ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԱԶ – Ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի», քաղեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Սեւան Տէիրմենճեան, Արաս հրատարակչութիւն, Ա. տպագր. յունուար 2022, Բ. տպագր. սեպտեմբեր 2023, Ստանպուլ, 384 էջ
Կողքը՝ Մելիսա Արսէնեանի, կողքի եւ ներդիր լուսանկարները (բացի մէկէն)՝ Արայ Կիւլէրի:
Հատորը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ՝ «Ծով», «Նաւամատոյց», «Նաւ», «Կղզի», որոնք կը յաջորդեն Ս. Տէիրմենճեանի նախաբանին («Սկսելէ առաջ…») եւ կ’աւարտին «Մատենագիտական տուեալներ»-ով, ուր կը նշուին այն աղբիւրները (առանձին հատորներ թէ գրական մամուլ), որոնցմէ քաղուած են ընդգրկուած 37 պատմուածքներէն 35-ը: Գուցէ մոռացութեան արդիւնք է Արաքսի Նաթանեանի երկու պատմուածքներուն աղբիւրի նշումը:
Հրատարակչատան կողմէ այսպէս կը բնութագրուի այս գործը. «Իր տեսակին մէջ եզակի այս հատընտիրը չի յաւակնիր ամբողջական հաւաքածոյ մը դառնալ նման բովանդակութեամբ գեղարուեստական երկերու, այլ կը ջանայ իր ներկայացուցած օրինակներով հետաքրքրութիւն ստեղծել ստանպուլահայ պատմուածքի հանդէպ՝ ցոյց տալով անոր գլխաւոր առանձնայատկութիւնները, որոնցմով սփիւռքահայ գրականութեան այս տարածքը գոնէ մասամբ տարբերած է իր նմաններէն, գրաւելով իւրայատուկ տեղ մը հայ գրականութեան ամբողջին մէջ»:
Իսկ Սեւան իր նախաբանին մէջ կը գրէ. «Ծովը՝ իւր սարօքն՝ կղզիներով, նաւով, նաւամատոյցով հանդերձ, ամբողջութիւն մը կը կազմէ մեր մտածողութեան մէջ: Գրականութիւնն ալ, ըլլալով այդ հանրային մտածողութեան եզական արտայայտութիւններէն մէկը, իր ծալքերուն մէջ միշտ կրած է այս իւրայատուկ վայրի, աշխարհագրական առինքնող տարածքի տարրերը»: Քիչ անդին կ’աւելցնէ. «… Հատորը պիտի ըլլայ գեղարուեստական արձակ գործերու ընտրանի մը: Հոն պիտի չըլլար վէպ, յուշագրութիւն, բանաստեղծութիւն»:
Առ այդ, ի մի բերուած են 20 գրողներու գործեր, Յակոբ Մնձուրիէն մինչեւ Քրիստիան Բատիկեան՝ 1923-էն մինչեւ 2017, անցնելով ծանօթ ու նուազ ծանօթ անուններէ, ցոյց տալով որ հակառակ ամեն ինչի Պոլիսը մնացած է մեր գրականութեան աշխոյժ օրրաններէն մէկը… Անշուշտ շատ ուրիշ անուններ դուրս մնացած են եւ կրնան, ցանկալի է, որ ըլլան այլ հատորներու նիւթ, սակայն ինչ որ մատուցուած է արդէն այնքան զգլխիչ է, որ այստեղ բերուածները կարդացած ըլլալու հաճոյքը երկար ժամանակ պիտի չմոռցուի:
Նախքան այդ հաճոյքին եւ գիրքին ակնբախ առաւելութիւններուն մասին խօսիլս կ’ուզեմ ընել կարգ մը մանր նշումներ՝ յաջորդ տպագրութիւնները, – եւ մաղթենք, որ ըլլա՛ն անոնք, – աւելի՛ կատարեալ տեսնելու համար:
Առաջին՝ նուազագոյնի իջեցնել շարագրական վրէպները, բան մը, որ յաւելեալ նիւթականի կը կարօտի ի հարկէ՝ սրբագրիչի համար:
Երկրորդ՝ չըլլալ այնքան բարեխիղճ՝ հեղինակներու բնագրերուն հարազատութեան նկատմամբ. քերականական «սխալները» ընդունելի են խօսակցութիւններու ներկայացման ատեն, ոչ սակայն պատումին. երբեմն հեղինակներն իսկ կրնան տեսած չըլլալ կամ անդրադարձած չըլլալ անոնց. խմբագիրը՝ այս պարագային հատորը պատրաստողը, ազատ զգալու է, նոյնիսկ պատրաւոր է սրբագրել զանոնք:
Երրորդ՝ ցանկալի է, որ իւրաքանչիւր գրութեան առաջին հրապարակման թուականը ճշտուի. այս կը վերաբերի գիրքերէ առնուած գործերուն, եթէ անշուշտ հնարաւոր ըլլայ:
Վերջապէս չորրորդ՝ իւրաքանչիւր գրողի կենսագրութիւնն ալ, թէկուզ քանի մը տողով, յաւելեալ արժանիք մը կրնայ ընծայել հաւաքածոյին:
Կը խօսէի կարդալու ընձեռած հաճոյքին մասին: Լեզո՛ւն. հայերէ՛նը, արեւմտահայերէնի այդ կատարելագործուած իրավիճակով կարդալը իսկապէս վայելք է. յիշեմ անուն մը միայն՝ Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան: Եւ ընդհանրապէս բոլորին պարագային, նոյնիսկ Հայաստան գաղթած ու արեւելահայերէնով արտայայտուողներուն պարագային:
Յետոյ՝ նկարագրութիւններու վարպետութիւնն ու գեղեցկութիւնը. նոյնպէս անուն մը եւ պատմուածք մը միայն յիշելու համար՝ Վարդան Կոմիկեան («Կեանքին նայող աչքերս»), որ գեղանկարչական կտաւ մը ըլլայ կարծես:
Դեռ՝ մանրամասնութիւններ «ասեղնագործելու» ձիրքը Օննիկ Ֆըչըժեանի («Մարդ մը ինկաւ»), կամ այնքան նո՜ւրբ երգիծանքը Երուանդ Կոպելեանի («”Ազգային ընկերվարական” մը»):
Կարելի է դրուատել իւրաքանչիւր գրութիւն, կ’ուզեմ սակայն սոյն հապճեպ ակնարկը աւարտել հաստատելով հետեւեալը. – այս հատորին «Կապոյտ»-ը պատրուակ մըն է միայն. շատ պարագայական ընտրանք մըն է ծովը: Պէտք է կառչիլ տիտղոսի երկրո՛րդ բառին՝ «երազ»-ին: Ամբողջ աշխարհ մըն է, գուցէ մասամբ արդէն չքացած, անէացած աշխարհ մը, մթնոլո՛րտ մըն է, որ կը վերստեղծուի մեր առջեւ մարդկային ապրումներով, յարաբերութիւններով, տուայտանքներով, յուսահատութիւններով եւ յոյսերով, երջանկութեան որոնումներով ու մահուան մղձաւանջով, տիպարներու ընդմէջէն, որ մեր բոլորին կեանքին կը վերաբերին:
Հատորին չորս բաժինները, որոնք որոշուեր են յատկապէս յաջորդականութիւն մը ապահովելու համար, պարզապէս կամայական կը թուին, այնքան որ բոլոր գրութիւնները իրարու ագուցող կարմիր թելը նոյնինքն մարդկայնութիւնն է:
Կեցցե՛ս, Սեւան:
Ծով ու կղզիներ՝ դիտուած ուրիշի մը աչքով
Lauren Wolk, BEYOND THE BRIGHT SEA, Puffin Books (Penguin Random House LLC), New York, 2017-2018, 283 pp+
Ահա գիրք մը, որ պատահաբար ձեռքս անցաւ արձակուրդի օրերուս, երբ Լոս Անճելըսի թոռնիկներուս գրադարանը կը խառնշտկէի…։ Գիրք մը, որուն մասին ոչինչ գիտէի, ոչ ալ հեղինակին մասին, անշուշտ՝ իմ մեղքով։ Վէպ մը՝ գրուած 10 տարեկաններու եւ աւելի մեծերու համար։ Հետաքրքրութիւնս շարժեց, քանի որ նոյն այդ օրերուն կարդացեր էի վերը նշուած «Կապոյտ երազ»-ը, որ նոյնպէս ծովու եւ կղզիներու միջավայր մը ունի որպէս խորանկար, սակայն բոլորովին տարբեր շրջարկի մը մէջ։
Ինչո՞ւ կ՚ուզեմ այս գիրքն ալ յանձնել ընթերցողին ուշադրութեան. այն պարզ պատճառաւ, որ սքանչելի օրինակ մըն է պատանեկան գրականութեան, որուն այնքան մեծ պակասը կը զգանք հայերէնի պարագային, եւ որ կրնայ ուղեցոյց հանդիսանալ մեր գրողներուն, որոնք այդ մարզին մէջ պիտի ուզեն ներդրում ունենալ։
Նախ՝ գրողը։ Ծովու սիրահար Լորեն Վոլք՝ բանաստեղծուհի եւ արձակագիր, որ կը գրէ ոչ միայն փոքրերու համար։ Հատորը նուիրուած է իր հօր, որ առաջին անգամ զինք ծով է տարած։ Անով ան արժանացած է Scott O’Dell մրցանակին, որ մէկն է միայն իր ստացած մրցանակներէն։ Ծնած է Պալթիմոր 1959-ին, ապրած է ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներու եւ Գանատայի մէջ, ապա իր ընտանիքով հաստատուած է Գէյփ Գոտ (Մասաչուսեց)՝ ծովահայեաց շրջան մը։
Պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ այդ կողմերու գեղատեսիլ Եղիսաբեթ կղզիներու (Elizabeth Islands) շրջանին մէջ, 1925-էն սկսեալ։ Պատմողը գլխաւոր հերոսուհին է, որու տուած են Crow (Ագռաւ) անունը՝ իր խռպոտ ձայնին պատճառաւ, երբ իբր նորածին երեխայ գտնուած է նաւակի մը մէջ կապուած, ափ առած այդ կղզիներէն մէկը՝ հոն բնակող միակ անձին՝ Osh-ի կողմէ։ Օշն ալ տարօրինակ անձ մըն է՝ Հարաւային կամ Միջին Ամերիկայի երկիրներէն մէկէն ԱՄՆ գաղթած, ընտանիք կազմած գեղանկարիչ մը, որ չդիմանալով շրջապատի իրեն համար այնքան բացասական պայմաններուն եւ վերաբերումին՝ ամեն ինչ լքած ու եկած եւ ինքզինք նետած է այս անմարդաբնակ կղզին։ Աղջնակին համար ան իսկական հայր մը կը դառնայ։ Վէպին երրորդ գլխաւոր անձնաւորութիւնը Miss Maggie-ին է, որ նոյնպէս հեռացած է ոչ այնքան հեռու մայր ցամաքէն ու հաստատուած է մօտակայ մէկ այլ կղզի, բայց ոչ անմարդաբնակ։ Անշահախնդիր ու նուազագոյնով գոհացող, Մակի իր ամբողջ կեանքը այնտեղ նուիրած է ուրիշներու, մանաւանդ ծովամոյն դարձող նաւաստիներու կամ ամառնորդներու օգնութեան։ Ան եւ Օշ ստանձնած են Գրոյի դաստիարակութիւնը։
Քանի մեծցած է, Գրօ սկսած է հետաքրքրուիլ, թէ ովքե՞ր են եղած իր ծնողները եւ ինչո՞ւ հրաժարած են իրմէ։ 12 տարեկանին որոշած է փնտռել զանոնք ու շուտով հասկցած, որ անոնք ապրած ու մահացած են, մօտակայ մէկ այլ կղզիի մը վրայ, ուր ատենին բորոտանոց մը գոյութիւն ունեցած է։ Եւ շարունակած է որոնումները գտնելու համար իր երէց եղբայրը, որ որբանոցի մը յանձնուած է ծնողքին կողմէ։
Վէպը այդ որոնումներուն՝ իր ինքնութեան ու հարազատներուն որոնման պատումն է, ընտանիքի ու սիրոյ, եւ ոչ նիւթական հարստութեան կարեւորութեան արժեւորումը, ինչպէս նաեւ բնութեան արհաւիրքներուն դիմակայումը՝ առ այդ Գրոյի եւ իր երկու պաշտպաններուն ունեցած արկածախնդրութիւններով։
Գրուած պարզ ու առոյգ ոճով եւ հետաքրքրութիւնը սրող հեւքով՝ գիրքը կը կարդացուի մէկ շունչով։