Վարձկան թագաւորը (Բ.)

Պատմական թատերգութիւն
Ժիրայր Շուշանեան

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Երկրորդ արար

Առաջին տեսարան

Պատր թագատիրոջ մահէն վեց տարի ետք։
Ղարպիէի նահանգ, Սմբատ գիւղի հայ բանակի ամրոցի մուտքի սրահը։
(Սմբատ գիւղը արաբերէնով Սոնպաթ կը հնչուի, այս անունով կոչուած է ի յիշատակ Պատրի հայ զօրքերու նախկին հրամանատար Սմբատ զօրավարին):

Մուտքին երկաթէ սեւ նեղ պարզ դուռ մը կայ, ծածկուած մանիշակագոյն կիսաբաց վարագոյրով մը։
Գետինը պզտիկ կարմիր գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած չորս պահակներ կայնած են։
Փոքր արծաթեայ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ փայտէ մեծ գրասեղան մը կայ եւ ետեւը աթոռ մը, դիմացն ալ երկու բազկաթոռներ։
Երկաթէ երկու փոքր դռներ կան աջին ու ձախին։

Վահրամ իշխան.— Մենք ո՞ր տարին ենք, գործակա՛լ։
Գործակալ.— 1110 տարին ենք, թագատէ՛ր։
Վահրամ իշխան.— Վասակ, տխուր լուրեր հասան, Պատրի զաւակ Շահնշահը սպանեցին թուրքերը, ի՞նչ ընենք, միջամտե՞նք։
Վասակ իշխան.— Եղբա՛յր, մենք մեր զօրքերով պէտք չէ միջամտենք, բացի եթէ խալիֆան վտանգուի կամ մեր օգնութիւնը խնդրէ։
Վահրամ իշխան.— Իրաւունք ունիս, Վասա՛կ. ինչպէ՞ս են կինդ՝ Անին ու զաւակներդ՝ Լիկոսն ու Ապլղարիպը։
Վասակ իշխան.— Մեզի, ձորերն ու որսի մեր պտոյտները կարօտցան, հիմա Նեղոսի մէջ ձկնորսութեամբ կը զուարճանան ու կը զբօսնուն։ Դուն ալ պիտի չամուսնանա՞ս, եղբա՛յր ջան։
Վահրամ իշխան.— Ես քու ընտանիքովդ բաւականացած եմ եւ կեանքս գործիս ու ազգիս նուիրած եմ։ Գիտես, Վասա՛կ, ես շատ ուրախ եմ, որ Եգիպտոսի մէջ մեր ծառայութիւնը այնքան յաջող է, մեր համայնքը հարիւր հազարի մօտեցաւ, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք մը կ՚ապրի, եւ մեր հայ զօրքերը երեսուն հազարի մօտ են հիմա ու միակ վստահելի բանակն են խալիֆային։
Եգիպտոս խաղաղ ու հանդարտ է, եւ թուրքերը երկրէն դուրս նետուած են։ Քանի անգամ փորձեցին Եգիպտոսը գրաւել, բռնի ուժով կամ դաւադրութեամբ, բայց մեր զօրքերն ու արթուն ոստիկանները իրենց երբեք առիթ չտուին։
Վասակ իշխան.— Այո՛, եղբա՛յր, կը յիշե՞ս, երբ Պատր թագատէրը ողջ էր, եւ հոս հրաւիրեցինք բոլոր թուրք իշխանները եւ… մէկ-մէկ սպանեցինք ու երկիրը փրկեցինք իրենց վտանգէն։ Յուսանք, որ այսպէս շարունակուի, ու խաղաղութիւն տիրէ։
Վահրամ իշխան.— (յուզուած) Կը յիշեմ, Վասա՛կ, երբ Սուրիոյ կողմերը թուրքերը պարտութեան մատնեցինք, ի՜նչ օրեր էին, ինչ քաջութիւններ կատարեցին մեր հայ զօրքերը։ Իսկապէս, մենք հպարտ պէտք է ըլլանք մեր հայ բանակով։

Գործակալը ներս կը մտնէ:

Գործակալ.— Մեծապատի՛ւ սպարապետ Վահրամ իշխան, Հայ զօրքի գնդապետերը պատրաստ են ձեր շաբաթական հանդիպման։
Վահրամ իշխան.— Թող ներս հրամեն:

Վեց հայ զինեալ գնդապետեր ներս կը մտնեն ու կը նստին բազմոցներուն վրայ։
Վահրամ իշխան.— (հրճուած) Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ուրախութեամբ ձեզի կը փոխանցեմ, որ վերջերս, մեր հայ զօրագունդը թուրք թշնամիին բանակը մեծ պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի արեւելեան սահմաններուն վրայ։
Միեւնոյն ժամանակ, մեր ոստիկանութեան զօրախումբը, Գահիրէի մէջ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերաւ եւ հարիւրաւոր թուրք խանգարիչ ըմբոստներ ձերբակալեց ու իրենց դժոխային ծրագրերը արգիլեց։
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ես շատ լաւ գիտեմ, թէ դուք որքան մեծ զոհողութիւն ըրած էք, մեր հայրենիքէն հեռու գործելով ու ապրելով։
Բայց մէկ մխիթարանք ունինք, որ մենք հոս ըլլալով իսկ, մեր հայրենիքին կը ծառայենք, թուրք թշնամիները տկարացնելով ու կոտորելով։
Միշտ զիրար գտէք եւ ձեր հայրենիքի կարօտը առէք իրարմէ։
Եթէ որեւէ հարցում ունիք, հրամեցէք։
Առաջին գնդապետ.— Որեւէ լուր կա՞յ հայրենիքէն, մեծապատի՛ւ սպարապետ։
Վահրամ իշխան.— Լուրերը լաւ են, Թորոս Ա. Կիլիկիոյ հայոց իշխանը յաջորդեց իր հօրը, ան կրցաւ վտարել բիւզանդական զօրքերը երկիրէն։ Հայ իշխան Գող Վասիլի զինակցութեամբ Բերդուսի մօտ ջախջախեց Իկոնիայի սուլթանութեան նախայարձակ զօրքերը եւ երկիրը մաքրեց սելճուկ-թուրքերէն։
Առաջին գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Երկրորդ գնդապետ.— Մեծապատի՛ւ սպարապետ, մեր ամուսնացած զինուորները ձեզմէ կը խնդրեն աւելցնել իրենց ամսական արձակուրդը մէկ շաբթուան տեւողութեամբ:
Վահրամ իշխան.— Շա՛տ լաւ, զօրապե՛տ, ձեզի կ՚ուղարկեմ որոշումս։
Երկրորդ գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Երրորդ գնդապետ.— Զինուորները մեզի կը հարցնեն, թէ աւելի լաւ չէ՞, որ մեր հայրենիքին ծառայենք, քան թէ օտար երկիր պաշտպանենք։ Ի՞նչ ըսենք իրենց, սպարապե՛տ։
Վահրամ իշխան.— Այսպէս պատասխանեցէք իրենց. մեր ծառայութիւնը հոս մեծ օգուտ ունի մեր հայրենիքին։ Մեզմով Եգիպտոսը մեր դաշնակիցն է եւ մեզի երբեք չի վնասեր. կ՚ուզէ՞ք, որ մեր թշնամին դառնան ու մեր վրայ յարձակին։
Երրորդ գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Չորրորդ գնդապետ.— Իբրեւ պատասխանատու մեր գաղտնի ոստիկանութեան, կ՚ուզեմ սպարապետը զգուշացնել, որ թուրք խանութպաններն ու վաճառականները վերջերս մեծ ճիգ կը թափեն հակահայկական լուրեր տարածելով եւ հայերուն դէմ դրդելով եգիպտացի ժողովուրդը։ Մանրամասնութիւնները այս տեղեկագրութեան մէջ արձանագրած եմ, որպէսզի ուսումնասիրէք եւ ձեր հրամանները տաք մեզի։
Վահրամ իշխան.— Շա՛տ լաւ, կը նայիմ եւ քեզի լուր կու տամ շուտով։
Չորրորդ գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Հինգերորդ գնդապետ.— Լսեցինք սպարապետ, որ Աշխելոնի Ռիտուան թրքասէր իշխանը, նորագաղթ հայ զօրքերը կ՚արգիլէ Եգիպտոս գալէ։
Վահրամ իշխան.— Այդ հարցէն լաւ տեղեակ եմ, եւ լուծելու համար պէտք եղածը արդէն ըրած եմ։
Հինգերորդ գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Վեցերորդ գնդապետ.— Մեծապատի՛ւ սպարապետ, դուք մեզ միշտ կը խրատէք, որ չմիջամտենք երկրին քաղաքականութեան եւ միշտ մնանք չէզոք, եւ թէ մեր պաշտօնը միայն խալիֆային պաշտպանելն է։ Սակայն, լսեցինք որ դուք մօտ օրէն թագատէր կրնաք դառնալ, արդեօք ատիկա վտանգ պիտի չպատճառէ՞ մեր հայ համայնքին ու զօրքերուն՝ մեր չէզոքութիւնը խախտելով։
Վահրամ իշխան.— Իրաւունք ունիս, գնդապե՛տ, ըսածդ ճիշդ է։ Կը մաղթեմ, որ չպատահի, սակայն եթէ ինծի ստիպեց խալիֆան, որ թագապետ դառնամ, չեմ կրնար մերժել, այն ժամանակ միայն Աստուած մեզ կրնայ փրկել փորձանքէ։
Վեցերորդ գնդապետ.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, սպարապե՛տ։
Սպասաւորը գինիի բաժակները կը բաժնէ բոլորին։
Բոլոր գնդապետերը.— Կեցցէ՛ մեր սպարապետը, կեցցէ՛ հայ բանակն ու եկեղեցին, կեցցէ՛ Եգիպտոսի խալիֆան։ (բաժակները վեր բռնած) Կենացը խմենք մեր հայ ազգին։
Վահրամ իշխան.— Շա՛տ շնորհակալ եմ, կրնաք մեկնիլ, յաջողութիւն եւ Աստուած ձեզ պահապան։ Հա՛յր Սուրբ, հրամեցէք, որ «Պահպանիչ»-ով փակէք մեր ժողովը։
Հայր սուրբ.— Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց, Քրիստոս Աստուած մեր, պահեա եւ պահպանեա համայն Քո ժողովրդին ընդ հովանեաւ Սուրբ եւ պատուական խաչիւդ քով ի խաղաղութեան. Փրկեա՛ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն, արժանաւորեա՛ գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն:

Զօրապետերը կը մեկնին։
Վասակ եւ Վահրամ իշխանները մինակ կը մնան։

Վասակ իշխան.— Շատ կարօտցայ, Վահրա՛մ, մեր հայրենիքը, մեր գիւղը, սարերն ու երգերը, միթէ օր մը պիտի նորէն վերադառնա՞նք եւ մեր կարօտը առնե՞նք։
Վահրամ իշխան.— Ո՛վ գիտէ, ինչո՞ւ չէ։ Բայց գիտե՞ս, Վասա՛կ, մեր հայրենիքը մեր մէջ կ՚ապրի, իմ եւ քու հոգիներուն մէջ, եւ երբ հաւաքուինք մեր հայ քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ, ուր որ ալ ըլլայ, մենք հայրենիքը կը գտնենք մեր հոգիներուն մէջ։
Շատ տխուր եմ, Վասա՛կ որ մեր հայրենիքի պետականութիւնը կորսնցուցինք, բայց յոյս ունիմ, որ եթէ մնանք զօրաւոր ու միացած, օր մը պիտի վերականգնենք մեր երկրի թագաւորութիւնը։
Անոր համար մեր դերը հոս շատ կարեւոր է, որ թուրքը տկարացնենք, եւ երբ մեր թագաւորութիւնը վերականգնուի, օգնենք ու պաշտպանենք զայն: Եգիպտոսը պէտք է մնայ Հայաստանի դաշնակից, եւ այդ մեր դերն է՝ միշտ զօրաւոր պահել այդ դաշնակցութիւնը։
Զիս շատ կը մտահոգէ մեր Կիլիկիոյ իշխաններուն համագործակցութիւնը խաչակիրներուն հետ։ Խաչակիրները վերջապէս պիտի հեռանան այս երկիրներէն, ու մենք պիտի մնանք մեր զօրաւոր դրացիներուն թշնամի, ո՛վ գիտէ, ի՜նչ փորձանք պիտի գայ մեր գլխուն։
Վասակ իշխան.— Ճի՛շդ ես, եղբա՛յր, Աստուած մեր հայ ազգը պահպանէ։
Վահրամ իշխան.— Կը յիշե՞ս, Վասա՛կ, երբ պատանի էինք, երգ մը կ՚երգէիր, երբ լեռը կ՚երթայինք, «Հով արէք, սարե՛ր», կրնա՞ս երգել ինծի։
Վասակ իշխան.— Սիրո՛վ, եղբա՛յր։
(Կը սկսի երգել)

Հով արէք, սարե՛ր ջան, հով արէք,
Իմ դարդին դարման արէք։
Սարերը հով չեն անում,
Իմ դարդին դարման անում։

Ամպե՛ր, ամպե՛ր, մի քիչ զով արէք,
Վարար անձրեւ թափէք, ծով արէք,
Գէշ մարդու օրարեւը
Սեւ հողի տակով արէք:

Հով արէք, ամպե՛ր ջան, հով արէք,
Իմ դարդին դարման արէք։
Ամպերը հով չեն անում,
Իմ դարդին դարման անում։

Սարե՛ր, ձորե՛ր, դաշտե՛ր ու ջրե՛ր,
Մարմանդ-մարմանդ վազող աղբիւրներ,
Մի վե՛ր կացէք, իմացէք,
Տեսէք իմ սրտի ցաւեր:

Վահրամ իշխան.— Առանց քեզի ինչպէ՞ս կրնայի ապրիլ, Վասա՛կս։
Մթութիւն։
Հայկական տուտուկով Տլէ Եամանի երաժշտութիւն

Երկրորդ տեսարան

Վասակ իշխանին պալատի պարտէզը, Նեղոսի ափին, Գուսի նահանգ։ Երկու արմաւենիներու տակը պզտիկ սեղան մը կայ, շուրջը հինգ աթոռներ։ Ետեւէն Նեղոս գետը կ՚երեւի մէջը քանի մը արագաստանաւեր։ Սեղանին վրայ պտուղներով լեցուն աման մը կ՚երեւի։ Վահրամ եւ Վասակ երթեւեկող առագաստանաւերը կը դիտեն: Վասակի երկու զաւակներն ու կինը՝ Անին ալ ներկայ են։

Վահրամ իշխան.— (հրճուած) Ի՜նչ գեղեցիկ է Նեղոսը այստեղէն։
Վասակ իշխան.— Անին եւ տղաքը շատ կը սիրեն նաւով պտտիլ, Վահրա՛մ, մանաւանդ արեւամարի ժամանակ։
Վահրամ իշխան.— Արդէն 1130 տարին բոլորեցինք, Վասա՛կ։ Ի՞նչ են վերջին լուրերը խալիֆայի պալատէն։
Վասակ իշխան.— Ամեն օր նոր մահափորձ մը, կամ սպանութիւն մը տեղի կ՚ունենայ։ Թուրքերուն պոչերն ու լրտեսները ամէն տեղ են։ Հապա այդ հաշաշներու(*) խմբակը, որուն նպատակն է սպանել ոեւէ իշխան կամ կառավարական պաշտօնեայ, որ իրենց սատանայական ծրագիրներուն արգելք կը հանդիսանայ: Ասոնք երկիրը կ՚ուզեն քայքայել։
Վահրամ իշխան.— Վասա՛կ, յիսուն տարիէն աւելի է, որ մեր հայ զօրքերով կը գործենք այս երկրին մէջ, յաջողեցանք թուրքերը հեռացնել ու զօրաւոր դաշնակցութիւն ու բարեկամութիւն ստեղծել Եգիպտոսի խալիֆաներուն հետ։ Երբ մեր Կիլիկեան թագաւորները կը փորձեն լատինացնել մեր երկիրն ու կը դաշնակցին խաչակիրներուն հետ, որոնք մեզի երբեք պիտի չաջակցին, այլ իրենց նպատակը մեր երկիրը կլլելն է։ Մեր իրական ապաստանը Եգիպտոսն է ու անոր հետ դաշնակցիլը, ինչ որ մենք ըրինք այս յիսուն տարիներուն ընթացքին, բայց մեր Կիլիկիոյ հայ իշխանները չկրցան հասկնալ մեր ծրագիրը եւ մեզի հետ չհամագործակցեցան։
Վասակ իշխան.— Օրը պիտի գայ, երբ պիտի հասկնան իրենց սխալը, բայց այն ատեն շատ ուշ պիտի ըլլայ։

Վահրամ իշխան.— Տղա՛ք, ի՞նչ սորվեցաք դպրոցը, իմացուցէք ձեր հօբարին։
Լիկոս եւ Ապլղարիպ միասին կ՚երգեն. —
Ե՛լ, ե՛լ, ե՛լ,
Դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ,
Դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ,
Ե՛լ, ե՛լ, ե՛լ:
Լաչին, Մարալ,
Դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ,
Դէ՛, ե՛լ, դէ՛, ե՛լ,
Ե՛լ, ե՛լ, ե՛լ:
Օրն անցաւ,
Քամին ելաւ:
Մութն ընկաւ՝
Աստղերն ելան:

Վահրամ իշխան.— Ապրի՛ք տղաք, հազա՛ր ապրիք։
Լիկոս.— Հօբար ճան, հաճիս մեզի հեքիաթ մը պատմէ մեր երկրէն, հաճիս, հաճիս։
Վահրամ իշխան.— Յետոյ, յետոյ։ (Անիին) Ինչպէ՞ս կ՚ընթանայ հայկական գորգերու աշխատանոցդ, Անի՛, այս գորգը հո՞ն հիւսած էք։
Անի.— Այո՛, ասիկա մեր գործն է։ Եգիպտացի աղջիկներէ խումբի մը սորվեցուցի, Վահրա՛մ, եւ հիմա սկսան լաւ հիւսել։ Հոս ահագին բուրդ կայ, եւ ես կը ձեւաւորեմ գորգերու նկարները։
Վահրամ իշխան.— Շատ գեղեցիկ է, կրնա՞ք մեր պալատին ալ քանի մը հատ պատրաստել։
Անի- Հարկաւ, երեք ամիսէն կը պատրաստենք ու կը ղրկենք։
Վասակ իշխան.— (կատակելով) Ահա քեզի գործ եկաւ, Անի՛, ուրախացի՛ր, պիտի հարստանաս։
Անի.— Իշխաննե՛ր, ա՛լ կը բաւէ գործի մասին խօսիք, ճաշը պատրաստ է։
Ապլղարիպ.— Խորովածին հոտը շատ աղուոր է, մայրի՛կ։

Մթութիւն
Ջութակով հայ երաժշտութիւն։

Երրորդ տեսարան

Գահիրէի խալիֆայի պալատը: Մուտքը երկաթէ սեւ լայն գեղեցիկ զարդերով դուռ մը կայ, ծածկուած կարմիր կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը մեծ սեւ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած պահակներ կայնած են։
հսկայ ոսկեզօծ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ խալիֆային ոսկեգոյն գահը կայ։ Երկու լայն դռներ կան աջին ու ձախին։
Խումբ մը իշխաններ ու նախարարներ։

Հաֆըզ խալիֆա.— Այսօր 12 ապրիլ 1135 տարին, Վահրա՛մ իշխան, քեզ նշանակեցի Եգիպտոսի տէր, երկրի թագատէր ու սուր պիտի կոչուիս։
Վահրամ իշխան.— Ես, իմ Ճույուշիներու հայ բանակն ու հրամանատարները, խալիֆային միշտ պիտի ըլլանք հաւատարիմ ու պաշտպան։
Հաֆըզ խալիֆա.— Ես վստահ եմ, որ դուն ամենայարմար անձն ես այս երկիրը իշխելու եւ կառավարելու, ո՛վ թագատէր Վահրամ։
Վահրամ իշխան.— Աստուծոյ դիմաց կ՚երդնում, որ ձեզի պիտի ըլլամ հաւատարիմ։

Թմբուկներու եւ փողերու ձայն։
Արաբական պար եւ երգ կը սկսի խումբ մը պետեուիներու կողմէ։
Մթութիւն

(Շարունակելի)

*) Հաշաշներ — Արաբերէն՝ հաշաշին, որ յոգնակին է հաշաշ (հաշիշամոլ) բառին։ Կրօնաքաղաքական հզօր աղանդ էր այդ օրերուն։ Բառը անցած է նաեւ եւրոպական լեզուներուն՝ assassin (մարդասպան) ձեւով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *