Հրազդան Կալեանի խօսքը իր մօր՝ Սոնա Զէյթլեանի եօթանասունամեայ գործունէութեան յոբելենական ձեռնարկին, 7 ապրիլ 2024-ին՝ Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Լոս Անճելըս), կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններուն
Սոնա Զէյթլեանի կեանքի գործը եղաւ եւ է հայ կնոջ ինքնուրոյն, հպա՛րտ տիպարի ուսումնասիրութիւնը: Կարեւորաբար, դաստիարակչական աշխատանքներու ընդմէջէն՝ հայ կանանց ղեկավա՛ր գործունէութեան քարոզչութի՛ւնը:
Իր գրութիւնները հա՛րց ունին հայ կնոջ այսպէս կոչուած աւանդակա՛ն կերպարին հետ՝ իբրեւ այր մարդուն լոկ ընկերակիցը կամ նեցուկը:
Քանդելո՛վ այս սխալ, նուազեցնո՛ղ ըմբռնումը, Սոնա կը ներկայացնէ հայ կինը՝ իր ուրո՛յն գաղափարներով եւ անկա՛խ մօտեցումներով ու կազմակերպական կարողութիւններով՝ իբրեւ համահաւասա՛ր այր մարդուն:
Աւելի՛ն, Սոնայի գործը ցոյց կու տայ, թէ հայ կինը, իր ազգային գործունէութեամբ՝ յառաջատա՛ր դերակատարութիւն ունեցած է կիներու ազատագրութեան միջազգային շարժման մէջ ե՛ւս:
Ես չորս հիմնական գաղափարներ կը տեսնեմ Սոնայի գործին մէջ:
1. Առաջին գաղափարը՝ նպատակային պատմաբանութիւն (history with a progressive agenda)։ Սոնա Զէյթլեան պատմաբանն է հայ կնոջ ղեկավար դերին:
Սոնայի գործը կը վերբերէ կնոջ կեդրոնակա՛ն դերը հայոց պատմութեան մէջ, բա՛ն մը, որ իրմէ առաջ չէր կատարուած:
Իր գործը կարելի է կոչել այդպէս՝ «նպատակային պատմաբանութիւն», որովհետեւ Սոնա կը պատմէ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ինչպէ՛ս հայ կինը եղած է (եւ է՛) հիմնական դերակատար եւ մղիչ գործօն հայոց պատմութեան մէջ: Կիլիկիոյ Զապէլ Թագուհիէն մինչեւ Զապէլ Եսայեան, եւ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգար, հայ կիները կը ներկայացուին իբրեւ պատմական գործիչներ, որոնք հիմնակա՛ն ազդեցութիւն ունեցած են մեր պատմութեան հոլովոյթին վրայ:
Յատկապէս 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի սկիզբը, արդիական յառաջդիմական շարժումին զուգահեռ, հայ կնոջ կարևոր դերակատարութիւնը հայ յեղափոխական շարժման մէջ կը հանդիսանար կիներու ղեկավարութեան կարեւոր իրագործում մը ո՛չ միայն մե՛ր, այլ նաեւ միջազգայի՛ն պատմութեան մէջ:
2. Երկրորդ գաղափարը՝ հայ կիներու ուսուﬓասիրութեան մարզի ստեղծում.
Սոնա հայ կիներու ուսուﬓասիրութեան (Armenian women studies) մարզի հիմնադիր ռահվիրան է։ Իր նորատեսակ եւ յեղաշրջական « Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» գիրքը, տպուած 1968-ին, կը համարուի առաջնորդող գործ (pioneering work) մը, որ ստեղծեց եւ հաստատեց հայ կիներու ուսումնասիրութեան նոր դաշտն իսկ։ Ան լայնօրէն ուսումնասիրած է, գրած է եւ դասախօսած է հայ կնոջ ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային դերին մասին, հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին՝ կիները ներկայացնելով իբր յառաջդիմութեան ու փոփոխութեան գործակալներ (Armenian women as agents of change)։
Սոնա Զէյթլեան հայկական կնոջագիտութեան (Armenian Feminism-ի) կարեւոր դէմքերէն մէկն է: Ան արձանագրած է հայ կնոջ նպաստը սեռային հաւասարութեան եւ արդարութեան (gender equality and equity-ի) միջազգային հաստատման մէջ։ Իր հրատարակուած գիրքերէն անդին, Սոնան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու գիտաժողովի ներկայացումներ, որոնք կը կեդրոնանան հայ կնոջագիտութեան յղացքին վրայ:
Սոնայի գործերը կը քննարկեն կնոջագիտութեան եւ մշակոյթի, ազգային ինքնութեան, քաղաքացիական ընկերութեան (այսինքն civil society- ի) միջհատումը կամ խաչմերուկը (intersection-ը եթէ կ՚ուզէք):
Հայրս՝ Սարգիս Զէյթլեան, կը սահմանէր հայկական արեւելումը իբրեւ հայութեան ինքնուրո՛յն մասնակցութիւնը համաշխարհային պատմութեան յառաջընթացին մէջ: Իր կարգին, Սոնայի գործը կը բիւրեղացնէ հայ կնոջ դերակատարութիւնը հայկական արեւելումի կերտման մէջ:
Գաղութէ-գաղութ իր դասախօսութիւններուն մէջ, Սոնա յատկապէս վերբերած է հայ կինը իբրեւ խարի՛սխը հայկական ընտանիքին: Ան կայո՛ւն ընտանիքը գնահատած է իբր անհատի մտաւորական աճման ու զարգացման բնական օրրանը եւ ազգի տոկունութեան ու գոյատեւման հիմնական ազդակը։
3. Երրորդ գաղափարը՝ մատչելի ազգագրութիւն (ethnology with a social and political purpose)։ 1979-ին կը հրատարակուի Սոնայի «Մուսա լերան ժողովրդական հեքիաթներ» ընդարձակ ազգագրական աշխատանքը: Հոս միտումը զուտ գիտական ուսումնասիրութիւն կատարելը չէր միայն, այլ նպատակն էր այդ հեքիաթները մատչելի՛ դարձնել ընթերցողներու լա՜յն շրջանակի մը, ճի՛շդ ինչպէս Կոմիտաս վարդապետը ատենին հաւաքած էր մեր գաւառական երգերը եւ մատչելի դարձուցած զանոնք ժամանակակից հայութեան համար: Սոնա կը գործածէ «մշակում» բառը սահմանելու համար մատչելիացման իր գործը: Իրենց կարեւոր ազգագրական արժէքէն անկախ, հայ հեքիաթներու արդի՛ հայերէնով մշակումը, ո՛չ միայն մտաւորական հարստութիւն ստեղծող գործ էր, այլ նաեւ վերբերելով իւրայատուկ մեր ազգագրական երանգները՝ մեր ազգային նկարագրի կերտում: Այս իմաստով հեքիաթներու մշակումը, կարեւոր քաղաքական տարողութիւն մը ունէր:
4. Չորրորդ գաղափարը՝ Սփիւռքի գաղութներու ինքնակազմակերպում (diasporan self-organization)։ 2004-ին, լոյս տեսաւ Սոնայի կոթողական ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայութեան ներդրումը Եգիպտոսի միջնադարեան եւ արդի պատմութեան մէջ» տիտղոսով։ Կարեւորագոյն միտքը այս ուսումնասիրութեան մէջ հայ գաղութներու ի՛նքնակազմակերպումի գաղափարն է՝ ի նպաստ գաղութի հայեցի նկարագրի վերապրումին: Նաեւ ու միաժամանակ՝ պատմական արձանագրո՛ւմն է հայ կիներու ուրո՛յն ղեկավարութեան, մե՛ր գաղութներու ինքնակազմակերպման մէջ, եւ միաժամանակ՝ հիւրընկալ երկիրներո՛ւ վերելքին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Այյուպեան Եգիպտոսի սուլթա՛ն դարձած Շակարաթ էլ-Տուրր հայազգի կնոջ պարագային:
Եզրակացնելու համար՝ հայ կիներու ղեկավարութեան իր նպատակային պատմաբանութեամբ, հայկական կնոջագիտութեան մարզի իր ստեղծումով, դաստիարակչական ազգագրութեան իր կիրարկմամբ, Սփիւռքի գաղութներու ինքնակազմակերպման մէջ կիներու նկարագրութեամբ, Սոնայի գործի գաղափարական ենթահողը հայ կնոջ ղեկավարութեան պատմական տարերքի վերբերո՛ւմն է:
Եւ առ այդ, Սոնա Զէյթլեանի գործին պատգամը մարտահրաւէ՛ր մըն է հայ կին ղեկավարներու նո՛ր սերունդի մը, որ անո՛նք ալ իրենց կարգին ըլլան արժանի՛ ժառանգորդներ մեր պատմութեան կին տիտաններուն ու ստանձնե՛ն ջահակրութիւնը ղեկավար հայ կիներու՝ մեր ազգային ներկան ու ապագան կնոջավարօրէ՛ն կերտելու համար:
Լոս Անճելըս