Ս.Ա.Յ.
Գէորգ Պետիկեան, Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը։ Սիրավէպ։ 142 էջ։ Նախաբան։ Խմբագրի խօսք։ Խմբագիր՝ Գէորգ Նաթալի Եազըճեան։ Կողքի մտայղացում-ձեւաւորում՝ Վիգէն Շառոյեան։ 2024, KASL Printing & Graphics, Pasadena, California
«Հորիզոն գրական»-ի երկարամեայ աշխատակից Գէորգ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գողտրիկ կողքով, 142 էջերով ընթերցողին կը ներկայանայ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը։ Երկար ծրագրումի եւ ամիսներու աշխատանքի արդիւնք է այս անդրանիկ սիրավէպը, «օտար միջավայրի մէջ ապրող եւ տագնապող հայ գրիչէն ծորող», «անմիջական շրջապատի գերագոյն զոհողութիւններու հարազատ արգասիք»ն է, հեղինակի նախաբանին մէջ յիշած բառերով (էջ 1)։
«Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը անմեղ սիրոյ մասին է, աւելի ճիշդ՝ առաջին սիրոյ մասին է։ Իր խօսքին մէջ, խմբագիր Գէորգ Նաթալի, կը տեղեկացնէ ընթերցողին, թէ Պետիկեան կ՚ապրի Հալէպի յուշերով եւ այս սիրավէպի «իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան նոյն այդ քաղաքին մէջ։ Թէեւ թուականները չեն նշուիր, սակայն դատելով վէպին մէջ գործող անձերուն միջեւ յարաբերութիւններէն, կարելի է ենթադրել, թէ տեղի կ՚ունենան 1960-1970-ականներուն։ Այս ժամանակաշրջանը Սուրիա կայք հաստատած գաղթական հայոց նահապետական կենցաղին մէջ կատարուող փոփոխութիւններու անցումային փուլ մը եղաւ» (էջ 3)։ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը, պատումն է «երիտասարդութեան դարպասներուն յայտնուած Հայկի եւ Շուշանի սիրոյ եւ անկէ ածանցուող ապրումներու հիանալի հոգեվերլուծումն է» (Գէորգ Նաթալի, խմբագրի խօսք, էջ 3-4)։
Ինչպէս Շաքէ Մանկասարեան «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպի մասին «Հայրենիք» շաբաթաթերթի 13 ապրիլի թիւով կը գրէ. «Հալէպի հայ դրացիներով բնակելի հինումաշ բակերուն մէջ ծնունդ առած սիրոյ կայծն ու սէրն է, որ այս անգամ նիւթ կը դառնայ Գէորգ Պետիկեանի նոր ստեղծագործութեան: Ի տարբերութիւն իր նախորդ տասնեակ հատորներուն, Պետիկեան կը գրէ սիրավէպ մը, ուր վաթսունական տարիներուն ապրող Հայկին ու Շուշանիկին պատանեկան սիրոյ բոցկլտող տարփանքն ու անմեղունակ զգացումները կը թակեն յաւերժութեան դուռը՝ գեղեցիկ բառերու եւ պատկերներու ընդմէջէն: Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը կը վերակենդանացնէ այն օրերը, երբ ամօթխածութիւն ու դաստիարակութիւնը գերիշխող էին աւանդական հայ ընտանիքի զուսպ կենցաղին մէջ»:
Սիրավէպը կը սկսի ընթերցողը փոխադրելով Հալէպ ուր՝ «Պզտիկ բակի մը փողոցի երկաթապատ ծանր դուռը յանկարծ շատ արագ եւ մեծ աղմուկով» բացուելով, եւ պատանիի մը «դուրս» նետուելով, աշնանամուտի երեկոյ մը։ Ապա պատանին, ի յայտ կու գայ, թէ Հայկն է։ Քաղաքավար, հնազանդ մէկ հատիկ մանչը ինքնաշարժի անիւներ նորոգող պարոն Համբարձումին եւ տիկին Արուսեակին։ Այլայլած հեւալով կը վազէր Հայկ։ Ընթերցողը կամաց-կամաց կը տեղեկանայ, թէ այդ փախուստին եւ անցկութեան պատճառը, պատանիի անակնկալ գաղտնի բաղնիքի դռան ծակէն դիտած ըլլալն էր իրենց բակի իրմէ քիչ մը տարիքով փոքր աղջկան՝ Շուշանիկին լոգանքը։ Պետիկեան մանրամասն կը նկարագրէ Հայկի հոգեվիճակը։ Պետիկեան կը գրէ. «Հայկ կը հաւատար, որ վերջապէս հասած էր իրեն համար ճիշդ երանելի ու ցանկալի պահը՝ անձնապէս ականատես ըլլալ այն տեսարաններուն, որոնք իրմէ քանի մը տարի մեծ իր միակ մտերիմ ընկերը՝ մեքանիքի արհեստանոցի գործաւոր Տիգրանը երբեմն պատմած էր «գունաւոր» բառերով միախառնուած, որոնք Հայկի բերնին «ջուրերը» վազցուցած էին» (էջ 10)։
Պատանին յանցանքի վրայ բռնուած զգացած էր, երբ բաղնիքի դուռը բացած էր Շուշանիկ։ Սակայն Շուշանիկ չէր բողոքած (էջ 13)։ Ապա ամօթէն եւ ներքին նորայայտ կիրքէն վազելով հեռացած էր։ Պահ մը մտածումներու մէջ կանգ առած էր իր ամուսնացած մէկ հատիկ քրոջ Արփիենց տան առջեւ (էջ 15)։ Մտքերու մէջ կորսուած՝ որոշած էր տուն դառնալ։
Ընթերցողը ապա կը ծանօթանայ Շուշանիկի ծնողքին եւ բակի բնակիչներուն։ Համարեայ քոյր եղբայր էին Հայկն ու Շուշանիկ։ Հայկ կը հետեւէր Շուշանի դասերուն։ Նկատած իսկ չէր Շուշանիկի մեծնալը։ Արփին մտահոգ էր Հայկի եւ Շուշանի դասեր ունենալու պատճառաբանութիւններով։
Հայկ երկրորդականի աւարտական դասարանի ուսանող էր արդէն եւ Շուշան՝ Միջնակարգի։ Շուշան եւ Հայկ գաղտնի կը տեսնուէին եւ իրարու սէր կը յայտնէին, մինչեւ Կիրակի օր մը, երբ վարժարանի տնօրէնուհին եկեղեցին կը հանդիպի Արփիին եւ կը խնդրէ գրասենեակ տեսնուիլ մտահոգ Հայկի դպրոցէն բացակայումէն։ Պետական քննութիւններու պատրաստական աշխատանքներուն հարկ էր լրջօրէն հետեւիլ։ Արփի կը համոզէ Հայկին հեռու մնալ Շուշանէն։ Քննութիւնները յաջողութեամբ անցընելէ ետք Հայկ կը մեկնի Հայաստան, ուր բժշկութեան դասընթացքներու կը հետեւի։ Տարիներ կ՚անցնին, յուսախաբ Շուշան կ՚ամուսնանայ հաշուապահ Սուրէնին հետ։ Հայկ, բժշկական վկայականը առած կը վերադառնայ Հալէպ։ Մինչ այդ Սուրէն ծանր հիւանդութենէ կը մահանայ։ Հայկ մխիթարական նամակ կ՚առաքէ Շուշանին։ Նամակը Շուշանին վերապրելու հրաւէր էր։ Պետիկեան կ՚աւարտէ սիրավէպը Շուշանի եւ Հայկի նոր բոյն կազմելու որոշումով։
Բարի ընթերցում:
