէն։ Կէսէն պակաս գիտէ անգլերէն։ Մարդ կայ, որ այդ եւ այլ լեզուները միաժամանակ զիտէ մայրենի լեզուի նման։
— Ուրեմն իմ հաշիւս ճիշդ է։ Պետերբուրգ, Մոսկուա, Ռոստով երբ կը հաւաքուի նման հասարակութիւն, բնաւ հայերէն խօսք չես կրնար լսել։ Գիտնաս չգիտնաս, ռուսերէն պիտի խօսիս, որ տգէտ չհամարուիս: Օհանջանեանն ալ Օգանջանով կը դարձնես, որ իշխող ցեղէն համարուիս: Թիֆլիս, Բազու, Պաթում նման երիտասարդութիւնը, բացի հայերէնէն, ուրիշ որեւէ լեզուի չի տիրապետում եւ միայն կիսատ պռատ ռուսերէն զիտէ: Եւ նման հաւաքոյթի մէջ նա ոչ ռուսերէն եւ ոչ հայերէն կը խօսի, այլ իրեն համար ստեղծած նոր լեզուով, որ կէս ռուսերէն է եւ կէս հայերէն։ Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Կարս, ուր բացի հայերէնէն ե՛ւ ոչ մէկ ուրիշ լեզու չեն գիտեր, խօսում են մի հայերէն որ տեղի անտեղի զարդարուած է ռուս կամ թուրք բառերով, որպէսզի ըսուի թէ իրենք էլ զարգացած են: Այստեղ խօսում են անխառն, զուտ հայերէն, թէպէտ բազմաթիւ լեզուներ գիտեն։ Ուրեմն , լեզուի տեսակէտէն՝ սրանք աւելի բարձր են քան Ռուսաստանի հայերը:
— Ուրիշ ի՞նչ նկատեցիր:
— Ոչ մի տեղ չեմ նկատած որ երիտասարդութիւնը հետաքրքրուի ազգային, կրօնական, դպրոցական եւ այլ հարցերով։ Կովկաս, Հայաստան դրանք տարիքաւորներին եւ տէրտէրներին կը վերաբերին: Մի խումբ աղջիկ եւ տղայ տեսայ, որոնք կիրքով կը վիճէին Պատրիարքարանի վերաբերող հարցերի մասին: Այս երեւոյթը բացատրում եմ այն բանով, որ այս երիտասարդութեան համար այդ հիմնարկութիւնները այն չեն, ինչ որ են իրենց էութեան մէջ, այլ նրանց միջոցով ուզում են յագեցնել իրենց ներքին ձգտումը սեփական իշխանութեան: Եթէ Հայաստանում հայրենիքի ազատագրութիւնը միջոց է սեփական իչխանութիւն ունենալուն, այստեղ եկեղեցին պատուանդան է դրան:
— Ուրի՞շ:
— Ուրիշ այն, որ սրանք գերազանցապէս ազգասէր են, իսկ մենք՝ գերազանցապէս հայրենասէր:
Երբ տեսայ որ Սաթենիկ կը պատրաստուի երթալու, շարունակեցի .
— Երկու աղջիկ երեք երիտասարդի հետ իրենք իրենց կը խօսէին իմ գլխին կանգնած. ես էլ մտիկ կ՚ընէի: Խօսքը «Հոյ նար»ի մասին էր։ Աղջիկներից մէկը, մի աղաւնի, այնքա՜ն գեղեցիկ լեզուով, այնքա՜ն զգայուն եւ նուրբ կերպով բացատրեց ժողովրդական մեր եղանակները, մեր պարերը եւ նրանց իմաստը, որ քիչ մնաց ելլեմ եւ համբուրեմ։
Սաթենիկ սկսաւ խնդալ եւ հարցնել թէ՝ ո՞վ էր այդ աղջիկը, ինչպէ՞ս էր ան. զիս քաշեց դէպի հաւաքոյթը։ Ես ցոյց տուի աղջիկը: Սաթենիկ ուրախացաւ եւ կանչեց.
— Դու չես սխալած . մեր Մելինէն է, մեր ընկերը եւ շատ խելօք եւ անկախ մի աղջիկ: Կ՚ուզե՞ս՝ ծանօթացնեմ:
— Ո՛չ, դրան հարկ չկայ:
Սաթենիկը գործ ունէր կարգադրելիք, գնաց իր գործին, բայց Սարգիսը տեսաւ զիս եւ մօտս եկաւ։
— Տօ, ի՞նչ գեղացու հարսի պէս անկիւն ես քաշուել, մարդամէջ ելիր։ Ո՞ւր ես կորել:
— Մի քիչ կ՚ամչնամ , մի քիչ կը վախնամ, մի քիչ կը ձանձրանամ. արի քեզի ցոյց տամ թէ ուր եմ եղած:
— Չէ, մի քիչ սպասենք, տեսնենք…
— Ուշադրութիւն, կարեւոր յայտարարութիւն կայ: Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն…
Սաթենիկն էր, որ թուղթ մը ձեռքին՝ կեդրոնը ելաւ։
— Հայրենակիցներ եւ բարեկամներ, ձեզմէ ոչ օգնութիւն, ոչ նպաստ պիտի խնդրեմ: Եթէ դուք, կամ ձեր շրջանակը կ՚որոնէք աշխատաւորներ, ապա առաջնութիւն տուէք մեր ցուցմունքներուն։ Կը կարդամ անունները աշխատանք որոնողների, որոնց բարոյականութեան եւ ազնւութեան համար կ՚երաշխաւորենք։ 5 առողջ տիկիններ տան աշխատանքների համար գործ կ՚որոնեն: Երթեւեկ: 3 այր խոհարար, 5 սպասուհի օրիորդ, 3 դարբին, 4 կօշկակար, 6 դերձակ, 10 մշակ, 2 հաշուապահ, եւայլն: Կամ այստեղ տեղեկութիւններ ուզէք ինձմէ եւ յանձնախումբէն եւ կամ մեր հասցէին (եւ հասցէն տուաւ): Այս որ անէք, 30 ընտանիք, այսինքն՝ 150 անձեր կը փրկէք թէ՛ նպաստէ եւ թէ՛ մուրացկանութենէ, իսկ միւս կողմէ ձեզի համար մի օգտակար գործ արած կը լինիք:
— Սարգիս, տեսա՞ր որ մենք աւելորդ ենք, ո’չ գործ ունինք տալու, ոչ ալ տեղաւորելու հնարաւորութիւն. շատ որ մնանք, մենք ալ այդ ցանկի մէջ պիտի մտնենք:
— Տարօրինակ երիտասարդութիւն է, — ըսաւ Սարգիսը, — պատրաստուած, ուսումնականները շատ, ամեն ինչ գիտէ, ամեն ինչ կը դիտէ եւ այսքան միայն: Այս նաւի նման շարունակ կը վազէ, բայց հողմին հակառակ չ՚ուզեր երթալ, կը գերադասէ միշտ զուարթ եւ ուրախ մնալ՝ քան դրութիւնը լրիւ ընդգրկել եւ խորանալ նրա մէջ: Թեթեւ կ՚առնեն կեանքը, ներկան է միայն էականը, անցեալը անցած կը համարեն, իսկ ապագան մտածելիք նիւթ չեն համարեր: Ինչ որ լինելու է՝ այն պիտի լինի, կը մտածեն: Գիտեն որ յեղափոխութիւն եւ հակայեղափոխութիւն կայ իրենց շուրջը։ Գիտեն որ Ատանայի մէջ ջարդ եղած է եւ իրենք էլ նոյն վտանգի տակ են: Գիտեն մանրամասնութեամբ որ այս չարիքների արմատը պետական քաղաքական պատճառներն են, եղած ռեժիմն է։ Բայց կողմ կամ հակառակ լինելուն դէմ են: Ճակատագիր կը համարեն եղածները ու դարմանը կը գտնեն լոկ ինքնապահպանման մէջ։ Չես գիտեր ո՞րն է իրաւացին:
Սարգիսի դիտողութիւնները կտրեցին մի խումբ աղջիկներ եւ երիտասարդներ, որոնք Սաթենիկի առաջնորդութեամբ մօտեցան մեզի: Անոնք ուրախ ու յաղթական կերպարանք ունէին։
— Եղաւ, 30 աշխատանք փնտռողների ցանկ տուինք, 18-ը անմիջապէս տեղաւորեցինք, 40 հոգի էլ խոստացան մինչեւ մէկ շաբաթ 50 հոգու աշխատանքի վայր գտնել, — ցնծութեամբ աւետեց Սաթենիկը։
— Որ այդպէս է, ինձ ու Սարգիսն էլ տեղաւորեցէք։
— Էհ, մեզ ձեռք ես առել, — ըսաւ Սաթենիկը վշտացած։
— Չէ, ճիշդ եմ ասում, — պատասխանեցի:
Այդ ժամանակ մի գեղեցկադէմ աղջիկ, խորամանկ ժպիտով թուղթ ու մատիտը ձեռքին, մօտեցաւ ինծի.
— Ձեր անո՞ւնը:
— Վարդեվառ:
— Ո՞ւր էք ծնուել։
— Կառքի մէջ։
— Ո՞ր վայրը։
— Ռուս–թուրք սահմանի վրայ, Արարատի փէշերում։
— Ի՞նչ գործ կ՚ընէիք։
— Ձիապան:
— Ի՞նչ գործ կ՚ուզէիք ընել այժմ:
— Ձիապանութիւն:
Երբ այս հարց ու պատասխանները անծանօթ աղջիկը լրջօրէն կ՚արձանագրէր, միւսները միջամտեցին.
— Մի գրեր, չե՞ս տեսներ որ սխալ բաներ կ՚ըսէ:
— Կը տեսնեմ , բայց ես եմ մեղաւորը։ Ուզեցի հասկնալ թէ ո՞վ է պարոնը, բայց ան ինձմէ խորամանկ ելաւ։ Ըստ երեւոյթին, այս պարոնները մեր աշխատանքը բնաւ չեն գնահատեր, այնպէս չէ՞, պարոն:
— Բնաւ երբեք։ Եթէ գնահատող չկայ, այդ միայն կարող է լինել Պատրիարքարանի Աղքատախնամը. դուք նրանց գործի աղբիւրը կը ցամքեցնէք։ Մենք շատ կը գնահատենք։ Մինչեւ այժմս քանի մարդ գործի դրած կը լինիք:
— Մօտաւորապէս 1000, — պատասխանեց Սաթենիկը, — եւ այն ալ 4 ամիս չի լինի որ գործի սկսած ենք:
— Չէ, անկեղծ կ՚ասեմ , դուք ձեր այս նոր ձեռնարկովը կատարեալ յեղափոխութեան հիմը դրած էք։ Նուաստացուցիչ աղքատախնամութեան, կեղծաւոր ողորմածութեան վերջ կ՚ուզէք տալ եւ ձեռք կ՚ուզէք մեկնել աշխատանք չունեցողներին։ Ով որ նախաձեռնել է այս գործին, արժանի է բոլորիս համբոյրներին:
Այս որ ըսի, բոլորը միաձայն կանչեցին.
— Սաթենիկը, Սաթենիկը, — ու ինկան վրան համբուրելու։
Երգն ու պարը վերսկսաւ: Ես ու Սարգիսը հաճոյքով կը դիտէինք շորորը։ Սաթենիկը կանչեց.
— Այստեղ չէզոք դիտող պիտի չլինի։ Պարի մէջ քաշէք դրանց:
Աղջիկները մեր վրայ ինկան, եւ մենք արդէն կը շորորայինք՝ մէկ ձեռքս Սաթենիկին, միւս ձեռքս Մելինէին բռնած։
Սարգիսը պարի գլուխն էր անցած եւ ամենքը ոտքի հանելով՝ պարի մէջ կը քաշէր. ամբողջ նաւը կը պարէր:
Հայկական հաւաքոյթ էր, միայն հայ երգ եւ հայ պար էր նշանաբանը։ Ընդմիջումներուն՝ աւելի շատ խօսակցութիւն քան ճառ եւ բանախօսութիւն։ Կը խօսէինք ամազոններու մասին, որոնց հայրենիքը մեր երկիրն էր։ Կը խօսէինք լեռնական հայութեան մամիկներու մասին, որոնք տղամարդոց Հաւասար իրաւունքներ կը վայելէին։ Կը խօսէինք օտարամուտ, իսլամական սովորութիւններու եւ բարքերու մասին, որոնք կը ստորագնահատէին կինը եւ իբրեւ անասուն կը նկատէին: Կը խօսէինք օտարամուտ, եւրոպական բարքերու մասին, եկած միջին դարերէն, երբ կինը կը նկատուէր լոկ քնքոյշ արարած, կը շոյուէր, կը խնամուէր իբր սիրուած անասուն մը, բայց անոր կը զլացուէին այրերուն հաւասար իրաւունքներ։
Ամբողջ օրը, մինչեւ արեւի մայր մտնելը, երգեցինք, պարեցինք, կերանք, խմեցինք, եւ քանի մը կղզի ալ այցելեցինք։ Երբ արդէն կը մօտենայինք Պոլսոյ քարափին, Սաթենիկը զիս անակնկալի բերաւ ըսելով .
— Էհ, հայրենակից, մնաս բարով, կարծեմ այս օրը պարապի չանցաւ։ Վաղը կը մեկնիմ մի խումբ օրիորդների եւ կանանց հետ։ Գուցէ այլեւս չտեսնուենք…
— Ո՞ւր կերթաք բարով, — հարցուցի:
— Կիլիկիա, Ատանա կ՚երթանք. մի բան ունի՞ս ասելիք:
Ըսելիքս մոռցած էի, երբ Ատանայի անունը լսեցի:
Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Զ.հատոր, Գ. հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ, 2004, էջ 314-328։