Աստղերուն երգը

Կարօ Պօհճալեան

Շարաա Խալիկ էլ Մասրիի մեր առաջուայ տան հիւրանոցի լոյսերը վառած էին, որովհետեւ այն գիշեր դրացի շէնքի պրն Մարտիրոսը ընտանիքով մեզի այցելութեան եկած էր:
Անոնց գալէն քիչ առաջ, հիւրանոցին միջակ մեծութեամբ պատշգամին մէջ մայրս աթոռներ շարած էր:
Գարնան սկիզբներու այն գիշերը, մութը արդէն շատոնց հասած էր մեր կողմերը, բայց լուսինը փողոցի սեւ ասֆալտին եւ մօրս շարած աթոռներուն վրայ նետած իր լոյսի մեղմ թելերով, վերէն անվհատ կռիւ կը մղէր մութին դէմ։
Բոլորս ուրախ էինք: Մեր դրացի պրն Մարտիրոսը, երկար բացակայութենէ ետք, այն գիշեր մեր տունը դարձեալ հիւր պիտի գար:
Միշտ չէր պատահեր, որ մեզի այցելէր, որովհետեւ իր գործի ժամերը թոյլ չէին տար:
Աւելի յաճախ կինը առանձինն կու գար մեր տունը:
Սակայն ես անհամբեր, ամեն անգամ պրն Մարտիրոսին այցելութեան կը սպասէի, որովհետեւ երբ գար, հայրենասիրական նիւթերու շուրջ խօսած ժամանակ, յաճախ իր մանկութեան օրերէն եւ ընտանիքէն դրուագներ ալ կը պատմէր, եւ հակառակ անոնցմէ զատ երբեմն տխուր օրերէ ալ դէպքեր յիշելուն, ես կը սիրէի պատմածները եւ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ընէի…
Մեր թաղը հայաբնակ չէր:
Դռկից կամ մօտիկ հայ դրացիներ շատ չկային մեր քովերը եւ մենք փողոցին վրայ ընդամենը երեք կամ չորս հայ ընտանիքներ, դիպուածով կամ բախտի հարուածով քով քովի եկած կ՚ապրէինք… Իսկ տեղացի դրացիներ շատ կային մեր շուրջը, բոլորն ալ լաւ մարդիկ ու բարեկամ, բայց մայրս անոնց մէջ ամենէն աւելի Օմմու Սապրիին, Օմմու Ռաֆային, ու դիմացի շէնքը բնակող Օմմու Այտային հետ յարաբերութիւն կը պահէր:
Օմմու Սապրիին տղան՝ Սապրին, հօրը եւ մօրը մէկ հատիկ զաւակն էր: Ան բարեկամս էր, եւ հակառակ մեր տարիքներուն միջեւ լուսիններով տարիներու մեծ տարբերութեան, ամեն անգամ երբ պատուհանին առջեւ ջուրով լեցուն «օլլային» դիմաց կենար եւ փարչը գլուխը քաշէր, ու ես ալ եթէ որեւէ պատճառով պատշգամ ելլէի, կը բարեւէր եւ կը խօսէր հետս: Իսկ երբեմն ալ, եթէ քիչ մը աւելի ժամանակ ունենար, դեռ զուարճալի բաներ ալ կը պատմէր եւ մենք միասին կը խնդայինք:
Այդ վայրկեաններուն, թուխ դէմքով Սապրիին ճակտին երակները կ՚ուռէին եւ աչքերը գոցուելու չափ կը պզտիկնային:
Ես կը սիրէի իր բարեկամութիւնը եւ կ՚ուզէի մեր հանդիպումներու ատեն աւելի երկար ժամանակ խօսիլ հետը: Սակայն պատշգամին մէջ եւ Սապրիենց պատուհանին դիմաց, օրերը ժամերու պէս շուտ անցան եւ առաւօտ մըն ալ, Սապրիին մայրը պատուհանէն մօրս հետ խօսած ժամանակ, մեր ընտանիքը իր տղուն հարսնիքին հրաւիրեց:
— «Սապրին պիտի ամուսնանա՜յ …», մտածեցի եւ տխրեցայ, որովհետեւ լաւ բարեկամ մը պիտի հեռանար մեր քովէն:
Բայց տխրիլս կարեւոր չէր:
Մայրը ուրախ էր որովհետեւ իր մէկ հատիկը պիտի ամուսնանար եւ կեանքի ընկեր ունենար:
Հարսնիքին գիշերը, Սապրիենց տունը, արդէն ժամէն առաջ հրաւիրեալներով լեցուած էր:
Մուտքի սրահին մէջտեղ, բաց պատուհաններու դիմաց, խոշոր սեղանի մը վրայ շարուած ուտելիքները եւ խոհանոցէն անդադար ափսէներով եկող կերակուրները շուտով կը յափշտակուէին ու ափսէներրը պարապ ետ կը դառնային:
