Յակոբ Չոլաքեան
ՀԱՎԿՈՒՕՅԹԸ ԲԱՐՆԷՆ — ՀԱՒԿԻԹԸ ԲԵՐԱՆԻՆ
2 սեպտեմբեր 1938-ին Սուրիական պետութեան մաս կազմող Աղեքսանդրէթի սանճաքը կը հռչակուի իբրեւ Հաթայի պետութիւն։ Շրջանի հայերը, արաբները, յոյները եւ քիւրտերը դժգոհ են այս կարգադրութենէն, որովհետեւ ատիկա քայլ մըն էր շրջանը ամբողջապէս Թուրքիոյ կցելու համար։ Աղեքսանդրէթի, Անտիոքի, Գրըգխանի, Ռիհանիէի, ինչպէս նաեւ Պէյլանի, Ամըգի դաշտի, Մուսա լեռան եւ Քեսապի շրջաններու հայերը լուրջ տագնապներ կ՚ապրին։
Այդ տասը ամիսներու ընթացքին քեսապցի նախկին լեգէոնականները, որոնք կազմակերպեր էին Քեսապի դիմադրութիւնը յատկապէս 1919-1920 թուականներուն եւ կառավարեր էին վերապրողներու տունդարձը, կը փախչին Լիբանան, կ՚իջնեն Լաթաքիա կամ կ՚ապաստանին Վերի եւ Վարի Պաղճաղազ գիւղերուն մէջ, որովհետեւ այդ երկու գիւղերը նախկին Աղեքսանդրէթի սանճաքին մաս չէին կազմեր, այլ մնացած էին Սուրիոյ կազմէն ներս։
Քեսապի մէջ թրքերէնը իբրեւ պետական լեզու փոխարինած էր արաբերէնը, դասագիրքերը եւ Աթաթուրքի նկարով տետրերը նուէր էին Անգարայէն։
Հաթայի ոստիկանութիւնը կը հետապնդէր որոշ հայեր։ Գարատուրանի մուխթարներէն (այն ատեն Գարատուրանը երկու մուխթարութիւն ունէր) կը պահանջէր հետախուզուող Աբրահամ Չոլաքեանը։ Գիշեր մը շուրջ քառասուն ոստիկաններով ու պաշըպոզուքներով յարձակում կը կազմակերպուի Աբրահամի տան վրայ։ Սաստիկ հրացանաձգութենէն Աբրահամ կը սպրդի ու կը բարձրանայ լեռ։ Գիւղի այր մարդիկ կը հաւաքուին Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ու մերժելով կը մերժեն կառավարութեան պահանջքը Աբրահամը յանձնելու մասին։ Գերլարուած մթնոլորտ կը տիրէր շրջանին մէջ։
Այս միջոցին, 10 նոյեմբեր 1938-ին, կը մահանայ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալը, որ արժանացած էր Աթաթուրք տիտղոսին։ Աշակերտները կ՚արձակուին դպրոցէն։ Գարատուրանի Տ. Պետրոս ծերունազարդ քահանան տեսնելով արձակուած աշակերտները կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ կանուխ արձակուած են դպրոցէն։
— Աթաթուրքը մեռեր է, — կ՚ըսեն, — սուգ յայտարարուած է:
— Հավկուօյթը բարնէն (հաւկիթը բերանին), — կը պատասխանէ քահանան։
Մարդիկ մոռցած են այս իրադարձութիւնները, բայց որեւէ անցանկալի մարդու մահուան առթիւ կ՚ըսեն.
— Տէր Պետրոսի ըսածին պէս` «Հաւկիթը բերանին»։
Այսինքն՝ սատկի՛, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ ինչպէս «Հաւկիթը բերանին» ասոյթը՝ «սատկի» կը նշանակէ։
Բարեկամ մը իւրայատուկ բացատրութիւն մը տուաւ. Քեսապի մէջ եթէ իժ մը յայտնուի մօտակայքը ու մտնէ պատի մը խոռոչէն ներս, հաւկիթը կը ծակեն ու անոր մէջ թոյն սրսկելով կը դնեն խոռոչին մէջ։ Օձը հաւկիթի հոտին չի դիմանար, կ՚ելլէ ծակէն եւ ուտելով կը սատկի տեղն ու տեղը։
Չեմ գիտեր։
Ի դէպ՝ կ՚ըլլայ անխուսափելին, 29 յունիս 1939-ին վերջ կը գտնէ Հաթայի պետութիւնը, իսկ 23 յուլիս 1939-ին Հաթայը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։ Յուլիս 17-23 Սուէտիոյ հայերն ալ կը լքեն իրենց գիւղերը ու կը գաղթեն Լիբանան։
26 յուլիս 1939-ին Թուրքիա եւ Ֆրանսա կը կատարեն նոր սահմանագծում։ Կիլիկեան կաթողիկոսարանի, պապական նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրի, կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի, Արշակ Չոպանեանի, հայասէր ֆրանսացիներու եւ այլոց ջանքերու հետեւանքով միայն Քեսապի շրջանը կարելի կ՚ըլլայ խլել ու կապել Սուրիոյ Հանրապետութեան Լաթաքիոյ նահանգին։ Թրքական կայազօրը կը գտնուէր Քեսապի Մաղարիկ թաղի երկյարկանի շէնքին մէջ։ Թուրք զինուորները տողանցքով կ՚իջնեն ու Խոդի հրապարակէն (այժմու Սահայէն) անցնելով կը հեռանան Քեսապէն՝ տղոց արձակած քարերու տարափին, կանանց ծաղրական կանչին եւ թիթեղներու աղմուկին տակ։ Մինչեւ Ներքի գիւղ՝ երեք տեղ դիրք կը բռնեն յարձակումէ մը պաշտպանուելու համար։ Ապա Ներքի գիւղէն անցնելով կը կտրեն սահմանը։
— Հավկուօյթը բարնէն, — պիտի ըսէր Տէր Պետրոսը։
ԹՈՊԵԿ > ԹԻՊԻԿ
Մխիթար Գոշի առակներէն հաւանաբար յիշէք այն մէկը, ուր թոպեկը ոզնիին զաւակը սանուկ կ՚ուզէ, բայց համբուրել չի կրնար, որովհետեւ փուշոտ է։ «Մերկացուր զինք, որ դիւրին ըլլայ գգուել» կ՚ըսէ։ Յետոյ… պարզ է, կ՚ուտէ կը յօշոտէ, իսկ մայր ոզնին կոծելով կը հեռանայ (Մխիթար Գոշ, առակներ, 1951, էջ 99):
Միջնադարեան հանելուկ մըն ալ կայ.
Այլ գեղեցիկ եւ իմաստուն,
Հանց, որ առակս ասէ զնոյն,
Դարպաս շինէ ընդ վիմով անհուն,
Բայց գիշերն գող է եւ անքուն,
Երկար հաջէր նա զերդ ըզշուն։
( Ա. Շ. Մնացանկանեան, «Հայ միջնադարեան հանելուկներ, v-xvii դարեր, Երեւան, 1980, էջ 198, Թեփէկ):
Բառը աւանդուած է թոբէկ, թոպեկ, թեպեկ, թոփէկ տարբերակներով։
Միջին դարերուն այնքան ծանօթ կենդանին մեր բառարանագիրներուն համար գրեթէ անծանօթ կը մնայ։ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» (1836-1837) բառարանի հեղինակները՝ Գաբրիէլ Աւետիքեան, Խաչատուր Սիւրմէլեան, Մկրտիչ Աւգերեան, ԹՈԲԷԿ գլխաբառին դիմաց կու տան. «անուն կենդանւոյ, գուցէ կատու կամ ընտանի նապաստակ եւ այլն»։ Նոյնիսկ մուկ։ Առձեռն բառարանը (1865) կը գրէ. ԹՈԲԵԿ՝ թերեւս թեպեկ, «կապիկ», «մայմուն»։ Ստ. Մալխասեանց՝ Թեպեկ – «Կապիկի մի տեսակ»։ Հր. Աճառեան Արմատական բառարանին մէջ Թոբէկ բառին համար կը յղէ Թէպէկ՝ «Կապիկ», որ ճիշդ կը համարէ յոյն բնագիրէ մը ելլելով, բայց կու տայ նաեւ նոր բացատրութիւն մը «Գիշատիչ մի անասուն». ապա կը մէջբերէ Մ. Գոշի առակը։
Մենք Քեսապի մէջ կը ճանչնանք այս կենդանին։ Թիպիկ կ՚ըսենք, որ թոպեկ բառին բարբառային հարազատ տարբերակն Է։ Թոպեկը միջակ մեծութեամբ շունի նմանող գազանիկ մըն է։ Աղուէսներուն հակառակ, ցերեկով դուրս չ՚ելլէր իր որջէն։ Գիշերով կ՚ելլէ որսի։ Ամենակեր է, կ՚ուտէ հասուն պտուղներ՝ մանաւանդ թուզ, նաեւ կ՚որսայ մանր կենդանիներ, գիշատիչ է։ Հաւնոցներուն կը մօտենայ ու վայ է եկեր հաւնոցէն դուրս մնացած հաւուն։ Կը պտտին առանձին, երբեմն երկուքով, նոյնիսկ վոհմակով։ Հաջոցով կը փնտռեն զիրար։ Ուշ երեկոյեան կամ գարնանային անձրեւներէն ետք ամբողջ ձորը կը լեցուի անոնց հաջոցով։ Շուներն ալ բակերէն կը պատասխանեն։
Մենք՝ փոքրիկներս, կը բարձրանայինք հսկայ ժայռերու վրայ ու ցատկռտելով կը կրկնէինք.
Էրիվէկ, էնծըրըվէկ, Արեւիկ, անձրեւիկ,
Թիպըննիրը հարսնէք։ Թոպեկներու հարսանիք։
Հայերէնի մէջ այս մոռցուած բնիկ բառը փոխարինուած է շնագայլ բառով։
Ասիկա օտար լեզուներու չագալն է, jackal-ը։
ՍՈՒՓԱՀԻՆԵՐԸ
Սուփահի, թրքերէն բառը` սիփահի, ունի պարսկական ծագում, որ կայ նաեւ հայերէնի մէջ՝ սեպուհ։
Օսմանեան կայսրութեան մէջ սուփահիները գիւղական շրջաններու մէջ կալուածատէր ազդեցիկ ընտանիքներ էին, եւ անոնց իշխանութիւնը ժառանգական էր։ Սուփահիները պարտաւոր էին ունենալու զինեալ ջոկատներ, որոնց պարտականութիւնն էր Մէքքէ գացող ուխտաւորներու ճամբան ապահովել, իսկ պատերազմի ատեն ըլլալ ենիչէրիներու օգնական:
Սուփահիներուն իբրեւ վարձատրութիւն, ժառանգականօրէն կը տրամադրուէին որոշ գիւղերու բոլոր տուրքերը: Այդ գիւղերը կը կոչուէին թիմար։ Այսպէս՝ Քեսապի Էքիզօլուք գիւղը տրուած էր խասմացի սիփահի Ահմէտ աղայի ընտանիքին, Տուզաղաճ գիւղը՝ Անտիոք բնակող Հաճի Իսա ընտանիքին, Տեսթիւր գիւղը՝ էլըրճիցի սուփահի Հաճի Օսման ընտանիքին, Պաղճաղազը, Չալման եւ Էքիզօլուքի Քուօլը՝ Հաֆըզ աղաներուն, Գարատուրանի որոշ կալուածներ՝ Հաճիներուն, Տուզաղաճի որոշ կալուածներ՝ Օրտուի Շերիֆ աղաներուն, Չինարճըգի ջրաղացն ու ջրառատ պարտէզները՝ Պէզկէի Գալթախներուն:
Սուփահիները այդ շրջաններուն մէջ կ՚ունենային նաեւ սեփական կալուած կամ ագարակ, որ կը կոչուէր չիֆթ։ Գիւղացիները պարտաւոր էին նաեւ աշխատիլ անոնց ագարակներուն մէջ, հանդերձ ընտանեօք ծառայել անոնց, վճարել հարկ եւ ձեռք բերել արտօնութիւն ամուսնութեան, տեղափոխութեան, բնակարան կառուցելու եւ փոքրիկ հողամաս ու կենդանիներ ունենալու։ Այս կարգավիճակով գիւղացին կը կոչուէր մարապա, այսինքն քառորդով աշխատող։
Մինչ օրս կը պահուի որոշ սուփահիներու անունը կարգ մը կալուածներու վրայ. Գարատուրանի ծովափին կայ Գատէն քուօրը, իսկ աւելի վեր, Կիւնիկ լեռան լանջին՝ Գատէն պատուօռը, գիւղին մէջ ջրառատ տեղ մը կը կոչուի սուփահի Քալ Ահմէտի անունով։
Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի կողմէ 1826-ին կը լուծարուի ենիչէրիներու բանակը։ Կը վերանայ նաեւ սուփահիներու իշխանութիւնը: Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշայի՝ Սուրիան իր տիրապետութեան տակ առած շրջանին (1832-1840), քրիստոնեաներու պայմանները կը փոխուին եւ քեսապցիք կը կարողանան իրենցմէ բռնագրաւուած կալուածները գնել ու շրջանը ազատել թուրքմէն աղաներու ներկայութենէն եւ ազդեցութենէն։
ՔԵՀԻԱ
Արեւմտահայերը պարսկերէն ծագմամբ այս բառը կ՚արտասանեն քեհիա/քահիա, ինչպէս թրքերէնի մէջ, իսկ արեւելահայերը պարսկերէնի հարազատ ձեւով՝ քէդխուդա Kedxuda. որ ըստ Մալխասեան բառարանի՝ կը նշանակէ «տանուտէր, գիւղում դիրք ունեցող, առաջաւոր, գիւղի իշխան»։
Արեւմտահայոց մէջ շատ տարածուած է Քեհիայեան մականունը։
Քեսապի մէջ բառը գոյութիւն ունէր նահապետական ընտանիքի գոյութեան պայմաններուն մէջ։ Մեծ ընտանիքներու տանուտէրերը կամ աւագները կը կոչուէին քեհիա։
Վկայուած է, որ Պետիրեան եւ Սողոմոնեան ընտանիքները միշտ հակամարտութեան մէջ եղած են։ Պետիրեանները (Քէօրքիւնէի Պետիրեանները կապ չունին ասոնց հետ) Քեսապի հնագոյն գերդաստանը կը ներկայացնեն, կոչուած են նաեւ Հաճի Պէտըրինք, իսկ Սողոմոնեանները 16-17-րդ դարերու երկուոր կը նկատուին, կը հաստատուին Խայիթ եւ Քեսապի մուտքին։ Միւս կողմէ՝ Օրտուի Հասան եւ Շերիֆ աղաներն ալ հակամարտութեան մէջ կ՚ըլլան։ Շերիֆ աղան Պետիր քեհիայի մօտիկ անձնաւորութիւն կ՚ըլլայ, իսկ Հասան աղան՝ Սողոմոն քեհիայի։ Շերիֆ աղայի եւ Պետիր քեհիայի մարդիկ կը յարձակին Սողոմոն քեհիայի տան վրայ, ուր հիւրաբար կը գտնուէր Հասան աղան, կը սպանեն զայն, չորս հետեւորդները եւ տանուտէր Սողոմոն քեհիան։ Պետիրեան եւ Սողոմոնեան ընտանիքներու հակամարտութիւնը կը շարունակուի նաեւ յետագային։ 19-րդ դարու սկիզբը Սողոմոնեան-Յովսէփեան գերդաստանը տիրապետող ուժ կը դառնայ։
Պետիրեաններէն կը սերին. Քեսապ` Հաճաղպինք (Հաճի Եաղուպ` Կարպուշեաններ), Տէլ-Պետիրինք, Թէգէվըրինք, Պույաճինք, Ադամինք, Տէրվէնիսինք (Տէր Յովհաննէսեան, Քեշիշեան), Մէրկիսինք (Տէր Մարկուսինք), Տէրսէկինք (Տէր Սահակեան), Տէրմուսինք (Տէր Մուսայեան), Տէրկէպտինք (Տէր Կարապետեան), Գարատուրան` Տէրէրթինինք, Մանճիկունք, Մաթիսինք, Սեւ Աղբիւր` Պոյմուշաղինք, Կէտտըկունք (Փանոսեաններ)։ Կ՚ըսուի, որ այս գերդաստանէն եղած է 40 քահանայ։ Բուն մականունը պահող ընտանիք չկայ։
Սողոմոնեաններէն կը սերին. Քեսապ` Սուղմունինք, Սիփկունք (Յովսէփեաններ), Հանեսքէրինք (Յովհաննէս քեհիայենք), Աշգարինք, Կիւզէլինք, Գագուսինք, Տէլկավրինք, Թէմիրինք, Հադուդինք, Գապաճինք, Խէլլինք, Գարաեաղուպինք, Քեսապ եւ Վարի Պաղճաղազ` Պուճիկունք, Ներքի գիւղ` Մէրճանինք։
Քեհիա բառը արդէն կենդանի բառ չէ Քեսապի բարբառին մէջ։ Այժմ քեհիա բառը կը մնայ երկու մականուններու մէջ, առաջինը՝ Համէսքէ(ր)եան (Յովհաննէս>Հանէս անունէն), կը սերին նոյն Սողոմոնեաններէն եւ երկրորդ՝ Քորքինք, որ կու գայ Քօր Քեհիա (Կոյր Քեհիա) անունէն։ Սա Չոլաքեան եւ Բէնդէզեան գերդաստաններու նախահայրն է, Սարգիս անուն, որ եղած է կոյր։ Անոր անունով կը կոչուի Կիւնիկ լեռան ստորոտը, եկեղեցիներու թաղին դիմաց գտնուող Քէօքինց սարփը (Կարմիր սարփը) եւ Քէօքինց կալը (Քէօրքինց կուօլը)։
Անուններն ալ անգիր պատմութիւն կը դառնան։
ԳԱՊ ԿԱՄ ԳԱՊԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
Ծովէն ելայ սաստիկ ծարաւցած։ Կը յիշեմ ժողովրդական առածը. «Ծովը կը տանի՝ ծարաւ կը բերէ»։ Ինչպէ՛ս կ՚ուզէիք որ ըլլար: Ծովու աղի համը նստեր է շրթունքներուս վրայ: Պայուսակիս մէջ ջուրի շիշ մը դնելու մոռցեր եմ: Կը մտածեմ աղբիւր երթալ, Գապ կամ Գապին աղբիւրը, ինչպէս կ՚ըսեն տեղացիք:
Հին օրերուն, ծովէն Գապ գացող ճամբան, առուի եզրէն, այս եղանակին մի՛շտ մարդ կ՚ըլլար՝ բանջարանոցներու տէրերը, ծովային արշաւախումբերը, աշակերտական խումբեր: Աղբիւրին կից ձիթեստանին մէջ սեղաններ կը փռուէին, երգ, պար, ուրախութիւն: Կը յիշեմ, Պէյրութէն եկած քեսապցի մը ճառ կը խօսէր Գարատուրան գիւղի լուսաւոր ապագայի մասին, բարեկարգ ճամբաներ, ելեկտրականութիւն…
Մայր ճամբան բացուեցաւ, ելեկտրականութիւնը շողաց, տուներուն մէջ ծորակները հոսեցան, բայց գիւղի ապագայի մասին խօսողները անցան ովկիանոսէն անդին։
Ծովափին, հին քաղաքի մը պարիսպի մնացորդներուն ետին գտնուող բանջարանոցները լքուած են, մացառուտներու վերածուած, թաղի վերջին տարեցներէն ետք նորերը աւելորդ տանջանք կը համարեն առուն մաքրել, աւազանին մէջ ջուր ամբարել ու բանջարեղէն հասցնել: Շուկան՝ լեցուն:
Կը ստիպուիմ վերի արտերէն ճամբայ գտնել ու հասնիլ աղբիւր։
Գապ… Ասիկա հնագոյն կառոյց ունեցող աղբիւրի տեսակ է: Կառուցուած կ՚ըլլայ զառիթափի մը ստորոտին ու կը ներկայացնէ քարով ու կռաշաղախով պատած ու կամարաձեւ քարէ ծածկով մօտաւորապէս 5X3 մեթր տարածքով սենեակ մը, որուն յատակէն քանի մը տեղէ ջուր կը պլլպլայ, դուրս կու գայ յատուկ անցքէ մը ու ջրդոնէն կը հոսի քարէ գուռին մէջ: Այդ անցքէն մարդիկ տարին անգամ մը կը մտնէին ներս ու կը մաքրէին յատակը:
Գարատուրանի մէջ երկու Գապ կար, երկուքն ալ հնավայրերու տարածքին կից: Նման կառոյց մը ունէր Մանճիկեան-Գալեմտէրեան թաղերու Գապը, որուն ետին բացուած ջրհորի մը պատճառով աղբիւրը ցամքած է ու այժմ ամբողջապէս քանդուած։
Գապ բառը պարսկերէնի մէջ ունի տուփ իմաստը, թրքերէն փոխառութեան մէջ ունի աման իմաստը. բառը ծագումնաբանական աղերս մը ունի հայերէն գաւաթ բառին հետ։
Ծովու Գապը կը գտնուի հնավայրի հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը: Ճամբան ծածկած մորմենիի թուփերը ձեռնափայտով ծեծելով կը հասնիմ Գապին առջեւ: Եւ ով զարմանք, գուռը պարապ է, չոփ-չոր, ջուրի հետքն անգամ չկայ: Գապէն ջրդոն եկող առուն թաղուած է հոն ինկած քարերու կոյտին տակ։
Զգուշութեամբ կը մտնեմ անցքէն, կը մտնեմ սենեակէն ներս: Անկիւնները թացութիւն կայ, բայց ջուր չկայ: Տեղ մը խեչափառ մը կ՚աշխատի: Կ՚ափսոսամ: Փլին Աւագը, մահ՝ Ք.Ե. 79 թուին, հարաւէն նաւարկելով հասեր է այս բերդաքաղաքը՝ Charadrus կամ Charadron, այսինքն Գարատուրան, ու խմեր է այս ջուրէն։ Քեռայրս՝ Ճորճը, կը պատմէ թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ իր նախնիները Գապը երբեւիցէ ցամքած տեսած են։ Անշուշտ, Քեսապի մէջ այս տարի երաշտ է, շատ աղբիւրներ ցամքեցան, բայց Գապին չորնալուն պատճառը քովի թփուտները կը համարէ, արմատները կը խմեն ջուրը, արգելք կ՚ըլլան հոսելուն, ատենին, ամեն տարի կատարեալ մաքրութիւն կը կատարուէր աղբիւրին շուրջ, հիմա ով ինչ կ՚ուզէ այս հեռաւոր աղբիւրէն…
Միայն ես անկէ ափ մը ջուր խմել կ՚ուզէի։
Քեսապցին կ՚ըսէ. «Տունը կանգուն պահողը մարդու շունչն է»։
Հապա՝ աղբիւ՞րը…
Այսպէս՝ պատմութիւնն ալ կը թաղուի թփուտներուն ու քարակոյտերուն տակ։
ԿՈՎՆՏԵԼ… ՉՈՐՔՈՏՆԵԼ… ՃՌՆՏԵԼ
Ամռան եղանակին կովերը արօտավայրեր բարձրացնելու պարտականութիւնը տղոց կը վերաբերէր։ Դպրոցական լաթէ պայուսակները կը դառնային պաշարամաններ։ Սուլեան թաղէն, Թիթիզեան թաղէն, Եարալեան թաղէն կովերու շարքերը կը բարձրանային Տաուլային նեղ կիրճէն, կը խառնուէին իրարու։ Անգղի բոյնին առջեւէն, ապա անդունդներու պռունկէն, օձագալար կածաններէն գիւղի նախիրը կը բարձրանար Կէտիկի լեռնանցքը: Այստեղ հրաշալի տեսարան կը բացուէր հարաւի կողմը. ծովուն մէջ խրուած կ՚երեւէր Պասիթի հրուանդանը։ Մեր ետին կը մնար Գարատուրանը, վարը, շա՛տ վարը, մէջքը ծռած պառաւի մը տեսքով։ Աւելի հիւսիս կը խոյանար Կասիոսի լերկ գագաթը:
Կովերը կ՚արածէին Կէտիկի հարաւային լանջի խոզաններուն ու թփուտներուն մէջ: Հօտաղ տղոց խաղերը սէզով ծածկուած մարգագետիններու վրայ անվերջանալի կը թուէին ըլլալ: Մեր սրածայր վարոցներով նիզակախաղ կը կազմակերպէինք՝ գետին խրուած նիզակներէն մէկը տապալելու նպատակով։ Կովերը քրտնած կ՚ըլլային, ափով կը շփէինք փորի վարի մասը, ստեւը գունտի կը վերածուէր ափին մէջ, ու անով կը շարունակէինք մեր խաղերը։ Իմ գիտցած լաւագոյն տեսակի գնդակն էր ասիկա։ Չորս հոգի ալ կը բաւէր կուժիկ խաղալու համար, երկու հոգի վիճակով կուժիկ կ՚ըլլային ու կը նստէին միւս երկուքի ուսերուն ու գնդակը իրարու կը փոխանցէին: Անշուշտ շալկողները ամեն շարժում կ՚ընէին, որ անոնք չկարենան ճիշդ փոխանցել գնդակը կամ բռնել զայն: Յաջողելու պարագային իրենք կուժիկ կ՚ըլլային ու կը նստէին ընկերոջ ուսին։ Գարնան՝ չնաշխարհիկ կը դառնային այս կողմերը՝ ծաղկող վայրի ծառերով, աննման ծաղիկներով՝ մանուշակ, շուշան, նարգիզ, եալալա, սարփի ծաղիկ… Չթուեմ, սիրտս կը հատնի։ Հա, կանկարն ալ կար, խոտերուն մէջ ամենափշոտն ու ամենահամեղը: Մենք գաղտնիք մը գիտէինք. նոր աճող կանկարին վրայ կը զետեղէինք մեծ սալքար մը. շաբաթ մը ետք կը վերցնէինք քարը, կանկարը ճերմկցած ու թարմ հազարի պէս եղած կ՚ըլլար, կ՚ուտէինք հում-հում:
Չմոռնամ մեր լաւագոյն բարեկամը: Էշն էր անիկա: Քանի մը էշեր լեռը ձգուած կ՚ըլլային, երբ գիւղացին անոնց պէտք չունենար այդ եղանակին: Կը հեծնէինք ու մրցում կ՚ընէինք Զոհրապենց հարթ արտին մէջ: Անոնք ինչ ալ լաւ կը չորքոտնէին (չուքվընտիլ), քառասմբակ կը դառնային հարթավայրին մէջ, ապա մեզ բեռնաթափ ընելով կը տապլտկէին չոր ու փոշոտ անկիւն մը։
Ծարաւը մեզ կը տանէր Պառաւին ջրհորը, ուր կովերը մէզմէ առաջ հասած կ՚ըլլային։ Թէ ո՛վ էր այդ պառաւը, ի՛նչ ըրած էր այս խոր ու ամայի ձորին մէջ՝ ոչ ոք գիտէր, մեր գիտցածը միայն ջրհորին անունն էր։ Պառաւին ջրհորը գուբ մըն էր, որուն վերին հատուած հովիւները ծակած կ՚ըլլային հաստ ճիւղերով ու ցախով: Կովերը ջուրը կը խմէին առաջամասէն, իսկ մենք մեր ջրամանները կը լեցնէինք վերի մասէն կամ ծնկածալ կը թեքէինք ու մեր շրթունքը կը հասցնէինք ջուրին, ապա թեզանիքով կը սրբէինք մեր շրթունքն ու կզակը։
Կովերը կամաց-կամաց կը պառկէին մարգագետիններուն մէջ կամ անշարժ կը մնային ոտքի ու կ՚որոճային, ատենը մէյ մը պոչը զարնելով կռնակին՝ հաւաքուած ճանճերը քշելու համար։ Մենք ալ յոգնած կ՚ըլլայինք ու կը պատկերացնէինք, թէ տակաւին որքան հեռու է արեւը մայրամուտէն։ Ձանձրոյթն ու յոգնութիւնը տան մասին մտածել կու տային։ Ուշադրութեամբ կը նայէինք սա կամ նա կովուն, թէ ինչպէս կը վանէ ճանճերը, ու գիտէինք, որ կովերը կը խրտչին, պարզապէս կը սարսափին պզտիկ գոյնզգոյն ճանճէ մը, որ կու գայ կը տեղաւորուի ճիշդ կովուն պոչին տակ։ Կովինտ (>Կուվէնտ) կ՚ըսէինք անոր։ Այս բառը չգտայ հայերէն բառարաններու մէջ։ Կը տզզար, թէ ոչ՝ չեմ յիշեր, բայց որ անգամ մը կովինտը տեղաւորուէր՝ կովը պոչը կը տնկէր դրօշակի պէս ու կը վազէր դէպի ախոռի մթութիւնը։ Բոլոր կովերը նոյն խուճապով կը վազէին՝ պոչերը տնկած։
Ասիկա մեզ կ՚ուրախացնէր ու բարձրաձայն կը գովէինք կովինտը, կը կանչէինք զայն.
— Գիգօ, ալաճիկ-պուլաճիկ Գիգօ։
Սա ալ չեմ գիտեր, թէ ուրկէ ո՛ւր սա խատուտիկ Գիգօ բառը, որ յայտնապէս կ՚ակնարկէր Կովինտին։
Ու կովինտը կը յայտնուէր կարմիր կովուն պոչին տակ:
Տնեցիներուն մենք պատճառաբանելու բան ունէինք։
— Կովերը կովնտեցին, մենք ճռնտեցինք անոնց ետեւէն, բայց չհասանք անոնց։
Էշերուն վազքը չորքոտնել էր, կովերուն վազքը՝ կովնտել, մեր վազքը ճռնտել։
Մեռնող կեանքին հետ անոր բառերն ալ կը մեռնին, չէ՞։
Երեւան
(Շարունակելի)
