Սիւզան Խարտալեան
ընկերներուս, խենթանոցէն փախչիլ ուզողներուն համար.
անտառի եզրը կը փնտռես
ծառերը կարծես ճաղեր են
արծաթափայլ կոճղերը
բանտի պատեր
որ դուն չես կառուցած։
կը կարօտնաս դաշտի
հորիզոնական նրբագեղութիւնը
անսահման օդը
հոն մատեանը դեռ դատարկ է
աշխարհը մաթեմաթիք չունի
հոգիդ բանտարկելու համար
եւ կը հասնիս դաշտ
դուրսն ես արդէն
օդը շքեղ է՝ նօսր և սառը
անվերահսկելի
անծայրածիր
դատարկ։
կը քալես անխոնջ մինչև որ մաշիս
մինչև որ ի զարմանք քեզի
դիտորդի չգոյութիւնը սկսի կրծել հոգիդ
նորագիւտ ազատութիւնդ
վերածուի անտէր ըլլալու սարսափի
կը հասկնաս որ այստեղ հողը լուռ է
թոյլ կուտայ որ իյնաս
բայց չի ձայնագրեր ճիչդ
թոյլ կու տայ որ անհետանաս
սակայն անունդ չի հնչեր երբ եւ իցէ
հարկող չկայ
հսկող չկայ
բայց վահան եւս չկայ
ազատութեան մէջ օղակը կը սեղմուի
կը կարօտնաս ծառերու ծանր շուքը
միւս մարմիններու շփումը
ու կը վերադառնաս
ծառերուն
ստուերներուն
կը փնտռես այն վանդակը
որ ողջ կեանքդ ուզեր ես քանդել
կը վերադառնաս անտառ՝
որ կրկին մարդ ըլլաս
կը վերադառնաս պատերուն
կը վերադառնաս հովանիին
մինչև որ ճնշումդ բարձրանայ
մինչև որ օդը խտանայ
և կրկին սկսիս փնտռել
բացատը
յետոյ անծառ դաշտերը
կրկին կոտրուելու համար