Բնական էր, հարսնիքի գիշեր էր, եւ ուրախութեան ու կերուխումի գիշեր ալ էր: Սակայն դուրսէն նոր եկողներուն թիւը չէր վերջանար, եւ ներսի աղմուկն ալ անոնց հետ երթալով կ՚աւելնար: Պահ մը ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ եկողներուն թիւը հրաւիրեալներէն աւելի էր:
Սակայն Սապրիին հայրն ու մայրը մտահոգուած չէին երեւիր:
Դրան առջեւ կեցած, «Ահլան ուէ սահլան» կամ «բարի եկաք» ըսելով՝ բոլոր եկողները ծով ժպիտով կ՚ընդունէին: …:
Տունը այն գիշեր ուրախութեամբ եւ երաժշտութեամբ լեցուած էր:
Ես, կերուխումի եւ հարսնիքի զուարթ մթնոլորտէն հրապուրուած, չորս դիս հետաքրքրութեամբ կը դիտէի:
Դիմացի սեղանէն քիչ անդին, առատ լոյսերու տակ, պարուհի մը նուագածուներու արեւելեան եղանակներու տակ գինովցած, ծեքծեքուն շարժումներով կը կոտրտուէր եւ ինքզինքը մոռցած` ներկաները կը զուարճացնէր…:
Ծափերու աղմուկին մէջ ան կ՚անցնէր հրաւիրեալէ հրաւիրեալ, եւ անոնց առջեւ վաւաշոտ պարը շարունակելով, կը թոյլատրէր որ հրաւիրեալները իրենց ձեռքով, դրամական վարձատրութիւն մը զետեղէին իր լանջակալին մէջ:
Այդ պահուն նուագը սենեակին մէջ յանկարծ կը դադրէր, եւ վարձատրութիւն տուողը ազգականներու, բարեկամներու, կամ նոյնիսկ հեռաւոր ծանօթներու հասցէին, բարեմաղթութիւններու երկար ցանկ մը կը բանար…: Ներկաներէն շատեր չափազանց խանդավառուած, կ՚ընկերանային, եւ իրենց կողմէ ալ բարեմաղթութիւններու քանակը հազար անգամ աւելցնելով՝
— Ա՛լֆ մարրա, — կը պոռային մօտէն ու հեռուէն:
Ուրախութիւնը այն գիշեր կատարեալ էր, եւ հրաւիրեալներուն մօտ բան չէր պակսեր:
Կերուխումի սեղանը իսկապէս առատ էր:
Սապրին եւ իր կինը ամենուն նայելով կը ժպտային: Կը զգային որ ներկաները բոլորն ալ գոհ էին:
Սեղանէն անդին, պարուհին նուագի դարձուածքներու անկիւններու վրայ, ետեւ ծռած մարմինով կը գալարուէր …
Ես այն գիշեր դեռ հազիւ տասնմէկ կամ տասներկու տարեկան տղայ էի, բայց տեսած պարուհիս եւ իր պարը, երկար ատեն յիշեցի ու շուտ չմոռցայ:
Մթնոլորտը, Սապրիին տան մէջ, կահաւորումով միջինարեւելեան էր, եւ այդ վայրկեանին կերուխումով, պարով եւ նուագով ալ տաքցած էր, բայց հարսնիքը իր գագաթնակէտին հասնելու դեռ բաւական ժամանակ կար:
Սակայն մայրս խորհելով որ դրացիական պարտականութիւնը արդէն կատարած էր, եւ մեր հոն մնալն ալ աւելորդ էր այլեւս, տուեալ ժամու մը «Քալեցէ՛ք տուն դառնանք» ըսաւ ամենուս…
Հարսնիքը մեզի համար կէս մնաց…
Անկէ վերջ օրերը վազեցին, եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթներ անցած էին արդէն, երբ այն գիշեր պրն Մարտիրոսը մեր տունը հիւր եկաւ:
Պատշգամին մէջ գիշեր էր, աստղազարդ եւ հանդարտ գիշեր:
Աթոռին մէջ նստած, պրն Մարտիրոսը ոտքը ոտքին վրայ նետեց եւ խօսակցութիւն մը սկսելու համար՝
— Է՛հ, Սապրին ալ ամուսնացաւ, — ըսաւ:
— Սապրի՜ն…
— Պարուհի՜ն…
Վայրկենաբար անոր հեշտասէր պարերը աչքիս առջեւ եկան, սակայն յիշածներս մէջս պահեցի, դէմքէս յայտնի չըրի եւ մէկուն ալ բան չըսի: Ուրիշներու համար կարեւոր չէին անոնք…
Պատշգամին մէջ դէմ-դիմաց եւ քով-քովի, խօսքէ խօսք ցատկեցինք եւ զանազան նիւթերէ անցնելէ վերջ, մտանք ազգային-քաղաքական, հին ու նոր հարցերու մէջ:
Քառասունական թուականներու երկրորդ կէսերուն, Եգիպտոսէն Հայաստան ներգաղթելու շարժումը հայրենիքի վերաբերմամբ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած էր գաղութէն ներս: Երկրորդ եւ վերջին խումբի մեկնելէն ետք, անցած էին արդէն երկու կամ երեք տարիներ, բայց հակառակ հոնկէ ստացուած աննպաստ լուրերուն, գաղութին մէջ ներգաղթի պատճառած սկիզբի խանդավառութիւնը դեռ չէր մարած:
Քոյրս անսակարկ հայրենասէր եւ Հայաստանի ամեն ինչով հիւանդ ըսուելու աստիճան ոգեւորուածներէն էր: Ընթերցասէր ալ էր: Ձեռքը անցած բոլոր գիրքերը անյագօրէն կը կարդար, գաղափարները համոզուած ձեւով կը պաշտպանէր եւ անոնց համար ոգի ի բռին ալ կը կռուէր…
Գարնան զով օդին, այն գիշեր, հայրենասիրական զօրաւոր ըմբռնումներով քրոջս եւ մեր տան հիւրին միջեւ, հայրենիքի քաղաքական անցած դէպքերու մասին անսպասելի վիճաբանութիւն մը ծայր տուաւ:
Քոյրս Ալեքսանդրապոլի դաշինքի մասին խօսք բացաւ, պրն Մարտիրոսն ալ Կարսի դաշնագիրը յիշեց ու հակադարձեց, եւ երկուքին միջեւ վիճաբանութիւնը երթալով սաստկացաւ: Ես առանց հասկնալու մտիկ կ՚ընէի:
Ի՞նչ էին Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրերը, չէի գիտեր եւ աթոռիս վրայ նստած,
— Ի՞նչ պատճառաւ քոյրս մեր տան հիւրին հետ դաշնագրերու մասին այսքան կը կռուի, — հարց կու տայի ինքզինքիս:
Ես կը զգայի թէ լաւ չէր հիւրի հետ կռուիլը, բայց միեւնոյն ժամանակ մէջէս կը փափաքէի, որ վերջաւորոթեան քոյրս ըլլար յաղթող կողմը…
Փողոցին մէջ Ֆոլլա ծաղիկ ծախող տղաք կ՚անցնէին, եւ անոնց «Ֆո՛լլա, եասմի՜՜ն… ֆո՛լլա» կանչերը, ճերմակ ծաղիկներու անուշ բոյրին հետ, պատշգամ կը հասնէին …:
Գարուն էր, բուրումնաւէտ ճերմակ յասմիկներու ատեն էր:
Որոշ ատեն մը վերջ, պրն Մարտիրոսը դադրեցուց վէճը, եւ ձայնին մէջ հաշտարար շեշտ դնելով,
— Վարդուհի՛, հիմա մեզի աղուոր երգ մը երգէ մտիկ ընենք, — ըսաւ:
Իր այս խնդրանքը նորութիւն չէր քրոջս համար: Ամեն անգամ որ մեր տունը գար, պրն Մարտիրոսը քրոջմէս կը խնդրէր որ «երգ մը երգէ, որպէսզի մտիկ ընէ»:
Քոյրս գոց գիտէր մեր գիշերուան հիւրին նախասիրած երգերը, բայց կարծեմ առ ի քաղաքավարութիւն՝
— Շատ լաւ, բայց ո՞ր երգը կ՚ուզէք, — հարցուց:
— Հովիւ աղջկան երգը, — անմիջապէս պատասխանեց մեր դրացի հիւրը:
Այդ երգը թրքերէն էր, եւ քոյրս ուրիշ շատ երգերու պէս, թրքախօս հօրաքրոջմէս սորված էր: Ան սիրային էր, ցաւոտ ալ էր եւ հովիւ աղջկայ մը տխուր պատմութիւնը կը պատմէր: Այն ատեն ես թրքերէն լաւ կը հասկնայի, եւ շատ անգամներ լսած ըլլալով, լման գիտէի երգին բառերը:
Անոր միակ անպատեհութիւնը թրքերէն ըլլալն էր:
Բայց անգամ մը հայերէնի ուսուցիչս՝ պրն Պերճ Մոմճեանը, դասի ատեն ըսած էր թէ թրքերէն շատ մը ճանչցուած երգերու հեղինակները, ատենին, թրքախօս հայեր եղած էին: Ես չէի սիրեր թրքերէնը եւ քոյրս ամեն անգամ այդ երգը երգելուն, թաքուն, կ՚ուզէի յուսալ որ հօրաքրոջս երգերուն հեղինակներն ալ հայեր եղած ըլլային:
— Ո՞վ գիտէ, կեանքի մէջ ամեն բան կարելի է, — կը մտածէի…..
Բայց կարելի ըլլար կամ ոչ, մենք կ՚երգէինք որովհետեւ անոնք մեզմէ հեռու Հայաստան գտնուող մեր հօրաքրոջ երգերն էին:
Ինչպէս ըսի, երգը ցաւոտ էր, փշոտ, ու եղանակին մէջ ալ անբացատրելի տխուր եւ սիրտ ծակող թախիծ կար:
Քրոջս ձայնը անուշ էր եւ լաւ կ՚երգէր: Ան պատշաճ մեկնաբանութեամբ միշտ կը գեղեցկացնէր երգը, եւ լսողները սովորաբար մէկ երգով չէին բաւարարուեր:
Սակայն գարնան այն գիշերը, քոյրս պատշգամին մէջ սովորականէն աւելի տաք երգեց: Իր հաղորդական ձայնը եղանակի ելեւէջներէն այնքա՜ն մեղմ ու դիւրին սահեցաւ, որ վայրկեան մը կարծեցի թէ, երկնքի աստղերուն շուրջ դարձող բոլոր ներդաշնակ ձայները աստղերու լոյսերու հետ վար իջած՝ իր երգին խառնուած էին…
Վստահ չէի, թէ ճիշտ ի՛նչ էր պատճառը, սակայն լուսնի արծաթ լոյսին տակ քրոջս երգը յուզիչ էր:
Երբ վերջացաւ, աչքերս մեր դիմացը նստած պրն Մարտիրոսին աչքերուն պէս խոնաւցած էին: Յայտնի չընելու համար գլուխս դարցուցի, եւ դիմացի մարզադաշտէն անդին, հոս հոն երեւցող աղօտ լոյսերու նայեցայ…
Այն ատեն դեռ պզտիկ էի եւ չէի գիտեր, սակայն կը զգայի, որ երգերը մարդոց մտքերուն մէջ միշտ կը մնան, ու անակնկալ վայրկեաններու յանկարծ կ՚արթննան ու յիշատակներ կը նորոգեն…
Փողոցին մէջ, եգիպտացի թեւանցուկ զոյգեր պատշգամին տակէն անցան, ու մեր տունէն քիչ հեռու գտնուող կանգառը ուղղուեցան …
— Այս մարդիկը արդեօք լսեցի՞ն քրոջս երգը եւ ի՞նչ մտածեցին…, — խորհեցայ. — Սակայն անցորդներէն ո՞վ կրնար երգին լեզուէն հասկնալ…, — շարունակեցի մտածել:
Այն գիշեր պրն Մարտիրոսը գոհ մնաց եւ քրոջմէս ուրիշ երգ մըն ալ խնդրեց…
Սակայն քոյրս եւ իր երգերը շատ չմնացին մեր քով:
Անոնք կէսօրէ վերջ մը, անակնկալօրէն բարձր աստղերու քով գացին ու չվերադարձան: Մենք այլեւս չլսեցինք քրոջս անուշ ձայնը, եւ տարիներ վերջ, «չոպան» կամ հովիւ աղջկայ երգին շղթան մտքիս մէջ կտորներու վերածուեցաւ:
Խալիկ էլ Մասրիի պատշգամը եւ հոն անցուցած մեր գիշերնե՛րն ալ յիշատակ դարձան:
Անկէ վերջ այլեւս քրոջս ձայնը ես միայն մտքիս մէջ լսեցի:
Բայց ան ինծի համար չդադրեցաւ երգելէ, եւ այսօր, երբ գիշերները հարաւի երկրի մեր նոր երկինքը դիտեմ, կը զգամ թէ աստղերուն մէջ իր երգերը դեռ կը թափառին, ու ձայնին արձագանգները ականջներուս մէջ հաճելիօրէն կ՚երկարին…

Քամփինաս, Պրազիլ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *